Դերենիկ Դեմիրճեան

Դերենիկ Դեմիրճեան (Դեմիրճօղլեան) (18 Փետրուար 18776- Դեկտեմբեր 1956, Երեւան), Հայ գրող, հրապարակախօս։

Դերենիկ Դեմիրճեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Ախալքալաք (Ջաւախք գաւառ), այժմ՝ Վրաստան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Իսկ միջնակարգ ուսումը առած է Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանէն եւ Ներսէսեան վարժարանէն (Թիֆլիս

Դեռ աշակերտ՝ աշխատակցած է կովկասեան գրական մամուլին(«Մուրճ»)։ Ու հազիւ քսանամեայ՝ հրատարակած է բանաստեղծութիւններու իր առաջին ժողովածուն։

1905-էն՝ Զուիցերիա, ամբողջ հնգամեակ մը, հետեւած է համալսարանական ուսումի՝ գիտական ճիւղեր։ Մշակած է նաեւ երաժշտական իր հակումը, տեղւոյն մէկ երաժշտանոցին մէջ հետեւելով ջութակի դասերու։

1910-ին Թիֆլիս դարձած՝ նուիուած է ուսուցչութեան եւ գրականութեան։ Յաջորդաբար հրատարակած է բանաստեղծութիւններու եւ քառեակներու զոյգ ժողովածուներ։ Նաեւ թատերգութիւններ, պատմական կամ նոր ժամանակներէ առնուած նիւթերով։

1920-էն փոխադրուած է Երեւան եւ քաջալերանք գտած՝ խորհրդային վարչակարգէն։

Հայաստանի խորհրդայնացում էն ետք, Դեմիրճիան տրուած է թատերական եւ վիպական բազմաթիւ գործեր, օրինակ՝ Քաջ Նազարը եւ Ֆոսֆորային Շողերը:

Պատերազմի տարիներուն (1940-1945) գրած է «Անխուսափելին», «Խոշտանգուածի աւանդը» եւ այլն: Իր վերջին եւ կարեւորագոյն գործը կը նկատուի «Վարդանանք» պատմավէպը:

Դեմիրճեան գրելու վրայ իր պատմական նոր վէպ մը, եւս՝ Մեսրոպ Մաշտոց կը մահանայ, եւ գործը կէս կը մնայ: Իր երկերու ժողովածուն հրատարակուեցաւ եօթը հատորներով Հայաստանի մէջ:

Գործերէն Խմբագրել

Բանաստեղծութիւն Խմբագրել

  • «Գարուն»

Թատերգութիւններ Խմբագրել

  • «Վասակ»
  • «Յովնան Մեծատուն»
  • «Դատաստան»
  • «Քաջ Նազար»

Պատմավէպ Խմբագրել

  • «Վարդանանք»

Աղբիւր Խմբագրել

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 182:

Արտաքին յղումներ Խմբագրել