Գրիգոր Տաթեւացի

Գրիգոր Տաթեւացի (1346, Վայոց ձոր, Սիւնիք - 27 Դեկտեմբեր 1409, Տաթեւի վանք, Տաթեւ, Հայաստան) Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հռչակաւոր վարդապետ։ Հայ առաքելական եկեղեցին Գրիգոր Տաթեւացին դասած է սուրբերու շարքին, յիշատակը կը տօնուի Մեծ պահքի 4-րդ Կիրակիին նախընթաց շաբաթ օրը։[2]

Գրիգոր Տաթեւացի
Գրիգոր Տաթեւացի,
1449 թ. ձեռագրից
Ծնած է 1346
Ծննդեան վայր Վայոց ձոր, Սիւնիք
Մահացած է 27 Դեկտեմբեր 1409
Մահուան վայր Տաթեւի վանք, Տաթեւ, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Մեծ Հայք
Կրթութիւն Տաթեւի վանք
Աշակերտած է Յովհան Որոտնեցի
Տիրապետած լեզուներ հայերէն[1]
Աշակերտներ Թովմա Մեծոփեցի եւ Առաքել Սիւնեցի
Կայքէջ grigortatevatsi.am

Ան աստուածաբան է, փիլիսոփայ, եկեղեցական գործիչ, դասախօս, րաբունապետ։ Գրիգոր Տաթեւացի Տաթեւի փիլիսոփայական դպրոցին նշանաւոր ներկայացուցիչներէն է, միջնադարու հայ աստուածաբանական միտքի մեծագոյն դէմքերէն։ Անոր անուան հետ կը կապուի Տաթեւի համալսարանի համաժողովրդական մեծ անունը։

Տաթեւացիին գրաւոր ժառանգութեամբ, առ այսօր, կ'ուսանին եւ կը քարոզեն Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետները։ Անոր բազմաթիւ գիրքերէն պահպանուած են «Գիրք Հարցմանց»ը, «Ոսկեփորիկ»ը, «Ամառան» եւ «Ձմեռան» կոչուող քարոզագիրքերը, մեկնութիւններ եւ այլ աշխատութիւններ, ինչպէս նաեւ Անոր նկարագրած երկու Աւետարանները։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Գրիգոր Տաթեւացի ծնած է 1346-ին Սիւնիք աշխարհի Վայոց ձորի մէջ։[3] 7 տարեկանին ծնողները Գրիգորը ուսման կ'ուղղեն։ Հետագային կրթութիւնը կը շարունակէ Տաթեւի համալսարանին մէջ՝ աշակերտելով սուրբ վարդապետ Յովհան Որոտնեցիի։

1371-ին Գրիգոր իր ուսուցիչին հետ ուխտագնացութիւն մը կը կատարէ Երուսաղէմ եւ այնտեղ կը ստանայ կուսակրօն քահանայի աստիճան, իսկ իրենց վանքը վերադառնալու ճամբուն վրայ՝ Դարանաղեաց գաւառին մէջ[2] վարդապետ կը ձեռնադրուի եւ Որոտնեցին իրեն վարդապետական գաւազան կը յանձնէ։ 1380-ին անոնք կը տեղափոխուին Ապրակունեաց վանք։

Գործունէութիւն Խմբագրել

138-ին, իր ուսուցիչին մահէն ետք Գրիգոր կը դառնայ այդ վանքին առաջնորդը։ Վարած է փիլիսոփայութեան, աստուածաբանութեան, քերականութեան, երաժշտութեան տեսութեան եւ այլ դասընթացքներ։

1390-ին Տաթեւացին հաստատուելով Տաթեւի մէջ, իր շուրջը կը համախմբէ Սիւնիքէն ու Հայաստանի տարբեր վայրերէն այստեղ ուսանելու եկած բազմաթիւ աշակերտներ եւ կը շարունակէ իր գիտամանկավարժական գործունէութիւնը։ Անոր րաբունապետութեան օրերուն՝ Տաթեւի դպրոցը, որ վերածուած էր համալսարանի, հասած է իր ծաղկման գագաթնակէտին՝ դառնալով գիտութեան, մշակոյթի, արուեստի եւ հոգեւոր կեանքի կեդրոն։[2]

Դասախօսած է Մեծոփավանքի եւ Սաղմոսավանքի դպրոցներուն մէջ։ Մեծոփավանք կը տեղափոխուի Սիւնիքի երկրաշարժէն ետք՝ չդիմանալով արտաքին թշնամիներու եւ երկրաշարժի արհաւիրքներուն՝ Գրիգոր Տաթեւացիին աշակերտած են ԺԹ. դարու հայ մշակոյթի շարք մը նշանաւոր գործիչներ՝ Թովմա Մեծոփեցին, Առաքել Սիւնեցին եւ ուրիշներ։ Տաթեւացիին 300-էն աւելի աշակերտները նշանակալի դեր ունեցած են հայ հոգեւոր-եկեղեցական, գիտական, մշակութային եւ հասարակական կեանքէն ներս։ Ան միաժամանակ զբաղած է ազգային-եկեղեցական հարցերով, պայքարած՝ կաթոլիկ քարոզիչներու՝ միարարներու դէմ, պաշտպանելով Հայ եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը։[2]

Մաղաքիա Արք. Օրմանեան զինք անուանած է «վարդապետութեան նահապետ», իսկ Մեծոփեցին՝ «Երկրորդ Լուսաւորիչ»։ Տաթեւացին անփոխարինելի աւանդ ունի Հայաստանի մշակոյթի, լուսաւորութեան տարածման եւ եւրոպական մտածողութիւնը հայոց մտաւորական շրջանները ներմուծելու մէջ։

Տաթեւացի նաեւ մանրանկարիչ էր ու երաժիշտ։ Պահպանուած է 1297-ին գրուած Աւետարան մը (Մատենադարան, ձեռագիրդ 7482), զոր 1378-ին նկարազարդած է Տաթեւացին։

Գրիգոր Տաթեւացին ապրած է խիստ պահեցող կեանքով, շարունակ կրած է մազեղէն հագուստ եւ պարեգօտ։[4]

Ստեղծագործութիւն Խմբագրել

Տաթեւացի գրած է մեկնութիւններ, լուծմունքներ, քարոզներ, աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական մեծարժէք աշխատութիւններ։ Այդ երկերուն մէջ արծարծուած են հեղինակի մանկավարժական հայեացքները, ճանաչողութեան եւ իմացութեան խնդիրներ։

Աստուածաբանական Խմբագրել

Առաւել կարեւոր են «Գիրք Հարցմանց» ու «Ոսկեփորիկ» հանրագիտական երկերը, ուր ի մի բերուած են ո՛չ միայն ժամանակի գիտութեան եւ կեանքի ամենաբազմազան խնդիրներուն վերաբերող տեղեկութիւններ, այլեւ հայ դաւանաբանական միտքի դարաւոր ձեռքբերումները։ Երաժշտական, ծիսական, տեսական ու գեղագիտական շարք մը խնդիրներ կ'արծարծուին «Հարցմանց գիրք»ին մէջ։ Անոր ժառանգութեան մաս կը կազմեն Արիստոտելի եւ Դաւիթ Անյաղթի գործերու մեկնութիւնները։[2]

Քարոզագիրքեր Խմբագրել

Իր տեսակին մէջ բացառիկ է նաեւ «Քարոզագիրքը»՝ «Ձմեռան» եւ «Ամառան» հատորներով։ Ան ստեղծած է քարոզախօսութեան եւ հռետորական արուեստի դասագիրք։ Տաթեւացին փիլիսոփայութեան մէջ պաշտպանած է երկակի աստուածային էութիւններու եւ բնութեան ճանաչման ճշմարտութեան սկզբունքը, սահմանազատած է հաւատքի ու գիտութեան, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան բնագաւառները։[2]

Անոր կարծիքով՝ Աստուծոյ ստեղծած 4 տարրերը՝ կրակը, օդը, ջուրը եւ հողը, յաւերժ են։

Հասարակական ներդաշնակութեան խախտման հիմնական պատճառը նկատած է աղանդաւորական շարժումները եւ իշխող դասերու ագահութիւնը։ Ըստ անոր՝ միապետը կամ իշխանը իրաւունք չունի եւ չի կրնար լուծել համաժողովրդական հարցեր՝ առանց ժողովուրդի մեծամասնութեան ընդհանուր համաձայնութեան։ Հետաքրքրական են անոր իմացաբանական ըմբռնումները։

Գիտելիքներն ու առաքինութիւնը բնածին չեն, այլ ձեռքբերովի, իսկ զգայական առողջ ընկալումը ճանաչողութեան հիմքն է, որուն վրայ ալ կը յենի բանականութիւնը։ Այդ պատճառով ալ ան երեխայի կրթութեան ու դաստիարակութեան հարցով կարեւոր դեր կը յատկացնէր ուսուցիչին, որ պէտք է ըլլար նուիրուած եւ անարատ վարքի տէր։ Հայոց պետականութեան կործանման համար կը մեղադրէր նախարարները, որոնք իրենց եսամոլութեամբ, ընդունակ չէին լուծելու ազգային հարցերը։ Համոզուած էր, որ համազգային հարցերը պէտք է կարգաւորէ ո՛չ միայն իշխանական դասը, այլ ամբողջ ժողովուրդը։

Մեկնութիւններ Խմբագրել

  • Մեկնութիւնք Աւետարանաց (տպ. Ս. Էջմիածին, 2005)
  • Մեկնութիւն Առակաց Գիրքի (տպ. Ս. Էջմիածին, 2005)

Գրականութիւն Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Identifiants et RéférentielsABES, 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Հայ ժողովուրդի նշանաւոր գործիչներ
  3. «Էջմիածին», 1959, Դեկտ., էջ 3: Շնորհք արքեպսկ. Գալուստեան, «Հայազգի Սուրբեր», 1997, էջ 127: Նորայր արք. Պողարեան, «Հայ գրողներ», Երուսաղէմ, 1971, էջ 396:
  4. Մանկական քրիստոնէական հանրագիտարան, Երեւան, «Արեգ», 1998։