Քարոզ, քրիստոնէական հաւատքի ուսուցման եւ տարածման միջոց, կրօնադաւանական, բարոյա-խրատական պատուիրաններու հրապարակային ուսուցում, խրատ: Քարոզ կը կոչուի նաեւ եկեղեցւոյ խորանէն հոգեւորականի՝ ժողովուրդին ուղղուած խօսքը:

Լայն առումով, վաղ քրիստոնէական լեզուին մէջ հասկցուած է նաեւ հաւատացեալներուն եւ քրիստոնեայ առաջին համայնքներուն ուղղուած թուղթերը, աւելի ուշ՝ ճառերը:

Քարոզի առանձնայատկութիւնները

Խմբագրել

Թեմատիկ առումով թուղթերէն եւ ճառերէն քարոզը կը տարբերի անով, որ աւելի շատ նուիրուած է ո՛չ թէ կրօնադաւանական զանազան հարցերու արծարծման եւ բացատրութեան, այլ՝ այդ հասկացութիւններու միջոցով ունկնդիրին եւ ընթերցողին ներազդելուն՝ զայն մղելով ապրիլ քրիստոնեայ հաւատքով եւ բարոյականութեամբ:

Քարոզը, ունենալով ընդհանուր ճանաչողական, մեկնողական, ջատագովական եւ ներբողային բնոյթ, բարոյա-դաստիարակչական է:

Քարոզի ժամանակ քրիստոնէական հիմնական հաւատալիքները՝ Սուրբ Երրորդութիւն, Քրիստոսի Աստուածութիւն, Մարդեղութիւն, Փրկագործութիւն եւլն. կը փոխանցուին ժողովուրդին ո՛չ թէ դաւանաբանական խրթին բանաձեւումներով, այլ՝ բարոյական սկզբունքներու հետ ընդելուզուած ձեւով: Քրիստոնէական քարոզի առարկան Քրիստոսի քարոզած խօսքերն ու ճշմարտութիւններն են, որոնք ուղղակի, անմիջական աղերս ունին մարդոց առօրեայ կեանքին, ապրելակերպին, գործերուն եւ փոխյարաբերութիւններուն հետ:

Քարոզախօսութեան բարձրագոյն նպատակը Քրիստոսի անձին եւ գործին մշտնջենական վերակենդանացումն է՝ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու գիտակցութեան եւ կեանքին մէջ:

Քարոզի պատմութիւնը

Խմբագրել

Քարոզի կարեւորութիւնը, անհատին ու հասարակութեան վրայ ունեցած ներազդեցութիւնը կը շեշտուի դեռեւս Հին Կտակարանին մէջ, իսկ Նոր Կտակարանին մէջ թէ՛ Յովհաննէս Մկրտիչի, թէ՛ Քրիստոսի եւ թէ առաքեալներու գործունէութիւնը կը սկսի քարոզով: Առաքեալներուն պատուիրելով տարածել նոր վարդապետութիւնը՝ Յիսուս կ'ըսէ. «Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհով մէկ եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր մարդկանց» (Մարկ. 16.15):

Քարոզչութիւնը Քրիստոսի առաքելութեան տարածման գլխաւոր միջոցն է: Քանի որ առաքեալներու գործունէութիւնը սկսած է քարոզչութեամբ, քրիստոնէութեան վաղ շրջանին աւետարանելը եւ քարոզելը նոյնացուած են ու միմեանց համարժէք ներկայացուած: Յետագային քարոզի գործառնական նշանակութիւնը փոխուած է: Եթէ սկզբնական շրջանին ան ծառայած է աւետարանական քարոզչութեան, քրիստոնէութեան տարածման ու ամրապնդման, ապա աւելի ուշ՝ քրիստոնէական գաղափարներու, արժէքներու եւ բարոյականութեան անխաթար պահպանման, այսինքն՝ աւետարանելուն փոխարինած է աւետարանուած գաղափարներուն հետեւելու քարոզչութիւնը: Եթէ աւետարանելը կը ծառայէ նոր կրօնի տարածման, անհատական եւ հասարակ գիտակցութեան յեղաբեկման, ապա քարոզը՝ ընդունուած հոգեւոր-բարոյական նորմերէն չշեղելուն, որ կ'իրականացուի հրապարակախօսական ներազդման միջոցով:

Քարոզը եւ Քրիստոսի խօսքի տարածումը, սկսած առաքելական շրջանէն, եկեղեցւոյ հովիւներու կեանքի եւ գործունէութեան կարեւոր տեղը կը գրաւէ: Քարոզչութիւնը առաքեալներէն եւ առաքելական հայրերէն փոխանցուած է ընդհանրական եկեղեցւոյ հայրերուն եւ քարոզը դարձած է հեթանոսութեան դէմ մղուող պայքարին քրիստոնէութեան գլխաւոր զէնքը: Եկեղեցւոյ առաջին չորս դարերուն, հայրերը հռչակուած են իրենց կենդանի քարոզախօսութեամբ, որ կրած է ջատագովական բնոյթ: Քարոզի ներգործօն ուժը եւ թողած տպաւորութիւնը լաւագոյնս արտայայտուած է Ընդհանրական եկեղեցւոյ հռչակաւոր հայրերէն Յովհան Ոսկեբերանին տրուած «Ոսկեբերան» բնորոշման մէջ:

Քարոզը Հայոց Եկեղեցւոյ Մէջ

Խմբագրել

Քարոզը իր գործօն ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ հայոց կեանքին մէջ, մեծ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ստացած է Հայ եկեղեցւոյ մէջ։ Հայոց դարձը սկսած է քարոզչութեամբ: Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչը Խոր վիրապէն ելլելէն ետք իր քարոզչութեամբ ժողովուրդին նախապատրաստած է քրիստոնէութեան ընդունման: Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչով սկիզբ առած հայկական քարոզախօսութիւնը, իրենց հովուական եւ ուսուցողական գործունէութեամբ շարունակած են Հայ եկեղեցւոյ հայրերը (Ներսէս Ա. Մեծ, Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Ա. Պարթեւ, Յովհաննէս Ա. Մանդակունի, Յովհաննէս Գ. Օձնեցի, Ներսէս Շնորհալի, Ներսէս Լամբրոնացի, Եսայի Նչեցի, Յովհան Որոտնեցի, Գրիգոր Տաթեւացի, Մաղաքիա Օրմանեան, Եղիշէ Դուրեան եւ ուրիշներ), որոնք նաեւ իրենց ժամանակի մեծագոյն քարոզիչները եղած են:

Քարոզախօսութիւնը այնքան կարեւորուած է, որ Գրիգոր Տաթեւացին անիկա աւելի հեղինակաւոր դարձնելու նախապայման համարած է վարդապետական իշխանութիւն ունենալը: Վարդապետական եւ ծայրագոյն վարդապետական գաւազանի տուչութիւնը, որպէս նշան ուսուցողական, քարոզչական իշխանութեան, կը խորհրդանշէ Հայ եկեղեցւոյ քարոզախօսութեան կարեւորութիւնն ու արժէքը:

Քարոզի Կառուցուածքը Եւ Բովանդակութիւնը

Խմբագրել

Քարոզի կառուցուածքին, ունեցած նշանակութեան, դերին ու ազդեցութեան անդրադարձած է Գրիգոր Տաթեւացին իր «Վասն մեղաց լեզուի» եւ «Վասն երկրագործաց» քարոզներուն մէջ, որոնցմէ առաջինը նուիրուած է քարոզի մատուցման կերպին ու միջոցներուն, երկրորդը՝ կառուցուածքին: Ան քարոզի ժանրային կառուցուածքը բաժնած է հինգ մասի՝ բնաբան, նախերգանք, քարոզ, յորդորակ եւ օրհնութիւն: Քարոզը կ'ըսուի բարձր տեղէ, ըստ Սուրբ Գիրքի՝ «պարիսպներու գլուխէն» (Առակ. 1.21): Ժողովուրդէն վեր կէտէ մը քարոզելու գաղափարը իր արտայայտութիւնը գտած է նաեւ եկեղեցւոյ ընդհանուր կառուցուածքին մէջ։ Եկեղեցւոյ խորանը, որուն բարձրութենէն կը քարոզէ քահանան, համաձայն քրիստոնէական խորհրդաբանութեան, միջանկեալ տեղ կը գրաւէ երկնքի ու երկրի միջեւ։ Աստուածաշունչին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ քարոզը պէտք է ըլլայ հրապարակային: Ատոր լաւագոյն օրինակը «Լերան քարոզ»ն է (Մատթ. 5.1–12), որ նաեւ կը կոչուի «փոքր Աւետարան», իսկ Մկրտիչ Խրիմեանի խօսքերով՝ «մարգարիտ Արքայութեան երկնէն», եւ խտացուած ձեւով կը բովանդակէ քարոզած ճշմարտութիւններու բուն կորիզը: Ըստ Պօղոս առաքեալի, քարոզը կը բխի ո՛չ թէ մարդկային կամեցողութենէն կամ իմաստութենէն, այլ՝ «աստուածային Սուրբ Հոգիէն», եւ պէտք է ըսուի Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ ու վարդապետութեամբ (Ա Կորնթ. 2.3-5, 11-14):

Քարոզը կը հիմնուի Աստուածաշունչի, մասնաւորապէս՝ Նոր կտակարանին վրայ։ Սուրբ Գիրքի ընթերցումէն ետք, քարոզիչը խորան կը բարձրանայ եւ օրուան ընթերցումներէն կ'ընտրէ իր քարոզի բնաբանը: Աւելի ուշ շրջանին բնաբաններ կ'ընտրուին նաեւ շարականներէն եւ առանձին դէպքերու՝ հայ դասական մատենագրութեան՝ եկեղեցւոյ կողմէ նուիրագործուած հատուածներէն: Քարոզները, նուիրուած ըլլալով օրուան տօնին կամ այդ օրը եկեղեցւոյ մէջ կարդացուող սուրբ գրային համապատասխան ընթերցուածին (սաղմոսներ, մարգարէական, առաքելական եւ աւետարանական հատուածներ, որոնք որոշուած են հաստատուն կերպով), այնուհետեւ տուեալ տօնը կը շաղկապեն ժամանակի խնդիրներուն եւ ազգային կարեւոր իրադարձութիւններուն, իսկ օրուան ընթերցուածներուն վրայ խարսխուած քարոզներուն մէջ, նոյն կերպ աւետարանական գաղափարները արծարծելէ ետք, քարոզիչները կ'անդրադառնան այն հարցին, թէ որքանով մարդիկ կը կարողանան հաւատարիմ մնալ այդ գաղափարներուն: Ատոր հետ սուրբ գրային մնայուն գաղափարներուն, քրիստոնէական բարոյականութեան եւ արժեքներուն կը հաղորդուի արդիական հնչեղութիւն:

Քարոզը սոսկ իր բնաբանի մեկնութիւնը չէ, այլ ուղղուած է տուեալ ժամանակի ունկնդիրին, որուն համար տարբեր ժամանակներու աստուածաշնչեան միեւնոյն մնայուն մտքի ու հոգեւոր խորհուրդի արտայայտութիւնը իմաստային տարբեր նրբերանգներ ձեռք կը բերէ եւ ըստ այնմ ալ կ'ընկալուի ու կը կարեւորուի:

Հայ եկեղեցւոյ քարոզիչը, եթէ եպիսկոպոս կամ վարդապետ է, կը կրէ իր իշխանութեամբ տրուած գաւազանը: Քահանայ քարոզիչը կը կրէ ձեռաց խաչ, սարկաւագը՝ Աւետարան:

Հոգեւորականը, «Ամէն»ով աւարտելով քարոզը, ձեռքի խաչով կը խաչակնքէ՝ «կնքէ զբանն»: Ծիսական այս ընթացքի հոգեւոր խորհուրդի բացատրութիւնը Գրիգոր Տաթեւացին կը խարսխէ Ղուկասի Աւետարանի «սերմը Աստուծոյ խօսքն է» (Ղուկ. 8.11) եւ Մարկոսի Աւետարանի «Եւ լաւ հողի մէջ սերմանուածները այն մարդիկ են, որ կը լսեն խօսքը եւ կ'ընդունին ու պտուղ կու տան...» (Մարկ. 4.20) խօսքերուն վրայ։ Ըստ այդ զուգահեռի, քարոզը այն սերմն է, որ կը ծլարձակէ մարդու հոգիին մէջ, այսինքն՝ կը ներազդէ իր վրայ, եւ ինչպէս հողագործները սերմանելէն ետք կը ջրեն, նոյն կերպ եւ քարոզիչները քարոզելէն ետք խաչով կը կնքեն, այսինքն՝ կ'օրհնեն այն հոգիները, ուր սերմանած են «Բանն Աստուծոյ»: Գրիգոր Տաթեւացին կը զգուշացնէ նաեւ, որ քարոզը կարող է ներազդել միայն այն պարագային, եթէ քարոզիչը կը հետեւի իր քարոզածին եւ կ'ապրի իր քարոզած կեանքով:

Քարոզը` Եկեղեցական Մատենագրութեան Ժանր

Խմբագրել

Եկեղեցւոյ հայրերը եւ մատենագիրները Քրիստոսի խօսքի մեկնութեան եւ տարածման համար գրած են քարոզներ, որոնք հայոց մէջ երբեմն յայտնի են ճառ անունով: Ատոնք ունեցած են աստուածաբանական, դաւանաբանական, փիլիսոփայական, մեկնողական, ջատագովական, ներբողական, բարոյադաստիարակչական բնոյթ եւ եկեղեցական քարոզախօսութեան ու հրապարակախօսութեան լաւագոյն նմոյշներէն են: Հայկական քարոզագրութիւնը սկսած է 5-րդ դարէն, Աթանաս Ալեքսանդրացիի, Բարսեղ Կեսարացիի, Գրիգոր Նազիանզացիի, Եփրեմ Ասորիի, Յովհան Ոսկեբերանի, Կիւրեղ Ալեքսանդրացիի եւ եկեղեցւոյ այլ նշանաւոր հայրերու ճառերու թարգմանութեամբ ու մեկնութեամբ: Քարոզներէն կազմուած են ժողովածուներ՝ Քարոզագիրքեր: Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչին վերագրուող «Յաճախապատում ճառք»ը եւ Յովհաննէս Ա. Մանդակունիին վերագրուող «Ճառք»ը Հայ եկեղեցւոյ առաջին Քարոզագիրքերն են: Հայ քարոզագրութեան լաւագոյն նմոյշներէն են Գրիգոր Տաթեւացիի «Գիրք քարոզչութեան»ը` իր «Ամառան» եւ «Ձմեռան» հատորներով:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Տէր Մկրտչեան Կ., Քարոզի նշանակութիւնը եւ գործադրութեան եղանակը, «Արարատ», 1895, դ 2, էջ 41–43:
  • Կիւլեսէրեան Բ., Քարոզելու արուեստը, «Լոյս», 1905, դ 3, էջ 49–54:
  • Յովսէփեան Գ., Դէպի լոյս եւ կեանք, Անթիլիաս, 1986, էջ 7–10:
  • Գարեգին Ա., Համառօտ ձեռնարկ հովուական աստուածաբանութեան, Էջմիածին, 1995:
  • Վարդանեան Մ., Քարոզը որպէս միջնադարեան հրապարակախօսութեան հոգեւոր արտայայտութիւն, «Էջմիածին», 2000, դ 4:

Աղբիւր

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։