Մոնկոլ-թաթարներու Տիրապետութիւնը Հայաստանի Մէջ

Մոնկոլ-թաթարներու տիրապետութիւնը Հայաստանի մէջ հաստատուած է 13-րդ դարու ընթացքին։ Այս մէկը հայոց պատմութեան մեջ կեդրոնասիական ցեղերու երկրորդ յարձակումն էր՝ սելճուք-թուրքերէն ետք (11–րդ դար)։

Մոնկոլներու տիրապետութիւնը Հայաստանի մէջ վերջնականապէս անկում կ'ապրի 14-րդ դարուն, երբ հայկական լեռնաշխարհը դարձած էր թուրքմէնական 2 ցեղախումբերու՝ Կարակոիւնլուներու, ապա՝ Ակկոյունլուներու տիրութեան մէկ մասը։

Զաքարեան իշխանապետութիւն

Խմբագրել

11-րդ դարուն Մերձաւոր Արեւելքը ասպատակած սելճուք թուրքերը կը հիմնեն իրենց սուլթանութիւնները ու ամիրայութիւնները։ 12-րդ դարու ընթացքին վրաց Բագրատունիներու գլխաւորութեամբ, հայ-վրացական բանակը կ'ազատագրէ Արեւելեան Հայաստանը՝ Այրարատ, Գուգարք, Տայք, Սիւնիք եւ Արցախ նահանգները, ինչպէս նաեւ Վասպուրականի ու Ուտիքի մէկ մասը։ Հայկական հողերը վրաց թագավորութեան հովանիին ներքեւ կը միաւորուին եւ կը հիմնադրուի Զաքարեան իշխանապետութիւնը։

Զաքարէ եւ Իվանէ եղբայրները չյաջողեցան վերջնական աւարտին հասցնել Հայաստանի ազատագրութեան գործը։ Ուժեղ հակառակորդները՝ Հայաստանի հարաւը Այուպյանները, իսկ արեւմուտքը՝ Իկոնիայի սելճուքները կեցուցին Զաքարեաններու յետագայ յառաջխաղացքը։

Հայաստանի ազատագրուած շրջանները դժբախտաբար Զաքարեան եղբայրներու օրով չվերածուեցան անկախ հայկական պետութեան եւ մաս կազմեցին Վրացական թագաւորութեան։ Առանձինաբար գործող իշխանութիւնները թոյլ էին եւ ի վիճակի չէին պաշտպանելու իրենց սահմանները թշնամիներու ներխուժումներէն։ Քոչուոր ժողովուրդներու ճնշման դիմագրաւելու մեծ հնարաւորութիւններ չունէր նաեւ Վրաստանը, որ կորսնցուցած էր երբեմնի հզօրութիւնը։ Ուստի քաղաքական թատերաբեմին վրայ յայտնուած մոնկոլները, մէկը միւսի ետեւէն գրաւելով բազմաթիւ երկիրներ, շուտով սպառնացին Հայաստանին[1]։

Մոնկոլներու յառաջխաղացքը

Խմբագրել

Մոնկոլական ցեղերը, որոնք յայտնի էին նաեւ թաթար անուանումով, 10-11-րդ դարերուն քոչուորական կեանք վարած են ներկայիս՝ Մոնկոլիայի տարածքին եւ Արեւելեան Սիբիրի հարաւային շրջաններուն մէջ։ Մոնկոլներու բնակութեան շրջանի բնապատմական պայմանները կը բնորոշէին անոնց տնտեսութեան զարգացման խիստ որոշակի ուղղութիւնը, որպէս քոչուորական անասնապահութիւն։ Առաւել ուժեղ ցեղային միութեան անունով՝ անոնք կոչուած են նաեւ թաթարներ։ Միմեանց դէմ կռուող ցեղերուն միաւորողն ու մոնկոլական կայսրութեան հիմնադիրը Ճէնկիզ խանն էր (1155–1227)։ Անոր ստեղծած տէրութիւնը ներառած է Մոնկոլիան, Սիբիրի հարաւը, Չինաստանի հիւսիսը, միջին Ասիան։ Մայրաքաղաքը Կարակորումն էր (1235)։ Ճէնկիզ խանէն յետոյ մեծ խան ընտրուած որդիին՝ Ուգեդեյի (Հոքաթայ) օրով մոնկոլները արեւելքի մէջ նուաճած են նաեւ Չինաստանի հիւսիսը (1231–1234) եւ պատերազմ սկսած Քորիայի դէմ։[2]։

 
Ճէնկիզ Խան

1236 թուականին մոնկոլական 150 հազարանոց բանակը, Ճէնկիզ խանի թոռ՝ Բաթու խանի գլխաւորութեամբ, ներխուժած է Կամա-Վոլգայի Պուլկարիա, նուաճած զայն, 1237 թուականին կռուած ալաններու, ղփչաղներու եւ Վոլգայի միջին հոսանքի շրջանի ժողովուրդներուն դէմ: 1237–40 թուականներուն նուաճած է Ռուսիոյ իշխանութիւնները։

1241 թուականի գարնան Պաթու խանի հիմնական ուժերը ներխուժած են Հունգարիա, պարտութեան մատնած՝ հունգարական 60 հազարնոց զօրքը։ Մոնկոլական այլ խումբ մը ներխուժած է Լեհաստան, պարտութեան մատնած՝ լեհ-գերմանական աշխարհազօրը։ Արեւելեան Չեխիա ներխուժած մոնկոլական առանձին խումբերը յետ մղուած են, 1241 թուականի վերջը մոնկոլական ամբողջ զօրքը Հունգարիայէն ժամանակակից Աւստրիայի եւ Խորվաթիայի տարածքներով շարժուած է դէպի Ադրիատիկ ծով։ 1242 թուականին, ծովափնեայ ամրոցներու անյաջող պաշարումէն ետք, Պաթու խանը Պոսնիայի, Սերպիայի եւ Պուլկարիոյ տարածքներով նահանջած է Կեդրոնական Եւրոպայէն։ Նոյն թուականի վերջերը մոնկոլները վերադարձած են Վոլգայի ստորին հոսանքի տափաստանները, ուր հիմնած են մոնկոլական տէրութեան արեւմտեան ուլուսը (վարչական միաւոր)՝ Ոսկէ Հորդան (1266-1502)։ Թէեւ ռուսական երկիրները չեն մտած անոր կազմին մեջ, բայց ռուս իշխանները մոնկոլական խաներու հարկատուներն էին եւ անոնցմէ հրովարտակ (յառլիկ) կը ստանային իշխանավարելու համար։

Մանգու (Մունքե) մեծ խանի օրով անոր եղբայր Հուլավուն նուաճած է Իրանը, Միջագետքը (1256), 1258 թուականին՝ Պաղտատը (կործանած է Արաբական խալիֆայութիւնը), ներխուժած՝ Ասորիք։ Մեծ խան Խուբիլայի օրով մոնկոլական արշաւանքները ուղղուած էին Ասիոյ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան երկիրներուն դէմ։ Դեռեւս 1253 թուականին մոնկոլները գրաւած էին Տիբեթը։


 
Մոնկոլական կայսրութիւն

1267–1279 թուականներուն անոնք նուաճած են Հարաւային Չինաստանը, մինչեւ 1273 թուականը՝ Քորիայի տարածքի մեծ մասը, 1274 եւ 1281 թուականներուն երկու անյաջող արշաւանք ձեռնարկած՝ Ճափոնի դէմ։ Մոնկոլական եւ չինական զօրքերը 1277, 1282, 1287 թուականներու արշաւանքներէն ետք գրաւած են Բիրման, սակայն 1291 թուականին վտարուած են այնտեղէն։ Մոնկոլա-չինական զօրքի եւ նաւատորմի բազմաթիւ յարձակումները Վիեթնամի վրայ (1257–58, 1284–85, 1287–88 թուականներ) անյաջողութեան մատնուած են։

1300 թուականին Բիրմայի կատարած արշաւանքով վերջացած են մոնկոլական նուաճումները, որոնք ուղեկցուած էին բնակչութեան զանգուածային կոտորածներով, աւարառութեամբ, քաղաքներու ու գիւղերու ամայացմամբ, մշակութային արժէքներու ոչնչացմամբ։ 1368 թուականին մոնկոլները վտարուած են Չինաստանէն։ 14-րդ դարու երկրորդ կիսուն վերացուած է մոնկոլական տիրապետութիւնը Իրանի, Անդրկովկասի եւ Միջին Ասիոյ մէջ։ 14-րդ դարու վերջին քառորդին Մոնկոլական կայսրութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ։

Մոնկոլները Հայաստանի մէջ

Խմբագրել

Մոնկոլ-թաթարներու տիրապետութեան ժամանակաշրջանին 13-րդ դարու 2-րդ տասնամեակին մոնկոլ-թաթարական հորդաները, նուաճելով Միջին Ասիան եւ Իրանի հիւսիսային սարահարթերը, 1220-1221 թուականի ձմրան Ջեբէ-Նոյոնի եւ Սուբեդեյ Բահաթուրի գլխաւորութեամբ հետախուզական արշաւանքներ կատարած են Հայաստան ու Այսրկովկաս։ 1220 թուականին 20 հազարնոց մոնկոլական յառաջապահ հեծեալ բանակը մտաւ Հայաստան։ Մոնկոլներն արդէն կը մօտենային վրաց մայրաքաղաք Տփղիսի (Թիֆլիսի) մատոյցներուն, երբ անոնց դէմ ելան հայ-վրացական զօրքերը՝ վրաց թագաւոր Գէորգի Լաշայի (1191–1223) եւ Իվաէ Աթաբեկի գլխաւորութեամբ։ Դարան մտած մոնկոլական զօրամասը ճակատամարտի թէժ պահուն հարուածեց թիկունքէն եւ վճռեց մարտի ելքը։ Մոնկոլները շրջապատեցին հայ-վրացական բանակը եւ յաղթանակ տարած՝ վերադարձան։

 

1236–1245 թուականներուն մոնկոլական զօրքերը գրաւած են Այսրկովկասը, Հայաստանը, Փոքր Ասիան՝ բացի Կիլիկիոյ հայկական պետութեան եւ Նիկիայի կայսրութեան տարածքներէն։

1236 թուականի ամրան մոնկոլ-թաթարներու 30 հազարնոց բանակը ներխուժեց Զաքարեան իշխանապետութիւն։ Զօրքերուն կ'ուղեկցէին բազմաթիւ քոչուոր ցեղեր՝ իրենց անասուններով, ընտանիքներով եւ ունեցուածքով։ Հայաստանի մէջ իշխաններէն իւրաքանչիւրը քաշուած էր իր տոհմական ամրոցը եւ կը մտածէր միայն սեփական կալուածներու պաշտպանութեան մասին։ Բաժնուելով առանձին զօրամասերու՝ մոնկոլները շարժեցան դէպի երկրի տարբեր գաւառներ։ Հայ իշխաններու մեծ մասը փախաւ Վրաստան, իսկ միւսները հպատակեցան մոնկոլներուն եւ պահպանեցին իրենց տիրոյթները։

Քոչուոր մոնկոլներու ճանապարհին ինկած փոքր քաղաքները գրաւելէն ետք, անոնք պաշարեցին քաղաքամայր Անին։ Ռամիկները յարձակեցան եւ սպաննեցին մոնկոլներու պատուիրակները։ Թշնամին ի գործ դրաւ պաշարողական մեքենաները եւ քանդեց քաղաքի պարիսպները։ Մոնկոլները ներխուժեցին քաղաք եւ կոտորեցին մեծ թիւով անեցիներ։ Կենդանի մնացած բնակիչներու մեծ մասը՝ արհեստաւորներ, կանայք եւ մանուկներ, ստրկութեան վաճառուեցան։ Անիի ճակատագրին արժանացան Դուինը, Կարսը, Արմաւիրը եւ այլ քաղաքներ։

Մոնկոլ-թաթարները 1242-1245 թուականներուն Պաչուի ղեկավարութեամբ գրաւած են Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան նահանգները, որոնք կը պատկանէին Իկոնիայի սելճուքեան սուլթանութեան։ Սահմանագլխուն անոնք պաշարեցին Կարին քաղաքը, ուր ապաստանած էր գաւառի ամբողջ բնակչութիւնը։ Մոնկոլներու հրամանով պաշարողներու առաջին շարքին վրայ կը կռուէին եւ մեծաթիւ զոհեր կու տային հայկական եւ վրացական զօրքերը։ Երկու ամիս ետք միայն մոնկոլները ներխուժեցին քաղաք եւ կոտորեցին բնակչութիւնը։ 1244 թուականին գրաւուեցան նաեւ Վասպուրականը, Տարօնը, Սասունը:

 
Կիլիկիոյ Հեթում թագաւոր եւ Զապէլ թագուհի

Վարչական բաժինին մէջ

Խմբագրել

Վիլայէթները կազմուած էին ռազմավարչական առաւել փոքր միաւորներէն՝ թումաններէն։ Հայաստանի տարածքը սկզբնապէս մտցուած է Ատրպատականի կուսակալութեան մեջ, որ բաժնուած էր վարչատնտեսական 5 միաւորի՝ վիլայէթներու՝

Արեւելեան Վրաստանի թագաւորութիւն եւ Զաքարեաններու աւատ, իշխանութիւն (Այրարատ, Սիւնիք, Գուգարք) կոչուած է Կիւրճիստանի վիլայէթ. Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանները կը ներառէին Կիւրճիստանի վիլայէթի 8 թումանէ, 3-ը այստեղ կառավարած են Զաքարեան տոհմի իշխանները, որոնք համարուած են մոնկոլներու պետութեան աւատառուներ եւ վարչական կառոյցի պաշտոնեաներ։

  1. Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան նահանգները՝ «Մեծ Հայքի» վիլայէթ. արօտավայրերով հարուստ նահանգները դարձած են մոնկոլներու ամարանոցներ ու ձմեռանոցներ եւ որպէս բաժնեկալուածք տրուած՝ մոնկոլ աւագանիին։ Միւս նահանգներու տարածքներուն մէկ մասը պետականացուած է, մասն մըն ալ շնորհուած է խանական տան անդամներուն։ Հայկական նախկին իշխանութիւններէն բեկորներ պահպանուած են Սասնոյ, Մոկքի, Ռշտունիքի (Թոռնիկեաններ, Արծրունիներ), որոնք, ճանչնալով մոնկոլներու գերիշխանութիւնը, պահպանած են իրենց ինքնուրոյնութիւնը։
  2. Շիրվան՝ Աղուանք
  3. Առան եւ Մուղան՝ Կուր գետի հովիտ
  4. Ատրպատական
  5. Հուլավուներու մայրաքաղաքը նախ Մարաղան էր, ապա՝ Թավրիզը։ Իշխանութեան կազմին մէջ էին Ատրպատականը, Պարսկաստանը, Վրաստանը եւ Իրաքը։
 
Հասան Ջալալեաններու դրօշը

Բռնագրաւուած երկիրները տնտեսապէս նուաճելու եւ տեղական խոշոր աւատատէրերու տնտեսական հզօրութիւնը թուլացնելու նպատակով, մոնկոլ-թաթարները 1252-1259 թուականներուն ողջ կայսրութեան մէջ (Հայաստանի մէջ՝ 1254 թուականին) արձանագրած են աշխարհագիր։ Մինչեւ Ղազանխանի (1259-1304 թուականներուն) բարեփոխումները, գոյութիւն չէ ունեցած միասնական հարկման չափ, որ կամայականութիւններու ու չարաշահումներու տեղիք տուած են։ Հայաստանի վիճակը վատթարացած է 14-րդ դարու սկզիբը, երբ մոնկոլները ընդունած են մահմետականութիւնը եւ ուժեղացուցած կրօնական ու հարկային ճնշումները։ Հայկական իշխանութիւններու՝ Զաքարեաններու, Վաչուտեաններու, Խաղբակեան-Պռոշեաններու, Օրբելեաններու, Արծրունիներու, Հասան-Ջալալեաններու եւ միւսներու դերը 14-րդ դարու սկիզբէն քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մէջ զգալիօրէն թուլցած է։

Անկում

Խմբագրել

Հայ իշխանի տուները սկսած են քայքայուիլ՝ իրենց տեղը աստիճանաբար զիջելով վաչկատուն վերնախաւին։ Ստեղծուած իրավիճակէն փրկուելու համար հազարաւոր հայեր տարագրուած են հայրենիքէն։ Երբեմնի բարգաւաճ քաղաքները՝ Անին, Կարսը, Դուինը եւ այլն, 13-րդ դարու 1-ին կիսուն վերածուած են գիւղերու, քայքայուած են քաղաքային կեանքն ու արհեստագործութիւնը։ Հայ եւ վրաց իշխանները 2 անգամ (1249, 1259-1261 թուականներուն) ապստամբած են մոնկոլական լուծը թօթափելու համար, սակայն անյաջող։

Կիլիկեան Հայաստան

Խմբագրել

Մոնկոլները դաժան հաշուեյարդար տեսած են ապստամբներու եւ անոնց ղեկավարներու՝ հայ իշխաններ Զաքարէ Զաքարեանի, Հասան-Ջալալ Դոլայի, Վրաց Գոնդա թագուհիի եւ ուրիշներու հետ։ 13-րդ դարու 90-ական թուականներէն իշխանութեան մէջ սկսած է քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամ, իսկ 1344 թուականին ան դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Հայաստանը ինկած է հակամարտող մոնկոլ տիրակալներու (Չոբանեաններ, Ջելաիրեաններ եւ այլն) իշխանութեան տակ։

Մոնկոլ-թաթարական քոչւոր, աւատատիրական տնտեսաձեւի տիրապետութիւնը տեւական կասեցուցած է Հայաստանի տնտեսական եւ մշակութային զարգացումը։ Մոնկոլներու մասին եզակի տեղեկութիւններ կը հաղորդէ պատմիչ Կիրակոս Գանձակեցին։ 1236 թուականին մոնկոլները գերած են պատմագիրը, որ անոնց բանակին մէջ եղած է թարգմանիչ ու գրագիր։

1255 թուականին Նիգ գաւառի Վարդենիս գիւղին մէջ Գանձակեցին հանդիպած է քիւրտ իշխանի տան մէջ իջեւանած Կիլիկիոյ հայոց թագաւոր Հեթում Ա.-ին եւ գրառած անոր յայտնած տեղեկութիւնները։ Հեթում Ա.-ը կը վերադառնար Կարակորումէն, ուր Մանգու մեծ խանի հետ կնքած էր (1254 թուական) հայ-մոնկոլական դաշինք։

14-րդ դարու սկիզբը ակնյայտ դարձաւ, որ մոնկոլական պետութիւնը արագօրէն դէպի կործանում կ'երթար։ Յաճախակի դարձան գահակալական արիւնահեղ ընդհարումները, կեդրոնական իշխանութեան դէմ ուղղուած խռովութիւնները։ Կը շարունակուէր պետութեան տնտեսական կեանքի քայքայումը, անկում կ'ապրէին քաղաքները։ 14-րդ դարու կէսերուն մոնկոլական միասնական պետութիւնը արդէն փլուզուած էր եւ անոր փլատակներուն վրայ առաջացած էին բազմաթիւ անկախ իշխանութիւններ։ Ստեղծուած քաղաքական ու տնտեսական քաոսի պայմաններուն մէջ խիստ ծանրացած էր բնակչութեան դրութիւնը։

 
Կիլիկեան Հայաստան

Քրիստոնեաներուն նկատմամբ երբեմնի հանդուրժողական քաղաքականութիւնը այս շրջանին փոխարինուեցաւ հալածանքներով։ Կը քանդուէին հայկական եկեղեցիները, հայերէն կը սպասէին իսլամութիւնը ընդունիլ։ Մոնկոլները, արաբներու եւ սելճուք-թուրքերու նման, սկսան քրիստոնեաներէն նոյնիսկ գլխահարկ գանձել։ Խանի հրամանով բոլոր քրիստոնեաները պարտաւոր էին յատուկ նշան կրել։

Դեռեւս մոնկոլական նուաճումներու շրջանին Հայաստան տեղափոխուած էին բազմաթիւ թուրքմէն ցեղեր, որոնք էապէս կը համալրէին մոնկոլական բանակը։ Անոնց տեղաշարժը դէպի Հայաստան շարունակուեցաւ մոնկոլական տիրապետութեան ընթացքին, իսկ մոնկոլական պետութեան կործանումէն յետոյ աւելի զօրացաւ։ Թուրքմէնները, որոնք սելճուք-թիւրքերուն ազգակից էին, հաստատուեցան Հայաստանի աւերուած ու ամայացած շրջաններուն մէջ եւ տեղական իշխողներէն խլեցին իշխանութիւնը։

Թուրքմէնական ցեղախումբերէն կարա-կոյունլուները բռնութեամբ տիրացան երկրի կեդրոնական շրջաններուն եւ խոշոր զինական ուժ ունենալով, աշխոյժ կը միջամտէին անգամ մոնկոլական պետութեան մէջ ծաւալուած գահակալական կռիւներուն։ Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան մասերուն մէջ հաստատուեցան անոնց մշտական հակառակորդ ակ-կոյունլուները։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Մոնղոլների հայտնվելը Հայաստանում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-08-28-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-20 
  2. «Մոնղոլները Հայաստանում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-08-28-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-20 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։