Յովհաննէս Երզնկացի

Յովհաննէս Երզնկացի (1225 կամ շուրջ 1230, Երզնկա - 1293, Երզնկա), ամենայն հայոց կաթողիկոս։

Յովհաննէս Երզնկացի
Ծնած է 1230-ականներ[1]
Ծննդավայր Եկեղյաց, Բարձր Հայք, Մեծ Հայք[1]
Մահացած է 1293[1]
Մահուան վայր Ակներ (վանք), Ակներ, Ղարաքյոյ[1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, գիտնական, մատենագիր, մեկնիչ, քերական, արուեստագէտ, ուսուցիչ, հանրային գործիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1225-1230 թուականներու միջեւ, Մեծ Հայքի Եկեղեաց գաւառին մէջ։ Երզնկացի կոչուած է կամ իր ծննդավայրի անունով եւ կամ տեղի հռչակաւոր վանքերուն մէջ կրթութիւն ստացած ըլլալու պատճառով։ Պլուզ մականունը անոր, հաւանաբար, կարճահասակութեան համար տրուած է։ Անոր մասին նաեւ կ'ակնարկէ ժողովրդական աւանդութիւնը, ըստ որուն ան փոքրամարմին եղած է։

Երզնկացի մանկութիւնը հայրենի երկրի Լուսաւորիչի լեռներուն մէջ գտնուող դպրանոցներուն մէջ անցուցած է։ Իր ուսման ծարաւը յագեցուցած է այդ օրերու նշանաւոր ուսուցիչ Վարդան Արեւելցին, զոր հետագային երախտագիտութեամբ կը յիշէ եւ իր հոգեւոր հայրը կ'անուանէ։ Երզնկացի հմտացած է փիլիսոփայութեան, տիեզրագիտութեան, քերականութեան մէջ, խորամուխ եղած է արուեստներու, երաժշտութեան, բժշկութեան ու զանազան բնական գիտութիւններու մէջ։

1270-1280-ականներէն կը սկսի Երզնկացիի եռանդուն գործունէութեան շրջանը: Ան կը մասնակցի երկրի թէ՛ գիտական եւ թէ՛ քաղաքական կեանքի ամենակենսական իրադարձութիւններուն, կ'ըլլայ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Կիլիկիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ, Երուսաղէմի ու Տփղիսի՝ ամէնուրեք վայելելով մեծ հեղինակութիւն։ Երզնկացին գործուն պայքար կը մղէ Ժգ.- Ժդ. դարերուն լայն ծաւալ ու քաղաքական սուր բնոյթ ստացած թորական (այդ ուղղութիւնը կ'ընդունէր ազգային եկեղեցիներու կաթոլիկացումը եւ Հռոմի պապի գերիշխանութիւնը) շարժման դէմ, հասարակական ու եկեղեցական յատուկ կանոններ կը գրէ՝ յանուն ազգապահպանութեան, հայ եկեղեցւոյ եւ պետականութեան հաստատման։

1280-ին ան արդէն Երզնկա քաղաքի արհեստաւորներու ու առեւտրականներու համար կազմակերպուած «եղբայրութեան» հոգեւոր հայրն էր, որ «Սահման եւ կանոնք» կը գրէր նաեւ «տղայահասակ մանկանց աշխարհականաց» համար։

1281-ին Երզնկացի կը մեկնի Թեոդուպոլիս (Կարին), իբրեւ կաթողիկոսի յատուկ պատուիրակ, ապա պատուէր կը ստանայ քերականութեան մեկնութիւն գրելու, որ կ'աւարտի 1291-ին։ 1293-ին Երզնկացի կը կնքէ իր մահկանացուն։ Անոր շիրիմը ամփոփուած է Երզնկայի Ս. Նշան եկեղեցւոյ առաջնորդական աթոռին տակ։

Երզնկացիի մասին պահպանուած են աւանդութիւններ, որոնք անոր անունը կը կապեն զանազան հրաշագործութիւններու հետ։ Ան կոչուած է «սուրբ եւ իմաստուն», «բանիբուն եւ աշխարհալոյս վարդապետ», «խստալոյս իմաստասէր», «անյաղթ» եւ այլն։ Անոր գերեզմանը համարուած է սրբատեղի։

Գրական գործունէութիւն

Խմբագրել

Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացիի անունով մեզի հասած են հարիւրէ աւելի փիլիսոփայական, բնագիտական, տիեզերագիտական, քերականական, կանոնական, խրատական, մեկնողական, դաւանաբանական-քաղաքական, աստուածաբանական եւ այլ բնոյթի բազմաթիւ գործեր ու չափածոյ երկեր։

Հայ միջնադարու գիր ու գրականութեան զարթօնքի, գիտութեան ու արուեստներու վերածնութեան արտայայտութիւնը ըլլալով, անոնք կը մղեն դէպի նորը, կը ձգտին եւ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն ուսումնասիրելու, ճանչնալու աշխարհը, գիտականօրէն բացատրելու բնական ու հասարակական երեւոյթները, անոնց յառաջացման, զարգացման ու գոյութեան օրինաչափութիւնները։ Արժէքաւոր են այն գործերը, որոնք կը շօշափեն փիլիսոփայական, բնագիտական ու տիեզերագիտական հարցեր։ Ասոնց մէջ հեղինակը ոչ միայն կ'ընդունի ու կը պաշտպանէ արտաքին աշխարհի գոյութիւնը, այլեւ կը դնէ անոր ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։ Աշխարհընկալման ու ճանաչման հիմքը ան կը համարէ սքանչացումը, իսկ միջոցը մարդու հինգ զգայարանները։

Եթէ ճանաչման հիմքը Երզնկացին կը համարէր սքանչացումը, ապա կեանքի ու գոյութեան հիմքը շարժումը։ Ըստ անոր ամէն ինչ մշտաշարժ է եւ փոփոխելի. շարունակական շարժման եւ հարափոփոխութեան հետեւանք են ոչ միայն բնութեան երեւոյթները, այլեւ հասարակական կեանքին մէջ եւս գոյութիւն ունեցող հակասութիւնները, անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները, ինչպէս նաեւ ծնունդն ու մահը։ Կարեւոր է նկատել, որ Երզնկացին մահը կը բացատրէ գիտականօրէն՝ ո՛չ թէ հոգիի բացակայութեամբ, այլ մարմինի՝ նիւթի քայքայումով։

Գիտական եւ բանասիրական բարձր արժէք ունի Երզնկացիի Քերականութեան մեկնութիւնը, ո'չ միայն լեզուի ու քերականութեան, այլեւ տաղաչափութեան, գրականագիտութեան եւ գրականութեան տեսութեան հետ կապուած շարք մը կարեւոր հարցերու արծարծումը։ Ան սահմանած է չափն ու ժանրերը (տաղ, ողբերգութիւն, դիւզագներգութիւն, կատակերգութիւն, դաւաբանական, առասպել, զրոյց, պատմութիւն) եւ այլն, ուսուցողական նպատակներով հայերէն թարգմանած է տողեր Իլիականէն ու Ոդիսականէն, ինչպէս նաեւ Հոմերոսի կենսագրութեան ու ստեղծագործութեան վերաբերող պատմութիւններ։ Անդրադարձած է նաեւ արուեստի հարցերու, բացատրած երաժշտական հասկացութիւններ, բնութագրած հոգեւոր ու աշխարհիկ երաժշտութիւնը, երաժշտութեան դերը մարդու կեանքին մէջ եւ այլն։ Մեկնութիւնը կազմած է այնպիսի հմտութեամբ, որ երկար ժամանակ մնացած է իբրեւ քերականական գիտելիքներու ուսուցման հիմնական ձեռնարկ։ Անոնցմէ օգտուած են հետագայ հեղինակները, ինչպէս՝ Եսայի Նշեցին եւ Յովհաննէս Ծործորեցին։

Գնահատելի են Երզնկացիի մանկավարժական, բժշկագիտական հայեացքները եւ ժամանակի հասարակական-քաղաքական անցուդարձերուն, ընկերա-տնտեսական յարաբերութիւններուն, կենցաղին, բարքերուն, ծէսերուն, հաւատալիքներուն վերաբերող հարուստ տեղեկութիւնները։

Ստեղծագործութիւնը

Խմբագրել

Երզնկացի արձակի հիմնական ու առանցքային գաղափարները իրենց յուզական արտայայտութիւնը գտած են անոր չափածոյին մէջ։

Անոնք աշխարհիկ եւ կրօնական ստեղծագործութիւններ են՝ տաղեր, շարականներ, ողբեր, մեղեդիներ, խոհա-խրատական, իմաստաբանական քառեակներ։ Երզնկացիի չափածոն կը զարգանայ երեք հիմնական ուղղութեամբ՝ կրօնական, գիտական եւ աշխարհիկ։

Կրօնական երկեր

Խմբագրել

Կրօնական երկերը, թէեւ առաջին հայեացքէն կը թուին սովորական, միայն աստուածաշնչային թեմա ունեցող բանաստեղծութիւններ, իրականութեան մէջ կը բացայայտեն նաեւ մարդկային միտքի ալեկոծումն ու ներհակութիւնը, զգացումներու բազմերանգութիւնը, կեանքի ու բնութեան մեծ սէրը։

Զիմ գեղեցիկ զարդերքն առին

Խմբագրել

Դրախտէն արտաքսուած Ադամի ողբն ու սուգը, ըստ էութեան, սրտի տանջանքն ու ներքին տառապանքն է այն մարդուն, որ զրկուած է իր ունեցած գեղեցիկ ու հանգստաւէտ կեանքէն, որ իր սիրոյ, դէպի իր կեանքի ընկերը ունեցած մարդկային վերաբերմունքի պատճառով, անոր ծանր վիշտն ու դառնութիւնը կիսելու, անոր գթալու հետեւանքով արժանացած է պատիժի։ Այս ե՛ւ ողբ է, ե՛ւ կեանքի սէր ու կարօտ, ե՛ւ գեղեցիկ բնապատկեր.


Զիմ գեղեցիկ զարդերքն առին

Զիս անողորմ մերկացուցին

Վասըն միոյ պատուիրանին՝

Անմահական ծառոյ պտղին։

Հոսկայ մերկ եմ ես հիմա,

Եւա նըստել ու խիստ կու լայ։

Ա՜հ, կու յիշեմ ըզձեզ ծաղկունք,

Անուշահամ աղբերակունք.

Ա՜հ, կու յիշեմ ըզձեղ թըոչունք

Քաղցրաբարբառ, եւ անասունք,

Որք ըզդրախտըն վայելէք,

Ձեր թագաւորն եկայք լացէք։

Ես աղաչեմ զձեզ, սերովբէք

Խմբագրել

Սա ե՛ւ գանգայտ է, ե՛ւ ներման ու հաշտութեան աղերս, ե՛ւ կեանք ու սէր.

Ես աղաչեմ զձեզ, սերովբէք,

Գանգատ ունիմ, ի՛նձ լսեցէք.

Երբ ի յադին դրախտըն մտնէք,

Յանմահ պըտղոյն ճիւղ մի առէք,

Բերէք յաչացս ի վրայ դրէք,

Զխաւարեալ աչս ողջացուցէք։

Երբ ի դըրախտըն մըտանէք,

Ըզդրախտին դուռըն մի փակէք,

Զիս ի դիմաց կանգնեցուցէք,

Պահ մի հայիմ կարճ, դարձուցէք։

Մէկ այլ տաղի մէջ Աստուածածին ողբն է։ Այն կ'արտայայտէ երկրային, աշխարհիկ զգացումներ, սիրելի ու միակ զաւակի հետ կապուած յոյսեր, սպասելիքներ։ Այս սուգն է իր վիշտով լսողներուն համակող որդեկորոյս մօր, որուն համար այլեւս ոչինչ արժէք չունի աշխարհի մէջ.

