Ծոփք (Ծոփաց աշխարհ, Չորրորդ հայք, Յունարէն՝ Sophene), Մեծ Հայքի երկրորդ նահանգը։ Հիւսիսէն սահմանակից էր Բարձր Հայք, հարաւէն՝ Աղձնիք, արեւելքէն՝ Տուրուբերան նահանգներուն, իսկ արեւմուտքէն՝ Փոքր Հայքին։ Արածանի գետով կը բաժնուէր երկու մասի՝ հարաւայինը կը կոչուէր Մեծ Ծոփք, հիւսիսայինը՝ Փոքր Ծոփք[1]։

Մեծ Հայքի Ծոփք նահանգի քարտէսը (Ծոփք-Կոմմագենէի թագաւորութիւն)
Ծոփք-Կոմմագենէի թագաւորութիւնը
Ծոփքը Մեծ Հայքի կազմին մէջ Տիգրան Բ. Մեծի օրոք

Վարչական բաժանում

Խմբագրել

Ծոփքը բաղկացած էր հետեւեալ 8 գաւառներէն.

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակին Ծոփքի տարածքին ձեւաւորուած են առաջին ցեղային միաւորումները։ Խեթական թագաւոր Սուպիլուլի Ա.-ի արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշուի Ծոփքի միասնական իշխանութեան մասին, որ ընդդիմացած է խեթական հզօր պետութեան եւ ապաստան տուած խեթ դժգոհ տարրերուն։ Ք.Ա. 13-9 դարերուն պարբերաբար ենթարկուելով Ասորեստանի կողոպտչական արշաւանքներուն՝ դադրած է Ծոփքի զարգացումը։ Ք.Ա. 9-րդ դարու վերջին քարորդէն ետք Ծոփքը, ներառուելով Վանի թագաւորութեան կազմին մէջ, նոր վերելք ապրած է։ Ք.Ա. 4-րդ դարու սկիզբէն Ծոփքը եղած է Երուանդունիներու հայկական պետականութեան կազմին մէջ[2]։ Աշխարհագրականօրէն հելլենիստական կեդրոններուն մօտ ըլլալով՝ Ծոփք ապրած է տնտեսական եւ մշակութային նոր յառաջընթաց մը։ Սակայն Ք.Ա. 3-րդ դարու կիսուն Ծոփքը Սելեւկեան պետութեան միջամտութեամբ անջատուած է Մեծ Հայքէն եւ կազմած անկախ թագաւորութիւն մը։ Ք.Ա. 3-րդ դարու վերջը Անտիոքոս Գ. Մեծ նուաճած է Ծոփքը եւ դարձած Սելեւկեան պետութեան նահանգ՝ զօրահրամանատար նշանակելով Զարեհը։ Հռոմի դէմ Մակնեզիոյ ճակատամարտին, Անտիոքոս Գ. Մեծի պարտութենէն ետք, Զարեհ Ծոփքը դարձեալ անկախ թագաւորութիւն հռչակած է։ Արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ Զարեհ դաշնակցած է Մեծ Հայքի թագաւորին՝ Արտաշէս Ա.-ի հետ։ Զարեհին յաջորդած է Արկաթիաս, որ հիմնած է նոր մայրաքաղաք մը՝ Արկաթիակերտը։ Արկաթիոս սպաննուած է Սելեւկեան Անտիոքոս Դ. թագաւորին դէմ կռիւի ընթացքին։ Ծոփքի գահը անցած է Արկաթիոսի եղբօր՝ Մեհրուժանին, իսկ անկէ ետք՝ Արտանեսին։

Ք.Ա. 94-ին Տիգրան Բ. Մեծ տապալած է Արտանեսը եւ Ծոփքը վերամիաւորած Մեծ Հայքին։ Է.- Թ. դարերուն Ծոփքը դարձած է արաբա-բիւզանդական պատերազմներու ասպարէզ եւ ձեռքէ ձեռք անցած։ Թ. դարուն Ծոփքի արեւելեան գաւառները անցած են հայ Բագրատունիներուն, իսկ արեւմտեան գաւառները մտած են Բիւզանդիոնի Միջագետք բանակաթեմին մէջ։ 1555-ին եւ 1639-ին Սեֆեան Իրանի եւ օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ կնքուած պայմանագիրով Ծոփքը գրաւած են օսմանեան թուրքերը։ Ծոփքի հոծ հայութիւնը բնաջնջուած է 1915–ին, Մեծ եղեռնի ատեն, փրկուածները տարագրուած են զանազան երկիրներ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել