Վաղարշ Բ (անյայտ – մօտ 198), Հայոց Արշակունի թագաւոր 186–էն։ Կ՛ենթադրուի, որ Վաղարշ Ա.–ի սերունդէն էր։

Վաղարշ Բ.
Ծնած է անհայտ
Մահացած է 198
Քաղաքացիութիւն  Մեծ Հայք
Կրօնք հեթանոսություն?
Մասնագիտութիւն պետական գործիչ
Երեխաներ Խոսրով Ա.

Հռոմի դրածո Սոհեմոսի մահէն ետք, օգտուելով կայսրութեան ներքին գահակալական կռիւներէն, Վաղարշ Բ. երկրէն դուրս քշած է հռոմէական կայազօրը եւ հռչակուած Մեծ Հայքի թագաւոր։ 193–ին Վաղարշ Բ հրաժարած է օգնել Հռոմի արեւելեան զօրքերու հրամանատար եւ կայսերական գահի հաւակնորդ Նիգերոսին, իսկ վերջինիս պարտութենէն ետք բանակցած է Սեպտիմիոս Սեւերոս կայսեր հետ եւ կանխած անոր ներխուժման վտանգը։ Հայերուն սիրաշահելու եւ հայ–պարթեւական հնարաւոր դաշնակցութիւնը կանխելու նպատակով, կայսրը բարեկամութեան դաշնագիր կնքած է Վաղարշ Բ–ի հետ, ըստ որուն, Մեծ Հայքէն դուրս բերուած եւ հռոմէական զօրքերը, Հռոմը պարտաւորուած է ամենայն դրամական գումար վճառել հայկական հեծելազօրին՝ Կովկասեան լեռնանցքները հրոսական ցեղերու ներխուժումէն պաշտպանելու համար։ Վաղարշ Բ–ի խոհեմ արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ պահպանուած է Մեծ Հայքի անկախութեան, ի դէմս անոր, հիմնուած է հայ Արշակունիներու ինքնուրոյն եւ ժառանդական արքայատունը։ Վաղարշ Բ նետահար զոհուած է Կովկասի լեռնաբնակներու դէմ յաղթական կռիւներէն մէկուն ընթացքին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։