Վարդան Այգեկցի (Մարաթա, Հայոց Միջագետք, մահ.՝ 1250), Մխիթար Գոշի կրտսեր ժամանակակիցը, միջնադարու հայ աստուածաբան, մատենագիր, առակագիր, քարոզիչ եւ հանրային գործիչ:

Վարդան Այգեկցի
Ծնած է անհայտ
Մահացած է 1250
Քաղաքացիութիւն Միջագետք Հայոց
Մայրենի լեզու հայերէն
Ուսումնավայր Արքակաղնի վանք
Մասնագիտութիւն առակագիր, քահանայ, աստուածաբան, մատենագիր, հանրային գործիչ, գրագէտ, ժամանակագիր, քարոզիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ապրած է ԺԲ. դարու վերջին եւ ԺԳ. դարու սկիզբին:

Ծնած է Հայոց Միջագետքի Տլուք գաւառի Մարաթա հայաբնակ գիւղին մէջ: Կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա՝ Կիլիկեան Հայաստանի Արքակաղին (Արքակաղանի) վանքը:

Ուսումը աւարտելէ ետք, վարդապետ ձեռնադրուած է եւ զբաղած՝ քարոզչութեամբ: Այնուհետեւ ապաստանած է Կիլիկեան Հայաստանի եւ Սեւ լեռներու Տոսխ կոչուած ձորին մէջ կառուցուած Այգեկ վանքը, ուրկէ ստացած է Այգեկցի մականունը:

1198-ին մասնակցած է Լեւոն Բ. Մեծագործի թագադրութեան հանդէսին:

Վախճանած է 1250-ին:

Գործերը

Խմբագրել

Այգեկ վանքին մէջ գրած է 22 ճառ, խրատական 5 թուղթ, կազմած է «Արմատ Հաւատոյ» ժողովածուն: Իր խրատներով ու քարոզներով Վարդան Այգեկցի կը պայքարէր դրամասիրութեան, գողութեան, ամբարտաւանութեան, ոխակալութեան, որկրամոլութեան, հարբեցողութեան եւ մարդկային այլ արատներու դէմ. կը քարոզէր սէր եւ համերաշխութիւն:

Առակները

Խմբագրել

Խօսքը աւելի հասկնալի դարձնելու համար, ան իր քարոզները կը համեմէր իր իսկ յօրինած զանազան առակներով ու զրոյցներով:

Գրած է աւելի քան 30 առակ:

Առակները կարճ են, կը պարունակեն այդ ժամանակաշրջանի ընկերական կեանքի նկարագիրը:

Այգեկցի հիմը դրած է առակաւոր ճառի տեսակին:

Ան վերամշակած, գրի առած եւ օգտագործած է Եզովբոսի եւ այլ գրաւոր առակներ, ինչպէս նաեւ՝ հայ ժողովրդական առակներ, զրոյցներ, վէպեր, անեկդոտներ եւ խրատական փոքրիկ պատմութիւններ:

Այգեկցի իր մշակած եւ հեղինակած առակներն ու զրոյցները հաւաքած է առանձին ժողովածուներու մէջ։ Ի տարբերութիւն Մխիթար Գոշի առակներուն, անոնք ներկայացուած են առանց որեւէ դասակարգման եւ չունին բարոյախրատական եզրակացութիւններ:

Այգեկցիի առակներէն շատերը հիմք դարձած են հետագայ հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն:

Այգեկցիի յետնորդները մինչեւ ԺԷ. դար, իր առակներու մատեանը հարստացուցած են՝ աւելցնելով նորանոր առակներ, նորավէպեր եւ անեկդոտներ: Այդպիսով կը յայտնուի «Վարդանեան Առականին», որ կը պարունակէր շուրջ 500 առակ:

Ձեռագիր մատեաններէն մաս մը պահպանուած եւ հասած է մինչեւ մեր օրերը՝ «Աղուէսագիրք» ընդհանուր անուան տակ, որովհետեւ առակներու գործող գխաւոր անձը աղուէսն է: Անիկա հրատարակուած է 1668-ին, Ամսթերտամի մէջ:

«Աղուէսագիրք»ը թարգմանուած է վրացերէնի, արաբերէնի եւ ռուսերէնի:

  • Հատընտիր առակք, Փարիզ, 1825, 98 էջ:
  • Ժողովածոյք առակաց, Սեն Փեթերսպուրկ, 1894:
  • Աղուէսագիրք, Երեւան, 1935, 116 էջ:
  • Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գոշ, Առակներ, Երեւան, 1951, 144 էջ:
  • Աղուէսագիրք, Երեւան, 1955, 84 էջ:
  • Խրատք, Վենետիկ, 1956, 88 էջ:
  • Առակներ, Երեւան, 1972, 52 էջ:
  • Աղուէսագիրք, Երեւան, 1972:
  • Աղուէսագիրք, Երեւան, 1981, 112 էջ:
  • Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գոշ, Առակներ, Երեւան, 1986, 80 էջ:
  • Աղուէսագիրք, Անթիլիաս, 1993, 96 էջ:
  • Գիրք հաստատութեան եւ արմատ հաւատոյ, Երեւան, 1998, 448 էջ:
  • Խրատներ, Երեւան, 1999, 220 էջ:
  • Աղուէսագիրք, Երեւան, 2002, 36 էջ:
  • Խրատներ, Անթիլիաս, 2002, 136 էջ:
  • Խրատ բոլոր քահանաներուն եւ ժողովուրդին, Թեհրան, 2005, 264 էջ: ( Ընթերցէք Վարդան Այգեկցիի «Խրատ քահանաներուն եւ ժողովուրդին» գիրքը՝ pdf տարբերակով )
  • Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գոշ, Միջնադարեան Հայաստանի առակները, Երեւան, 2007, 92 էջ:
  • Աղուէսագիրք, Հալէպ, 2008, 80 էջ:
  • Խրատ քահանաներուն եւ ժողովուրդին, Էջմիածին, 2008, 288 էջ:
  • Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գոշ, Միջնադարեան Հայաստանի առակները, Երեւան, 2010, 120 էջ:
  • Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գոշ, Առակներ, Երեւան, 2012, 92 էջ:
  • Առակներ, Երեւան, 2013, 92 էջ:
  • Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գոշ, Միջնադարեան Հայաստանի առակները, Երեւան, 2014, 96 էջ:
  • Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գոշ, Հայկական առակներ, Երեւան, 2015, 112 էջ:

Երկերու արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Յակոբ Անասեան, Վարդան Այգեկցին որպէս համերաշխութեան գաղափարախօս, «Էջմիածին» ամսագիր, 1969, թիւ Է-Ը, էջ 52-58։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել