Տաթեւի Վանք, Հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան նշանաւոր յուշարձաններէն մէկը, վանական համալիրը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզէն ներս՝ Տաթեւ գիւղին մօտ։ Թ. դարու վերջաւորութեան, անիկա կը դառնայ Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան աթոռանիստը։ Վանքը կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանի պատմութեան մէջ, դառնալով քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային կեդրոն։

Տաթեւի Վանք

Հիմնական տեղեկութիւններ
Թեմ Սիւնիք
Օծման թուական 906
Ներկայ վիճակ գործող
Ժառանգութեան կարգավիճակի մէջ Մշակութային յուշարձան Հայաստանի մէջ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապ. ոճ Հայկական
Հիմնադրուած 9-րդ դար
Առաջին հիշատակում 4-րդ դար
Առանձնայատկութիւններ

ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերուն Տաթեւի մէջ կը գործէ հայկական կարեւորագոյն համալսարաններէն մին։ Այստեղ կ'արձանագրուին նշանակալի գիտական, կրօնական եւ փիլիսոփայական աշխատանքներ, կը ծաղկի մատենագրութիւնն ու մանրանկարչութիւնը։ Տաթեւի մտաւորականները կարեւոր առաջնորդական դեր կը խաղան օտար բռնակալներու դէմ պայքարի ճիգերուն։

Ստուգաբանութիւն

Խմբագրել

Ըստ հայկական աւանդութեան, Տաթեւի վանքը անուանուած է Սուրբ Թադէոս Առաքեալի եւ Ստաթէոս կամ Ստաթէ աշակերտի անունով։ Վերջինս Գ. դարուն այս շրջանին մէջ քարոզած եւ յետոյ մարտիրոսացած է։ Իր անունը ժամանակի ընթացքին աղաւաղուելով դարձած է Տաթեւ[1]։

Ըստ ուրիշ տարբերակի, վանքին գլխաւոր տաճարին կառուցման աւարտէն ետք, շինարարութիւնը ղեկավարող վարպետին աշակերտներէն մէկը գիշերով գաղտնի կը բարձրանայ գմբէթին վրայ եւ հոն կը տեղադրէ տաճարին տեսքին արժանավայել գեղեցիկ խաչ մը։ Սակայն ան չի հասնիր աննկատ իջնելու. տեսնելով զայրացած իր վարպետը, աշակերտը վախէն գմբէթէն վար կը թռչի ուղիղ անդունդը՝ գոչելով. «Տա-թեւ, տա-թեւ»[2]։

Ժամանակագրութիւն

Խմբագրել

Տաթեւի բարձրադիր դաշտը նախաքրիստոնէական շրջաններուն ունեցած է հեթանոսական մեհեան։ Դ. դարուն, Հայաստանի քրիստոնէացումէն ետք, մեհեանը կը փոխարինուի համեստ եկեղեցիով մը[2]։

Տաթեւի վանքին զարգացումը կը սկսի Թ. դարու երկրորդ կէսին, երբ անիկա կը դառնայ Սիւնեաց եպիսկոպոսական կեդրոն։ Պատմագիր Ստեփանոս Օրբելեանի նկարագրութեամբ, երեւելի ու փառաւոր իշխան Փիլիպէն, 848-ին հին եկեղեցւոյ մօտ կը կառուցէ գեղաշէն եկեղեցի մը։ Աստիճանաբար Տաթեւի վանքը ձեռք կը բերէ տնտեսական հզօրութիւն, որուն հետեւանքով կը մեծնայ վանքին եկամուտը։ Հին վանքը այլեւս չի բաւարարեր յառաջացած պահանջքները, ուստի Յովհաննէս Եպիսկոպոս կը դիմէ Սիւնեաց իշխաններուն, յատկապէս Սիւնիքի Աշոտ իշխանին, որոնք յօժարակամ կը համաձայնին օժանդակելու վանքին շինարարութեան[1]։

ԺԱ. դարու առաջին կէսին Տաթեւ կ'ունենայ շուրջ 1,000 միաբան եւ մեծ թիւով արհեստաւորներ։ 1044-ին հարեւան ամիրայութիւններու զօրքերը կ'աւերեն Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, գործատուներն ու կից կառոյցները, որոնք, սակայն, շուտով կը վերականգնին։ 1087-ին, համալիրի հիւսիսային կողմը կը կառուցուի Ս. Աստուածածին երկյարկ դամբարան-եկեղեցին։ ԺԲ. դարու սելճուքեան թուրքերու արշաւանքներուն եւ 1136-ի երկրաշարժին հետեւանքով Տաթեւի վանքը կ'աւերուի։ 1170-ին Բաղաբերդը գրաւած սելճուքեան թուրքերը կը կողոպտեն Տաթեւի եպիսկոպոսարանի գանձերը եւ կ'այրեն ձեռագիրները (շուրջ 10 հազար)։ Ստեփանոս Եպիսկոպոսի ջանքերով ԺԲ. դարու վերջը վանքը կը վերանորոգուի[3]։

ԺԳ․ դարուն, Սիւնեաց Սմբատ Օրբելեան իշխանին Մոնկոլներու կեդրոնական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններուն շնորհիւ, Սիւնիքը զերծ կը մնայ նուաճողներու կեղեքումներէն[4], Տաթեւի վանքը ձեռք կը բերէ ապահարկութեան իրաւունք, եւ Օրբելեաններու աջակցութեամբ կը վերականգնի անոր տնտեսական հզօրութիւնը։ Տաթեւի վանքը աւելի կը հզօրանայ, երբ 1286-ին Օրբելեանները եպիսկոպոսութեան ղեկավարութիւնը կ'առնեն իրենց ձեռքը եւ Սիւնեաց Առաջնորդ մետրոպոլիտ կ'օծուի Ստեփանոս Օրբելեանը։ Անոր ջանքերով նահանգին տարանջատուած թեմերը կրկին կը միաւորուին Տաթեւի գերիշխանութեան տակ։ ԺԴ. դարուն Տաթեւի վանքը կը դառնայ հայկական մշակոյթի կեդրոններէն մին։ Կը գործեն Տաթեւի մանրանկարչութեան դպրոցը, մատենադարանն ու համալսարանը[3]։

Լենկթիմուրի Սիւնիք կատարած արշաւանքին ատեն (1381 - 1387), Տաթեւի վանքը կը կողոպտուի, կը հրկիզուի եւ կը կորսնցնէ կալուածներուն զգալի մասը։ Տաթեւի վանքը ծանր հարուած կը ստանայ 1434-ին՝ Թիմուրեան գահակալ Շահ Ռուխի արշաւանքին ատեն[3]։ Ան դարձեալ կը բարգաւաճի ԺԷ. դարու 2-րդ կէսին եւ ԺԸ․ դարու սկիզբը։ Կը վերանորոգուին գրեթէ բոլոր շինութիւնները եւ կը կառուցուին նորերը։ 1796-ին վանքը կ'ենթարկուի Աղա Մահմետ խանի պարսկական զօրքերու ասպատակութեան եւ կը կողոպուտին[3]։

1836-ին Ռուսական «Պոլոժենիայի» հաստատումով Սիմէոն Եպս. Ուստաքալեանի առաջնորդութեան վերջ կը դրուի, եւ այսպիսով կը վերանայ Սիւնեաց մետրոպոլիտութիւնը եւ Տաթեւի շրջանը կը միանայ Երեւանի թեմին[5]։

26 Ապրիլ 1921-ին, Տաթեւի մէջ տեղի կ'ունենայ Բան-Զանգեզուրեան երկրորդ համագումարը, ուր կը հռչակուի Լեռնահայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, մայրաքաղաք ունենալով Գորիսը։ Գարեգին Նժդեհ կ'ընտրուի Հանրապետութեան վարչապետ ու պաշտպանութեան նախարար[6]։

1931-ի երկրաշարժին վանքը ծանր վնասներ կը կրէ։ Պօղոս-Պետրոս Եկեղեցւոյ զանգակատունն ու գմբէթը կը կործանին։ Ի. դարու վերջերուն, վանքին տարածքին եւ շրջակայքը, կ'իրականացուին շինարարական եւ վերականգնողական աշխատանքներ։ Վանքը ներկայիս հիմնականօրէն վերականգնած է եւ Սիւնեաց թեմի հոգեւոր կեդրոնն է։