Թող արեգակն խաւարի,

Եւ լոյս լուսնի նուաղի,

Երկիր հիմամբք սասանի,

Վէմք ի վիմանց պատառի։

Աշխարհիկ երկեր

Խմբագրել

Երզնկացիի աշխարհիկ տաղերուն մէջ խորն է կեանքի խոհա-փիլիսոփայական ըմբռնումը։ Այստեղ մարդն է իր երերուն ու անհաստատ գոյութեամբ, հոգին զբաղեցնող ու տանջող միտքերով, մահուան տագնապով, բայց եւ ապրելու սիրով ու տենչով, իմաստութեան հասնելու ծարաւով.

Յաստընուորս ենք կարօտ յերկնից ի բարոյն,
Ու ծածկեալ ենք մեղօք, զինչ լոյսն ի յամպոյն.
Մեք բուսաք զերթ ծաղիկ յերեսն ի հողոյն,
Ծարաւած ենք բանի, զինչ տունկն ի ջըրոյն։
Մեք նըման ենք նաւին՝ ի մէջն ի ծւուն,
Անդադար ենք կենօք, զինչ նաւն ի քամուն,

Ի դրախտէն ենք ելած ու յանմահ պըտղոյն,
Կու մաշինք յաշխարհիս ի յոգն ի մահուն։

Եւ ապա՝ հոգու եւ մարմնի կեանք մաշող երկընտրանքն ու յաւիտենական պայքարը.
Զերկուսս ընկեր ո՞նց պահեմ, մէկըս՝ հող, մէկըս հոգի է,
Հոգիս թէ ի վեր քարշէ, հողըս ծանր ի վայր կու հակէ,
Վախեմ թէ հողոյս լըսեմ, նա հոգոյս լոյսն պակասէ,
Ու հետ հոգոյն ո՞վ թըռչի, երբ նորա տունըն հեռի է։

Աշխարհիկ երկերը նաեւ խրատ են ուսման, գիտութեան, ընտանիքի ու կենցաղի բարոյակրթման, առաքինութեան։ Ասոնք կը ծառայեն միեւնոյն նպատակին՝ դաստիարակել, լուսաւորել ազգը, մաքրել հասարակութիւնը արատներէն, վերացնել չարիք ծնող պատճառները՝ տգիտութիւնը, անուսումնութիւնն ու վատ բարքերը։ Խրատները ուղղուած են հասարակութեան գրեթէ բոլոր խաւերուն՝ աղքատ թէ հարուստ, ծառայ թէ իշխան, երիտասարդ թէ ծեր, մանուկ՝ ուսման կարօտ, թէ ուսումնական։

Այս շարքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Երզնկայի «եղբայրութեան» Յակոբի խնդրանքով գրուած բանաստեղծութեան։ Այս կարճ տողերով յօրինուած խրատական մըն է, որ նպատակ ունի «զխորհուրդ մարմնոյն, որ է անգիտութիւնն եւ մեղքն, փոխել ի հոգեւորն, որ է գիտութիւն, եւ ի կեանքն»։

Գիտական երկեր

Խմբագրել

Գիտութեան գովք հանդիսացող քերթուածները կ'ամբողջացնեն խորհող ու փիլիսոփայող բանաստեղծին միտքերը։ Բնութեան ու մարդու մասին տալով գիտական բացատրութիւններ, կրկին սէր ու հետաքրքրութիւն յառաջացնելով դէպի ուսումն ու իմացութիւնը, Երզնկացի կ'ընդգծէ, թէ ամէն ինչ անցողիկ է, ժամանակաւոր, ունի սկիզբ եւ վախճան, մինչդեռ իմաստութիւնը մնայուն է եւ աշխարհի բարին վայելելու անսպառ աղբիւր.

Պատկերին փառքն ամէն նըման է ծաղկի,
Թէ հողմ յինք շնչէ, նա շուտ թառամի։

Հարըստին գանձն ամէն զերթ ջուր հեղեղի,
Որ հոսէ պահ մի գայ ու շուտ ցամաքի։

Բարձր գաղափարայնութեան հետ ձուլուած լեզուի եւ ոճի երաժշտականութեան շնորհիւ Երզնկացիի բանաստեղծութիւններէն շատերը երգուել են։

Քնարերգութիւն

Խմբագրել

Ընդարձակելով միջնադարուն լայն ծաւալ ստացած խրատական ոտանաւորի սահմանները, Երզնկացի կը ստեղծէ քնարերգութեան նոր տեսակ մը՝ խոհա-խրատական, իմաստաբանական բանաստեղծութիւն մը, որ յատուկ չափ ու բովանդակութիւն ստանալով՝ կը հասնի իր կատարելութեան՝ քառեակներու ձեւով։ Կեանքի սէրն ու մահուան ողբերգութիւնը խորապէս արտայայտող այս հայրենները առանձնայատուկ եւ արժէքաւոր տեղ կը գրաւեն Երզնկացիի չափածոյին մէջ։ Ասոնց մէջ ամէնէն աւելի կ'երեւի նշանաւոր գեղագէտն ու բանաստեղծը։ Իրականութեան ու բնութեան գեղեցկութիւններու կամ իր տպաւորութիւններու ու զգացողութիւններու անմիջական նկարագրութիւնը չեն ասոնք, այլ անոնցմէ ծագած միտքեր, յոյզեր ու դատողութիւններ, համամարդկայինի հասցած անձնական, անհատական խորհրդածութիւններ՝ փիլիսոփայական համապատասխան ընդհանրացումներով։ Քնարերգութիւնը կը զբաղեցնէ աշխարհի գեղեցկութիւնը, հակադրութիւններով շաղախուած մարդու բնութիւնը, կեանքն ու մահը, մարդկային միտքը մշտապէս տանջող «անդէնի» անորոշութիւնը եւ կենդանի՝ «աղուոր շինուածը» քանդուելու անհուն ցաւը.

Շաղղած ես ի չորս իրաց, այդցեղ շէնքդ ամուր չի լինի,

Օդըն հողոյն ի՞նչ նըման, հուրն ու ջուրն են խիստ ատելի,

Ի հակառակէ ստեղծած եւ եղած ես մարդ կենդանի,

Վերնայ օդն ու հուրն ու չուին, ու մարմինըդ դառնայ փոշի։

Ճամփորդ քեզ յայնժամ ասեմ, որ զճամփի հատըն գիտենաս,

Ծընել ես 'ւ յաշխարհ եկել տուր խապար, թէ ուստի՞ կու գաս,

Եկել ես օտար յերկիր, մէկ ցուցու, թէ ի՞նչ կու կենաս,

Մեռնիս դու 'ւ ի հող մըտնիս, մէկ ասայ, թէ ու՞ր կու գնաս։

Աշխարհս է ի ծով նըման, ով որ գայ՝ անթաց չմնայ,

Յայս ծովս ես ի նաւ մըտայ, գնաց նաւս եւ ես չիմացայ,

Յեզեր մօտեցել եմ ես, վախեմ թէ քարի դիպենայ,

Քակտի իմ աղուոր շինուածս, ու տախտակըս մէկմէկանայ։

Երզնկացիի մեծ աշխարհասիրութիւնը կ'ընդգծուի յատկապէս քառեակներուն մէջ։ Ամէն ինչի անցողիկութեան մասին փիլիսոփայական ձեւով անոր սառն դատողութիւնները հոս կ'անէանան, կը մնան խոկումը, կեանքի կարօտը եւ անցողիկութեան ափսոսանքը, մահուան տագնապն ու սարսուռը, հոգիի մեծ վիշտն ու դառնութիւնը, որմէ դուրս գալու եզակի ելքը դարձեալ խելքը, իմաստութիւնն ու բարի գործն են.

