Փիլիսոփայութիւն
Փիլիսոփայութիւն, իմացութեան եւ կեցութեան ընդհանուր սկզբունքներու եւ օրինաչափութիւններու մասին գիտութիւնն է: Անիկա կը ձգտի պարզաբանել ամբողջ կեցութեան ընդհանուր կապը եւ միաւորել մարդկային գիտելիքի բոլոր ոլորտները: Փիլիսոփայութիւնը կարելի է համարել որոշակի աշխարհայեացք եւ աշխարհըմբռնում, որ ունի նաեւ մեթոտաբանական գործառնութիւններ:
«Փիլիսոփայութիւն» (յուն․՝ φιλοσοφία) բառն ունի յունական ծագում: Անիկա յառաջացած է յունարէն «սիրել» եւ «իմաստութիւն» բառերէն: Այսինքն՝ փիլիսոփայութիւն թարգմանաբար կը նշանակէ «իմաստութեան հանդէպ սէր»: Հայ մատենագրութեան մէջ «փիլիսոփայութիւն» եզրոյթին զուգահեռ գործածուած է նաեւ «իմաստասիրութիւն» բառը:
Փիլիսոփայութիւնը սկիզբ առած է Ք․Ա․ 7-րդ դարուն: Ատիկա կարելի էր համարել աշխարհը բանական կերպով իմաստաւորելու փորձ, որ կու գայ փոխարինելու աշխարհի մասին նախկին դիցաբանական պատկերացումները: Փիլիսոփայութիւն բառը առաջին անգամ գործածած է Պիւթագորասը, որ կը գտնէր, որ իմաստութիւնը միայն աստուածներուն բնորոշ է, իսկ մարդը կրնայ միայն ձգտիլ իմաստութեան եւ սիրել զայն:
Սկզբնական շրջանին փիլիսոփայութեան ոլորտը կ’ընդգրկէր ուսմունքներ տիեզերքի յառաջացման եւ կառուցուածքի մասին /տիեզերածնութիւն, տիեզերաբանութիւն/, աստուածներու մասին /դիցածննդաբանութիւն/: Այնուհետեւ փիլիսոփայութիւնը սկսաւ ներառել ուսմունքներ՝ կեցութեան հիմնական հասկացողութիւններու մասին /գոյաբանութիւն/, ճանաչողութեան ակունքներու եւ սահմաններու մասին /իմացաբանութիւն/, մտածողութեան ձեւերու եւ մեթոտներու մասին /տրամաբանութիւն/, մարդկային հոգիի մասին /հոգեբանութիւն/, բարոյականութեան էութեան /բարոյագիտութիւն/ եւ գեղեցկութեան մասին /գեղագիտութիւն/: Վերոյիշեալ ուղղութիւնները յետագային վերածուեցան առանձին գիտութիւններու:
Փիլիսոփայութեան էութիւնը
ԽմբագրելՓիլիսոփայութեան բուն սահմանումը արդէն կը հանդիսանայ փիլիսոփայական բաց հարցումը: Անիկա կապուած է այն կէտին հետ, որ կ’ըսէ, թէ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրման առարկան չէ, փիլիսոփայութիւնը կ’ուսումնասիրէ ամէն ինչ: Փիլիսոփայական տարբեր դպրոցներ, որոնք կազմաւորուած են փիլիսոփայութեան գոյութեան ընթացքին, յաճախ տարբերած են իրարմէ իմացութեան մեթոտաբանութեամբ, եւ այդ կերպով, այդ դպրոցներէն իւրաքանչիւրին մէջ կարելի է տալ փիլիսոփայութեան ինքնութեան իւրովի սահմանումը: Այդ պատճառով փիլիսոփայութեան սահմանումը որոշակի իմաստով փոխուած է ժամանակի ընթացքին:
Միւս կողմէ, փիլիսոփայութեան մէջ կայ կարեւոր համախմբող սկզբունք մը՝ որեւէ փիլիսոփայական դատողութիւն, որքան ալ անսպասելի ըլլան անոր հետեւանքները, կը կառուցուի բանական եղանակով` իմաստաւորուած, որոշակի մտածողական սկզբունքներուն, օրինակ` տրամաբանութեան համապատասխան: Դատողութեան բանականութիւնը կը տարբերի փիլիսոփայական մտածողութեան դիցաբանական եւ կրօնական մտածողութենէն, որոնք կ’ենթադրեն բնապաշտութիւնն ու գերբնականը, այսինքն՝ անբանականը: Այնուհետեւ այս չի նշանակեր, որ փիլիսոփայութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ օրինակ կրօնին հետ զուգահեռ: Ընդհակառակը՝ տարածուած են այնպիսի իրադրութիւններ, որ երբ որեւէ կրօն ընդունուած է իբրէւ փիլիսոփայական համակարգի նախադրեալ եւ փիլիսոփայական բանական գաղափարախօսութիւնը կիրառուած է գիտութեան այն ոլորտներու զարգացման մէջ, որոնք չէին նախատեսուած որեւէ կրօնական կանոնադրութեամբ: Օրինակ՝ հին հնդկական փիլիսոփայութիւնը մեկնաբանած է Վետաները, իսկ միջնադարեան եւրոպական փիլիսոփաները մեկնաբանեցին Աստուածաշունչը: Տարածուած են նաեւ այն դէպքերը, երբ փիլիսոփայական մտածողութիւնը կիրառուած է որեւէ կրօնի արդարութիւնը, կամ աւելի ընդհանրացուած՝ ապացուցած Աստուծոյ գոյութիւնը: Օրինակ՝ քրիստոնէութեան ջատագովները կը փորձէին բանական կերպով հիմնաւորել այս կրօնը:
Տրամաբանութենէն զատ՝ փիլիսոփայական մտածողութեան եւս մէկ վարուելաձեւ կ’ապահովէ անոր ամբողջականութիւնը: Փիլիսոփայական որեւէ նոր ուղղութիւն, նոր գաղափար կամ փիլիսոփայական դպրոց ինքզինք կը համեմատէ զինք նախորդող փիլիսոփայական համակարգերուն հետ, ներկայացնելով անոնց քննադատական վերլուծութիւն՝ իր նոր համակարգի սահմաններուն մէջ։ Օրինակ՝ Իմանուէլ Քանթի յայտնի աշխատութիւնը՝ «Զուտ Բանականութեան Քննադատութիւն»ը, կը պարունակէ բանապաշտութեան ու փորձառապաշտութեան քննադատական վերլուծութիւնը: Այս ձեւով տրամաբանութիւնն ու քննադատական վերլուծութիւնը կը հանդիսանան փիլիսոփայական մտածողութեան հիմքն ու կ’ապահովեն անոր ամբողջականութիւնը:
Անոր հետ միասին փիլիսոփայութեան հասկացութեան աղօտութիւնը կը հանդիսանայ անոր բնորոշ գիծը եւ կ’առանձնացնէ զինք գիտութիւններէն: Եթէ փիլիսոփաները կը յաջողին նոր արդիւնաւէտ իմացութեան մեթոտաբանութեան մշակման շնորհիւ առաջընթաց ապրիլ, ապա այդ ոլորտը կ’առանձնացուի փիլիսոփայութենէն եւ կը դառնայ ինքնուրոյն գիտական ճիւղ: Այդպէս, իմացութեան գիտական մեթոտաբանութեան յաջողակ կիրառումը տարբեր կարգերու բնական առարկաներուն փիլիսոփայութենէն վերջնականապէս առանձնացուց բնական փիլիսոփայութեան ճիւղը, որ յետագային բաժնուեցաւ շարք մը բնական գիտութիւններու: Օրինակ Իսահակ Նիութոն գրած է իր յայտնի հիմնային աշխատանքը՝ «Բնական Փիլիսոփայութեան Թուաբանական Սկզբունքները», ըլլալով փիլիսոփայ` իր սեփական պատկերացմամբ, իսկ ներկայիս ան յայտնի է որպէս բնագէտ (physicist) ու մաթեմաթիքոս: Անգլիալեզու ամբողջ գիտութիւնը առ այսօր կը պահպանէ փիլիսոփայութեան հետ իր ունեցած «բարեկամական» կապի հետքեր, օրինակ՝ անոր բոլոր ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն գիտական աստիճանը կը կրէ «Փիլիսոփայութեան Տոքթոր» անուանումը (անգլերէն՝ PhD):
Փիլիսոփայութեան բաժիններ
ԽմբագրելՓիլիսոփայութեան հասկացութեան յետագայ հաստատումը կ’անցնի անոր տարբեր բաժիններու նկարագրման: Փիլիսոփայութիւնը կը ստորաբաժանուի երկու եղականով՝ ըստ ուսումնասիրման առարկայի եւ ըստ տեսակներու, այսինքն բազմաթիւ դպրոցներու ու գաղափարախօսութեան:
Առաջին եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայութեան կիրառման ոլորտները: Բնական է, որ այդպիսի բաժանում կարելի է կատարել տարբեր ձեւերով: Անոնցմէ ամէնախոշորն է փիլիսոփայութեան բաժանումը ըստ բնազանցութեան (գոյութեան հարցերը), հմտաբանութեան (իմացութեան հարցերը) եւ արժէքներու ուսումնասիրման (բարոյականութեան ու արժէքներու հարցերը): Այլ, աւելի դասական ձեւով, բացի վերը նշուած 3 ոլորտներէն, որպէս առանձին առարկաներ կ’ընդունուին նաեւ տրամաբանութիւնը (փիլիսոփայական կանգուն գաղափարախօսութեան կատարելագործումը) եւ փիլիսոփայութեան պատմութիւնը (անցեալի փիլիսոփայական դրոյթներու քննադատական վերլուծութիւնը): Արիստոտէլի ժամանակ ի յայտ կու գայ փիլիսոփայութեան բաժանումը, տեսական եւ բանաստեղծական (ստեղծագործական):
Երկրորդ եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներն ու մեթոտաբանութիւնները: Այդպիսի ամէնախոշոր բաժանումը կը հանդիսանայ, բաժամունքի մը մէջ օրինակ ամբողջ արեւմտեան փիլիսոփայութեան, այսինքն հին փիլիսոփայութեան ու արեւմտեան Եւրոպայի ու ԱՄՆ-ի մէջ յետագային ձեւաւորուած բոլոր փիլիսոփայական դպրոցներու ու ուղղութիւններու, ինչպիսիներն են գերմանական կամ ֆրանսական փիլիսոփայութիւնը, ներառումը: Պատմականօրէն, լեզուական ու տարածական արգելքներու հետեւանքով բազմաթիւ փիլիսոփայական դպրոցներ կը յայտնուէին հաստատ երկիրներու ու ժողովուրդներու սահմաններուն մէջ, ինչպիսիք են օրինակ հին յունական, չինական կամ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: XVII դարէն սկսեալ աշխարհայնացման աստիճանական զարգացման հետ զուգընթաց, ազգային ու աշխարհագրական տարբերութիւնները կորսնցուցին իրենց կարեւորութիւնը եւ փիլիսոփայական տարբեր ուղղութիւնները դառնալով միջազգային, կը ստանային աշխարհագրութեան եւ մշակոյթին մէջ չամրագրուած անուանումներ, ինչպիսիք են օրինակ մարքսիստականութիւնը, գոյապաշտութիւնը, եւ այլն: Անոր հետ միասին այսօր դեռ կը պահպանուին որոշակի մշակութային-լեզուական տարբերութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն տարբեր փիլիսոփայական ուղղութիւններ: Այդպիսի տարբերութիւններէն կարեւորագոյնն է ժամանակակից փիլիսոփայութեան բաժանումը մայր-ցամաքային փիլիսոփայութեան, որ կը ներառէ գլխաւորաբար ֆրանսացի ու գերմանացի փիլիսոփաներու աշխատանքները եւ վերլուծական փիլիսոփայութեան, որ կը զարգանայ հիմնականօրէն անգլիալեզու երկրներուն մէջ:
Փիլիսոփայութեան Բաժանումը Ըստ Ուսումնասիրուող Առարկայի
ԽմբագրելՏրամաբանութիւն
ԽմբագրելՔանի որ փիլիսոփայութիւնը կազմուած է բանական դատողութիւններէ, տրամաբանութիւնը կը հանդիսանայ անոր առաջնային ստորոգելին: Փիլիսոփայական բազմաթիւ համակարգերու վերլուծութեան, անոր՝ իրար հետ համեմատման համար անհրաժեշտ է կատարել փիլիսոփայական բազում պնդումներու ու տեսութիւններու քննադատական վերլուծութիւն: Այն պատճառով, որ մարդկային մտածելակերպը կը ձեւաւորէ բառացիօրէն, տրամաբանութիւնը սերտ կապուած է հատուածներու ու լեզուներու վերլուծութեան հետ: Անիկա կը պաշտօնականացնէ բառային դատողութիւնները եւ կ'որոշէ ձեւերը, որոնք ընդունելի են վերլուծութեան համար: Դատողութեան տրամաբանական պաշտօնականացման առաջին քայլը դարձաւ հաւաքաբանութեան, կամ տեսակի դատողութիւններու ի յայտ գալը:
- (1) Բոլոր կենդանիները մահկանացու են. (2) փիղը կենդանի է. հետեւաբար` (3) փիղը մահկանացու է:
Հաւաքաբաններու ճիշտ կիրառումը կը բանայ ապացուցական դատողութիւններու ճանապարհը փիլիսոփայութեան, թուաբանութեան, բնական գիտութիւններու կամ մտածելակերպի ձեւաւորման մէջ:
Իր թուացեալ դիւրութեան հետ մէկտեղ, հաւաքաբանութեան տարանջատումը մարդկային սովորական խօսքէն տեղի ունեցած է ոչ մէկ անգամէն եւ ոչ ամէնուր: Անոնց տարանջատումը, որպէս ապացոյցի տեսակի, խթանուած է փիլիսոփայութեան եւ թուաբանութեան կապակցումէն, որ տարածուած էր Հին Յունաստանի մէջ։ Հաւաքաբանութեան եւ տրամաբանական պարզագոյն համակարգի հասկացողութեան առաջին պաշտօնական շարադրանքը կը պատկանի Արիստոտելին: Անոր տրամաբանութիւնը կը մնար անփոփոխ շուրջ 2 հազար տարի, մինչեւ XX դարու սկիզբը, երբ թուաբանութեան եւ վերլուծական փիլիսոփայութեան հետազօտութիւնները ճանապարհ հարթեցին տրամաբանութեան զարգացման համար: Ձեւաւորուեցաւ «Առաջին Կարգի Տրամաբանութիւն» կամ «Բրետիքատներու Տրամաբանութիւն», որ ներկայիս լաւ ուսումնասիրուած է: Սակայն, կը պարզուի, որ փիլիսոփայութեան պնդումներու, առաւել եւս մարդկային բնական ամբողջական խօսքի վերլուծութեան համար անհրաժեշտ է աւելի բարձր դասերու տրամաբանութիւններու ու մարդկանց տրամաբանութեան, մասնաւորապէս՝ երկրորդ կարգի տրամաբանութեան կիրառումը: Բացի այդ, պաշտօնական նշանային լեզուի ու մարդկային բնական լեզուի փոխկապակցուածութիւնը կը հետազօտէ տրամաբանական իմաստաբանութիւնը: Այս գաղափարները՝ աւելի բարձր դասերու բարոյական տրամաբանութեան հետ միասին կը շարունակեն մնալ աշխոյժ միջգաղափարային հետազօտութիւններու ոլորտ: Ժամանակակից տրամաբանութիւնը կազմուած է արդիական, խոր թուաբանական համակարգերէ, որոնք կ’ուսումնասիրուին փիլիսոփաներու, թուաբաններու, լեզուաբաններու, վերջերս նաեւ՝ ծրագրաւորողներու եւ լուծման տեսութեան եւ արհեստական բանականութեան ոլորտի մասնագէտներու կողմէ: Այդպէս՝ տրամաբանութիւնը կը հանդիսանայ ինչպէս ամէնահին, այդպէս ալ ամէնաժամանակակից գաղափարը:
Կամքը Փիլիսոփայութեան Տեսանկիւնէն
ԽմբագրելԿամքը կը քննարկուի՝ շաղկապուելով նպատակայնութեան, ազատութեան եւ անհրաժեշտութեան հիմնահարցերուն: Գաղափարականութիւնը կը դիտարկէ կամքը՝ իբրեւ արտաքին ազդեցութիւններէն ու հանգամանքներէն անկախ եւ առարկայական անհրաժեշտութեան հետ չկապակցուած յատկանիշ, որ կ’արտայայտէ մարդու գործողութիւններով ու արարքներով, որպէս ազատութեան դրսեւորում: Ըստ նիւթապաշտութեան, կամային գործունէութեան սկզբնաղբիւրը միշտ ալ կը մնայ առարկայական աշխարհը, մարդու առարկայական գործունէութիւնը, որ ուղղուած է աշխարհի վերափոխման եւ հիմնուած է բնութեան առարկայական օրէնքներուն վրայ։ Նիւթի ներքին պայմաններու (պահանջմունքներ, հետաքրքրութիւններ, ցանկութիւններ, գիտելիքներ եւ այլն) անդրադարձած առարկայական աշխարհը, անոր համար հնարաւորութիւն կը ստեղծէ տարբեր նպատակներ գոյացնելու, որոշումներ կայացնելու, վարուելու այս կամ այն կերպով: Նիւթապաշտութիւնը դրոյթներով ազատ է ո՛չ թէ կամքը որ կ’ընտրէ՝ առաջնորդուելով միայն նիւթական ցանկութիւններով, այլ այն կամքը, որ կ’ընտրէ՝ համապատասխան ըլլալով առարկայական անհրաժեշտութեան:
Կային փիլիսոփաներ (Սփինոզա), որոնք ընդհանրապէս կը ժխտէին կամքի ազատութիւնը՝ բացարձակ դարձնելով անհրաժեշտութիւնը եւ մերժելով պատահականութիւնը: Իսկ որոշ փիլիսոփաներ կը դիտարկէին կամքը, որպէս կոյր, ոչ բանական եւ չգիտակցուող ուժ, որ առկայ է ո՛չ միայն շնչաւոր արարածներու, այլեւ ողջ բնութեան մէջ եւ ամբողջ գոյի բնազանցական (metaphysical) հիմնաւորումն ու սկիզբն է: Կամքի այսպիսի բնութագիրը ընդհանրութիւններ ունի Քանթի «իրը` ինքն իր մէջէ հասկացութեան հետ»:
Կեցութեան բնազանցական սկիզբը կամքին վերագրելը կամովականութեան (voluntaryism) հիմնական դրոյթներէն է: Կամովականութեան հիմնադիրը Օգոստոս Երանելին էր, որ կամքը վեր կը դասէր իմացութենէն: Կամովականութիւնը յետագային զարգացուցին Տունս Սքոփը եւ Ուիլհելմ Օքքամը: Այնուհետեւ անոնց յետնորդները դարձան Շոփենհաուըրը եւ Ուունտթը:
Հայ փիլիսոփայական մտքի սահմաններուն մէջ նոյնպէս չեն անտեսուիր կամքի, մասնաւորապէս կամքի ազատութեան հիմնահարցը: Տարբեր ժամանակներու հայ յառաջդիմական մտածողները ճակատագրի անվերապահութիւնը ընդգծող կամ մերժող հայեացքներով, այս կամ այն կերպ միշտ ալ անդրադարձած են մարդու կամքի ազատութեան հարցին: Այդ մտածողներու շրջանակներուն մէջ կարելի է ընդգծել հետեւեալ անունները՝ Մեսրոպ Մաշտոց, Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի, Եղիշէ, Փաւստոս Բիւզանդ, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ, Գրիգոր Նարեկացի, Յովհաննէս Երզնկացի, Ֆրիկ, Նահապետ Քուչակ, Մխիթար Գոշ, Վարդան Այգեկցի, Յովհաննէս Սարկաւագ, Վահրամ Րապունի, Ներսէս Շնորհալի, Գրիգոր Տաթեւացի, Մխիթար Հերացի, Ստեփանոս Լեհացի, Շահամիր Շահամիրեան, Խաչատուր Աբովեան, Միքայէլ Նալպանտեան, Ե. Տէմիրճիպաշեան, Րաֆֆի, Ս. Սպանդարեան, Ս. Շահումեան, Ս. Կասեան, Ա. Միասնիկեան եւ այլն:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ D. Bob Gowin, Marino C. Alvarez The Art of Educating with V Diagrams. — Cambridge University Press, 2005, էջ 52: ISBN 052184343X