Աւետիս Ահարոնեան

Աւետիս Ահարոնեան (4 Յունուար 1866(1866-01-04)[2], Իգտիր, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[2] - 20 Մարտ 1948(1948-03-20)[2], Մարսէյլ), հայ գրող, հասարակական–քաղաքական գործիչ։

Աւետիս Ահարոնեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Altiar եւ Elias Sarkis Altiar[1]
Ծնած է 4 Յունուար 1866(1866-01-04)[2]
Ծննդավայր Իգտիր, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[2]
Մահացած է 20 Մարտ 1948(1948-03-20)[2] (82 տարեկանին)
Մահուան վայր Մարսէյլ
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[3][2]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[2]
Լոզանի Համալսարան[2]
Փարիզի Արուեստներու Բաժանմունք[2]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Մուրճ[2]
Ներսիսեան դպրոց[2]
Ալիք[2]
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր[2], Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ?, Նախարարութեանց խորհուրդի նախագահ[2], կազմակերպութեան նախագահ[2] եւ կազմակերպութեան նախագահ
Անդամութիւն Հայոց Ազգային Համաժողով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[2]
Երեխաներ Վարդգէս Ահարոնեան
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1866 թուականին, Իգտիր աւանին մօտ, Մասիսի ստորոտը, Արաքս գետի աջ ափին։ Նախնական ուսումը ստանալէն ետք կ'անցնի Գէորգեան ճեմարան։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ կը նուիրուի ուսուցչութեան։ 1894-ին «Մշակի» մէջ լոյս կը տեսնէ Ահարոնեանի «Լուրեր սահմանի այն կողմից» խորագրով յօդուածաշարը, նուիրուած՝ արեւմտահայութեան կեանքին։

1898 թուականին կը մեկնի Եւրոպա։ Լոզանի եւ Փարիզի մէջ կը հետեւի համալսարանական դասընթացքներու։ Կ'անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Հինգ տարի ետք կ՚անցնի Թիֆլիս, ուր կը խմբագրէ «Մուրճ» հանդէսը, կ՚աշխատակցի՝ «Յառաջ» եւ «Ալիք» թերթերուն։ Կը ստանձնէ Ներսիսեան վարժարանի տեսչութիւնը։ 1909 թուականին ռուսական կառավարութեան կողմէն երկու տարի կը բանտարկուի։

1917-էն 1934 քաղաքական գործունէութիւն կ՚ունենայ։ 1917 թուականին կ'ընտրուի Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ, 1919-ին՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան (1918–1920) խորհրդարանի անդամ, ապա՝ նախագահ։ 1919 թուականին կը մեկնի Փարիզ, իբրեւեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահը։

1920 թուականին կը ստորագէ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը, կը մասնակցի Լոնտոնի (1921) եւ Լոզանի (1922–1923) խորհրդաժողովներուն։ Հայ դատին վերաբերող իր խորհրդածութիւնները կ'ամփոփէ «Սարդարապատից Մինչեւ Սեւր եւ Լոզան» (1943) գիրքին մէջ։

Նախագահ Ուիլսընի Հետ Հանդիպում

Խմբագրել

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը նոր ա­ւար­տած էր եւ ­Փա­րի­զի մէջ իր աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած էր Խա­ղա­ղու­թեան ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ իր օ­րա­կար­գին վրայ ու­նէր աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան նոր քար­տէ­սը ձե­ւա­ւո­րե­լու մե­ծա­գոյն ու պատ­մակ­շիռ խնդի­րը։

