Յովհաննէս Սարկաւագ

Յովհաննէս Սարկաւագ (1045[1], Parisos[1] - 1129[1], Հաղպատ, Վրացական թագաւորութիւն[1]), ճանչցուած է Յովհաննէս Իմաստասէր անունով, հայ մատենագիր, փիլիսոփայ, գիտնական, մանկավարժ[2]:

Յովհաննէս Սարկաւագ
Ծնած է 1045[1]
Ծննդավայր Parisos[1]
Մահացած է 1129[1]
Մահուան վայր Հաղպատ, Վրացական թագաւորութիւն[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն մատենագիր, փիլիսոփայ, գիտնական, ուսուցիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1047-ին քահանայական ընտանիքի մէջ։ Սորված է Հաղբատի եւ Սանահինի վանքին մէջ, ապա՝ Ուռճացի վարդապետի մօտ։ Ապրած եւ գործած է Անիի մէջ, որուն բարձրագոյն դպրոցին մէջ դասաւանդած է քերականութիւն, թուաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, տոմարագիտութիւն, տիեզերագիտութիւն եւայլն։ Յետագային գլխաւորած է Հաղբատի դպրոցը, որ իր շնորհիւ դարձած է գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոն։ Խոր գիտելիքներուն համար ան հռչակուած է «Սոփեստոս», «Իմաստասէր», «Մեծն Վարդապետ» եւայլն։ Անոր շիրմաքարը պահուած է «Արձանս այս սեմական է Սոփեստոսի Սարկաւագին» մակագրութեամբ։

 
Հաղբատի Փիփ գիւղը՝ Յովհաննէս Իմաստասէրի ծննդավայրը

Յովհաննէս Սարկաւագ ձգած է գրական հարուստ ժառանգութիւն, նաեւ ան սրբագրած, խմբագրած եւ արտագրած է անընթեռնելի դարձած աշխատութիւններ։ Իմաստասէրը գրած է բազմաթիւ շարականներ։ Անոնց մէջ ան փառաբանած է հայ հերոսները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայրենիքի փրկութեան համար։ Ան ծանօթացուց հայ ժողովուրդին հայրենասիրական երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը եւ քաջալերեց արտագաղթած հայերը վերադառնալու Երկիր[3]:

 
Յովհաննէս Իմաստասէրի տապանաքարը Հաղբատի վանական համալիրին մէջ՝ զանգակատան հիւսիս-արեւմտեան կողմը

Յովհաննէս Սարկաւագ մեծ ներդրում ունեցած է թուաբանութեան մէջ եւ հայերէնի թարգմանած է բազմաթիւ գիրքեր[3]:

1084-ին Յովհաննէս Սարկաւագ մասնակից դարձած է ծրագրի մը՝ հայկական օրացոյցի մը զարգացման։ Օրացոյցը կը պարունակէր 365 օրեր առաւել մէկ օր։ Այս ծրագրին համար իր տարած աշխատանքը յետագային պատճառ դարձաւ օրացոյցի ստեղծման[4]:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Յովհաննէս Սարկաւագը ձցած է գրական հարուստ ժառանգութիւն։ Մեկնած է անթիք եւ քրիստոնեայ հեղինակներու շարք մը երկեր։ Գրած է նաեւ փիլիսոփայական, բնագիտական, տոմարագիտական, գեղագիտական, գեղարուեստական, բարոյագիտական, աստուածաբանական բնոյթի ինքնուրոյն աշխատութիւններ։ Կորած է անոր պատմական երկը, որմէ մէջբերումներ կատարած է Սամուէլ Անեցին։ Յովհաննէս Սարկաւագը մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է անցեալի գրաւոր ժառանգութեան։ Ան սրբագրած, խմբագրած եւ արտագրած է աղճատուած եւ անընթեռնելի դարձած բազում բնագիր աշխատութիւններ։

Գաղափարներ

Խմբագրել

Յովհաննէս Սարկաւագ կրօնական բնոյթի իտէալիզմի դիրքերէն քննադատած է աշխարհի առաջացման մոնիստական–մաթերիալիստական եւ տուալիզմին մօտեցող ըմբռնումները։ Ըստ անոր, սկզբնականն Աստուածն է. այն ինչ որ կայ, նախապէս եղած է Աստուծոյ մտքին մէջ եւ Անոր կամքով դարձած է իրականութիւն։ Արարուած բնութիւնն ինք եւս հանդէս կու գայ որպէս ստեղծագործող։ Քանի որ իւրաքանչիւր առարկայ ենթակայ է փոփոխման, անցման՝ մէկ վիճակէն միւսին, ապա ողջ բնութիւնն ունի գոյութեան երկակի ձեւ՝ որպէս իրականութիւն եւ որպէս հնարաւորութիւն։ Վերջինս իրականութեան մեջ թաքնուած արմատն ու սկիզբն է այն ամէնի, յետագային փոփոխութեան միջոցով կը վերածուի իրականութեան։ Հնարաւորութիւնն ու իրականութիւնը անխզելիօրէն կապուած են ու կը պայմանաւորուին իրար հետ։ Ան փոփոխութեան գործընթացը կ'ընկալէ մեթաֆիզիքօրէն, կարծելով, որ բնութեան մէջ նորը չ'առաջանար։ Սակայն, անդրադառնալով բնութեան առանձին իրերու ու երեւոյթների շարժման պատճառներուն, ան կը ցուցաբերէ դիալեքթտիք մտածողութեան որոշ տարրեր։ Բարձր գնահատելով մարդկային ճանաչողական հնարաւորութիւնները՝ ան հանդէս եկած է բնութեան երեւոյթներու գերբնականացման ու սնոտիապաշտութեան դէմ, պահանջած է թափանցել բնութեան գաղտնիքներուն մէջ, ճանչնալ շրջապատող աշխարհը, որ իր ժամանակին յառաջդիմական պահանջ էր։ Ան կը կարծէր, որ ճշգրիտ–զգայական աշխարհը հասանելի է մարդկային իմացութեան։ Ճանաչողութիւնը չիմացութենէն դէպի իմացութիւն, թերի իմացութենէն դէպի առաւել լրիւ իմացութիւն ընթացող երկարատեւ գործընթաց է, որ կ'անցնի զգայական՝ առաջին եւ անհրաժեշտ աստիճանը, որուն կը յաջորդէ բնական իմացութիւնը։ Բացառիկ երեւոյթ էին գիտելիքներու ձեռքբերման եւ անոնց հաւաստիութիւնը ստուգելու խնդրին մէջ փորձի դերի մասին իր դատողութիւնները, ճշմարտութեան մասին առաջ քաշած գաղափարները, անուանական մտածելակերպի առանձին արտայայտութիւնները եւ այլն։ Յովհաննէս Սարկաւագը ընդունած է երկրի գնդաձեւութիւնը։

Մաթեմատիկա

Խմբագրել
 
Հաղպատի վանքը, որտեղ սովորել եւ իր գիտակրթական գործունէութիւնն է իրականացրել Յովհաննէս Իմաստասէրը

Պահպանուած է Յովհաննէս Սարկաւագի մաթեմատիկական մէկ աշխատութիւն՝ «Յաղագս անկիւնաւոր թուոց» վերնագրով, ուր տրուած են այսպէս կոչուած եռանկիւն, քառանկիւն, մինչեւ 14–անկիւն թիւերը։ Աշխատութեան ընդօրինակութիւններէն մէկը կը պարունակէ նաեւ բիւթակորասեան բազմապատկումի աղիւսակի հայկական տարբերակը։

Արուեստ

Խմբագրել

Արուեստի տեսութեան բնագաւառին մէջ նոր խօսք է «Բան իմաստութեան ի պատճառս...» 188–տողանոց չափածոյ երկը, որ երկխօսութիւն է բանաստեղծի ու «սարեկի» միջեւ։ Թեման արուեստի ակունքներու խնդիրն է։ Յովհաննէս Սարկաւագը արուեստի աղբիւրը կը տեսնէ բնութեան մեջ։ Ըստ անոր՝ որքան արուեստը մօտենայ բնութեան, այնքան աւելի կատարեալ կ'ըլլայ։ Բանականութիւնն է արուեստի բարձրագոյն վիճակը։ Ան կը գտնէր, որ բարձր արուեստի հասնելու համար անհրաժեշտ է տաղանդի առկայութիւն եւ յամառ ու նպատակասլաց աշխատանք։ Ան կը պահանջէր խօսքի ստեղծագործութեան ազատութիւն։

Յովհաննէս Սարկաւագը զբաղած է հայկական տոմարի կարգաւորման հարցով։ 1080 թուականին, երբ լրացուցած է հայոց Մեծ թուականի առաջին պարբերաշրջանը, ան կազմած է յետագայ 532 տարիներու (մինչեւ 1616 թուական) աղիւսակը, որ կոչուած է Սարկաւագագիր տոմար։ Իսկ 1084 թուականին ստեղծած է Հայոց փոքր թուականը, որ կոչուած է «Սարկաւագագիր»։

Երաժշտութիւն

Խմբագրել

Յովհաննէս Սարկաւագը 11-12-րդ դարերու երեւելի երաժշտագէտներէն ու երգահաններէն է, որ նշանակելի աւանդ ձցած է Անիի եւ Հաղպատի գիտական աւանդութիւններու զարգացման մէջ եւ ուղի հարթած՝ դէպի Կիլիկիա անցումն իրագործող հայկական երաժշտական մշակոյթի յետագայ ծաղկման համար։ Յովհաննէս Սարկաւագի, որպէս երաժիշտի, գործունէութիւնը կապուած է երաժշտական գեղագիտութեան, գիտական ու գործնական տեսութեան, կատարողական արուեստի եւ ստեղծագործութեան հետ։ Անեղծանելի հետքեր ձգած է հայ միջնադարեան արուեստի փիլիսոփայութեան, այդ շարքին եւ ուղղակի՝ երաժշտական գեղագիտութեան զարգացման մէջ։ «Բան իմաստութեան» քերթուածին մէջ, մասնաւորապէս, երաժշտութիւնը կը համարէ սովորովի գեղարուեստ, որ ծագում կ'առնէ եւ կը զարգանայ որպէս բնութեան նմանելու եւ բնութենէն սորվելու մարդկային ձգտումի անմիջական արդիւնք։ Եւ ի դէմս բնութեան, ունենալով գեղեցկութեան ու բարձրագոյն ներդաշնակութեան յաւերժական, իր համապարփակութեամբ անհասանելի, տիպար մը, վերջինիս հասնելու ձգտման մէջ ձեռք կը բերէ կատարելագործման յավիտենապէս գործող հզօր ազդակներ։ Ինչպէս կը պարզուի, ուսման եւ կրթութեան ասպարէզին մէջ Գրիգոր Մագիստրոսի բարենորոգումները շարունակելով անոնք ի կատար ածած Յովհաննէս Սարկաւագը, քերականութեան տոմարի եւ թուաբանութեան կարգին դաս տուած է նաեւ ընդհանրապէս «քառեակ արուեստները», որոնցմէ մէկն էր երաժշտագիտութիւնը։ Նմանապէս՝ կը պարզուի, որ Յովհաննէս Սարկաւագը իրեն աշակերտած հոգեւորականներուն ուսուցանած է նաեւ երաժշտութեան նշագրութեան հիմունքները, ինչպէս եւ ծիսական մատեաններու երաժշտանշանագրական բովանդակութիւնը բացայայտելու՝ ընթերցելու–վերծանելու սկզբունքները։ Յայտնի է Յովհաննէս Սարկաւագի կատարած նշանակալի գործը սաղմոսերգութեան նորոգութեան ասպարէզին մէջ։ Որպէս ստեղծագործող, ան նշանակալի աւանդ մուծած է աղօթքի ժանրի զարգացման մէջ, լծուած է գանձարան ժողովածուի նիւթերու կուտակման եւ էապէս հարստացուցած շարականներու յօրինման փորձը։ Ղեւոնդեանց յիշատակին նուիրուած անոր «Անճառելի բանդ Աստուած» մանկունքը բարձրարուեստ կոթող մըն է, որ նշանակալի չափով զարգացնելով Կոմիտաս կաթողիկոսի «Անձինք նուիրեալք» շարականի գրական ու երաժշտական բաղադրիչներու կառուցվուծքային լաւագոյն յատկանիշները, անմիջականօրէն կը նախապատրաստէ Ներսէս Շնորհալիի՝ Աւարայրի ճակատամարտի հերոսներուն ոգեկոչող «Նորահրաշ պսակաւոր» ստեղծագործութիւնը[5]։

Յիշատակ

Խմբագրել

Յովհաննէս Իմաստասէրը 1129 թուականին Հաղպատ գիւղին մէջ։ Գերեզմանը կը գտնուի Հաղպատի վանական համալիրի զանգակատան հիւսիս-արեւմտեան կողմը[6]։ Անոր տապանաքարը ընդգրկուած է Հաղպատի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ, որպէս հանրապետական նշանակութեան յուշարձան[6]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. Henri Gabrielian. History of Armenian Philosophy (in Armenian). Vol 1, Yerevan, 1976, p. 155
  3. 3,0 3,1 Agop Jack Hacikyan, Gabriel Basmajian, Edward S. Franchuk, Nourhan Ouzounian. The Heritage of Armenian Literature: From the sixth to the eighteenth century. Wayne State University Press. 2002, pp. 350–362
  4. Kirakos Gandzaketsi. History of Armenia. Moscow. Nauka. 1976
  5. (հայերեն) Հովհաննես Իմաստասեր, 2024-10-10, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%80%D5%B8%D5%BE%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%B6%D5%A5%D5%BD_%D4%BB%D5%B4%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%BD%D5%A5%D6%80, վերցված է 2024-10-31 
  6. 6,0 6,1 Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշում 29 Յունուար 2004 թուականի N 49-Ն ստորագրուած 04.02.2004 թուականին, (էլեկտրոնային տարբերակ)։