Նանէ
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Դիցաբանական կերպար
Նանէ, հին հայ դիցաբանութեան մէջ Նանէ կը նկատուի իմաստութեան, հնարագիտութեան եւ տանտիկինութեան դիցուհի: Հայ ընտանիքներու մէջ մինչեւ վերջերս ալ հեղինակութիւն են մեծ մայրերը, օճախի պահապան սիւնը եւ կը կոչուէր Նանէ, Նանի, Նան[1]:
Կը համարուէր Արամազդի դուստրը։ Նոյնացուած է յունական Աթենաս դիցուհիին։ Նանէի տաճարը, որ եղած է Թիլ աւանին մէջ, աւերած է Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը տարածելու ժամանակ։ Յունական դիցաբանութեան մէջ կայ Նանէի անուամբ յաւերժահարս (նկատուած է՝ Սանգարիս գետի դուստրը եւ ծննդաբերութեան ոգին)։
Հայոց դիցարանի ազդեցիկ դիցուհիներէն է՝ Արամազդի դուստրը, Նանէն՝ ընտանիքի պահապանը, իմաստնութեան, ողջախոհութեան եւ ռազմի աստուածուհին։ Նանէի պաշտամունքը սերտօրէն կապուած էր Անահիտի պաշտամունքին հետ։ Նանէի տաճարը Եկեղեաց գաւառի Թիլ աւանին մէջ կը գտնուէր՝ Անահիտի տաճարի մօտակայքը։ Հիմա ալ յաճախ մեծ մօրը՝ տատին, կ՛ըսեն նաեւ նանէ, նան, որ կը վկայէ Նանէ դիցուհիին՝ մարդաստուածութեան հետ կապի եւ ժողովուրդի մէջ անոր անուան ու պաշտամունքի տարածուածութեան մասին։
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Դիցաբանութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-04-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-18