Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւն (Միջին հայերէն` Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւն, յայտնի է նաեւ որպէս Կիլիկեան Հայաստան կամ Փոքր Հայք կամ ԱմփոփումՀայաստան), միջնադարեան հայկական անկախ պետութիւն` ստեղծուած սելճուք-թուրքերու արշաւանքներուն հետեւանքով Կիլիկիա գաղթած հայերու կողմէ[1]: Գտնուելով Մեծ Հայքէն դուրս, անիկա կը զբաղեցնէր պատմական Կիլիկիա շրջանը։

Գերբ

Կիլիկիա անուան ստոյգ ծագումնաբանութիւն չկայ, սակայն որոշ գիտնականներու կարծիքով Կիլիկիա անունը ծագած է եբրայերէն «քելքիմ», «քալեք» կամ յունական «քքալիս», «քալիքա» բառերէն, որոնք թարգմանաբար կը նշանակեն «քարքարոտ[2]:

Իշխանութեան հիմքը դրուած է 1080 թուականին Բագրատունիներու շառաւիղ` Ռուբինեաններու կողմէ։ Մայրաքաղաքը սկզբնապէս Տարսոնն էր, յետագային Ատանան եւ վերջ ի վերջոյ՝ Սիսը: Կիլիկեան Հայաստանը մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Խաչակրաց արշաւանքներու մասնակիցներուն եւ որոշ ժամանակ միակ քրիստոնեայ պետութիւնն էր ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ։ Ի զուր չէ, որ զայն երբեմն կ'անուանէին «քրիստոնեայ կղզի՝ իսլամի ծովուն մէջ»: Քանի որ Մեծ Հայքը կը գտնուէր օտարներու իշխանութեան տակ, ապա կաթողիկոսի նստավայրը տեղափոխուեցաւ Կիլիկիա եւ հաստատուեցաւ Հռոմկլա քաղաքին մէջ։ 1198 թուականին Լեւոն Բ. Մեծագործի թագադրումով Կիլիկեան Հայաստանը վերածուեցաւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան[3]:

1226 թուականին գահը անցաւ Ռուբինեաններու մրցակիցներուն՝ Հեթումեաններուն: Քանի որ մոնկոլները նուաճած էին ահռելի տարածքներ եւ հասած էին Կիլիկիոյ սահմաններուն, Հեթում Ա. արքան որոշեց չպատերազմիլ անոնց հետ, այլ համագործակցիլ ընդդէմ ընդհանուր իսլամ թշնամիներուն, յատկապէս՝ մեմլուքներուն դէմ։ 13-14-րդ դարերուն մոնկոլները ընդունեցին իսլամութիւնը, խաչակրաց պետութիւնները անհետացան՝ ձգելով Կիլիկեան Հայաստանը մինակ՝ ընդդէմ մեմլուքներուն։ Քանի մը արշաւանքներէ յետոյ, մեմլուքները 1375 թուականին գրաւեցին մայրաքաղաք Սիսը։ Սակայն լեռներուն մէջ տակաւին կը մնային կիսանկախ հայ իշխաններ, որոնց տիրոյթները վերջնականապէս գրաւուեցան օսմանեան թուրքերու կողմէ, 1515 թուականին։

Կիլիկեան Հայաստանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն միջեւ հաստատուեցան ռազմական եւ տնտեսական կապեր, որուն շնորհիւ Կիլիկիա ներմուծուեցան ասպետութիւնը, հագուստներու նոր ոճեր, ֆրանսերէն բառեր եւ տիտղոսներ։ Իսկ հասարակարգը վերածուեցաւ աւատատիրականի։ Խաչակիրները իրենք շատ բաներ վերցուցին հայերէն, ինչպէս օրինակ աշտարակներու կառուցումը եւ եկեղեցաշինութեան որոշ տարրեր։ Կիլիկեան Հայաստանը ունէր հզօր տնտեսութիւն, որուն վառ ապացոյցն է այն ժամանակուայ մեծագոյն նաւահանգիստներէն մէկը՝ Այասը, ուրկէ անցած է նաեւ յայտնի ճանապարհորդ Մարքօ Փոլօն։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լեւոն Բ. եւ Կիլիկեան թագաւորութեան հռչակումը

Խմբագրել

Լեւոն Բ. (1187-1219) կառավարման առաջին տարիներուն հարկադրուած էր պայքարիլ շրջակայ իսլամ ցեղերու դէմ։ 1187-ի գարնան, ան ջախջախեց երկրի հիւսիս-արեւելեան սահմանները ներխուժած Իքոնիայի սելճուք հրոսակները։ 1188-ի աշնան, ջախջախեց երկրի հարաւ-արեւելեան սահմաններէն ներխուժած Եգիպտոսի սուլթանութեան զօրքերը։ 1189-1190-ականներու ժամանակ Բիւզանդական կայսրութենէն եւ Իքոնիայի սուլթանութենէն խլեց կարեւոր նշանակութիւն ունեցող շարք մը տարածքներ՝ Պրաղանա, Սելեւկիա, Աթալիա, Քրակեան Անտիոք եւ շարք մը այլ բերդաքաղաքներ, Իսաուրիան եւ այլ երկրամասեր։ Բայց անմիջապէս սկսաւ Խաչակիրներու երրորդ արշաւանքն ընդդէմ Իքոնիայի սուլթանութեան եւ ան ստիպուած եղաւ հաշտուիլ իր կորուստներուն։ 1190-ի Մայիսի վերջաւորութեան, խաչակրաց զօրքերը Ֆրիտրիխ I Շիկամորուսի գլխաւորութեամբ, Իքոնիայի սուլթանութեան վրայով մտան Կիլիկիա եւ բանակեցան Սելեւկիա քաղաքին մօտ։ Լեւոն Բ. համաձայնեցաւ օգնել խաչակիրներուն՝ պահանջելով ճանչնալ Կիլիկեան Հայաստան թագաւորութիւնը, իսկ զինք՝ թագաւոր։ Ֆրիտրիխ I-ը համաձայնեցաւ եւ խաչակրաց սոված զօրքերը սնունդ ստացան հայկական հողերուն վրայ։ Սակայն մինչեւ Կիլիկեան Հայաստանը որպէս թագաւորութիւն ճանաչում, Կիլիկիոյ գետերէն մէկուն մէջ կը խեղդուի Ֆրիտրիխ I-ը (10 Յունիս 1190-ի)։ 1193-ի գարնան, Եգիպտոսի սուլթան Սալահ Ատտինը հսկայական ուժերով ներխուժեց՝ Կիլիկիան նուաճելու, սակայն Սեւ գետի մօտ՝ Մարտ 4-ին, սուլթանը մահացաւ եւ արշաւանքը տեղի չունեցաւ։ Նոյն թուականին Լեւոն Բ. գերեվարեց Եգիպտոսի սուլթանութեան հետ համագործակցող, Անտիոքի դուքս Պոհեմունտ III-ին, եւ անոր պարտադրեց ճանչնալ իր գերակայութիւնը եւ ստիպեց հրաժարիլ Կիլիկիոյ հարաւ-արեւելեան հողերուն նկատմամբ ունեցած յաւակնութիւններէն։ Իսկ պայմանագիրը ամրապնդուեցաւ Պոհեմունտ III-ի գահաժառանգ որդի Ռայմընտի ու ՌուբԷն Գ․-ի այրիացած դուստր Ալիսի ամուսնութեամբ։ Վերջիններուս որդին պիտի ժառանգէր Անտիոքի գահը։ 1196-ին կազմակերպուած Խաչակրաց նոր արշաւանքին ժամանակ, Գերմանիոյ կայսր Հենրիխ VI-ը իր ենթականերուն յանձնարարեց Լեւոն Բ․-ի գահակալման հարցը։ Լեւոն Բ․-ի թագը ճանչցաւ նաեւ Բիւզանդիայի կայսր Ալեքսիոս III Անկելոսը։ Այսպէս, 1198 թ. Յունուարի 6-ին, Տարսոն քաղաքին մէջ Լեւոն Բ. օծուեցաւ Ամենայն Հայոց Թագաւոր։ Ժամանակակիցները Լեւոն Բ․-ի թագադրումը գնահատեցին որպէս համազգային քաղաքական մեծագոյն իրադարձութիւն եւ հնամեայ հայոց թագաւորութեան վերականգնում։ Նոյն այս պատճառով, Կիլիկեան թագաւորներն իրենք զիրենք անուանեցին Հայաստանի արքաներ։

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը 1187-1226

Խմբագրել
 
Մերձաւոր Արեւելքը 1200-ին     Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան հիմնադրումն ու ամրապնդումը իրենց չափազանց կարեւոր դերն ունէին արեւելքի միջազգային խառն իրադրութեան մէջ։ Տարածքին իրենց նուաճողական նկրտումները սկսան տարածել նորանոր իսլամական պետութիւններ, որոնք թշնամական վերաբերմունք ունէին Կիլիկիոյ նկատմամբ։ Այս բոլորը հաշուի առնելով՝ Լեւոն Բ․ սկսաւ փորձեր կատարել՝ ստեղծելու տեղի քրիստոնեայ պետութիւններուն հետ ամուր դաշինք։ Ամէն ջանք ի գործ կը դնէր իր պետութեան մէջ միաւորելու՝ իրմէ վասալական կախուածութեան մէջ գտնուող, Անտիոքի դքսութիւնը։ 1209 թուականին Լեւոն Բ․ հրապարակային ձեւով որդեգրեց Անտիոքի գահակալին՝ Ալիսի որդի Ռուբեն-Ռայմոնտին եւ զինք հռչակեց հայոց գահաժառանգ։ Հայոց արքայի ջանքերով 1210 թուականին Ռուբեն-Ռայմոնտի յաւակնութիւնները հայոց եւ Անտիոքի համատեղ գահի նկատմամբ ճանչցան Գերմանիոյ կայսր Օթթօ IV-ը եւ Հռոմի Ինոքենթիոս Գ․ պապը։ 1211 թուականին Օթթօ IV-ի ուղարկած թագով Ռուբեն-Ռայմոնտը հանդիսաւորութեամբ օծուեցաւ Լեւոն Բ․-ի գահաժառանգ։

Այս դիւանագիտական հզօր քայլն ունէր քրիստոնեայ հզօր պետութիւն ստեղծելու նպատակ։ Բանն այն է, որ, թէեւ Կիլիկիոյ ու Անտիոքի առանձին հզօր ուժին, այնուամենայնիւ, լուրջ սպառնալիք կը դառնար քրիստոնեաներուն համար Սելճուքեան սուլթանութեան հզօրացումը։ Այս քայլով Լեւոն Բ․ նաեւ նպատակ ունէր շահելու արեւմուտքի համագործակցութիւնը եւ համատեղ ուժերով պայքարելու իսլամական պետութիւններուն դէմ։ Սակայն քանի մը տարի անց Լեւոն Բ․ խիստ հիասթափուեցաւ Ռուբէն-Ռայմոնտէն եւ զրկեց հայոց գահի ժառանգութենէն։ Զրկուելով հայոց արքայի հովանաւորութենէն՝ Ռուբեն-Ռայմոնտը 1219 թուականին զրկուեցաւ նաեւ Անտիոքի գահի յաւակնութիւններէն։ Նոյն թուականին ալ մահացաւ Լեւոն Բ․-ը։ Ան արու զաւակ չունէր, եւ փաստօրէն, գահի ժառանգորդ կը հանդիսանար իր մանկահասակ դուստր Զապէլը։ Լեւոն Զապէլի համար խնամակալներ կամ երաշխաւորներ (պայլեր) (այսինքն երաշխիք կամ երաշխաւորութիւններ - անգլ.՝ bails) նշանակեց։ Անոնցմէ էին Կոնստանդին Կունտսթապլը, Յովհաննէս Զ․ սսեցի կաթողիկոսը, ազդեցիկ իշխան Ատանը։ Լեւոն Բ․-ի մահէն ետք Ռուբեն-Ռայմոնտը, քանի մը հայ իշխաններու օժանդակութեամբ, փորձեց գրաւել հայոց գահը, սակայն ձերբակալուեցաւ ու բանտ նետուեցաւ։ Այնույետեւ 1221 թուականին, երաշխաւորներուն որոշումով Զապէլը ամուսնացաւ Անտիոքի տիրակալ Պոհեմունտ IV-ի որդիի՝ Ֆիլիփի հետ։ Վերջինս ալ խոստացաւ յարգել հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, երկիրը ղեկավարել հայկական սկզբունքներով։ Քանի դեռ 18-ամեայ Ֆիլիփը անչափահաս էր, պետութիւնը կը ղեկավարուէր Կոնստանդին Կունտսթապլին կողմէ, բայց երբ լրացաւ Ֆիլիփին 20-ամեակը, ան դարձաւ երկրի լիիրաւ կառավարիչը։ Նոյն այդ ժամանակին ալ զգացին կամ անդրադարձան, որ ան դրժած է իր երդումը։ Հայկական պետականութեան հարստութիւնները ի զուր կը վատնուէր կամ կը ծախսուէր, երբեմն՝ նաեւ կը տեղափոխուէր Անտիոք։ Այս ամէնը հաշուի առնելով, հայ իշխանները ձերբակալեցին Ֆիլիփը, նետեցին բանտ, իսկ այնուհետեւ կախաղան բարձրացուցին 1225 թուականին։

1223-ին Կոնստանդին, հայ իշխաններու որոշումով, երկրորդ անգամ ընտրուեցաւ երաշխաւոր եւ ստանձնեց երկրի կառավարումը։ 1226 թուականին, իշխանական խորհուրդ հրաւիրուեցաւ, որ որոշեց 11-ամեայ Զապէլը ամուսնացնել Կոնստանդին Կունտսթապլի 13-ամեայ որդի Հեթումին հետ եւ վերջինս դարձաւ հայոց թագաւոր։ Հեթում Ա․ (1226-1269 թթ.) դարձաւ, փաստօրէն, նոր թագաւորութեան կամ գերդաստանի (անգլ.՝ dynasty) հիմնադիր։ Իր կառավարութիւնը համեմատաբար խաղաղ ժամանակներուն հետ զուգադիպեցաւ։ Այդ ժամանակաշրջան մըն էր, երբ մոնկոլ-թաթարները կը կատարէին իրենց նուաճումները արդէն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, երբ մէկը միւսին ետեւէն խաչակրաց բոլոր պետութիւնները կը կորսնցնէին իրենց անկախութիւնը, իսկ եգիպտական մամլուքները աւելի ու աւելի կ'ուժեղանային՝ սկսելով վտանգաւոր դառնալ Կիլիկիոյ համար։ Հայերը դէմ-յանդիման կանգնած էին Եգիպտոսի մամլուքներուն դէմ։ Վերջիններս ալ ժամանակ առ ժամանակ կը սպառնային Կիլիկեան Հայաստանի անկախութեան։ Հեթում Ա․ կարողացաւ ճիշդ ընտրութիւն կատարել։

Հայ-մոնկոլական Դաշինք

Խմբագրել

Աւելի շուտ Զապէլի եւ Հեթում Ա.-ի իշխանութեան օրօք մոնկոլները ստեղծեցին պետութիւն մը, որ կ'երկարէր Միջին Ասիայէն Մերձաւոր Արեւելք՝ նուաճելով Միջագետքն ու Սուրիան։ 1243 թուականի Յունիս 26-ին մոնկոլները ջախջախեցին սելճուք-թուրքերուն՝ Քէօսէ Տաղի ճակատամարտի ընթացքին[4]։ Մոնկոլներու արշաւանքները աղիտաբեր էին Մեծ Հայքի հայ բնակչութեան համար, սակայն ոչ Կիլիկիոյ համար, քանի որ Հեթում Ա. թագաւորը որոշեց համագործակցիլ իրենց հետ։ Ան ղրկեց իր եղբայրը՝ Սմբատ Կունտսթապլը Քարաքորում (1247), որպէսզի կնքուի խաղաղութեան պայմանագիր։ Ան ետ դարձաւ 1250 թուականին խաղաղութեան պայմանագիրով, որովհետեւ մոնկոլները պիտի չյարձակէին Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան վրայ եւ կը խոստանային ռազմական օգնութիւն՝ վերագրաւելու սելճուքներուն կողմէ գրաւուած բերդերն ու ամրոցները։ Սակայն վերջնական համաձայնութեան համար Հեթումն անձամբ պէտք է մեկնէր Քարաքորում, բայց Զապէլի մահն ու երկրի ներքին վիճակը ստիպեցին քանի մը տարիով յետաձգել ուղեւորութիւնը։ 1253 թուականին Հեթում վերջապէս ժամանեց Քարաքորում եւ սկսաւ բանակցութիւնները նորահռչակ Մոնգկէ խանի հետ։ Հեթումը դիմաւորեցին արքայավայել ձեւով։ Ըստ իրենց միջեւ կնքուած պայմանագիրին, դէպի Սուրբ Երկիր եւ Սուրիա կատարուող մոնկոլներու արշաւանքերուն ժամանակ, Կիլիկիան պէտք է զօրքով աջակցէր անոնց, իսկ մոնկոլներն ալ իրենց կարգին Կիլիկիոյ վրայ յարձակման ժամանակ պէտք է օգնէին Կիլիկիոյ հայերուն։ Ձեռք բերին նաեւ պայմանաւորուածութիւն, ըստ որուն, հայ առեւտրականները, մոնկոլական կայսրութեան տարածքին կը ստանային արտօնութիւններ եւ մոնկոլները հարկեր պիտի չգանձէին՝ Մեծ Հայքի հայկական եկեղեցիներէն եւ վանքերէն։ Մինչ վերադարձը Կիլիկիա 1256 թուականին, Հեթում որոշ ժամանակ մնաց Մեծ Հայք՝ հանդիպելով տեղի հայ ազնուականութեանն ու հոգեւորականութեան։

Հեթումն ու իր զօրքերը կ'օժանդակէին մոնկոլներուն Հալէպ եւ Դամասկոս քաղաքներու գրաւման ժամանակ՝ 1259-1260 թուականներուն[5]։

Նոյն ժամանակ Եգիպտոսի մամլուքները, անոնք որոնք ստրուկներ էին եւ գիտէին միայն պատերազմիլ, ապստամբեցան իրենց տէրերուն դէմ Եգիպտոսի մէջ եւ սկսան նուաճումները[6]։ Անոնք գրաւեցին Եգիպտոսն ու Պաղեստինը 1250 եւ 1253 թուականներուն[4]։ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնն ալ իր հերթին վերահսկողութեան տակ վերցուց Կապադովկիոյ եւ Փոքր Ասիոյ կարեւոր առեւտրային ուղիները եւ յատկապէս Մարաշ եւ Պեհեզեւի քաղաքները, ուր աւելի մեծ էր մամլուքներէն եկած սպառնալիքը։ Բացի անկէ, Կիլիկիոյ Այաս նաւահանգիստը կը մրցակցէր Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին հետ եւ մամլուքները մտադրուած էին ոչնչացնել Այասը[4][7]։ 1266 թուականին մամլուքները Հեթում Ա. թագաւորին առաջարկեցին միանալ իրենց ընդդէմ մոնկոլներու եւ իրենց յանձնել այն բերդերն ու ամրոցները, որ Կիլիկիան նուաճած էր մոնկոլներու օգնութեամբ։ Հեթում հասկցաւ, որ ատիկա ծուղակ է եւ մամլուքները չեն ցանկար դաշնակցիլ հայերուն հետ։ Այդ իսկ պատճառով ան մեկնեցաւ Իլ-Խանատի արքունիք՝ Պարսկաստան, ռազմական օգնութեան խնդրանքով։ Սակայն իրեն բացակայութեան ընթացքին մամլուքները ներխուժեցին Կիլիկիա. զօրքը կը գլխաւորէին Հեթումի որդիները՝ Թորոսն ու ապագայ արքայ Լեւոն Գ.-ը։ Մառի ճակատամարտին հայերը պարտուեցան, Թորոս սպաննուեցաւ, իսկ Լեւոն՝ տասնեակ հազարաւոր հայ ասպետներուն հետ միասին, գերի ինկաւ։ Հեթում զիջելով քանի մը սահմանամերձ բերդեր եւ վճարելով մեծ քանակութեամբ փրկագին, կրցաւ ազատել Լեւոնը գերութենէն։ Իսկ 1268 թուականին Կիլիկիոյ երկրաշարժը աւելի վատթարացուց Կիլիկիոյ դրութիւնը։

1269 թուականին Հեթում հրաժարեցաւ գահէն՝ յօգուտ իր որդու՝ Լեւոն Գ.-ին, որ տարեկան մեծ քանակութեամբ հարկ կը վճարէր մամլուքներուն։ Սակայն նոյնիսկ ստանալով հարկերը, մամլուքները չէին դադրեցներ յարձակումները։ 1275 թուականին, առանց պատերազմ յայտարարելու, սուլթանի գլխաւորութեամբ մամլուքներու բանակը ներխուժեց Կիլիկիա։ Անսպասելիօրէն յարձակուած մամլուքներէն հայերը չկրցան լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տալ։ Տարսոն քաղաքը գրաւուեցաւ, արքայական պալատն ու Սուրբ Սոֆիա տաճարն այրուեցան, գանձարանը թալանուեցաւ, 15.000 բնակիչ սպաննուեցաւ, եւս 10.000 տարուեցան որպէս ստրուկ՝ Եգիպտոս։ Այասի ողջ հայկական եւ ֆրանքական բնակչութիւնը սուրի տակ քաշուեցան։ Լեւոն Գ. որոշեց հաշտութեան եզրեր գտնել մամլուքներուն հետ եւ 1285 թուականին ծանր պայմաններով կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր։ Սակայն յաջորդ տարի Սարուանդիքարի երկրորդ ճակատամարտին հայերը լիակատար յաղթանակ տարին մամլուքներու դէմ, որ հնարաւորութիւն տուաւ ազատ շունչ քաշել յաջորդող 4 տարիներու ընթացքին[6]։

Կիլիկեան Հայաստանն ու Մամլուքները (1281-1295)

Խմբագրել

Լեւոն Գ.-ին յաջորդեց որդին՝ Հեթում Բ.-ը, որ կանգնած էր լուրջ խնդիրներու դիմաց։ 1281 թուականին Հոմսի Երկրորդ ճակատամարտին հայ-մոնկոլական զօրքի՝ մամլուքներէն կրած պարտութենէն ետք, հայերը ստիպուած ծանր պայմաններով հաշտութիւն կնքեցին մամլուքներուն հետ։ 1285 թուականին կրած պարտութենէն ետք հայերը եւս ծանր պայմաններով տասնամեայ հաշտութեան պայմանագիր կնքեցին մամլուքներուն հետ, որուն որպէս արդիւնք բազմաթիւ ամրոցներ եւ բերդեր անցան մամլուքներուն եւ հայերուն կ'արգիլուէր վերանորոգել կործանուածները։ Կիլիկեան Հայաստանը ստիպուած խախտեց Հռոմի Պապի արգելքը՝ առեւտուր ընել Եգիպտոսի հետ։ Այդ բոլորէն բացի, մամլուքները տարեկան մէկ միլիոն տիրհամ պէտք է ստանային Կիլիկեան Հայաստանէն[8]։ Սակայն անկէ ետք ալ մամլուքները անսպասելի յարձակումներ կը գործէին։ 1292 թուականին Եգիպտոսի սուլթանը, որ արդէն գրաւած էր խաչակիրներու վերջին յենակէտը՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Աքրա քաղաքը, յարձակեցաւ եւ Յունիս 28-ին գրաւեց կաթողիկոսի նստավայրը՝ Հռոմկլան, գերի վերցուց Ստեփանոս Դ. Հռոմկլայեցի կաթողիկոսը եւ քաղաքի բնակչութիւնը եւ շարժեցաւ դէպի Սիս։ Հեթում ստիպուած հաշտութեան պայմանագիր առաջարկեց մամլուքներուն, ըստ որուն Պեհեսնի, Մարաշ եւ Թէլ Համտուն բերդերը կը տրուէին մամլուքներուն։

Արշաւանքները Մոնկոլներու Հետ (1299-1303)

Խմբագրել
 
Ղազան (Ghâzân) խանը կը խնդրէ Հեթում Բ․ արքայէն օգնել իրեն 1303 թուականին, Դամասկոսեան արշաւանքին[9]։

1299 թուականի ամրան Հեթում Ա․-ի թոռը՝ Հեթում Բ․ արքան (King Hetoum II), մամլուքներու նոր արշաւանքը կանխելու նպատակով օգնութիւն խնդրեց Պարսկաստանի մոնկոլ խանէն։ Վերջինս ալ մեծ զօրքով արշաւեց Սուրիա եւ հրաւիրեց Կիպրոսի խաչակիրները (Կիպրոսի արքայ, Տաճարականները, Հիւանդախնամներն ու Տեւտոնները «Templars, the Hospitallers,Teutonic Knights» ) կռուելու ընդդէմ մամլուքներու։ Մոնկոլները գրաւեցին Հալէպ քաղաքը, ուր անոնց միացաւ Հեթում Բ․ արքան, որուն զօրքին մէջ բացի հայերէն կը կռուէին նաեւ Կիլիկիայէն ժամանած Տաճարականներն ու Հիւանդախնամները[10]։ Դաշնակիցներու զօրքը 1299 թուականի Դեկտեմբեր 23-ին «Ուատի Ալ-Ղազանտարի ճակատամարտ»ին (Battle of Wadi al-Khazandar) ջախջախեցին մամլուքներուն[10]։

1303 թուականի Մարտին հայ-մոնկոլական զօրքը (ընդհանուր 80.000) ջախջախեց մամլուքները «Հոմսի ճակատամարտ»ին եւ 1303 թուականի «Դամասկոսի ճակատամարտ»ին[11]: Ատիկա մոնկոլներու վերջին ներխուժումն էր Սուրիա[12]։ 1304 թուականին Ղազան խանի (Ghazan Khan) մահէն ետք, ֆրանքներու եւ հայերու Սուրբ Երկիրը վերագրաւելու յոյսերը յօդս ցնդեցան։

 
Կիլիկեան Հայաստանը որպէս քրիստոնէական կղզի՝ շրջապատուած իսլամական պետութիւններով 1300։

Կիլիկիան 14-րդ Դարու Առաջին կիսուն

Խմբագրել

Հեթում հրաժարեցաւ գահէն յօգուտ իր տասնվեց տարեկան զարմիկին՝ Լեւոն Դ․-ին եւ մտնելով Դրազարկի վանք դարձաւ Ֆրանցիսքեան վանական, հակառակ, որ ան շուտ վերադարձաւ, որպէսզի օգնէ Լեւոնին մարտնչելու ընդդէմ մամլուքներուն, որոնք ջախջախուեցան Բաղրասի մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին[13]։ 1307 թուականին ներկայ եւ նախկին Կիլիկեան արքաները, հանդիպեցան մոնկոլ ներակայացուցիչի՝ Փիլարղուի հետ, Անարզապա քաղաքին մօտ։ Սակայն վերջերս իսլամութիւնը ընդունած Փիլարտուն սպաննեց հայ ներկայացուցիչները[14]։ Օշին Ա.-ը՝ Լեւոն Դ.-ի հօրեղբայրը ջախջախեց Փիլարղուին եւ դուրս քշեց զինք Կիլիկիայէն։ Հայերու խնդրանքով խանը մահապատիժի ենթարկեց Փիլարղուին[15]։ Վերադառանալով Տարսոն, Օշինը դարձաւ թագաւոր[13]։ 1307 թուականի Սիսի ժողովին որոշում կայացուցին միանալ կաթողիկէ եկեղեցիին, սակայն Արեւմուտքը չէր շտապեր օգնել Կիլիկիոյ։ Իսկ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ միաւորման որոշման դէմ սկսած շարժումը կը ղեկավարուէր Մեծ Հայքէն: Վերջիններս կոչուեցան հակամիաւորականներ, իսկ միաւորման կողմնակիցները ունիթորականներ։

1319 թուականին հայկական զօրքը Կոռիկոսի մօտ ջախջախեց Կիլիկիա ներխուժած մամլուքները, սակայն անոնց յարձակումները չէին դադրիր։ Օշինի որդի՝ Լեւոն Ե.-ի օրօք մամլուքներն ու թուրք-թաթարները ասպատակեցին երկիրը։ Լեւոն թագաւորը ստիպուած եղաւ պատուիրակութիւն ուղարկել Եգիպտոս՝ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, ըստ որուն մամլուքներուն կ'անցնէին Ճահան գետէն դէպի արեւելք ինկած տարածքները։ Միեւնոյն ժամանակ Կիլիկիան պէտք է դադրեցնէր յարաբերութիւնները եւրոպական երկիրներուն հետ։ Սակայն Լեւոնը 1341 թուականին ունիթորականներուն զոհ դարձաւ[16][17]։

Կիլիկեան Հայաստանի Անկումն Ու Կործանումը

Խմբագրել
 
Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւնը 1355-ին

Հայերուն եւ Լուսինեաններուն միջեւ եղած են սերտ կապեր, երբ Լուսինեանները 12-րդ դարուն հաստատուեցան Կիպրոսի մէջ: Եւ թերեւս եթէ Լուսինեանները չըլլային, Կիլիկեան Հայաստանը կը կարողանար գրաւել Կիպրոսը[18]։ 1342 թուականին Լեւոնի զարմիկ Կայ տը Լուսինեանը ժառանգեց գահը եւ հաստատուեցաւ գահին Կոստանդին Գ. անունով: Ան լատինամոլ էր եւ թագաւոր դառնալով կը ցանկար կաթողիկէութիւնը պարտադրել հայ բնակչութեան: Հայ ազնուականութիւնը կ'ընդունէր, սակայն հասարակ ժողովուրդը դէմ էր այդ քայլին[19]:

1343-1344 թուականներուն, երբ գիւղացիութիւնը կը պայքարէր Լուսինեաններուն դէմ, մեմլուքները ներխուժեցին Կիլիկիա[20]: Սակայն այդ օրհասական պահուն ո՛չ մէկ եւրոպական երկիր Կիլիկիոյ օգնեց: 1344 թուականին Կոստանդին Բ.-ը սպաննուեցաւ[21]: Անոր յաջորդեց Կոստանդին Դ.-ն: Ան կարողացաւ ժամանակաւորապէս ազատագրել Կապան բերդը, Այասն ու Աղեքսանդրիան: Լիպարիտ սպարապետը կը կարողանար ետ շպրտել թշնամին: 1371 թուականին Սիսի մէջ տեղի ունեցած ժողովը չեղեալ համարեց կաթողիկէ եկեղեցիին միանալու որոշումը: Նոր թագաւորը՝ Կոստանդին Ե.ը ստիպուած էր հաշտութեան պայմանագիր կնքել մեմլուքներուն հետ, որ առաջադրեց միաւորական կազմի դժգոհութիւնը եւ անոնք զինք սպաննեցին 1373 թուականին:

Անոր յաջորդեց Կիլիկիոյ վերջին արքան՝ Լեւոն Զ. Լուսինեանը: Մեմլուքները դարձեալ ներխուժեցին Կիլիկիա եւ պաշարեցին մայրաքաղաքը: Հայոց զօրքը Լիպարիտ զօրավարի գլխաւորութեամբ ամէն ճիգ կը թափէր, սակայն մեմլուքներու զօրքը կը գերազանցէր հայերու զօրքը: Եւ 1375 թուականին մեմլուքները գրաւեցին Սիսն ու գերի բռնեցին թագաւորն ու իր ընտանիքը: Արեւմուտքի միջնորդութեամբ Լեւոնը ազատ արձակուեցաւ: Ան վերջին տարիները անցուց Եւրոպայի մէջ նոր խաչակրաց արշաւանք կազմակերպելու յոյսով, սակայն ապարդիւն: Ան մահացաւ 1393 թուականին Փարիզի մէջ[19]: 1396 թուականին Կիլիկիոյ արքայի տիտղոսը անցաւ իր զարմիկին՝ Կիպրոսի թագաւորին[22]: Ներկայիս, անոնք կը կրեն իտալական Սավոյեան հարստութեան ներկայացուցիչները: Չնայած թագաւորութեան անկումին, Լեռնային Կիլիկիոյ որոշ իշխաններ պահպանեցին իրենց ինքնուրոյնութիւնը, սակայն 1515 թուականին Կիլիկիան վերջնականապէս նուաճուեցաւ Օսմանեան թուրքերու կողմէ:

Հայկական եկեղեցին՝ Կիլիկիա

Խմբագրել

Ռուբինեան իշխանութեան սկիզբը, հայկական եկեղեցին 1147-ին իր կեդրոնը Կիլիկիոյ սահմանին մօտերը գտնուող Հռոմկլա բերդը կը փոխադրէ, ուր կը մնայ մօտ 150 տարի։ Իսկ 1293-ին կեդրոնը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Սիս կը կը փոխադրէ ու կը շարունակէ հոն մնալ անոր կործանումէն՝ 1375-էն ետք ալ։ 1441-ին կաթողիկոսութիւնը կը վերահաստատուի Սուրբ Էջմիածինի մէջ։ Սակայն 17-րդ դարուն սկիզբը, երբ պատմական Հայաստանը կը բաժնուի թրքական եւ պարսկական կայսրութիւններուն միջեւ, Ս․ Էջմիածինը պարսկական կայսրութեան ենթակայ կը դառնայ ու Սիսի կաթողիկոսութիւնը կը վերահաստատուի (որպէսզի շարունակէ ծառայել Կիլիկիոյ մէջ ապրող հայ ժողովուրդին) ու հոն կը մնայ մինչեւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը։ Քանի մը տարի թափառական կեանք ապրելէ ետք, կեդրոնը կը փոխադրուի Լիբանան՝ Անթիլիաս։

Կիլիկիոյ Հայ բնակչութիւնը

Խմբագրել
 
Հայ բնակչութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

Թէեւ մեմլուքները կարողացան նուաճել Կիլիկիոյ մեծ մասը, սակայն անոնք չկարողացան պահել զայն եւ անիկա շուտով գրաւուեցաւ Լենկթիմուրի կողմէ: Այդ պատճառով 30,000 հարուստ հայեր լքեցին Կիլիկիան եւ հաստատուեցան Կիպրոսի մէջ, ուր մինչեւ 1489 կը կառավարէին Լուսինեանները[19]: Շատ մը կիլիկեցի հայեր հաստատուեցան Իտալիոյ, Սպանիոյ, Լեհաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ[23]: Չնայած հայ բնակչութեան նուազումին, օսմանեան իշխանութեան ընթացքին անիկա կը մնար հայկական տարածք:

Օսմանեան կայսրութիւնը Կիլիկիայէն ստեղծեց Ատանայի վիլայէթը: Կիլիկիոյ հայերը կարողացան պահպանել իրենց ազգային պատկանելիութիւնը դարերու ընթացքին[23][24]: Սակայն թուրքերը ամէն ինչ կ'ընին հայերը քշելու այնտեղէն: Օրինակ Զէյթունը կը գտնուէր կիսանկախ վիճակի մէջ եւ թուրքերը անընդմէջ կը յարձակէին անոնց վրայ: 1909 թուականին Կիլիկիոյ հայերը եւ յատկապէս Ատանա քաղաքի հայերը ենթարկուեցան ջարդերու, իսկ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ դարձան ցեղասպանութեան զոհ[24]: Եւ չնայած Սեւրի պայմանագիրով Կիլիկիան չէր անցներ Հայաստանին, անիկա պիտի անցնէր Ֆրանսայի խնամակալութեան տակ. մեծ քանակութեամբ հայեր ետ դարձան Կիլիկիա, սակայն Ֆրանսան գաղտնի պայմանագիրով մտադրած էր զայն զիջիլ Թուրքիոյ: Շուտով ցրուեցաւ պատերազմի ընթացքին Ֆրանսայի դրօշին տակ կռուող հայկական լեգէոնը եւ Կիլիկիոյ հայերը մնացին անպաշտպան: 1920-ի Օգոստոսին Ատանայի մէջ Միհրան Տամատեանի գլխաւորութեամբ Կիլիկիան հռչակուեցաւ ինքնավար հանրապետութիւն: Սակայն յաջորդ օրը ֆրանսական զօրքը արդէն լքած էր Կիլիկիան: Թուրքերը յարձակեցան եւ սկսաւ հայերու նոր ջարդ մը, որու ընթացքին միայն Մարաշի մէջ զոհուեցաւ 12․000, իսկ Հաճընի մէջ՝ 7․000 հայ: Կիլիկիոյ հայերը ներկայիս ցրուած են աշխարհով մէկ, իսկ Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսարանը ներկայիս կը գտնուի Անթիլիասի մէջ, Լիբանան: Կիլիկեան Հայաստանի խորհրդանիշը՝ առիւծը ներկայիս պատկերուած է Հայաստանի զինանշանին վրայ[25]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Der Nersessian, Sirarpie."The Kingdom of Cilician Armenia." in A History of the Crusades, vol. II. Kenneth M. Setton (ed.) Philadelphia: University of Pennsylvania Press, 1962, pp. 630-631.
  2. Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 5, էջ 406
  3. Kurdoghlian Mihran (1996)։ Պատմութիւն Հայոց (History of Armenia), Volume II։ Աթէնք: Հրատարակութիւն ազգային ուսումնական խորհուրդի։ էջեր 43–44 
  4. 4,0 4,1 4,2 Donal Stewart Angus (2001)։ The Armenian Kingdom and the Mamluks: War and Diplomacy During the Reigns of Het'um II (1289-1307)։ Netherlands: Brill Academic Publishers։ էջեր 43–46։ ISBN 0928-5520 
  5. "The king of Armenia and the Prince of Antioch went to the military camp of the Tatars, and they all went off to take Damascus". Le Templier de Tyr. Quoted in Rene Grousset, Histoire des Croisade, III, p. 586.
  6. 6,0 6,1 Kurkdjian Vahan (1958)։ «Chapter XXX: The Kingdom of Cilician Armenia — Mongol Invasion»։ History of Armenia։ United States of America: Armenian General Benevolent Union of America։ էջեր 246–248 
  7. Luscombe David, W. Hazard Harry (2004)։ The New Cambridge Medieval History, Volume IV: c. 1024-c. 1198։ Cambridge: Cambridge University Press։ էջ 634։ ISBN 0521414113 
  8. Luisetto Frédéric (2007)։ Arméniens et autres Chrétiens d'Orient sous la domination mongole։ Geuthner։ էջեր 128–129։ ISBN 9782705337919 
  9. Mutafian Claude (2002)։ Le Royaume Arménien de Cilicie, XIIe-XIVe siècle։ UCLA Armenian History and Culture Series։ France: CNRS Editions։ էջեր 74–75։ ISBN 2271051053 
  10. 10,0 10,1 Demurger Alain (2005)։ The Last Templar: The Tragedy of Jacques de Molay, Last Grand Master of the Temple։ London: Profile Books։ էջ 93։ ISBN 1-8619-7529-5 
  11. Demurger Alain (2005)։ The Last Templar: The Tragedy of Jacques de Molay, Last Grand Master of the Temple։ London: Profile Books։ էջ 109։ ISBN 1-8619-7529-5 
  12. Nicolle David (2001)։ The Crusades։ Oxford: Osprey Publishing։ էջ 80։ ISBN 1-8417-6179-6 
  13. 13,0 13,1 Kurkdjian Vahan (1958)։ «Chapter XXX: The Kingdom of Cilician Armenia — Mongol Invasion»։ History of Armenia։ United States of America: Armenian General Benevolent Union of America։ էջեր 253–254 
  14. Angus, Stewart, "The assassination of King Het'um II". Journal of the Royal Asiatic Society, 2005 pp. 45-61.
  15. «Recueil des Historiens des Croisades, Documents Armeniens I, p.664»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-06-07-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-04 
  16. Հայոց Պատմություն, հեղինակներ՝ Դանիելյան, Մելքոնյան, էջեր՝ 174-175
  17. Mahé Annie, Mahé Jean-Pierre (2005)։ L'Arménie à l'épreuve des Siècles։ France: Découvertes Gallimard։ էջ 77։ ISBN 207031409X 
  18. Ghazarian Jacob G. (2000)։ The Armenian Kingdom in Cilicia during the Crusades: The Integration of Cilician Armenians with the Latins (1080-1393)։ Routledge։ էջ 150։ ISBN 0700714189 
  19. 19,0 19,1 19,2 Kurdoghlian Mihran (1996)։ Պատմութիւն Հայոց (History of Armenia), Volume II։ Athens: Հրատարակութիւն ազգային ուսումնակաան խորհուրդի (Council of National Education Publishing)։ էջեր 53–56 
  20. Ղազարյան Հակոբ (2000 թ.)։ Կիլիկյան Հայաստանը խաչակրաց արշավանքների ընթացքում (1080-1393) :։ Ռուտլեջ։ էջեր 159–161։ ISBN 0700714189 
  21. Housley Norman (1992)։ The later Crusades, 1 274-1580: from Lyons to Alcazar։ New York: Oxford University Press։ էջ 21։ ISBN 0-19-822136-3 
  22. Hadjilyra Alexander-Michael (2009)։ The Armenians of Cyprus։ New York: Kalaydjian Foundation։ էջ 12 
  23. 23,0 23,1 Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named The Armenian People From Ancient to Modern Times
  24. 24,0 24,1 Bryce Viscount (2008)։ The Treatment of Armenians in the Ottoman Empire։ Germany: Textor Verlag։ էջեր 465–467։ ISBN 3-938402-15-6 
  25. Հայոց Պատմություն, հեղինակներ՝ Դանիելյան, Մելքոնյան, էջեր՝ 284-285