Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն
Առաջարկուած է ջնջել այս յօդուածը։

Ուիքիփետիայի մէկ կամ քանի մը մասնակիցներ առաջարկած են ջնջել ։ Մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ Ձեր կարծիքը յայտնելու համար այցելեցէք Ջնջման ներկայացուած յօդուածների քննարկման էջը։
Ուշադրութիւն, այս կաղապարը պէտք չէ հեռացնել նախքան վերոյիշեալ քննարկման էջին մէջ համաձայնութեան հասնիլը։ Եթէ համաձայն չէք առաջարկուած ջնջումին, կրնաք քննարկման ընթացքին սրբագրել եւ բարեփոխել այս յօդուածը, այսպիսով նպաստելով անոր պահպանման։


Արտաշէս Գ. Թգ. (422-428) որդի Վռամշապուհւոյ, ծնած 403-ին։ Հօրը մահուան ատեն տասը տարու մանուկ մ՚ըլլալուն՝ նախարարք նախընտրեցին Խոսորով Գ. ը կրկին ի գահ հրաւիրել, որուն յաջորդեց Շամուհ Պարսիկ՝ Յազկերտի որդին (415) և մինչև 422 թագաւորական գահը թափուր մնաց։ 422-ին պարսից Վռամ արքան 18-ամեայ Արտաշէսը Հայոց թագաւոր կարգեց, անունը Արտաշիի փոխել տալով. Վեց տարի խաղաղութեամբ թագաւորեց Արտաշէս Գ., յետոյ սակայն անվայել կեանք մը սկսաւ վարել, այնպէս որ նախարարք, յուսալքուած անոր ուղղութենէն՝ խնդրեցին Ս. Սահակ կաթողիկոսէն որ Պարսից Վռամ թգ.ին դիմէ Արտաշէսը գահընկէց ընելու և կրկին պարսիկ վերակացումներ ուզելու Հայաստանի համար։ Ս. Սահակ դժկամակեցաւ, որովհետև առնուած այս քայլով՝ վերջ պիտի տրուէր Հայաստանի անկախութեան լացաւ անոնց առջև և պաղատեց ետ կենալ արտաքին միջամտութեան դիմելէ։ Նախարարք սպառնացին, - «եթէ չես միաբանիր մեզի հետ, զքեզ ալ գահընկէց կ՚ընենք» ըսին ու Վռամի դիմեցին որ գահընկէց ընէ Արտաշէսը, և այդ տխուր դէպքը տեղի ունեցաւ 428-ին։ Իսկ Արտաշէսի մահը քանի մը տարի ետք պատահեցաւ Խուժաստանի մէջ, ուր աքսոբուած էր Վռամէն։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Հայ Հանրագիտակ, Մկրտիչ Վարդապետ Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Բ. հատոր, էջ 307։