Անտիոքի գաւառ, գաւառ Ասորիքի մէջ, անոր հիւսիս-արեւմտեան կողմը։

Բնակավայր
Տլուք
Երկիր  Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն

Ըստ ոմանց, այդպէս կոչուած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան Տլուք գաւառը՝ խաչակիրներու արշաւանքներու շրջանին (ԺԱ. դարէն սկսեալ)։ Կոչուած է նաեւ Ճոսլինի երկիր, իսկ աւելի ուշ՝ Մարաշի իշխան Պոլտինի (Պաղտըն) անունով Պաղտինի երկիր: Ներկայիս այդ երկրամասը, այսինքն՝ Տլքոյ գաւառը, թուրքերու կողմէ կը կոչուի «Պաղտըն Նահիյէսի», որուն մէջն է Ծովքը եւ Ծով Դղեակը:

Անտիոքի գաւառի մէկ մասը Ի. դարու սկիզբներուն կը մտնէ Հալէպի նահանգի Անթաքիա գաւառակին մէջ։

Տլուք, անցեալին Կոմագէնի մաս կը կազմէր, ուր կը գտնուէր Ճիւփիթըր Տօլիքինիւսի մեհեանը: Տլուք գաւառը կը տարածուէր դէպի հիւսիս՝ Տաւրոսեան լեռները, հարաւ՝ մինչեւ Քիլիս ու Սոֆ, արեւելք՝ Թլպաշար- Հռոմկլա, իսկ դէպի արեւմուտք կ'երկարէր մինչեւ արդի Զէնճիրլի ըսուած տեղը, Կեաւուր Կէօլի քով:

Ապիրատի, Փիլարտոսի եւ Գող Վասիլի իշխանութեան օրերուն Տլուքը կը կոչուէր երկիրն Ալեքսիա:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Թ.Խ. Յակոբեան, Ստ.Տ. Մելիք-Բախշեան, Հ.Խ. Բարսեղեան։ Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն, Երեւան, 1986, Հատոր 1, Ցուցակ 1, Էջ 284.
  • «Հայկական Կիլիկիա», Տոքթ. Յ. Տէր Ղազարեան, Անթիլիաս, 2006: