Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն

Վերլուծական փիլիսոփայութիւն. փիլիսոփայական հետազօտութիւններու ժամանակակից ուղղութիւն մը, որ փիլիսոփայութեան խնդիրը կը համարէ լեզուի վերլուծութիւնը, այսինքն՝ լեզուական արտայայտութիւններու իմաստի ճշգրիտ ըլլալը եւ լեզուական ձեւերու մէջ արտայայտուած մտածողութեան տրամաբանական կառուցուածքի հստակացումը: Վերլուծական փիլիսոփայութիւնը կը գտնէ, որ աւանդական փիլիսոփայութեան հարցերը, ճանաչողութեան ընթացքին ծագող իմացաբանական դժուարութիւնները եւ տրամաբանական հակասութիւնները (մասնաւորապէս տարաբանութիւնները (paradox)) լեզուի ոչ ճշգրտութեան եւ տրամաբանական կառուցուածքի անյստակութեան հետեւանք են: Գոյութիւն ունի վերլուծական փիլիսոփայութեան երկու տարատեսակութիւն:

Երկու Տարատեսակութիւն

Խմբագրել

Տրամաբանական Վերլուծութիւն

Խմբագրել

Տրամաբանական վերլուծութեան փիլիսոփայութիւնը լեզուի վերլուծութեան համար էականօրէն կ'օգտագործէ ժամանակակից տրամաբանութեան միջոցները՝ տրամաբանական ճշգրտութեան տիպարին համապատասխանող իտէալական լեզուների կառուցումը, որոնց մէջ կ'ապահովէ մտքի լեզուական արտայայտութեան եւ անոր տրամաբանական կառուցուածքի համընկնումը այս ծրագրի համար իբրեւ նախատիպ կը ծառայէ թուաբանական կշռադատութիւններու ճշգրիտ ըլլալը տրամաբանական եղանակով ձեւականացուած լեզուներու կառուցման միջոցով: Այս ծրագիրը, որ մշակած էին Պ․ Ռասեչը եւ Լ․ Վիդկընշթայնը, որդեգրած են նէո-դրականութիւնը (Ռ․ Գառնըբ, Հ․ Ֆայկլըն) եւ նէո-ձեռներիցութիւն (Ու․ Քուայն, Ն․ Կուտմըն):

 

Լեզուաբանական Վերլուծութիւն

Խմբագրել

Լեզուաբանական վերլուծութեան փիլիսոփայութիւնը (լեզուաբանական փիլիսոփայութիւն, սովորական լեզուի վերլուծութեան փիլիսոփայութիւն) կը մերժէ ձեւական տրամաբանական արհեստական լեզուներու համապատասխանութիւնը վերլուծութեան խնդիրներուն եւ ուշադրութիւնը կը փոխադրէ բնական լեզուներու վրայ, որովհետեւ անոնց մէջ կ'իրականանայ ճանաչողութիւնը, անոնց մէջ կ'ամրագրուին անոր արդիւնքները: Ուստի իմացաբանական-տրամաբանական հարցերու առաջացումը վերլուծական փիլիսոփայութեան այս տարատեսակութիւնը կը կապէ լեզուական մակարդակներու առանձնայատկութիւններու եւ լեզուներու իմաստաբանական տարբերութիւններու հետ: Լեզուական արտայայտութիւններու իմաստի ճշգրիտ ըլլալը նկատի կ'առնուին անոնց գործածութիւնները կենդանի խօսքով:

Յաւելեալ

Խմբագրել

Վերլուծութեան ոլորտի մէջ կը ներգրաւուին ճանաչողութեան նաեւ այնպիսի բնագաւառներ (աշխարհայեացք, բարոյագիտութիւն, գեղագիտութիւն), որոնք չունին ճշգրիտ գիտութիւններու տիպարով համակարգուած տեսական կառուցուածք: Լեզուաբանական փիլիսոփայութիւնը տարածք գտած է գլխաւորապէս Անգլիայի մէջ, Լ․ Վիդկընշթայնի ուշ աշխատութիւններու ազդեցութեամբ (Ճ․ Ռայլ, Ճ․ Օսթըն, Պ․ Ադրոսըն): Ամբողջութեամբ վերցուած վերլուծական փիլիսոփայութենէն, մերժելով վերացական բնազանցական մտածելակերպը, փիլիսոփայութիւնը կը յանգեցնէ լեզուատրամաբանական եւ մեթոտաբանական հետազօտութիւններու: