Կաղապար:Տեղեկաքարտ միապետ

Տիրան (ծն.թ.անյայտ–մօտ 358), Հայոց թագաւոր 338–350–ին։ Յաջորդած է հօրը՝ Խոսրով Բ. Կոտակին, քաղաքական անբարենպաստ ու խառնակ պայմաններու մէջ։ 338 թուականի գարնան, երբ Պարսից արքայ Շապուհ II–ի զօրքերը ներխուժած են Հայաստան, Տիրան Հայոց կաթողիկոս Վրթանես Ա Պարթեւի հետ հարկադրաբար ապաստանած է Բիւզանդիոնի մէջ։ Գահին վերահաստատուած է 339 թուականի գարնան՝ Հռոմի Կոստանդիոս I կայսեր օգնութեամբ։ Հռոմի հետ կնքած պայմանագրով Տիրանը ճանչցած է անոր գերիշխանութիւնը, պատանդ տուած է Տրդատ որդին եւ թոռներուն։ Տիրանի գահակալման առաջին տարիները անցած են համեմատաբար խաղաղ։ Վարած է պետական իշխանութեան կեդրոնացման քաղաքականութիւն։

Արշակունեաց Հայաստանը 298-387 թթ.

Տիրանի իշխանութեան վերջին տարիներուն յարաբերութիւնները սուր ընթացք կը ստանան, ինչպէս երկրի ներսը, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս։ Ներքին ճակատի վրայ քանի մը նախարարական տուներ հանդէս կը բերեն կեդրոնախոյս ձգտումներ, ապա տեղի կ՛ունենայ պետութիւն-եկեղեցի առաջին բախումները։ Այս բախումները այնքան կը խորանան, որ Հուսիկ կաթողիկոսը կը բանադրէ Տիրան թագաւորին։ Վերջինիս հրամանով Հուսիկին բրածեծ ընելով կը սպանեն։ Ասոր պատճառը այն էր, որ եկեղեցին մեծապէս հզօրացած էր եւ ֆեոդալական կարգերու պայքարին մէջ սկսած էր մեծ դեր խաղալ երկրի ներքին կեանքին մէջ։

Տիրանի գահակալութեան վերջին տարիներուն Հայաստանի քաղաքական կացութիւնը բարդացած է՝ կապուած պարսկա–հռոմէական նոր հակամարտութիւններու հետ։ 345 թուականի պարսկա–հռոմէական պատերազմի ժամանակ Տիրան դաշնակցած է հռոմէացիներուն հետ։ 350 թուականին, օգտուելով Հռոմէական կայսրութեան արեւմուտքի մէջ ծագած պատերազմէն, Շապուհ II ներխուժած է Հայաստան, խարդախութեամբ ձերբակալած եւ կուրցուցած է Տիրանին, ապա տարած եւ բանտարկած է Տիզբոնի մէջ։ Շուտով հայ–հռոմէական ուժերը կը յաղթեն պարսկական բանակին եւ Շապուհ II–ին կը հարկադրեն գերութենէն ազատել Տիրանին։ Սակայն վերջինս կուրութեան պատճառով անկարող էր զբաղիլ պետական գործունէութեամբ, ուստի թագաւոր կը հռչակուի անոր որդին՝ Արշակ Բ–ը։