Գլաձորի համալսարան
Գլաձորի համալսարան, հայկական միջնադարեան նշանաւոր համալսարաններէն, հիմնուած է 1291-ին Ներսէս Մշեցիի կողմէ` այժմ Վայոց Ձորի մարզի Եղէգնաձորի շրջանի Գլաձոր գիւղը։ Գործած է մինչեւ 1340 թուական:
Գլաձորի համալսարան | |
---|---|
Հիմնադրուած է | 1282 |
Լուծարուած է | 1338 |
Ռեկտոր | Եսայի Նշեցի |
Երկիր | Հայաստան |
Կայք | «Գլաձորի համալսարան» պատմամշակութային արգելոց-թանգարան |
Gladzor University Վիքիպահեստում |
Միջնադարու կրօնական, հասարակական, քաղաքական, փիլիսոփայական, նաեւ ստեղծագործական միտքի զարգացման կեդրոն[1]։
Ժամանակակիցներու կողմէ անուանուած է «Երկրորդ Աթէնք պանծալի», «Մայրաքաղաք իմաստութեան», «Գերահռչակ համալսարան»։
Հոս բարձրագոյն կրթութիւն ստացած են, գործած եւ ստեղծագործած այդ ժամանակի անուանի հայ մտաւորականեր՝ Ներսէս Մշեցի, Եսայի Նչեցի, Յովհաննէս Օրբել, Մխիթար Սասնեցի, Ստեփանոս Տարսայիճ, Յովհաննէս Որոտնեցի, Խաչատուր Կեչառեցի, Թորոս Տարօնացի, Աւագ, Մոմիկ եւ այլք։
Գլաձորի համալսարանի պատմութեան եւ նշանակութեան բազմաթիւ հարցերու ուսումնասիրութեամբ զբաղած են անուանի գիտնականներ՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Գարեգին Յովսէփեան, Լեւոն Խաչիկեան, Ա. Մովսիսեան, Ա. Աւետիսեան, Լեւոն Խաչերեան, Փայլակ Անթապեան, Էմմանուէլ Պիվազեան, Սարգիս Բարխուդարեան, Աշոտ Աբրահամեան, Արտաշէս Մաթեւոսեան, Ի. Ղարիբեան։
1970 - 1971 թուականներուն, Երեւանի պետական համալսարանի հնագիտութեան, աղբիւրագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնի նախաձեռնութեամբ եւ Ի. Ղարիբեանի ղեկավարութեամբ պեղումներ կը կատարուին Վայոց ձորի Ս. Ստեփանոս վանքին մօտակայքը, որուն ընթացքին կը բացուին Գլաձորի համալսարանին հետքերը։
Գլաձոր իբրեւ «Աթէնք պանծալի» կը յիշուի Մատթէոս գրիչին կողմէ 1283 - 1284 թուականներուն Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարանի թիւ 571 ձեռագրին մէջ։ Սակայն, շարք մը յիշատակութիւններ ուսումնական կեդրոնի հիմնադրութիւնը կը կապեն 1279 - 1281 թուականներու ժամանակահատուածին հետ՝ Թանահատի վանքի հիմնադրութեան (1279), ապա նաեւ համալսարանի առաջին ուսուցչապետ Ներսէս Մշեցիի Մշոյ Առաքելոց վանքէն տեղափոխուելու եւ գլաձորեան դպրութեան կեդրոնը հիմնելու թուականին հետ (1280)։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀայաստանի մէջ «համալսարան» բառը կար վաղնջական ժամանակներէ ի վեր։ Բարձրագոյն ուսման հետամտող հայ երիտասարդները օտար հողի վրայ կրթութիւն կը ստանային։ Սակայն, վերադառնալով հայրենիք, անոնք կը ջանային իրենց գիտելիքները կիրարկել, մայր հողին վրայ կրթական օճախներ ստեղծելով։ Կը սորվեցնէին այն գիրքերով, զորս բերած էին իրենց հետ, ինչպէս նաեւ՝ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի եւ անոր դասակից Դաւիթ Անյաղթի ստեղծած գիրքերով, Անանիա Շիրակացիի հանրագիտակով եւ այլն։ Գլաձորի համալսարանը բացուած է մոնկոլ- թաթարներու տիրապետութեան դժնդակ տարիներուն Սիւնեաց նահանգի Վայոց ձորի Գլաձորի կամ Աղբերի վանքին։ Հիմնադիրը Ներսէս Մշեցին էր, որ շնորհաշատ Վարդան Արեւելցիին սանն էր։ Համալսարանը բացուած է 1280-ական թուականներուն եւ գոյատեւած է 60 տարի։ Հայերէնով կատարուած դասաւանդութիւնը սերտօրէն կապուած էր հայրենի մշակոյթին հետ։ Գլաձորի հովանաւորը եղած է Վայոց ձորի նահանգապետ՝ իշխան Պռօշ Խաղբակեանը։ Համալսարանը կը գտնուէր Պռօշի իշխանանիստ Արկղունք աւանին մօտ։ Երբ 1284-ին իր մահկանացուն կնքած է համալասարանի հիմնադիր եւ տնօրէն Ներսէս Մշեցին, Պռօշի յորդորներով տնօրէն դարձած է Եսայի Նչեցին։
Գլաձորի բարձր դպրոցը ունէր երեք լսարան.
- Եկեղեցական եւ աշխարհիկ դպրութեան լսարան,
- Գրչութեան արուեստի լսարան,
- Խազագիտութեան եւ երաժշտութեան լսարան:
Գլաձորի համալսարան կ'ընդունուէին միջնակարգ կրթութիւն ունեցող երիտասարդներ, որոնք 6-7 տարի ուսանելէ ետք, կը պատրաստէին աւարտաճառեր եւ կը պաշտպանէին գիտական աստիճան ունեցողներու առջեւ։
Գլաձոր այդ օրերուն մրցակից չունէր։ Հոն ուսանելու կու գային Հայաստանի հեռաւոր շրջաններէն եւ Կիլիկիայէն։ Հռչակաւոր ուսուցիչներ ունէր. Եսայի Նչեցի, Դաւիթ Սասնեցի, Թորոս Տարօնացի եւ հռչակաւոր գրիչ-նկարիչ ճարտարապետ Մոմիկ։ Յատկապէս մեր միջնադարեան մշակոյթին մէջ ընդունուած է Գլաձոր համալսարանի գրչական մանրանկարչութեան դպրոցը, որ ճանչցուած է իբրեւ ինքնուրոյն հոսանք, ուր կ'իշխէր սեւի եւ ոսկեգոյնի համադրութիւնը։ Գլաձորէն սկզբնաւորուած են նոր դպրոցներ։
Գլաձորի մէջ կրթութիւն ստացած են Ստեփանոս Օրբելեանը, Յովնան Որոտնեցին, Գրիգոր Տաթեւացին, Խաչատուր Կեչառեցին, Յովհաննէս Երզնկացին, Յովհաննէս Արճիշեցին, Մխիթար Սասնեցին եւ այլն։
Գլաձորի մայրամուտէն ետք, Եսայի Նշեցիի աշակերտ Յովնան Որոտնեցի փոխադրուելով Տաթեւի վանք հոն համալսարանական կարգ ու կանոն ստեղծած է։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Գլաձորի համալսարանին մէջ ստեղծուած հայկական մանրանկար
-
Գլաձորի համալսարանի մէջ ստեղծուած հայկական մանրանկար
-
Գլաձորի համալսարանին մէջ ստեղծուած հայկական մանրանկար
-
Գլաձորի համալսարանին մէջ ստեղծուած հայկական մանրանկար
-
Գլաձորի համալսարանին մէջ ստեղծուած հայկական մանրանկար
Ծանօթագտրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Ո՞րն Է «Գլաձոր» Համալսարանի Յաջողութեան Գաղտնիքը - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-10-21
Տե՛ս նաեւ
Խմբագրել- Գլաձոր (եկեղեցի)
- Գլաձորի մանրանկարչութեան դպրոց
- Գլաձորի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկ (Վայոց ձորի մարզ)
- Տաթեւի համալսարան