Ողբերգութիւն (թատրոնի ժանր)
Ողբերգութիւն (հին յուն․՝ τραγῳδία, tragōdía, բառացիօրէն՝ «Նոխազերգութիւն», τράγος, tragos - «նոխազ» եւ ᾠδή, ōdè - «երգ» բառերէն), թատերախաղի տեսակ, ուր տեղի կ՛ունենան ողբերգական իրադարձութիւններ, գլխաւոր հերոսը կամ հերոսները կը կործանուին։[1][2][3]
Ողբերգութիւնը կը յատկանշուի կարիքով, խիստ լրջութեամբ, իրականութիւնը կը պատկերուի առաւել սուր կերպով, իբրեւ ներքին հակասութիւններու կծիկ։ Ողբերգութեան մէջ առաւելապէս լարուած եւ յագեցուած կերպով կը բացայայտուին իրականութեան խորքային հակասութիւնները։ Հերոսը, անհատը, յանուն վեհ եւ բարձր գաղափարներու կը պայքարի չար ուժերու դէմ, գիտակցաբար կամ ոչ գիտակցաբար կը հակադրուի ճակատագրին, արտաքին աշխարհի երեւոյթներուն։ Ողբերգութեան մէջ այդ պայքարը կ՛ունենայ կործանարար վախճան. հերոսը անյաջողութեան կը մատնուի, կամ կը հասնի յաջողութեան՝ իր կամ իր մտերիմներուն, սիրելիներուն, հարազատներուն կեանքի գնով։ Հերոսը կը կորսնցնէ իր պատրանքները, կը ճանչնայ իր անցեալին հետ կապուած ողբերգական հանգամանքները։[4]
Ողբերգութեան ներգործութիւնը հանդիսատեսի վրայ առաջին անգամ ուսումնասիրած է Արիստոտելը՝ իր «Պոետիկայ» երկին մէջ։ Ըստ յոյն փիլիսոփային, ողբերգութիւնը, վախի եւ կարեկցանքի զգացմունքներու առաջացման միջոցով կը հասցնէ հանդիսատեսին մաքրողականութեան՝ այսինքն «մաքրման»[5]։
Ողբերգութիւնը սկիզբ առած է Հին Յունաստանի Աթէնք քաղաքէն։ Սկիզբի շրջանին ողբերգական գործեր հանդիսատեսին ներկայացուած են իւրաքանչիւր տարուան Մարտ ամսուն՝ Դիոնիսոսին նուիրուած տօնախմբութիւններուն ընթացքին («Նոխազերգութիւն» անունը կը ծագի Դիոնիսոսի շքախումբին մէջ ընդգրկուած այծամարդոց երեւոյթէն)։
Մեզի հասած են հին յոյն նշանաւոր ողբերգակներ՝ Էսքիլեսի, Սոփոկլեսի եւ Եւրիպիդեսի ողբերգութիւնները։[6]
Յունաստանէն ողբերգութիւնը անցած է հին Հռոմ, ուր ողբերգութիւններ գրած են Լիվիուս Անդրոնիկուսը, Նեվիուսը, Պակուվիուսը, Սենեկան։ Պահպանուած են միայն Սենեկայի ստեղծագործութիւնները. մնացած հեղինակներէն մէզ հասած են միայն պատառիկներ։
Նոր ժամանակներուն ողբերգութեան ժանրի մեծագոյն վարպետ էկը համարուի Ուիլիըմ Շէյքսփիրը։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Conversi Leonard W. (2019)։ «Tragedy»։ Encyclopædia Britannica (անգլերեն)
- ↑ of Naucratis, Athenaeus, The deipnosophists, Wisc, http://digicoll.library.wisc.edu/cgi-bin/Literature/Literature-idx?type=turn&entity=Literature.AthV1.p0071&id=Literature.AthV1&isize=M&pview=hide%20, վերցված է 12 January 2011
- ↑ Brown Andrew (1998)։ «Greece, Ancient»։ in Banham Martin։ The Cambridge Guide to Theatre (Revised հրտրկթն․)։ Cambridge: Cambridge University Press։ էջ 441։ ISBN 0-521-43437-8
- ↑ Elam Keir (1980)։ The Semiotics of Theatre and Drama։ Methuen։ ISBN 9780416720501
- ↑ Արիստոտել «Պոետիկա», գլուխ Զ.
- ↑ See Horace, Epistulae, II, 3, 220: "Carmino qui tragico vilem certavit ob hircum".