Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան (աստուածաբանական համալսարան), Հայաստանի մէջ հիմնուած եւ մինչեւ օրս գործող ամէնէն հին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը։ Հիմնադրուած է 1874-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տաճարի կողքին։
Պատմութիւն
Խմբագրել- 1866-ին, Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի կաթողիկոսը Ռուսիոյ Ալեքսանդր Բ. կայսրին հանդիպելով, արտօնութիւն կը ստանայ հիմնադրելու հոգեւոր կրթական հաստատութիւն մը։
- Ճեմարանի շինարարութիւնը կը սկսի 25 Մայիս 1869-ին, իսկ բացումը կը կատարուի 28 Սեպտեմբեր 1874-ին։ Նոյն թուականին Ռուսիոյ Լուսաւորութեան նախարարութեան վաւերացուցած կանոնադրութեամբ, ճեմարանը կ'ունենայ երկու բաժին՝ դասարանային՝ վեցամեայ եւ լսարանային՝ եռամեայ ծրագիրով, որ պիտի տար հոգեւոր բարձրագոյն կրթութիւն։
- 1882-ին, երբ ճեմարանին կը միանայ Էջմիածնի ժառանգաւորաց դպրոցը, կը կոչուի Ժառանգաւորաց հոգեւոր ճեմարան։ Յետագային հիմնադիրին անունով կը վերանուանուի Գէորգեան ճեմարան։
Հակառակ գործադրուած ջանքերուն, Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցիի օրով շրջանաւարտներէն ոչ մէկը կուսակրօն հոգեւորական կը դառնայ։ Ճեմարանին մէջ աւելի շատ կ'իշխէր աշխարհիկ ոգին։ Ճեմարանի առաքելութիւնը նպատակաուղղելու գործին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ Մակար Ա. Թեղուտցին, որ կը կազմակերպէ ուսուցչական կազմը, հրաւիրելով Ա. Նահապետեանը, Ա. Մանտինեանը, Փ. Վարդանեանը, Ստեփան Պալասանեանը, Մ. Պալեանը եւ Մաղաքիա Օրմանեանը, որ աստուածաբանական նիւթերու ուսուցիչ կը նշանակուի։ Անոր ջանքերով, 1888-ին, չորս շրջանաւարտներ առաջին անգամ կը ձեռնադրուին կուսակրօն հոգեւորականներ։
Ճեմարանը կը ջամբէ բազմակողմանի ընդհանուր կրթութիւն։ Դպրոցական բաժնին մէջ կը դասաւանդուին հայոց պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, ընդհանուր պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, հայ մատենագրութիւն, հայոց եւ օտար լեզուներ (ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն), բնագիտութիւն, տիեզերագիտութիւն, թուաբանութիւն, Ս. Գիրք, եկեղեցական երաժշտութիւն, տրամաբանութիւն եւ այլն։ Լսարանական բաժնին մէջ կը դասաւանդուին հայոց լեզու (աշխարհաբար եւ գրաբար՝ քննական), հայոց պատմութիւն, եկեղեցական մատենագրութիւն, հայ գրականութիւն, ընդհանուր եւրոպական գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, քաղաքատնտեսութիւն, Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ եկեղեցական իրաւունք, ծիսագիտութիւն, հին յունարէն եւայլն։
Նախապէս, շրջանաւարտները կը ներկայացնէին աւարտաճառ մը, զոր կը պաշտպանէին քննական յանձնաժողովին առջեւ, այնուհետեւ անոնք կը ձեռնադրուէին կամ ալ իրենց ուսումը կը շարունակէին՝ ռուսական եւ եւրոպական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ։
Տարբեր տարիներ Ճեմարանի մէջ դասախօսած են Մանուկ Աբեղեան, Հրաչեայ Աճառեան, Եղիշէ Թադէոսեան, Լէօ, Ստեփան Լիսիցեան, Քրիստափոր Կարա-Մուրզա, Կոմիտաս, Կարապետ Կոստանեանց, Սէթ Յարութիւնեան, Աշոտ Յովհաննիսեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Յակոբ Մանանդեան, Մեսրոպ արք. Տէր Մովսիսեան (Մագիստրոս) եւ ուրիշներ։ Դասախօսներու մէկ մասը Ճեմարանի նախկին սաներն էին։
Ճեմարանին մէջ մշակուած են հայկական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրները, կազմուած՝ դասագիրքեր ու ձեռնարկներ, գրուած՝ պատմագիտական, բանասիրական, մանկավարժական ու աստուածաբանական բնոյթի բազմաթիւ երկեր, որոնցմէ շատերը հայագիտութեան մնայուն արժէքներ են։ Աւելի քան 50 տարի Անդրկովկասի հայկական դպրոցներու ուսուցչական կազմը համալրուած է ճեմարանի շրջանաւարտներով։
- 1917-ի վերջերուն, քաղաքական ու ռազմական անբարենպաստ պայմաններու հետեւանքով, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսի որոշումով, ճեմարանը 21 Դեկտեմբերին ժամանակաւոր կերպով կը դադրեցնէ դասընթացքները եւ շէնքը կը տրամադրուի զինուորական հրամանատարութեան։
- 1919–1920-ին փորձեր կը կատարուին Գէորգեան ճեմարանի դռները դարձեալ բանալու ուղղութեամբ, սակայն ապարդիւն։
Ճեմարանի դասախօսները կարեւոր դեր կը խաղան Հայաստանի համալսարանի ստեղծման գործին մէջ։ Ճեմարանի գրադարանի եզակի եւ հարուստ հաւաքածոն (45 հազար գիրք) կը դառնայ Ազգային գրադարանի եւ Մատենադարանի հիմնարար ֆոնտերէն։
- Ի դարու սկիզբը Ճեմարանը կ'ունենայ 230 ձրիավարժ եւ 20 թոշակաւոր սաներ։ Ճեմարանը կը պահուի Էջմիածնի վանքի եկամուտներուն, ընդհանուր հանգանակութիւններու, նուիրատուութիւններու ու կտակներու միջոցով։ Վերատեսուչը կաթողիկոսն է, որ գործերը կը վարէ ուսումնական խորհուրդի եւ տեսուչի մը գործակցութեամբ։
Ճեմարանի տեսուչներ եղած են՝ Խորէն եպս. Գալֆայեան, Գաբրիէլ եպս. Այվազովսկի, Արշակ վրդ. Նահապետեանց, Սարգիս եպս. Գասպարեանը, Կարապետ Կոստանեանց, Կարապետ վրդ. Տէր Մկրտչեան, Գարեգին վրդ. Յովսէփեան, Մեսրոպ արք. Տէր Մովսիսեան, Մ. Պէրպէրեան, Բագրատ եպս. Վարդազարեան եւ ուրիշներ։
- 1 Նոյեմբեր 1945-ին, Գէորգ Զ. Չորեքչեանի ջանքերով, կը բացուի Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը, որ աւելի համեստ շրջանակներու մէջ կը շարունակէ ճեմարանի աւանդոյթները։
- 1995-ին Ճեմարանի շէնքը իբրեւ սեփականութիւն կը վերադառնայ Մայր Աթոռին եւ 1996–1997-ին հիմնովին կը վերանորոգուի։
- 1997–1998 ուսումնական տարեշրջանի շեմին, տեղի կ'ունենայ ճեմարանի վերաբացման հանդիսութիւնը։
- 1999–էն սկսեալ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ նոր ու հիմնարար կազմակերպչական աշխատանքներ կը կատարուին։
Կ'աւելնայ նոր ընդունուող սաներու թիւը՝ միաժամանակ բարձրացնելով տեսչութեան ու դասախօսական կազմին պատասխանատուութիւնը։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրամանով եւ անմիջական մասնակցութեամբ հիմնարար փոփոխութիւններ կը կատարուին ուսումնական ծրագիրներուն մէջ։ Լաւագոյն եւ բարձր մակարդակով դասաւանդումը ապահովելու համար ճեմարան կը հրաւիրուին քանի մը մասնագէտներ՝ դոկտոր-դասախօսներ եւ գիտութեան թեկնածուներ։
- 2001-2002 ուսումնական տարեշրջանին հոգեւոր ճեմարանը կը ստանայ բարձրագոյն կրօնական հաստատութեան կարգավիճակ։
Նկատի առնելով ուսումնական ծրագիրներու թարմացումն ու հարստացումը, ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին շնորհած է աստուածաբանական համալսարանի կարգավիճակ։ Անոր համակարգին մէջ բացի ճեմարանէն կը ներառնուին Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցը եւ Հառիճի ընծայարանը:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին առաքելութիւնը
ԽմբագրելՃեմարանը իւրայատուկ հաստատութիւն մըն է, որու սաները ամէն օր հնարաւորութիւն ունին առնչուելու Մայր Աթոռի հոգեւոր զօրութեան ու ոգեշնչուելով մեր եկեղեցւոյ հայրերու ժառանգութեամբ, կերտուելու որպէս ապագայ սպասաւորներ Տիրոջ անդաստանին: Իւրաքանչիւր սան կը դառնայ զաւակը այն տեսիլքին, որմով հիմնուած է Միածնաէջ լուսոյ խորանը, եւ, միախառնուելով հոնկէ ճառագայթող լոյսին, կը լուսաւորուի` սպասաւորելու Մայր Եկեղեցւոյ ու հայ ազգին[1]: Հոգեւոր ճեմարանի գործունէութիւնը կը նպատակադրէ արժանաւոր հոգեւորականներ դաստիարակել: Գիտելիքներու կողքին, սաներուն մէջ կամք եւ տեսիլք կը ցանէ, որպէսզի եկեղեցական կեանքէն ներս մուտք գործելով, պատրաստ ըլլան շարունակելու առաքելաշաւիղ հայրերու նուիրեալ ու լուսաւոր առաքելութիւնը եւ փառքի նոր էջեր աւելցնեն Հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաներուն համար ստեղծուած պայմաններ
Խմբագրել«Գէորգեան ճեմարանէն ներս ուսումը անվճար է, սաներուն ծախսերն ու կարիքներն կը հոգայ Մայր աթոռը՝ ապագային ազգային գաղափարներուն նուիրեալ զինուորներ ունենալու համար»: Ուսուցման ընթացքը վանական սկզբունքով է, ուսանողները կ'ապրին կացարանային ընտիր պայմաններու մէջ, ներառելով սնունդ, հագուստ, բուժսպասարկում: Սաները կ'ապրին մշակութային բուռն կեանք մը, յարաբերութիւններ կը հաստատեն վաստակաշատ արուեստագէտներու հետ եւ այս բոլորին նպատակը մէկ է՝ հայեցի, ազգային կրթութիւն ստանալը[2]: Ճեմարանը լծուած է մեծ առաքելութեան մը՝ պատրաստելու ուսեալ, հոգեւոր ու հաւատքով ուժեղ հոգեւորականներ:
Ճեմարանի շրջափակը
ԽմբագրելՃեմարանի շրջափակին մաս կը կազմէ Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցին: Մինչեւ այս եկեղեցւոյ կառուցումը ճեմարանցիները պատարագներու եւ ժամերգութիւններու կը մասնկացէին Մայր Տաճարին մէջ եւ հնարաւորութիւն չէին ունենար ամբողջութեամբ ներգրաւուելու ծիսական կեանքին մէջ։ Այդ ամէնը պատճառ կը դառնար որ անոնք ծէսին քաջատեղեակ չըլլային: Այս խնդիրները կը մտահոգէին Հայրապետը: Վերջինս կ'որոշէ Ճեմարանի տարածքին մէջ կառուցել եկեղեցի մը, որ հիմք ծառայէր ճեմարանցիներու ծիսական կեանքի դաստիարակութեան: Շրջափակին մէջ կը գտնուի նաեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանրակացարանային մասնաշէնքը, ուր ճեմարանցիները կ'անցընեն իրենց օրուան մեծ մասը: Այս շէնքն անոնց տունը կը դառնայ տարուան շուրջ տասը ամիսներու ընթացքին: Ճեմարանի շրջափակին երրորդ մեծ կառոյցը հանդիսութիւններու սրահն է, որու առաջին յարկը ունի մարզասրահ մը: Այս սրահը ճեմարանցիները կ'օգտագործեն նաեւ կարգ մը միջոցառումներու, ինչպէս նաեւ հոն երգչախումբի փորձեր կը կատարեն: Շրջափակին մէջ տեղադրուած են Նոր Ջուղայի խաչքարերու օրինակով վերականգնած խաչքարեր, կրթական մասնաշէնքին առջեւ տեղադրուած է Ռաֆայէլ Պատկանեանի կիսանդրին, ինչպէս նաեւ 2014-ին տեղադրուած է Սահակ Պարթեւի յուշարձանը:
Ճեմարանի նշանաւոր շրջանաւարտներ
Խմբագրել- Գէորգ Զ. Չորեքչեան
- Գարեգին Ա. Յովսէփեան
- Գարեգին Բ. Ներսիսեան
- Գարեգին Մելոյեան
- Մանուկ Աբեղեան
- Նիկողայոս Ադոնց
- Աւետիս Ահարոնեան
- Նիկոլ Աղբալեան
- Հրաչեայ Աճառեան
- Ակսել Բակունց
- Դերենիկ Դեմիրճեան
- Մակար Եկմալեան
- Աւետիք Իսահակեան
- Ստեփան Լիսիցեան
- Կոմիտաս վարդապետ
- Լեւոն Շանթ
- Երուանդ Տէր-Մինասեան
- Գալուստ Տէր-Մկրտչեան
- Կարապետ եպիսկոպոս Տէր-Մկրտչեան
- Լեւոն Տէր Մելիքսէթեան
- Սիմոն Վրացեան
Դասախօսներ
Խմբագրել- Պետրոս Բեդիրեան
- Գրիգոր Բրուտեան
- Դաւիթ Գիւրջինեան
- Գնել Գրիգորեան
- Գրիգոր Յակոբեան
- Պետրոս Յովհաննիսեան
- Արշակ Մադոյեան
- Վարագ Ներսիսեան
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Նշանաւոր Ճեմարանականները, Պրակ Ա., Էջմիածին, 2005