Դրազարկի Վանք
Դրազարկի վանք (նաեւ՝ Աբբա, ֆրանսերէն՝ Abbatiya de Trezarko), մեծ վանական համալիր Կիլիկիոյ հիւսիս արեւելեան կողմը, Սիս քաղաքին մօտակայքը, 36 քմ դէպի արեւմուտք, Կիլիկեան Տաւրոս լեռնաշղթային լանջին, անառիկ ու անմատչելի վայրի մը մէջ[1]։
Անուանումներ
ԽմբագրելԴրազարկի վանքին անունը հաւանական է, որ ծագած է հայերէն «դուռ» եւ «զարկ» (բախել, թակել) կամ «թուր» եւ «զարկել» բառերէն։ Բացի ատկէ համալիրը ծանօթ է բազմաթիւ այլ անուններով՝ Աբբա, Աբբատիա տը Թրեզարքօ, Աւագ վանք, Եռակամար վնաք, Եռսաեղ վանք, Եռաղեղ-Եռակամար վանք, Երեք Կամարի աբբայութիւն, Փոսի վանք եւ այլն [1][1]:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀայ գրչութեան եւ մշակոյթի նշանաւոր կեդրոնն էր։ Հիմնադրման թուականը յայտնի չէ, հաւանաբար գոյութիւն ունեցած է Ժ.դարէն։ Առաջին անգամ վերանորոգուած է ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն՝ Թորոս Ա. Ռուբինեան իշխանին օրով՝ Վասպուրականէն հրաւիրուած Գէորգ Մեղրիկ վարդապետին ջանքերով։ Դրազարկը հանդիսացած է Ռուբինեան իշխաններու եւ թագաւորներու դամբարանը, անոր համար ալ դարձած էր անոնց հոգածութեան առարկան: [1]