Վիեննայի Մխիթարեանները

Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւնը Վենետիկի Մխիթարեաններէն բաժնուած ճիւղ մըն է։ Այս բաժանումը տեղի ունեցած է 1733-ին Հ. Աստուածատուր Բաբիկեանին եւ Հ. Մինաս Գասպարեանի գլխաւորութեամբ։ Յետ Թրիեստի մէջ կարճ ատեն մը ապրելու, Նաբոլէոնի կրօնական հալածանքներու ժամանակ կը հեռանան անկէ եւ ապաստան կը գտնեն Վիեննայի մէջ ՝ շնորհիւ Փրանկիսկոս Ա. կայսեր, որ 1811-ին կու տայ անոնց վեղարաւոր կրօնաւորներու խարխուլ վանք մը, ուր անոնք կ՛ամփոփուին ի սկզբան, յետոյ կ՛անցնին նորակառոյց վանքը՝ Արիստակէս Ազարեան աբբայի վարջութեան շրջանին։

Վիեննայի դպրոցին գրական կեանքը կը սկսի գլխաւորապէս 1840-էն ասդին, երբ Ազարեանի ջանքով կը պատրաստուին նոր դէմքեր, ինչպէս՝ Գաթըրճեան, Գարագաշեան եւ Յովնանեան, որոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ դասական հայերէնի խնդիրը։

Դասական հայերէնը սահմանափակում մըն էր Ոսկեդարու լեզուին մէջ՝ որուն նկարագիրը ուսումնասիրեցին անոնք, կազմելով յատուկ բառարան մը՝ բառերու իմաստին, ոճի, ասացուածքի, ածանցումի եւ բարդութիւններու մասնայատուկ ձեւերուն։ Դասական լեզուի այս աշխատանքները նպատակ ունէին Բագրատունեան դպրոցի լեզուին հակադրել Ե. դարու հայերէնը։ Բայց Վիեննական Դպրոցի գրաբարին մէջ պակսեցաւ գեղարուեստական շնորհքը եւ անձնականութիւնը, ըլլալով նիւթական նմանութիւն մը նախնեաց Ե. դարու լեզուին. մինչ Բագրատունիի եւ Հիւմիւզեան եղբայրներու լեզուին վրայ ( որ ճոխ էր միանգամայն, օգտագործելով յաջորդ դարերու լեզուէն առնուած տարրեր), կը ցոլար նկարագիրը իւրաքանչիւր գրողին կամ թարգմանողին։ Վիեննական դպրոցը իր վերստեղծած ոսկեդարեան գրաբարով թարգմանեց նախ Պոսիւէի Տիեզերական պատմութիւնը, որ տպագրուեցաւ 1841-ին իբրեւ մրցակցութիւն Հ. Քերովբէ Ազնաւորեանի «Խօսք ի վէպս ազգաց» տիտղոսով ըրած թարգմանութեան՝ միեւնոյն տարին։

Դասական հայերէնի գլխաւոր մշակները եղան՝ Հ. Յ. Գաթըրճեան, Հ. Մ. Գարագաշեան, Հ. Ղ. Յովնանեան, Հ. Եբրեմ Չագըճեան։ Պատրաստուեցան նաեւ քերականութիւններ՝ Հ. Վ. Չալըխեան «Քերականութիւն հայկազեան լեզուի», Հ. Ղ. Յովնանեանի «Քերակսնութիւն դասական հայերէնի» եւ Հ. Թ. Թոռնեանի «Հատընտիր ընթերցուածք», կը նկատուին հիմնական գործեր։

Մրցակցութեան ոգին մղեց Վիեննական հայերը նաեւ արտադրելու հրատակչական, բանասիրական ու պատմական գործեր։ 1887-ին՝ Այտընեան Աբբայի օրով հիմնուեցաւ «Հանդէս Ամսօրեայ» պաշտօնաթերթը, որ հետզհետէ թօթափելով ժողովրդական նկարագիրը՝ կեդրոնացաւ բանասիրական ուղղութեան վրայ՝ մասնաւորապէս՝ Հ. Գրիգորիս Գալէմքեարեանի, Հ. Գաբրիէլ Մէնէվիշեանի, Հ. Յակոբոս Տաշեանի եւ Հ. Ներսէս Ակինեանի ջանքերով։

«Հանդէս Ամսօրեայ»էն քառասուն տարի առաջ հրատարակած էին աշխարհաբար լեզուով «Եւրոպա» շաբաթաթերթը (1847-էն սկսեալ) Վենետիկի «Բազմավէպ»ին (1843) դէմ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Գրականութեան Նոր Շրջանի Համառօտ Պատմութիւն