Յաղ­թա­կան ­դաշ­նա­կից­նե­րը պա­տե­րազ­մա­կան ա­ւարը ի­րենց մի­ջեւ բաժ­նե­լու մրցա­պայ­քա­րի մը մէջ էին։ ­Յատ­կա­պէս ­Մեծն Բրի­տա­նիան եւ Ֆ­րան­սան, օգ­տո­ւե­լով ­դաշ­նա­կից եր­րորդ գլխա­ւոր ու­ժին՝ ­ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան փլու­զու­մէն, ստանձ­նած էին աշ­խար­հա­մար­տի յաղ­թա­նա­կին պտուղ­ներէն ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­լու եւ ի­րենց մեծ ու փոքր դաշ­նա­կից­նե­րուն ալ այդ աւա­րէն փշրանքներ բա­ժին հա­նե­լու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Ռու­սաս­տա­նը ին­կած էր մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան մը ներ­քին գա­լա­րում­նե­րուն մէջ՝ մե­կու­սա­նա­լով նոր աշ­խա­րա­հա­կար­գի ձեւաւոր­ման մե­ծա­պե­տա­կան մրցա­պայ­քա­րէն։ Իսկ ­կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիան ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւն կրած էր եւ ա­կա­մայ ձեռ­նա­ծալ նստած կը դի­տէր ու կը սպա­սէր, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի ա­ւար­տի հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ յա­ռաջ ըն­թա­ցող գաղ­թա­տի­րու­թեան մրցա­պայ­քա­րը։ Մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ յայտ­նո­ւած էր նոր մրցա­կից մըն ալ՝ յան­ձին Ամերիկա­յի Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն, ո­րոնք թէեւ ուղ­ղա­կիօ­րէն մաս չկազ­մե­ցին Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մին եւ ծաւա­լու­մին, բայց ա­նոր ա­ւար­տի փու­լին աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին պա­րէ­նով, զի­նամթեր­քով, մար­դու­ժով ու տեղահաննե­րու եւ գաղ­թա­կան­նե­րու պատս­պար­ման եւ հո­գա­տա­րու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով։ Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, նա­խա­գահ ­Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սըն բազ­ման­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ մը ե­կած էր ­Փա­րիզ, ուր շուրջ վեց ա­միս մնաց եւ մօ­տէն հետեւե­ցաւ ու մաս­նա­կից դար­ձաւ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան նոր քար­տէ­սի ձե­ւա­ւոր­ման տեն­դոտ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։

Եւ ո­րով­հե­տեւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա ու Ֆ­րան­սա պա­տե­րազ­մա­կան գո­ղօ­նին ի­րենց մի­ջեւ բա­ժա­նու­մը եւ նոր գաղ­թա­տի­րու­թեան հաս­տա­տու­մը գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն կը դի­մա­յար­դա­րէին փոքր ազ­գե­րու ա­զա­տագր­ման եւ բռնա­տի­րա­կան լու­ծե­րը ժողովրդավա­րա­կան ու ա­զա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րով փո­խա­րի­նե­լու գրա­ւիչ կար­գա­խօս­նե­րով: ­Միացեալ ­Նա­հանգ­նե­րը բնա­կա­նա­բար յայտ­նուե­ցան այդ կար­գա­խօս­նե­րու դրօ­շա­կի­րի յա­ռա­ջա­պահ դիր­քին վրայ։ Ի վեր­ջոյ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու օ­րուան նա­խա­գա­հը՝ Վ. Ո­ւիլ­սըն ինք­նին ա­խո­յեան մըն էր մարդ­կայ­նա­կան վեհ գա­ղա­փար­նե­րու հռչակ­ման ու պաշտ­պա­նու­թեան։

Փա­րի­զի ­խորհր­դա­ժո­ղո­վին կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­րա­կար­գե­րէն մէ­կը փլու­զո­ւած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­ւե­րակ­նե­րուն վրայ Արեւել­քի նոր քար­տէ­սին ձե­ւա­ւո­րումն էր։ Եւ­րո­պա­յի «­հի­ւանդ ­մար­դը» ոչ եւս էր եւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա ու Ֆ­րան­սա, հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէն մին­չեւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւելք ու ­Փոքր Ա­սիա­յէն մին­չեւ ­Կաս­պից ­Ծով, պէտք է վե­րա­դա­սա­ւոր­ման են­թար­կէին հին աշ­խար­հը։ Դաշ­նա­կից ա­խո­յեան­նե­րուն գլխա­ւոր շա­հագրգ­ռու­թիւ­նը, ան­կաս­կած, ­քարիւղի պա­շար­նե­րուն վրայ սե­փա­կան տիրապետութիւնը հաս­տա­տելն էր՝ միա­ժա­մա­նակ բա­ւա­րա­րու­թիւն տա­լով դաշ­նա­կից, այ­լեւ ազ­դե­ցիկ ու­ժե­րու ախորժակներուն, ինչ­պի­սին էր մա­նա­ւանդ հրէա­կան օճա­խի մը ստեղծ­ման պա­հան­ջով ­սիո­նա­կա­նու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­մէն հիմք ու­նէր ի­րա­ւա­տէր ու պա­հան­ջա­տէր ներ­կա­յա­նա­լու յաղ­թա­կան ­դաշ­նա­կից­նե­րուն։ ­Հայ կամաւորական ­գուն­դե­րով եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէո­նի ­հայ­կա­կան ստո­րա­բա­ժի­նով, հայերը քա­ջա­բար կռո­ւած էին ­դաշ­նա­կից­նե­րու կող­քին։

Պատ­մա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու այս խճան­կա­րին մէջ կը տե­ղա­ւո­րո­ւի 14 Ապ­րիլ 1919-ին կա­յա­ցած Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի եւ ­Պօ­ղոս ­Նու­պար փա­շա­յի միա­ցեալ ու բախ­տո­րոշ հան­դի­պու­մը նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սը­նի հետ։ Ա­հա­րո­նեան կը գլխա­ւո­րէր Հայաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, իսկ ­Պօ­ղոս ­Նու­պար՝ արեւմտահայոց ­հա­մա­գու­մա­րին կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած­ Ազ­գա­յին ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը։

Ներ­քին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներն ու ա­նոնց ե­տին կանգ­նած հայ­կա­կան ու­ժե­րը, պատ­մա­կան այդ բախ­տո­րոշ ­պա­հուն, կրցան համա­կար­գել ի­րենց ու­ժե­րը եւ գոր­ծակ­ցա­բար ներ­կա­յա­նալ աշ­խար­հի ճա­կա­տա­գի­րը վճռող ու­ժե­րուն՝ դրսե­ւո­րե­լով պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան անհ­րա­ժեշտ մա­կար­դա­կը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց նա­խա­գահ­նե­րը նա­խա­պէս՝ 26 ­Փետ­րո­ւար 1919-ին, ­Փա­րի­զի ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան նիս­տին ու­նե­ցած էին ա­ռան­ձին ե­լոյթ­ներ եւ ներ­կա­յա­ցու­ցած էին ի­րենց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­ջատ պահանջները։ Ա­հա­րո­նեա­ն կը պա­հան­ջէր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ըն­դար­ձա­կու­մը դէ­պի Տրա­պի­զո­նի եւ ­Կար­նոյ նա­հանգ­նե­րը, անց­նե­լով ­Վա­նի եւ ­Պիթ­լի­սի նա­հանգ­նե­րէն, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դը ելք ու­նե­նար ­Սեւ ­ծո­վու վրայ։ Իսկ ­Պօ­ղոս Նուպար պահանջած էր ­Կի­լի­կիոյ մէջ ստեղ­ծու­մը ­հայ­կա­կան օճա­խի մը, որ պի­տի դրո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հո­գա­տա­րու­թեան տակ։

Զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց ա­ռա­ջադ­րած լու­ծում­նե­րուն նկատ­մամբ յաղ­թա­կան մեծ ­Դաշ­նա­կից­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը ան­շուշտ ու­նէր իր ու­րոյն դիր­քո­րո­շու­մը։ Այդ պատճա­ռով ալ յատ­կա­պէս ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի ուղ­ղու­թեամբ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­ցին հա­յոց զոյգ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը, որպէս­զի մե­ծա­պե­տա­կան սա­կար­կու­թեանց խո­հա­նո­ցին զոհ չեր­թայ ­Հայ­կա­կան Ի­րա­ւուն­քին վե­րա­կանգ­նու­մը։ Իսկ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին հետ հան­դի­պու­մը յատուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէր, ո­րով­հե­տեւ ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը սկզբուն­քա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցու­ցած էր ար­դէն ի­րա­ւա­րա­րի դե­րը ­Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սը­նին վստա­հե­լու տե­սա­կէ­տին շուրջ։

Պատ­մա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը, պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը եւ մաս­նա­կից­նե­րու յու­շե­րը կը հաս­տա­տեն, որ նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սըն ամ­բող­ջա­կան հա­մակ­րան­քով ու համաձայնութեամբ ըն­դա­ռա­ջեց թէ՛ Ա­հա­րո­նեա­նի, թէ՛ ­Պօ­ղոս ­Նու­պա­րի ա­ռա­ջար­կած ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի լուծ­ման տա­րազ­նե­րուն։ ­Խոս­տա­ցաւ այդ հի­ման վրայ կա­տա­րել իր ի­րա­ւա­րա­րու­թիւ­նը, ո­րուն պսա­կու­մը ե­ղան թէ՛ ­Կի­լի­կիոյ մէջ ­Հայ­կա­կան Օ­ճա­խի ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րին որ­դեգ­րու­մը, թէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ կա­տա­րո­ւած պե­տա­կան սահ­ման­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միակ փաս­տա­թուղ­թին մշա­կու­մը, որ յայտ­նի դար­ձաւ «Ո­ւիլ­սը­նեան ­Սահ­ման­ներ» ա­նու­նով։

Գործերէն

Խմբագրել

Պատմուածք-վիպակներ

Խմբագրել
  • «Պատկերներ տաճկահայերի կեանքից»
  • «Ազատութեան ճանապարհին»
  • «Մրրկի սուրբը»
  • «Ղեղոյի Արտը»
  • «Արազը»
  • «Կթուշիկը»
  • «Ճամբորդը»

Վէպ, թատերակներ

Խմբագրել
  • «Լռութիւնը»
  • «Արցունքի հովիտը»
  • «Ոսկէ հեքիաթ»

Ինքնակենսագրութիւն

Խմբագրել
  • «Իմ Գիրքը (մանկութիւն եւ պատանեկութիւն)»

Քրոնիկային-փորձագրական

Խմբագրել
  • «Շվէյցարական գիւղը»
  • «Հայրենիքիս համար» եւլն.:

Ահարոնեան հայ տառապանքի հարազատ երգիչն է։

Երկերի մատենագիտութիւն

Խմբագրել
  • Հռօ կինը, Թիֆլիս, 1897, 157 էջ:
  • Պատկերներ, Մոսկուա, 1900, 338 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Ժընեւ, 1901, 72 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Ժընեւ, 1902, 32 էջ:
  • Խեղճերը (պատմուածքներ), Թիֆլիս, 1902, 364 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Ժընեւ, 1903, 64 էջ:
  • Իտալիայում (ուղեւորի թռուցիկ տպաւորութիւններ), Թիֆլիս, 1903, 336 էջ:
  • Մրրիկի սուրբը, Թիֆլիս, 1903, 348 էջ:
  • Արազը, Թիֆլիս, 1904, 360 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 1, Սանկտ Պետերբուրգ, 1904, 376 էջ:
  • Լռութիւնը, Թիֆլիս, 1904, 248 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Թիֆլիս, 1906, 416 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Կ. Պոլիս, 1908, 48 էջ:
  • Կեանքի վէպը, Թիֆլիս, 1908, 280 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 2. Խեղճերը, Թիֆլիս, 1909, 292 էջ:
  • Անդունդը, Թիֆլիս, 1910, 73 էջ:
  • Խաւարի մէջ, Թիֆլիս, 1910, 152 էջ:
  • Մոխիրների տակից, Թիֆլիս, 1910, 76 էջ:
  • Պարտուածներ, Կ. Պոլիս, 1912, 96 էջ:
  • Շվէյցարական գիւղը: Նամականի, Թիֆլիս, 1913, 392 էջ:
  • Հայրենիքիս համար, Պոսթըն, 1920, 157 էջ:
  • Լռութիւնը, Կ. Պոլիս, 1923, 180 էջ:
  • Լռութիւնը, Պոսթըն, 1924, 178 էջ:
  • Մոխիրների տակից, Պոսթըն, 1924, 235 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Պոսթըն, 1926, 245 էջ:
  • Ճամբորդը (հայրենի զրոյցներ), Պոսթըն, 1926, 206 էջ:
  • Քրիստափոր Միքայէլեան, Պոսթըն, 1926, 165 էջ:
  • Կարօտ հայրենի, Պոսթըն, 1927, 88 էջ:
  • Իմ գիրքը, հատ. Ա. Մանկութիւն, Փարիզ, 1927, 320 էջ:
  • Իմ գիրքը, հատ. Բ. Պատանեկութիւն, Փարիզ, 1930, 348 էջ:
  • Րաֆֆի, Նիւ Եորք, 1936, 241 էջ:
  • Մենութեանս մէջ, Նիւ Եորք, 1938, 96 էջ:
  • Րաֆֆի, Պէյրութ, 1938, 241 էջ:
  • Իմ բանտը եւ երազներիս աշխարհը, Պոսթըն, 1943, 173 էջ:
  • Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լօզան, Պոսթըն, 1943, 213 էջ:
  • Քրիստափոր Միքայէլեան, Պուէնոս Այրէս, 1945, 100 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 1. Պատկերներ, Պոսթըն, 1947, 392 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 2. Խեղճերը, Արազը, Մրրիկի սուրբը, Պոսթըն, 1947, 456 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 3. Հռօ կինը, Շվէյցարական գիւղը, Պոսթըն, 1948, 408 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 4. Իտալիայում, Իտալական էսքիզներ, Պոսթըն, 1946, 432 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 5. Ազատութեան ճանապարհին, Քրիստափոր Միքայէլեան, Անդրանիկ, Պոսթըն, 1948, 432 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 6. Լռութիւն, Մոխիրների տակից, Անդունդը, Կեանքի վէպը, Պոսթըն, 1948, 392 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 7. Դէպի Անի, Երազներիս աշխարհը, Իմ բանտը, Պարտուածները, Սարբազ Խէչօն, Հայրենիքիս համար, Պոսթըն, 1948, 480 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 8. Խաւարի մէջ, Կութուշքը, Ճամբորդը, Ղէղոյի արտը, Երբ ձիւնն իջնում է, Աստծու կրակը, Արցունքի հովիտը, Ոսկի հէքիաթ, Պոսթըն, 1949, 412 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 9. Մանկութիւն, Պատանեկութիւն, Պոսթըն, 1948, 464 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. 10. Կարօտ հայրենի, Փոքրիկ պատմուածքներ եւ վիպակներ, Րաֆֆի, Հսկումի գիշեր, Եղեգին հարցում ըրի, Պոսթըն, 1951, 392 էջ:
  • Մանկութիւն, Պէյրութ, 1951, 78 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Թեհրան, 1956, 276 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Թեհրան, 1980, 176 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Ա. Պատկերներ, Թեհրան, 1982, 388 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Բ. Խեղճերը, Արազը, Մրրիկի սուրբը, Թեհրան, 1982, 456 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Գ. Հռօ կինը, Շվէյցարական գիւղը, Թեհրան, 1982, 408 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Դ. Իտալիայում, Իտալական էսքիզներ, Թեհրան, 1983, 428 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Ե. Ազատութեան ճանապարհին, Քրիստափոր Միքայէլեան, Անդրանիկ, Թեհրան, 1983, 432 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Զ. Լռութիւն, Մոխիրների տակից, Անդունդը, Կեանքի վէպը, Թեհրան, 1983, 388 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Է. Դէպի Անի, Երազներիս աշխարհը, Իմ բանտը, Պարտուածները, Սարբազ Խէչօն, Հայրենիքիս համար, Թեհրան, 1983, 480 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Ը. Խաւարի մէջ, Կութուշքը, Ճամբորդը, Ղէղոյի արտը, Երբ ձիւնն իջնում է, Աստծու կրակը, Արցունքի հովիտը, Ոսկի հեքիաթ, Թեհրան, 1983, 412 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Թ. Մանկութիւն, Պատանեկութիւն, Թեհրան, 1983, 464 էջ:
  • Ժողովածու երկերի, հատ. Ժ. Կարօտ հայրենի, Փոքրիկ պատմուածքներ եւ վիպակներ, Րաֆֆի, Հսկումի գիշեր, Եղեգին հարցում ըրի, Թեհրան, 1983, 384 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Պէյրութ, 1984, 252 էջ:
  • Խավարի մեջ, գիրք Ա. Պատմվածքներ եւ վիպակներ, Երեւան, 1991, 496 էջ:
  • Խավարի մեջ, գիրք Բ. Պատմվածքներ եւ վիպակներ, Րաֆֆի, Քրիստափոր Միքայելյան, Անդրանիկ, Երեւան, 1991, 516 էջ:
  • Ավարայրի ոգեկոչումը. Անդրանիկ, Երեւան, 1991, 116 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Պէյրութ, 1992, 252 էջ:
  • Իմ գիրքը, Անթիլիաս, 1992, 388 էջ:
  • Ահազանգը (հրապարակախոսական նմուշներ), Երեւան, 1993, 84 էջ:
  • Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լօզան, Գլէնտէյլ, 1993, 226 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Վենետիկ, 1996, 112 էջ:
  • Իմ գիրքը, գիրք Ա. Մանկութիւն, Վենետիկ, 1996, 88 էջ:
  • Իմ գիրքը, գիրք Բ. Պատանեկութիւն, Վենետիկ, 1996, 88 էջ:
  • Ազատութեան ճանապարհին, Վենետիկ, 1997, 112 էջ:
  • Լռութիւնը, Պէյրութ, 1998, 160 էջ:
  • Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լոզան, Երեւան, 2001, 252 էջ:
  • Իմ գիրքը (մանկութիւն եւ պատանեկութիւն), ա. տ., 2002, 120 էջ:
  • Իմ գիրքը (մանկութիւն եւ պատանեկութիւն), Աթէնք, 2005, 120 էջ:
  • Շվեյցարական գյուղը: Նամականի, Երեւան, 2014, 396 էջ:

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 191:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել