Հալիձոր գիւղ

գիւղ Հայաստանի Սյունիքի մարզին մէջ

Հալիձոր, գիւղ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ, Տաթեւի համայնքին մէջ, կեդրոնէն՝ 69 Քմ հիւսիս-արեւմուտք, Որոտան գետին ձախ ափին։ Բարձրութիւնը ծովու մակերեսէն շուրջ 1300-1350 մ է, հեռաւորութիւնը Գորիս քաղաքէն՝ 23 Քմ։

Գիւղ
Հալիձոր գիւղ
Երկիր Հայաստան
ԲԾՄ 1350 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 551 մարդ (2011)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00

Հալիձոր կառուցուած է 1966-ին եւ մինչեւ 1991 կը գտնուէր Հարժիսի խորհ-տնտեսութեան կազմին մէջ։

Անուան ստուգաբանութիւնը

Խմբագրել

Հալիձոր անունը ծագած է Հաբանդ գաւառի Հալէ, Հալիս կոչուող բնակավայրերու անուանումներէն։ Ժ. դարու սկիզբը իշխանուհի Համազասպուհին Հալիձորը նուիրաբերած է Տաթեւի վանքին, որու կալուածը եղած է մինչեւ ԺԹ. դար։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան 2001-ին կատարած մարդահամարի տուեալներուն՝ գիւղը ունէր 605 բնակիչ[2][3]:

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Բնակչութիւնը կը զբաղի դաշտավարութեամբ, այգեգործութեամբ եւ մեղուաբուծութեամբ։

Պատմամշակութային կառոյցներ

Խմբագրել

Գիւղին մէջ կը գտնուի կանգուն մնացած Ս. Մինաս եկեղեցին՝ կառուցուած 1611-ին, ոչ հեռու՝ Հալիձորի Ս. Աստուածածին կամ «Կուսանաց անապատ» վանքէն։ Գիւղէն 2 Քմ հարաւ-արեւմուտք կը գտնուի նշանաւոր Հարանց Անապատը, շրջակայքը կը գտնուին «Խաչին խութ» կոչուող եկեղեցին, «Պօղոս-Պետրոս» մատուռը, շարք մը գիւղատեղիներ՝ «Հալիձոր», «Կարմիր», «Հայկաշէն», «Հայկատափ», Հալէ, Հին Շենատեղ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ խաչքարերով գերեզմանոցը։ Որոտանի ձախ ափին, այգիներու մէջ պահպանուած է ժայռաբեկորի վրայ կանգնած 1265 արձանագրութիւն մը[4]։

Հասարակական կառոյցներ

Խմբագրել
 
Ակսել Բակունցի թանգարանը Գորիսի մէջ, գծանկարը՝ Լեւոն Լաճիկեանի

Մշակութային հաստատութիւններէն են դրամատիկական թատրոնը, երկրագիտական թանգարանը, Ակսել Բակունցի տուն-թանգարանը, գրադարաններու կեդրոնացած համակարգը եւ ֆիլմադարանը։ Ունի 2 մարզադպրոց, մարզադաշտ եւ 2 շարժապատկերի սրահ։

Կրթութիւն

Խմբագրել

Գորիսը Սիւնիքի մարզին մեծ կրթական ու մշակութային կեդրոններէն է։ Գորիսի մէջ կը գործեն 7 հանրակրթական դպրոց, 4 բուհ, որմէ երկուքը պետական, 2 միջնակարգ մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւն, նախադպրոցական 7 հիմնարկ, 2 երաժշտական եւ մէկ արուեստի դպրոց։

Առողջապահութիւն

Խմբագրել

Գորիսի առողջապահական հաստատութիւններն են՝ «Գորիսի Ռ. Եոլեանի անուան հիւանդանոց», «Գորիսի ատամնաբուժական դարմանատուն», «Գորիսի Ս.Ամիրեանի անուան դարմանատուն» ՓԲԸ-ները, Սիւնիքի մարզային արեան փոխներարկման կայանը, «Ախտաճանաչման բժշկական միաւորում» ԲԲԸ-ի մասնաճիւղը։ Գորիս քաղաքին մէջ կը գործեն 30-է աւելի հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել