Տրդատ Ա. (ծննդեան թուական՝ անյայտ – 88), Մեծ Հայքի Արշակունի թագաւոր՝ 52 թուականէն։ Պարթեւաց Արշակունի արքայ՝ Վոնոն Բ.–ի որդին, որ եղած էր Պարթեւաստանի թագաւորը եւ Վաղարշ Ա.–ի եղբայրը։ Գահ բարձրացած է հայկական աւագանիի աջակցութեամբ։

Տրդատ Ա.
Ծնած է անհայտ
Մահացած է 88
Քաղաքացիութիւն  Մեծ Հայք
Մասնագիտութիւն քրմապետ, գերիշխան
Վարած պաշտօններ Հայոց արքայ
Ծնողներ հայր՝ Վոնոն Բ Պարթև?
Մեծ Հայքի արքայ

Հռոմէա-պարթեւական պատերազմ (54-64)

Խմբագրել

Ա. դարու կէսերէն նոր փուլ սկսաւ հայ-պարթեւական յարաբերութիւններուն մէջ։ Պարթեւաստանի մէջ, գահ բարձրացած՝ Վաղարշ Ա. Արշակունին (51-80) իր եղբօր՝ Տրդատի հետ 52 թուականին կը մտնէ Մեծ Հայք։ Պարթեւները կ'օգնեն հայերուն դուրս վտարելու հռոմէական դրածոները եւ անոնց կողմէ թագաւոր հռչակուած՝ Հրադամիզդը, որ շուտով կը փախչի Վիրք՝ հօրը քով։ Տրդատ Մեծ Հայքի թագաւոր կը հռչակուի[1]։

Հռոմէական կայսրութիւնը պատերազմ կը յայտարարէ Պարթեւաստանի եւ Տրդատի դէմ, որ որոշ ընդհատումներով կը տեւէ տասը տարի (54-64)։ Առաջին փուլին մէջ Կորբուլոն զօրավարը 58 թուականի գարնան ԿարինԿարսԱրտաշատի ուղիով կը ներխուժէ Մեծ Հայք։ Նոյն ատեն Միջին Ասիոյ ցեղերու յարձակումներու պատճառով Վաղարշը ստիպուած զօրքի մեծ մասը դուրս կը բերէ Մեծ Հայքէն եւ կ'ուղղէ Միջին Ասիա։ Հռոմէացիները կը հասնին Արտաշատ, կը գրաւեն եւ կ'աւերեն զայն։ Տրդատ իր փոքրաթիւ ուժերով կը հեռանայ Ատրպատական, որու թագաւորը անոր եղբայրն էր՝ Բակուրը։ 59 թուականին, Կորբուլոնի զօրքերը կը շարժին դէպի Տիգրանակերտ եւ հռոմէացիները կը գրաւեն զայն։ Հայոց գահին կը բարձրանայ Կապադովկիոյ թագաւորական ընտանիքէն՝ Տիգրան Զ.-ն, որու գահակալութիւնը մեծ դժգոհութիւն կ'առաջացնէ երկրին մէջ։ Շուտով Վաղարշը ու Տրդատը դարձեալ մեծ զօրքով կը մտնեն Մեծ Հայք եւ ժողովուրդին օգնութեամբ գահընկեց կ'ընեն Տիգրանը, որ շուտով կը փախչի երկրէն։ 61-ին, Կորբուլոն Մծբին քաղաքին մէջ զինադադար կը կնքէ եւ Տրդատը կը հռչակէ՝ Հայոց թագաւոր։

Արեւելք կ'ուղարկէ նոր զօրաբանակ՝ Պետոս զօրավարի գլխաւորութեամբ։ 61աշնան՝ հռոմէացիները դարձեալ կը ներխուժեն Մեծ Հայք եւ կը շարժին դէպի Տիգրանակերտ։ Սակայն հայերու համար դիմադրութիւնը կը ստիպէ Պետոսին կանգ առնել Հռանդեայ կոչուող վայրին՝ Արածանի գետի հովիտին մէջ։ Շուտով Պետոսի ճամբարը կը յայտնուի հայ-պարթեւական բանակի շրջափակման մէջ։ 62գարնան տեղի կ'ունենայ Հռանդիոյ ճակատամարտը, ուր հռոմէացիները ջախջախիչ պարտութիւն կը կրեն եւ Պետոս հաշտութիւն կը խնդրէ։ Յաղթողները ծաղրուծանակի ենթարկելով հռոմէացիները, կը ստիպեն անոնց անցնիլ երեք նիզակներով պատրաստուած «անարգանքի լուծի» տակով[1]։

Ներոն կայսրը Տրդատը կը հրաւիրէ Հռոմ՝ թագադրելու։ Հռանդիոյ հաշտութեան պայմանագիր կնքելէ ետք, 3500 հոգինոց շքախումբով Տրդատ կը մեկնի Հռոմ, ուր զինք կ'ընդունին արքայավայել կերպով։ Ներոն բացի թագէն, նաեւ արհեստաւորներ կը տրամադրէ հռոմէացիներու կողմէ աւերուած Արտաշատի վերականգնման համար։ 66 թուականին, Տրդատ Ա. կը վերադառնայ Մեծ Հայք։

Տրդատի Գահակալութիւնը

Խմբագրել

Տրդատ Ա. վերադառնալով Հայաստան, կը զբաղի երկրի տնտեսութեան վերականգնումի եւ շինարարական աշխատանքներով։ Կը վերականգնուի Արտաշատ մայրաքաղաքը, որ կը ստանայ նախկին շուքը։ Հռոմէացի պատմիչներու վկայութեամբ անիկա կը կոչուի «Ներոնեայ»։

Մայրաքաղաքէն ոչ հեռու՝ Ազատ գետի հոսանքն ի վեր՝ Գառնիի մէջ, կը կառուցուի հզօր բերդ, ինչպէս նաեւ՝ արքայական բաղնիք եւ այլ կառոյցներ։ Գառնիի հեթանոսական տաճարը կառուցուած էր 77-ին՝ Հռոմի Քոլիզէյէն երեք տարի առաջ։ Կ'ենթադրուի, որ տաճարը նուիրուած է արեւու աստուած՝ Հելիոս-Միհրին։ Միհրը, իբրեւ լոյսի, ճշմարտութեան խորհրդանիշ, յաճախակի պատկերուած է ցուլի (խաւարի) դէմ մենամարտելու ատեն։ Տաճարին մօտ գտնուած է սպիտակ մարմարէ քանդակուած ցուլի կճղակ, որ պատկանած է քրիստոնէական կրօնի տարածման ժամանակ ոչնչացուած հեթանոսական կուռքին [2]։ Այնտեղ կը կառուցուի ամրոց ու բաղնիք։ Գառնիի մէջ պահպանուած է յունարէն հետեւեալ արձանագրութիւնը

  Հելիոս (արեւ) Տիրիդատես թագաւոր Մեծ Հայքի, թագաւորելով իբրեւ դեսպոտ կառուցեց պայծառափայլ թագուհիի համար 11-րդ տարուան իր թագաւորութեան
- Տրդատ Ա
 
 
Գառնիի հեթանոսական տաճար

Գառնիի ամրոցի կառոյցը ստեղծուած էր դեռ Ն.Ք. 3-2-րդ դարերուն ընթացքին։ Ռազմա-ամրաշինութեան այս ուշագրաւ համակարգը կառուցուած է եռանկիւնաձեւ բարձր հրուանդանի վրայ, որ հարաւային, հարաւ-արեւմտեան եւ մասամբ արեւելեան կողմերէն շրջապատուած է բնական անանցանելի ժայռերով, իսկ՝ մնացած հատուածին մէջ, տասնչորս ուղղանկիւն աշտարակներու եւ ամրակուռ պարսպապատերու յաջորդականութեամբ ստեղծուած է պաշտպանական հզօր պատնէշ։ Այն հատուածներուն մէջ, ուր հակառակորդին յարձակումը հնարաւոր էր աւելի նուազ ուժերով ետ մղել, աշտարակները կառուցուած են միայն 25-32 մ. հեռաւորութեան վրայ, իսկ միւս մասերուն մէջ, միայն աւելի մօտ՝ դրուած են 10-13,5 մ. աւելի ներս, ստեղծելով արհեստական աղեղ, որուն մէջ ներքաշուած հակառակորդի ուժերուն աւելի հեշտ եղած է խոցելը։

Գառնիի սիւնազարդ տաճարէն արեւմուտք, հրուանդանի գրեթէ եզրէն բարձրացած է պալատական շէնքի խոշոր կառուցուածքը։ Բաղնիքի շէնքը բաղկացած է միեւնոյն ուղղութեամբ, միայն յաջորդող չորս սենեակներէն։ Առաջին սենեակը, շնորհիւ իր դիրքի եւ ներքին, առաւել հարուստ ձեւաւորման (խճանկարով յատակ, կորագիծ խորշի մէջ ստեղծուած ջրաւազան եւ այլն), եղած է բաղնիքի նախասրահ-հանդերձարանը։ Երկրորդ եւ երրորդ սենեակները, ունենալով յատակագծային միեւնոյն ձեւը եւ չափերը, եղած են լոգարաններ, երկրորդը՝ պաղ ջուրի համար, երրորդը՝ գաղջ։ Չորրորդ սենեակի մեծ մասը եղած է տաք ջուրի լողասենեակը։

