Եզովբոս
Եզովբոս (հին յուն․՝ Αἴσωπος), հին աշխարհի առակագիր։ Իրմով սկիզբ առած է համաշխարհային գրականութեան մէջ առակագրութեան զարգացումը՝ իբրեւ առանձին սեռ։
Եզովբոս հին յուն․՝ Αἴσωπος | |
---|---|
| |
Ծնած է | ՔԱ620[1] |
Ծննդավայր | Մեսեմբրիա (Պոնտոս), Նասեբար, Բուրգասի մարզ, Պուլկարիա |
Մահացած է | ՔԱ564 |
Մահուան վայր | Տելֆի, Տելֆի քաղաքապետութիւն, Ֆոկիս, Կեդրոնական Յունաստան |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Եզովբոսի առակներ |
Մասնագիտութիւն | առակագիր, առասպելագիր, փիլիսոփայ, գրագէտ |
եղած է տգեղ, տխեղծ, ֆիզիքական անախորժ տեսքով մարդ մը, որ ստրուկն էր իր ժամանակի փիլիսոփայ Քսանթոսի: Եզովբոս սակայն ունէր մտային եւ հոգեկան հարուստ գիտութիւն, ի վերուստ շնորհուած բացառիկ միտք, որ զարմանք կը պատճառէր շրջապատին: Ան ստրուկ մը ըլլալով, կը բաղձար ազատ կեանքը` ազատութիւնը գերիվեր նկատելով աշխարհի բոլոր բարիքներէն:
Բոլոր ժամանակներու համար ուսանելի դաս մըն է Եզովբոսի կեանքը, զայն ստրկացնողներուն բռնատիրական արարքը եւ վարմունքը արտայայտող:
Դրուագներ Եզովբոսէն
ԽմբագրելԱն Փռիւգիացի ստրուկ մըն էր՝ կուզ, թոթով եւ կաղ: Օր մը Եզովբոսի տէրը զինք շուկայ կը ղրկէ ճաշկերոյթի մը համար լաւագոյն ուտեստները գնելու: Ան կը վերադառնայ միայն լեզուներով: Կոչնականները սկիզբը կը գնահատեն, ապա կը զզուին: Տէրը կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ միայն լեզուներ գնեցիր», եւ Եզովբոս կը պատասխանէ. «Լեզուն ամէն բանի լաւագոյնն է, ընկերային կեանքի կապ է, գիտութիւններու բանալի, անով կ'ուսուցանենք, կը համոզենք, կ'իշխենք ժողովներու վրայ»: Տէրը կ'ըսէ. «Լաւ, վաղը նոյն անձերը պիտի գան, գնէ ամէնէն գէշերը, կ'ուզեմ որ փոփոխութիւն ըլլայ»: Եզովբոս կրկին լեզուներ կը գնէ եւ կ'ըսէ, որ լեզուն ամենէն գէշ բանն է, մայր՝ վէճերու, դատերու, պատերազմի, չարախօսութեան, զրպարտութեան, սուտի[2]:
Առակագիր Եզովբոս միտք մարզող ոճով կը թելադրէր որեւէ գէշ բանի առաջքը առնել առաջին վայրկեանէն, այլապէս, երբ ուշանայ ու մեծնայ, աւելի դժուար կ'ըլլայ անոր դիմագրաւումը[3]:
Եզովբոսի միտքերէն
ԽմբագրելՈչ մէկ բարի գործ, որքան ալ փոքր ըլլայ անիկա, երբեք ի զուր եղած չ'ըլլար: |
Որեւէ գէշ բանի առաջքը առնել առաջին վայրկեանէն. այլապէս, երբ ուշանայ ու մեծնայ, աւելի դժուար կ'ըլլայ անոր դիմագրաւումը: |