 

Տաթեւի պարսպապատ վանքային համալիրին մաս կը կազմէ երեք եկեղեցի, գրատուն, սեղանատուն, զանգակատուն, դամբարան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ օժանդակ ուրիշ շինութիւններ։ Համալիրին պահպանուած հնագոյն կառոյցը Պօղոս-Պետրոս տաճարն է։ Անիկա հիմնուած է 895-ին, Յովհաննէս Եպիսկոպոսին նախաձեռնութեամբ, Սիւնեաց գահերէց իշխան Աշոտին, իր կնոջ Շուշանին եւ իշխաններ՝ Գրիգոր Սուփանին ու Ձագիկին նիւթական օժանդակութեամբ։ Շինարարութիւնը աւարտած է 906-ին[3]։

Տաճարին հարաւային պատին կից, 1043-ին, կը կառուցուի կամարակապ սրահ մը, զոր կը քանդուի 1931-ի երկրաշարժին։ 1087-ին՝ համալիրին պաշտպանական համակարգին հիւսիսային անկիւնը, կը կառուցուի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։ 1295-ին, երկրաշարժէն կործանած Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ տեղ Սիւնեաց Առաջնորդ Մետրոպոլիտ Ստեփանոս Օրբելեանը եկեղեցի մը կը կառուցէ, դարձեալ Ս. Գրիգոր անունով։ Տաճարին հարաւային մուտքին առջեւ 1787-ին կը կառուցուի Գրիգոր Տաթեւացիին դամբարանը, իսկ ԺԹ. դարու վերջը եւ Ի. դարու սկիզբը՝ տաճարին արեւմտեան կողմը կը կառուցուի գաւիթը եւ տանիքին վրայ՝ զանգակատունը[3]։

Այս կառոյցներէն զատ, բակին կեդրոնը, Ժ. դարու սկիզբը կը կառուցուի ճոճուող «Գաւազան» յուշասիւնը՝ միակ կառոյցը, որ հակառակ բազմաթիւ երկրաշարժներու եւ թշնամիներու աւերիչ ասպատակութիւններու, անվնաս կը մնայ[3]։

ԺԴ. դարուն հիմնական կառոյցներուն հարաւային, արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը կը կառուցուին պարիսպները, ինչպէս նաեւ բնակելի, օժանդակ եւ տնտեսական շէնքեր։ ԺԸ. դարու շինարարական աշխատանքներուն արդիւնք են առաջնորդարանը, վանականներու խուցերը, շտեմարանը, սեղանատունը, խոհանոցը, հացատունը, գինետունը եւ այլն։ Ընդհանուր պարիսպին կից են դպրոցի ուղղանկիւն, թաղածածկ 16 դասասենեակները[3]։

Տաթեւի վանքին պարիսպէն հիւսիս-արեւելք կանգուն է վանքին ձիթհանը։ Անիկա կը բաղկանայ չորս արտագրասենեակներէ, որոնց մաս կը կազմեն գմբէթաւոր կալատունն ու թաղածածկ մամլման բաժինը։ Տաթեւի ձիթհանը Հայաստանի միջնադարեան նոյնատիպ կառոյցներէն ամենալաւ պահպանուածն է ու արժէքաւորը[3]։

Տաթեւի դպրոցը արժէքաւոր է որպէս Հայաստանի ուշ միջնադարու ուսումնական կառոյցի՝ մեզի հասած եզակի օրինակ, զոր կը պատկերացնէ ԺԷ.-ԺԸ. դարերու վանական դպրոցներու ճարտարապետութեան արուեստը[3]։

Ս. Պօղոս-Պետրոս Եկեղեցի

Խմբագրել
 
Տաթեւի վանք, Ս․ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մուտքը

Առաքելոց կամ Կաթողիկէ անունով եկեղեցին, որ նաեւ կը կոչուի Պօղոս-Պետրոս, նուիրուած է երկու առաքեալներուն։ Եկեղեցւոյ շէնքը հաւանաբար կառուցուած է նոյն տեղը, ուր կը գտնուէր հին եկեղեցին։ Կ'ենթադրուի, որ անունն ալ փոխանցուած է անկէ[1]։ Պահպանուած է վանքին արեւմտեան ճակատին վրայի Յովհաննէս Եպիսկոպոսին խաչքարը, որ տաճարին շինարարութեան մասին յատուկ արձանագրութիւն է։

Եկեղեցին ունի պազիլիք (երկար քառանկիւնաձեւ եկեղեցի) յատակագիծ։ Ունի կեդրոնական գմբէթ, որ կը յենի երկու գլխաւոր սիւներու վրայ։ Պատերուն եւ գմբէթին մէջ բարձր ու նեղ լուսամուտներ կան, որոնք կը լուսաւորեն կառոյցին ներսը։ Եկեղեցւոյ վերեւի մասը կառուցուած է հայկական եկեղեցիներու յատուկ կրկնաստիճան թեք տանիքով՝ մեծ սալերով ծածկուած։ Տաճարին պատերը, թէ՛ դուրսէն եւ թէ՛ ներսէն, շարուած են միատեսակ սրբատաշ քարերով[1]։

Տաճարը ճարտարապետական յօրինուածքով արեւմուտքէն արեւելք երկարող ուղղանկիւն դահլիճ է, արեւելեան կողմը խորանով եւ անոր երկու կողմերը գտնուող զոյգ աւանդատուներով։ Արեւելեան ճակատը մասնատուած է խորունկ խորշերով, որոնց վերեւ տեղաւորուած են Աշոտ գահերէց իշխանին եւ անոր կնոջ՝ իշխանուհի Շուշանին դիմաքանդակները։ Անոնց աջ ու ձախ կողմերը, խորշերու պսակներուն մէջ, վիշապ օձերու եւ ուրիշ աւանդական պահապան էակներու քանդակներ են[1]։

930-ին Յակոբ Դուինեցի Եպիսկոպոս Բիւզանդիոնէն Տաթեւ կը հրաւիրէ այն ատենուան յայտնի ֆրանսացի նկարիչներ, որոնք տաճարին պատերը կը զարդարեն որմնանկարներով[5]։ Տաճարին գլխաւոր խորանին վրայ պատկերուած է գահի վրայ նստած Քրիստոսը, աւելի ցած՝ առաքեալներ եւ սուրբեր։ Արեւմտեան պատին վրայ պահպանուած են «Ահեղ Դատաստան»ին մեծ յօրինուածքի մնացորդները, իսկ հիւսիսային պատին՝ Քրիստոսի Ծննդեան նիւթին հետ առնչուող տեսարաններ[3]։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Խմբագրել

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին շինուած է Պօղոս-Պետրոս Եկեղեցւոյ հարաւային պատին կից։ Առաջին եկեղեցին շինուած է 836 - 848 թուականներուն, Սիւնիքի իշխան Փիլիպէի հրամանով եւ նիւթական օժանդակութեամբ[1]։ Եկեղեցին կը նորոգուի ԺԱ. դարու սելճուքեան արշաւանքներէն անմիջապէս ետք. սակայն անիկա դարձեալ կը կործանի 1138-ի երկրաշարժին պատճառով։ Կը վերանորոգուի Հայրապետ Եպիսկոպոսին հրամանով 1295-ին[1]։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին իր շինութեամբ պարզ է, առանց սիւներու կամ խորանի։ Հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն ունի երեք որմնաշէն սիւներ, որոնց վրայ կը յենին տանիքին սալերը կրող կամարները։ Եկեղեցին գմբէթ չունի։

Ս. Աստուածածին Եկեղեցի

Խմբագրել

Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Տաթեւի միակ հին եկեղեցին է։ Կը գտնուի գլխաւոր խումբէն հարաւ-արեւմուտք[1]։ Կը կառուցուի 1087-ին իբրեւ երկրորդ յարկ, մուտքի եւ դամբարանի կամարակապ բարձր ծածկերու վրայ[3]։

1931-ի կործանիչ երկրաշարժէն ետք անիկա կանգուն կը մնայ, սակայն չափազանց վատ վիճակի մէջ։ Կը նորոգուի Ի. Դարուն[1]։

Գաւազան-Սիւն

Խմբագրել

Գաւազան-սիւնը Ս. Երրորդութեան նուիրուած կոթող մըն է, որ գլխաւոր շինութիւններէն հարաւ կը գտնուի։ Կառուցուած է Պօղոս-Պետրոս Եկեղեցւոյ շինութենէն ետք՝ 906-ին[2] ։ Սիւնին վրայ որեւէ արձանագրութիւն չկայ։ Անիկա պահպանուած է գրեթէ իր սկզբնական վիճակին մէջ[1] ։ Սիւնը ութկողմանի է, որմնաշար սալերով պատուած, ունի 9 մեթր բարձրութիւն[7] ։ Սալերէն մի քանին զարդարուած է փորագրութիւններով, որոնք սիւնը կը նմանեցնեն հայրապետական գաւազանի։

Գաւազանը երկրաշարժներու ժամանակ կը ճոճուի եւ դարձեալ կը վերադառնայ իր ուղղահայեաց դիրքին[2] ։

Վանական Աւատականութիւն

Խմբագրել

Տաթեւի վանքը աւատական (ճորտատիրական) կազամակերպութիւն մըն էր[7]։ Իր հիմնադրութենէն շատ չանցած անիկա կը դառնայ նշանաւոր ու ազդեցիկ վանական կեդրոն մը, իր տիրապետութեան տակ ունենալով ընդարձակ տարածքներ եւ բազմաթիւ գիւղեր։ Այս մասին ամենահին յիշատակութիւնը կը գտնենք Ստեփանոս Օրբելեանի «Պատմութիւն նահանգին Սիսական» գործին մէջ, երբ Սիւնեաց իշխան Փիլիպէի որդին Աշոտը կը հաստատէ Տաթեւի սահմաններուն պայմանագիրը[1]։

Հողերու փոխանցումէն ետք, Ծուռաբերդ, Տամալեկ, Աւելադաշտ եւ ուրիշ գիւղերու բնակիչները կը մերժեն եկեղեցիին լիազօրութիւնը եւ կը սկսին իրենց յեղափոխութիւնը վանականներու դէմ։ Այս ըմբոստութիւնը վերջ կը գտնէ 990-ին, երբ Սիւնեաց Վասակ Թագաւորը կը հրկիզէ Ծուռաբերդը։ Կարգ մը պատմաբաններ այս ըմբոստութիւնը կը կապեն Թոնդրակեան աղանդաւորներու ըմբոստութիւններուն, որոնք տեղի կ'ունենան Թ․-ԺԱ․ դարերուն[8]։

Տաթեւի եպիսկոպոսութիւնը կ'ունենայ 47 սեփական գիւղ, իսկ 677 գիւղերէն կը ստանայ տասանորդ[9]։ Տնտեսապէս հզօրանալով, 940 - 950-ական թուականներուն, Յակոբ Եպիսկոպոսի անջատողական ճիգերով կը փորձէ անկախանալ, սակայն Հայոց Կաթողիկոս Անանիա Ա. Մոկացին զայն կը բանադրէ։ Օգտուելով Յակոբ եպիսկոպոսի հեղինակազրկումէն, Գեղարքունիքի, Երնջակի եւ Գողթնի հոգեւոր առաջնորդները կը հրաժարին ճանչնալու Տաթեւի գահակալութիւնը եւ կը հիմնեն առանձին եպիսկոպոսութիւններ, իսկ աշխարհիկ իշխանութիւններ կը տիրանան անոր կալուածներուն[10]։ 958-ին Վահան Եպիսկոպոս (յետագային՝ Հայոց Կաթողիկոս Վահան Ա. Սիւնեցի) կը յաջողի մասամբ վերականգնել Տաթեւի եպիսկոպոսութեան իրաւունքները եւ կալուածները[3]։ Իսկ 1006-ին Յովհաննէս Ե․ եպիսկոպոսը կը յաջողի վերահաստատել Սիւնեաց մետրոպոլիտի իրաւունքները[5]։

Տաթեւի Համալսարան

Խմբագրել

Տաթեւի վանքը նշանակալի դեր կը խաղայ երկրի մշակութային կեանքի զարգացման մէջ։ Այստեղ կը կեդրոնանան հազարաւոր արժէքաւոր ձեռագիրներ, վանքապատկան եւ իշխանական բազմաթիւ վաւերագիրներ ու այլ պայմանագիրներ, որոնց մասին կը յիշատակէ Ստեփանոս Օրբելեանը։ Տաթեւի համալսարանը կը գործէ 1390-էն մինչեւ 1435, ուր ուսուցիչներ կը պատրաստուին Սիւնեաց եւ այլ վայրերու համար։

1340-ական թուականներու սկիզբը՝ Գլաձորի համալսարանի անկումէն ետք, Յովհաննէս Որոտնեցին Վայոց ձորէն կ'անցնի Ծղուկ` Որոտան: Օրբելեան իշխաններու հովանաւորութիւնը ստանալով` ան կը տեղափոխուի Տաթեւ եւ աւելի ամուր հիմերու վրայ կը դնէ կրթական գործը։ Կարճ ժամանակուայ ընթացքին կրթարանը կը վերածուի լիարժէք համալասարանի։ Օգտագործելով Գլաձորի համալսարանի փորձառութիւնը, Որոտնեցին կը կատարելագործէ ուսումնական ծրագիրները, կը կանոնաւորէ նոր աշակերտներու ընդունելութիւնը եւ աստիճանականութիւնը[11]։

Որոտնեցին համալսարանը կը կազմակերպէ երեք լսարաններու. ուսումնատուն ներքին եւ արտաքին գրոց, գրչութեան արուեստի, եւ երաժշտութեան։ Առաջինը կը ներփակէ մարտասիրական եւ հասարակական գիտութիւններու ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս՝ փիլիսոփայութիւն, ճարտասանութիւն, քերականութիւն, գրականութիւն եւ պատմութիւն։ Երկրորդը կը կեդրոնանայ գրչութեան արուեստի, գեղագրութեան, գիրքերու գեղարուեստական ձեւաւորման, մանրանկարչութեան եւ որմնանկարչութեան վրայ, իսկ երրորդը՝ հին երգի եւ երաժշտութեան եւ անոնց տեսութեան[10]։

Գրիգոր Տաթեւացին համալսարանի ներքին կազմակերպուածութիւնը նոր մակարդակի կը բարձրացնէ։ Անոր ղեկավարութեան տարիները կը դառնան Տաթեւի Համալսարանի ամենաբեղմնաւոր ու ծաղկուն շրջանը։ Հոն կը սորվեցնեն հայ գրականութիւն, Հին եւ Նոր Կտակարաններու մեկնութիւն, սուրբ հայրերու գրուածքներ, Պղատոնի, Արիստոտէլի, Փիլոնի եւ Պորփիրի գրուածքները եւ անոնց բացատրութիւնը։ Բացի այդ՝ աշակերտներուն կը վարժեցնեն նաեւ երաժշտութեան, ճառասացութեան եւ գրչութեան արուեստներուն[11]։

Տաթեւի Համալսարանը կը դառնայ ժամանակի ամէնէն մեծ գիտամշակութային կեդրոնը, ուր կ'արձանագրուին համաշխարհային չափանիշով նշանակելի գիտական նուաճումներ։ Անոնք աւելի տպաւորիչ կ'երեւին, երբ նկատի առնենք երկրին քաղաքական վիճակը, երբ օտար բռնակալներու հալածանքներու պատճառով համալսարանը յաճախ ստիպուած կ'ըլլայ թափառական կեանք վարել[11]։

Տաթեւի Համալսարանը կը գլխաւորէ Ունիթոռական (Լատինաբան Միաբանող Եղբայրներու) շարժման դէմ պայքարը, պաշտպանելով ազգային լեզուն, ծէսերն ու դաւանական տեսութիւնները։ Պայքարը չի մնար լոկ գիտական գետնի վրայ, այլ՝ համալսարանի սաները ազգայնական բուռն զգացումով տոքորուած՝ ուժգին հակառակութիւն կը ցուցաբերեն, օգտուելով միւսներուն լոյս ընծայած գիրքերէն[12]։

Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան անկումէն ետք համալսարանի ղեկավարներն ու սաները իրենց ներդրումը կ'ունենան կաթողիկոսական աթոռը Սիսէն Էջմիածին տեղափոխելու գործին մէջ, որ դարաշրջանի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկն է հայոց պատմութեան մէջ[11][12]։

Տաթեւացիի մահէն ետք Տաթեւի Համալսարանը անկում կ'ապրի։ Չնայած համալսարանի նոր ղեկավարներու մեծ ջանքերուն, քաղաքական-տնտեսական անապահով վիճակի յետագայ բարդացման հետեւանքով, Տաթեւը կը սկսի խամրիլ եւ 1434-ին Շահ Ռուխի արշաւանքէն ետք վերջնականապէս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ իբրեւ համալսարան[10][11]։ Տաթեւի մատենադարանը կը գործէ մինչեւ 1912։ Նոյն թուականին 140 ձեռագիր մատեաններ կը փոխադրուին Վաղարշապատ, որոնք այժմ կը պահուին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ[11][12]։

Ազգային Ժառանգ

Խմբագրել
 
Տաթեւին թեւերը

1995-ին Տաթեւը եւ իր շրջակայքը կը դառնան Միացեալ Ազգերու Կրթութեան, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) Համաշխարհային Ժառանգութեան հաւակնող կառոյցներու շարքին[13]։

Ազգային մրցունակութեան հիմնադրաման՝ 2010 թուականի Փետրուարի քննարկման համաձայն, Տաթեւ շրջանին մէջ զբօսաշրջութեան եւ տնտեսական զարգացման համար պիտի վերականգնուին Տաթեւին վանական համալիրը, Մեծ անապատը, համալիրին տարածքի դպրատունը, իսկ Տաթեւ զբօսաշրջային կեդրոնին մէջ հիմնուելու է գիտակրթական համալիր։[14][15] 2010-ին կը կառուցուի 5,7 ք․մ․ երկարութեամբ՝ «Տաթեւի Թեւեր» անունով, աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղին, որ կ'երկարի Հալիձորի գիւղի բարձունքներէն մինչեւ Տաթեւի վանքին պարիսպներուն ստորոտը[2], զուիցերական «Գարաւենտա» ձեռնարկութեան միջոցով։ Այս ծրագիրին իրականացման համար նախատեսուած է 25 միլիոն ԱՄՆ տոլար։[16]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Lusamut
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Տաթեւ գյուղը պատմության էջերում
  3. 3,00 3,01 3,02 3,03 3,04 3,05 3,06 3,07 3,08 3,09 3,10 3,11 3,12 FindArmenia.com
  4. Աբրահամեան Ա. (1988)։ Գլաձորի Համալսարան, Համառոտ Ուրուագիծ։ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Հրատարակչություն, Երեւան 
  5. 5,0 5,1 5,2 Երանգեան Վ. (1996)։ Հայ Լուսաւորութեան Կեդրոններ։ Հորիզոն Հրատարակչատուն, Մոնթրէալ 
  6. Նժդեհ
  7. 7,0 7,1 Tatev Foundation
  8. Armenian Heritage
  9. Խաչատրեան Հայկ (1998)։ Հայաստան Երկիր Ուխտավայր։ Տօնիկեան Հրատարակչատուն, Պէյրութ 
  10. 10,0 10,1 10,2 Սովետական Հայկական Հանրագիտարան։ Երեւան։ 1976 
  11. 11,0 11,1 11,2 11,3 11,4 11,5 Աբեղեան Մ. (2004)։ Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն։ Armenian Catholicosate of Cilicia, Antelias, Lebanon 
  12. 12,0 12,1 12,2 Քիպարեան Հ. Կիւրեղ Վ. (1992)։ Պատմութիւն Հայ Հին Գրականութեան։ Ս. Ղազար, Վենետիկ 
  13. Unesco World Heritage Congress
  14. 20100216_8&flag=am «Հայաստանի Հանրապետություն՝ Աշխարհում ամենաերկար ճոպանուղին կլինի Հայաստանում»։ 2010-02-16։ արտագրուած է՝ 2010-03-11 
  15. «Անկախ՝ Տաթեւի վանք տանող ճոպանուղին կլինի աշխարհում ամենաերկարը»։ 2009-07-14։ արտագրուած է՝ 2010-03-11 [permanent dead link]
  16. 2&com=module&module=static&id= 23 «Տաթեւի վերածնունդ ծրագիր»։ արտագրուած է՝ 2010-03-11 [permanent dead link]