Ամրոցին հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ գտնուած է ջրամբարը, հարաւ-արեւմտեան մասի յատակի տակ կրակարանը՝ ջուր տաքցնելու համար։ Պահպանուած է բաղնիքի խճանկարով յատակը, որ 15 գոյնի բնական քարերով կը պատկերացնէ ծովային տեսարաններ։ Գիտական-գեղարուեստական մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ հանդերձարանի խճանկարը, որ նախաքրիստոնէական Հայաստանի կոթողական գեղանկարչութեան յուշարձաններէն է։ Խճանկարի վրայ պատկերուած է ծով, ուր ներկայացուած են տարբեր աստուածութիւններ, ջրահարսեր, մարդ, ձկնորս, բազմապիսի ձուկեր եւ այլն։ Պատկերներուն մէջ կան ծովու հետ կապուած զանազան արտայայտութիւններ («Ծովու խորք», «Ծովային անդորր» եւ այլն) ու աստուածներու անուններ (Գլաւկոս, Թետիս, Էրոս եւ այլն)։

Տրդատ թագաւոր երկու անգամ՝ 72 եւ 75 թուականներուն, կը հակահարուածէ հիւսիսէն ներխուժած ալանական ռազմատենչ ցեղերու աւարառուական արշաւանքներուն։

Տրդատի կը յաջորդէ որդին՝ Սանատրուկ Արշակունին (88-110)։ Սանատրուկը կը հիմնէ Մծուրք քաղաքը՝ Արածանիի ափին, Մշոյ դաշտին մէջ։ Սակայն յետագային, ան կը կործանի երկրաշարժէն։ Սանատրուկի գահակալումը կ'անցնի համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ[3]։

Արշակունիներու Հարստութիւն

Խմբագրել
 
Արշակունիներու դրօշ

Արշակունիները պարթեւական արքայական աւագանիի ներկայացուցիչներ էին, որոնցմէ ճիւղ մը հաստատուած էր Հայաստանի մէջ։ Առաջին Արշակունին Տրդատ Ա.-ն էր, Պարթեւաստանի թագաւոր Վաղարշ Ա.-ի եղբայրը։ Ան հայոց գահին բազմած է 52-ին եւ ընդմիջումներով իշխած է աւելի քան քառորդ դար, մինչեւ 88 թուական։ Պաշտօնապէս անոր թագաւորութեան սկիզբը կը համարուի 66 թուականը, երբ ան թագաւոր կը հռչակուի Հռոմի կայսր Ներոնի կողմէ։

Արշակունիները ընդհատումներով իշխած են մօտ չորս դար՝ մինչեւ 428 թուականը։ Անոնց անուան հետ կապուած է աւատատիրական կարգերու հաստատումը, քրիստոնէութեան ընդունումը, Հայոց գիրերու գիւտը։

Անունը Իշխած է Նշումներ
Տրդատ Ա. 66 - 88 պարթեւ արքայ Վոնոն Բ.-ի որդին, Վաղարշ Ա-ի եղբայրը
Սանատրուկ 88 - 110 Տրդատ Ա.-ի որդին
Աշխադար 110 - 113 Բակուր Բ. Պարթեւի որդին
Պարթամասիր 113 - 114 Բակուր Բ. Պարթեւի որդին
հռոմէական բռնազաւթում 114 - 116
Վաղարշ Ա. 117 - 144 Սանատրուկի որդին
Սոհեմոս 144 - 161, 164-186 Ասորիքի Էմեսա քաղաքի թագաւոր
Բակուր Ա. 161 - 163
Վաղարշ Բ. 186 - 198 Վաղարշ Ա.-ի հարազատներէն
Խոսրով Ա. 198 - 217 Վաղարշ Բ.-ի որդի
Տրդատ Բ. 217 - 252 Խոսրով Ա.-ի որդի
Արտաւազդ Ե. 252 - 272 Տրդատ Բ.-ի որդի
Խոսրով Բ. 272 - 287 Արտաւազդ Ե.-ի որդի
Տրդատ Գ. Մեծ 287 - 330 Խոսրով Բ.-ի որդի
Խոսրով Գ. Կոտակ 330 - 338 Տրդատ Գ.-ի որդի
Տիրան Բ. 338 - 350 Խոսրով Գ.-ի որդի
Արշակ Բ.. 350 - 368 Տիրան Բ.-ի որդի
Պապ թագաւոր 368 - 374 Արշակ Բ.-ի որդի
Վարազդատ 374 - 378 Անոբի որդի, Արշակ Բ.-ի թոռ
Արշակ Գ. 378 - 389 Պապի որդի
Խոսրով Դ. 387 - 389, 415-416
Վռամշապուհ 389 - 415 Խոսրով Դ.-ի եղբայր
Շապուհ պարսիկ 416 - 420
թափուր 420 - 422
Արտաշէս Գ. 423 - 428 Վռամշապուհի որդի

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Գ․ Տ․ Սվետոնիոս, Տասներկու կեսարներու կեանքը, Ե․, 1986։
  • Դիոն Կասիոս, Հռոմէական պատմութիւն, Ե․, 1976
  • Աստարեան Հ․, Քաղաքական վերաբերութիւններ ընդմէջ Հայաստանի եւ Հոովմա, Վնտ․, 1912։
  • Մանանդեան Հ․, Երկ․, հ.1, Ե․, 1977։

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Հաջորդականություն2

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։