Մարմինդ է ի նաւ նըման, խելքըդ՝ ծով, թէ չունի ժըխոր,
Զմիտքդ նաւաւար դու տես, որ բարձեր է գանձ շահաւոր,
Թէ յեզր ի ծւուդ հանես, նա առնէ ըզքեզ փառաւոր։
Աշխարհս է ոչինչ նըման, շատ դատին դառնան փոշիման,

Հալալ ու հարամ անէն՝ հոս թողուն՝ 'ւ ի հոն կու գընան,
Ջան արայ, գործէ բարի, որ յետոյ չլնիս փոշիման,
Թէ չէ Ադամայ դըրախտէն քեզ կանաչ տերեւ մի չի տան։

Համեմատութիւններու, պատկերներու եւ ստեղծագործական այլ հնարանքներու վրայ կառուցուած, յաճախ երաժշտականութեան հասցուցած գեղարուեստական խօսք է Երզնկացիի ոչ միայն չափածոն, այլեւ արձակը։ Տիեզերքի, յաւիտենականութեան եւ մարդու կեանքի կարճատեւութեան ու անցողիկութեան փիլիսոփայական միտքն անգամ, անոր խօսքի գեղարուեստականութեան ուժով, կը դառնայ խոհի ու զգացումներու արտայայտութիւն։ Երզնկացի յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ լեզուի մաքրութեան, պարզութեան ու գեղեցկութեան վրայ։ Դէմ ըլլալով խրթնաբանութեան, պաշտպանելով աշխարհիկ խօսուածքը, ան միաժամանակ մտահոգուած է, որ այն չիջնէ մինչեւ ռամկաբանութիւն, բարբառայնութիւն։ Գրաբար թէ աշխարհաբար, անոր լեզուն գեղեցիկ է ու մշակուած, ճոխ ու պարզ, հարուստ ու հասկնալի, կենդանի ու երաժշտական եւ միշտ՝ բանաստեղծական։ Ահա թէ ինչ գրած է Երզնկացի իր լեզուին, ոճին, շարադրանքին, միտքերու մատուցման եղանակի ու արժէքի մասին. «Քաղեմ իբրեւ զծաղիկս գեղեցիկս զշուշան ի հովտաց, կամ իբրեւ զուարդս վառեալ ի դաշտաց, որք են գեղեցկատեսք եւ անուշահոտք... եւ իբրեւ զոսկի մարգարտին յեռեալ, գեղեցկայարմար շարակարգեմ զբանս հոգեւարժս այնոցիկ, որ տենչան բանից իմաստութեան..., իբրեւ զծաղիկ բուրաստանաց դեղ ցաւելի կենաց»։

  • Վիպասանութիւն զերկնային մարմնոյ շարժմանէ, Նոր Նախիջեւան, 1792, 83 էջ:
  • Հաւաքումն մեկնութեան քերականի, Լոս Անճելըս, 1983, 392 էջ:
  • Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն, Անթիլիաս, 1984, 155 էջ:
  • Բանք չափաւ, Երեւան, 1986, 312 էջ:
  • Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն, Թեհրան, 2002, 152 էջ:
  • Ի տաճկաց իմաստասիրաց գրոց քաղեալ բանք, Երեւան, 2009, 144 էջ:
  • Յովհաննէս Երզնկացի Մատենագրութիւն, Երեւան, 2013, 668 էջ:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ա. Սրապեան, Յովհաննէս Երզնկացի։ Հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչները. 5-18 դարեր, Երեւան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, էջ 330-339:
  • Հայկական սովետական հանրագիտարան, 6-րդ հատոր, Երեւան, 1980, էջ 559-560:
  • Հայկական համառօտ հանրագիտարան, 3-րդ հատոր, Երեւան, 1999, էջ 382-383:
  • Ով ով է (Հայեր: Կենսագրական հանրագիտարան), հատ. 1, Երեւան, 2005:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.