Մուրճ (ամսագիր, Թիֆլիս)
«Մուրճ», գրական, հասարակական-քաղաքական ամսագիր։ Հրատարակուած է 1889-1907, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ա. Արասխանեան, Լ. Սարգսեան։
Մուրճ Մուրճ | |
---|---|
Տեսակ | հանդէս |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | Յունուար 1889 |
Երկիր | Ռուսական Կայսրութիւն |
Հրատարակման վայր | Թիֆլիս |
Հիմնումը
Խմբագրել1888-ին Աւետիք Արասխանեանը, նպատակ ունենալով հայերէն լեզուով ամսագիր հրատարակել Թիֆլիսի մէջ, ցարական կառավարութեան կը դիմէ խնդրագրով, ուր գրուած է՝ «Լինենք թարգման հայ ազգի կարիքներու, աշխատենք մեր ազգը ուսումնասիրելով նորա շահերը պաշտպանել։ Յորդորենք նորան մտածել ուղիղ, զգալ ազնիւ զգացումներ, հարթել ջանանք նորա առաջանալու ճանապարհները․․․»։ Կառավարութիւնը թոյլ կու տայ «Մուրճ» ամսագրի տպագրութիւնը։
«Մուրճը» հրատարակուած է Յունուար 1889-էն մինչեւ Ապրիլ 1907-ը՝ անձնական ունեցուածքի զոհաբերութիւններու, մեծ դժուարութիւններու գնով։
Գործունէութիւնը
Խմբագրել«Մուրճը» եղած է ժամանակի արեւելահայ ամէնէն ժողովրդական հանդէսը։ Ամսագիրը կողմնակիցն էր մասնաւոր սեփականութեան եւ իր շուրջը համախմբելով ժամանակի ձեռնհաս գործիչները, առաջ կը քաշէր ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ յեղաշրջում առաջացնող հարցեր ու կու տար անոնց պատասխանները։ Այդ հարցերը կը վերաբերէին տնտեսական ու մտաւոր կեանքին, հասարակական ու քաղաքական իրադարձութիւններուն, կը քննարկուէին խնդիրներ՝ կապուած լուսաւորութեան ու մշակոյթին, գրականութեան, մամուլին ու գիտութեան եւ այլն։ Ամսագիրը յաճախ կ'անդրադառնար հայ համայնքներու կեանքին, կը լուսաբանէր անոնց առօրեան, դրուատանքի ու քննադատական խօսք կ'ըսէր անոնց մասին։ Կը մերկացուէր հայկական գիւղերուն մէջ տիրող անիշխանութիւնն ու կաշառակերութիւնը, գիւղական ցեցերու վայրագութիւնները, թալանն ու օրինազանցութիւնները։ «Մուրճ»ն իր շուրջ համախմբած էր հայ գրողները (Լ. Շանթ, Դ. Դեմիրճեան եւ այլն), անդրադարձած է հայ հին ու նոր գրականութեան նշանաւոր դէմքերուն՝ Փաւստոս Բիւզանդ, Սայաթ-Նովա, Րաֆֆի եւ ուրիշներ։ Դեռ նոր գրական ասպարէզ իջած Յովհաննէս Թումանեանէն 1891-1893 թ. «Մուրճը» տպագրած է աւելի քան 35 ստեղծագործութիւն։ Աւ. Արասխանեանը գրականութիւնը կը դիտէր մէկ կողմէն՝ իբրեւ ժողովուրդի կեանքը արտացոլելու, միւս կողմէն՝ անոր ծառայելու միջոց։
Արասխանեանը «Մուրճը» խմբագրած է տասներկու տարի անընդմէջ։ Անկէ ետք զայն խմբագրած են քանի մը այլ անձինք, որոնք յաճախ սեփական գումարներով փակած են ամսագրի ծախսերն ու պարտքերը։ Այդ անուններէն են Կոնստանդին Կրասիլնիկեանը, Վարդուհի Քանանեանը, Լեւոն Սարգսեանը։
«Մուրճը» փակուեցաւ Ապրիլ 1907-ին։ Փակման պատճառը ո՛չ միայն նիւթական դժուարութիւններն ու «Հերմես» տպարանի գործունէութեան կասեցումն էր, այլ նաեւ՝ ռուսական յեղափոխութենէն ետք ստեղծուած նոր պայմանները, հասարակական ուժերու նոր յարաբերութիւնները։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Գառնիկ Անանեան, Հայ գրականութիւնը «Մուրճ» ամսագրում (90-ական թուականներ), Երեւան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1972, 80 էջ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Արասխանեան Աւետիք, Հայկական յամառօտ հանրագիտարան, հտ. 1, Երեւան, 1990, էջ 334։
- Արասխանեան Աւետիք, Հայ Նոր գրականութեան պատմութիւն, հտ. 4, Երեւան, 1972, էջ 114։
- Մատենագիտութիւն «Մուրճ» ամսագրի, կազմ.՝ Կ. Քացախեան, խմբ. Հր. Կոստիկեան, Երեւան, Ալ. Մեասնիկեանի անուան գրադարան, 1977, 776 էջ։
- Սարինեան Ռ., Աւ. Արասխանեան, Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1980, 148 էջ։