Գարեգին Ա. Յովսէփեան
Գարեգին Ա. Յովսէփեան (17 Դեկտեմբեր 1867[1], Մաղավուզ, Ջևանշիրի գավառ[1] - 21 Յունիս 1952[1], Անթիլիաս, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան[1]), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, նշանաւոր հայագէտ, արուեստաբան։ Գերմանիոյ Լայփցիկ քաղաքի համալսարանի իմաստասիրութեան տոքթոր։
Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեան | |
Ընդհանուր տեղեկութիւններ | |
Գահակալութիւն | {{{Գահակալութիւն}}} |
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներ |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է հին Արցախի, Ջրաբերդ գաւառի, Մաղաւուղ գիւղը: Ան Վարպետ Կարապետի վեց զաւակներէն մէկն էր: Իր մանկութեան տարիներուն մասին յետագային ապագայ գործիչը գրած է.
Հայրս գիւղական առաջնակարգ երաժիշտ էր, բնաւորութեամբ վերին աստիճանի մեղմ էր ու քաղցր, երբեք իմ վրաս չէ բարկացած:
Սկզբնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ: Մօր հօրեղբայրը, որ Գանձասարի միաբան Անտոն Վարդապետն էր, հոգ տարած է, որ ան ուսում ստանայ:
Անտոն Վարդապետ զինք տարած է Ամարասի վանք, այնտեղէն ալ՝ Շուշիի հայոց թեմական հոգեւոր դպրոց: Այստեղ նիւթական դժուարութիւններու հանդիպելով՝ Գարեգին Յովսէփեան կրկին գիւղ վերադառնալով, կարճ ժամանակի ընթացքին, սորված է գիտելիքներ եւ դասաւանդած՝ բակի երախաներուն:
Ապա՝ Գէորգ Զ. Կաթողիկոսին հետ հանդիպելէ ետք, Անտոն Վարդապետ նամակ մը յղած է ծնողքին, որպէսզի որդին Սուրբ Էջմիածին ճամբեն եւ 1882 թուականին ան ընդունուած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան:
Գարեգին Յովսէփեանի հետ այդ տարիներուն Ճեմարանի մէջ ուսանած են նաեւ՝ Մանուկ Աբեղեան, Լեւոն Շանթ, Աւետիք Իսահակեան, Կոմիտաս եւ ուրիշներ: Այստեղ ան վեց տարի ետք ձեռնադրուած է սարկաւագ։
Գործունէութիւն
Խմբագրել1890 թուականին աւարտած է Գէորգեան Ճեմարանը, այդ շրջանին ան Մանուկ Աբեղեանի հետ շրջած է Հայաստանի գիւղերը, բանահաւաքութիւն կատարած է, եւ մէկ գիրքի մէջ հաւաքած է «Սասունցի Դաւիթ» առասպելի չորս պատում եւ այլ բանահիւսական նիւթեր:
Երկու տարի անց քանի մը սարկաւագներու հետ (որոնց մէջ էր նաեւ Գէորգ սարկաւագը, յետագային՝ Գէորգ Զ. Կաթողիկոս) մեկնած է Գերմանիա եւ Լայփցիկի, Պերլինի եւ Հալլէի համալսարաններուն մէջ խորացուցած է իր աստուածաբանական եւ իմաստասիրական գիտելիքները։ Այդ տարիներուն ան զբաղած է նաեւ հիւանդախնամութեամբ, եւ յօդուածաշքարեր գրած է աղքատներու խնամքը նիւթին մասին:
1897 թուականին Լայփցիկի համալսարանին մէջ ստացած է իմաստասիրական տոքթորի աստիճան՝ ներկայացնելով «Միակամութեան ծագումը» թէզը։
1897 թուականին վերադարձած է Սուրբ Էջմիածին, Խրիմեան Հայրիկի տնօրինումով ձեռնադրուած է աբեղայ, Ճեմարանին մէջ նշանակուած է Հայ մատենագրութիւն եւ Աստուածաբանութիւն առարկաներու դասախօս: Սակայն առողջական պատճառներով դադրեցուցած է աշխատանքը:
1898 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան։
1899 թուականին տպագրուած է անոր Մխիթար Սասնեցիին եւ Խոսրովիկ Թարգմանիչին նուիրուած արժէքաւոր աշխատութիւնը, շուտով նշանակուած է Վիրահայոց առաջնորդական փոխանորդ, ապա՝ Երեւանի թեմական դպրոցներու տեսուչ։
1915-1917 թուականներուն ան կրկին նշանակուած է Ճեմարանի տեսուչ, զբաղած է նաեւ Սուրբ Էջմիածին եկող հայ գաղթականներու խնամքով, եւ անոնց հետ շփումի ժամանակ վարակուած է ժանտատենդով, որուն հետեւանքները կրած է ամբողջ կեանքին ընթացքին:
1918 թուականի գարնան, Կարսի մէջ յայտնուած Գարեգին Յովսէփեան կրցած է կանխել քաղաքի հայ բնակչութեան կոտորումը:
1920 թուականին, երբ կը բացուի Երեւանի համալսարանը, Գարեգին Եպիսկոպոս կը դառնայ հայ արուեստի եւ հնագիտութեան բաժիններու ուսուցչապետ, մինչ այդ արդէն ստեղծած էր Հայաստանի հնութիւններու պահպանման կոմիտէն:
1925 թուականին ան ստացած է արքութեան պատիւ, երկու տարի անց ընտրուած է՝ Ռուսաստանի, Խրիմի, Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ[2]։
Աշխատութիւններ
Խմբագրել1902 թուականին հրատարակած է «Սասնայ ծռեր. Սասունցի Դաւիթ» ժողովրդական վէպի երկու տարբերակները» ու «Փշրանքներ ժողովրդական բանահիւսութենէն» գիրքերը, աւելի ուշ՝ «Ռոստամ Զալ։ Ժողովրդական վէպ» հետազօտութիւնը։
1913 թուականին Գարեգին Յովսէփեանի անունով հրատարակուած է՝ «Գրչութեան արուեստը հին հայոց մէջ» աշխատութիւնը, իսկ մէկ տարի ետք լոյս տեսած է Թովմա Մեծոփեցիին նուիրուած ուսումնասիրութիւնը։
1921 թուականին հրատարակած է «Բանբեր» ժողովածոն։
Ուշագրաւ են հայկական վանքերու դռներու փայտեայ փորագրութիւններու արուեստին նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնները: Այդ շարքէն են՝ «Սեւանայ Առաքելոց վանքի հարաւային դուռը» (1932) եւ «Մշոյ Առաքելոց վանքի դուռը» (1937) յօդուածները, հայ արուեստի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող բազմաթիւ գործերը: Այդ բնոյթի ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են 1935 թուականին հրատարակուած՝ «Նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ հայ արուեստի պատմութեան» շարքին մէջ:
Կաթողիկոսի ջանքերով հաւաքուած է նաեւ մինչեւ 1250 թուական գրուած ձեռագիրներու 459 յիշատակարան, 1951 թուականին հրատարակած է «Յիշատակարանք ձեռագրաց» բացառիկ նշանակութիւն ունեցող հատորը[3]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ «ԳԱՐԵԳԻՆ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՅՈՎՍԷՓԵՓԱՆ»։ ysu.am։ արտագրուած է՝ 2023-03-15
- ↑ «ԱՐՑԱԽՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-15