Խոր Վիրապ

17-րդ դարու վանք-ամրոց, ճարտարապետական յուշարձան

Խոր Վիրապ, Խոր Վիրապի վանք, ճարտարապետական յուշարձան, Ժէ. դարու վանք-ամրոց, Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Ոստան Հայոց գաւառին մէջ, Արաքս գետին ձախ կողմը, Փոքր Վետի գիւղին մօտ, պատմական Արտաշատ քաղաքին մօտակայ բլուրներէն մէկուն վրայ (այժմ՝ Հայաստանի Արարատի մարզի Լուսառատ գիւղին մօտ, 1 քմ Հիւսիս-Արեւմուտք)։ Եղած է Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած նշանաւոր ուխտատեղիներէն մէկը։

Խոր Վիրապի վանք

Պատմութիւն

Խմբագրել
 

Խոր Վիրապի վանքը միջնադարուն ունեցած է իր ուրոյն դերն ու նշանակութիւնը: Վանքին մասին նախնական տեղեկութիւնները Ագաթանգեղոսինն են, որ կ'անդրադառնայ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման ու տարածման իրադարձութիւններուն, նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին վարքին ու վարդապետութեան:

Վիրապը օձերով, թունաւոր միջատներով լեցուն խոր փոս էր, ուր ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ոճրագործները կը նետէին։ Ըստ Ագաթանգեղոսի, Տրդատ Գ. թագաւորը քրիստոնեաներու հալածանքի շրջանին, Գրիգոր Լուսաւորիչը կը նետէ Արտաշատի արքունական բանտին գուբը, ուր Լուսաւորիչ կը մնայ շուրջ 13 տարի։

Լուսաւորիչ Խոր վիրապէն դուրս գալէն ետք, ստանալով արքային աջակցութիւնը, քրիստոնէութիւնը կը դարձնէ Հայաստանի պետական կրօն։

 

Շուրջ 642-ին, Ներսէս Գ. կաթողիկոսը սրբազան վիրապին վրայ կը կառուցէ մատուռ մը, որ ճարտարապետ Մ. Մնացականեանի կարծիքով, ըստ Ժ. դարու արաբ պատմիչ Ալ-Մուքատտասիի նկարագրութեան՝ սպիտակ կրաքարէ, ներսը 8 սիւներով, բոլորաձեւ կեդրոնակազմ կառոյց մըն է։ Մատուռը իր ծաւալատարածական կազմով եւ կառուցուածքային սկզբունքով որոշ նմանութիւն ունեցած է Զուարթնոցին։ Աւերուած շինութեան տեղը 1662-ին կառուցուած է մատուռ մը, որ կանգուն է մինչեւ օրս։ Մատրան Աւագ խորանէն աջ գտնուող մուտքը ուղղաձիգ աստիճաններու (ներկայիս՝ մետաղեայ) միջոցով կը տանի ներքնայարկ, ուր 4,4 մ տրամագիծով, 6 մ խորութեամբ, գմբէթանման գոգաւոր ծածկով վիրապն է։ Ամբողջ համալիրէն կիսաաւերակ տեսքով պահպանուած է նաեւ բուրգաւոր պարիսպը, որուն պատերուն երկայնքով տեղադրուած են սեղանատունը, վանական խուցերը եւ այլ օժանդակ վանքային կառոյցներ։ Պարսիպէն ներս, կեդրոնը, Ս. Աստուածածին գլխաւոր եկեղեցին է, որուն արեւմտեան մասին կից կառուցուած է զանգակատունը։

ԺԳ. դարէն սկսեալ, Խոր Վիրապը բացի կարեւոր սրբատեղի ըլլալէն, դարձած է կրթութեան եւ գիտութեան համահայկական կեդրոն. 1255-ին Վարդան Արեւելցին վանքին մէջ կը հիմնէ բարձրագոյն դպրոց մը, որուն նշանաւոր սաներէն կը դառնան Վարդան Արեւելցին, Եսայի Նչեցին, Յովհաննէս Երզնկացին, Գէորգ Սկեւռացին, Ներսէս Մշեցին, որոնք հետագային Խոր Վիրապի դպրութիւնը կը բարձրացնեն նոր մակարդակի։

ԺԶ. դարուն Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական ծանր դրութեան պատճառով, վանքին շինութիւնները կը վնասուին։ 1666-1669 թուականներուն Դաւիթ վրդ. Վիրապեցին կը վերակառուցէ վանքին պարիսպները եւ ներսը գտնուող շինութիւնները։

1669-ին կը սկսին վիրապէն հողահանութեան աշխատանքները եւ անոր վրայ ԺԴ. դարուն կառուցուած մատրան փոխարէն Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ կառուցումը։ Վիրապը ունի շուրջ 4.5 մ տրամագիծ եւ 6.5 մ խորութիւն։ Անիկա արտաքուստ գօտեւորուած է կրաքարէ սալերով, ունի արձանագրութիւններ եւ բարձրաքանդակներ։

1703-ին աւարտին հասած է կեդրոնական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնովին վերակառուցումը։ ԺԹ. դարու վերջին այդ եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատին կից կառուցուած է սիւնազարդ զանգակատունը։

1970-1980-ականներուն Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ջանքերով նորոգուած են վանքին պարիսպներն ու այլ շինութիւնները։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ագաթանգեղոս, Հայոց պատմութիւն, Երեւան, 1983։
  • Կ. Մաթեւոսեան, «Խոր Վիրապի վանքը եւ անոր գրչական կեդրոնը», Էջմիածին, 1997, 2-3։
  • «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002։
  • Ալիշան Ղեւոնդ, Այրարատ, Վնտ., 1890, էջ 435-440։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել