Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն

Հայաստանի Հանրապետութիւն, ծնունդ առած է Քսանութ Մայիս Հազար ինը հարիւր տասնութին՝ Մայիսեան Հերոսամարտերէն՝ Սարդարապատէն, Պաշ-Ապարանէն եւ Ղարաքիլիսէէն յետոյ։ Առաջին հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ հայ ժողովուրդին ծանր ժամանակահատուածին ընթացքին, երբ երիտթրքական բնաջնջման խուսափած բազմահազար հայ գաղթականներն ու սովը, փոխադրամիջոցներու ուղիներու շրջափակումները, Քեմալական Թուրքիոյ Հազար ինը քսանին յարձակումը, ինչպէս նաեւ՝ Խորհրդային Ռուսաստանի նուաճողական քաղաքականութիւնը հնարաւորութիւն չէին ընձեռած, պետութեան ղեկավարներուն ստեղծել տալ կայուն պետութիւն մը։ Առաջին հանրապետութիւնը գոյատեւեց մինչեւ՝ Երկու Դեկտեմբեր Հազար ինը հարիւր քսան, երբ Հայաստանը խորհրդայնացաւ։ Հակառակ անոր կարճ կեանքին՝ Առաջին Հանրապետութեան դերը անգնահատելի է պետականութիւնը վերագտնելու գործին մէջ։

Հայաստանի Դրօշը

Առաջնահերթ Նպատակներ Խմբագրել

Չորս Տարիներու պատերազմը, պոլշեւիկեան յեղափոխութեան առաջացուցած շփոթը եւ թուրք բանակին դէպի դժուարին դիմադրութիւնը աւերած էին երկրին տնտեսութիւնը։ Հայկական հողերու մէկ կարեւոր մասը թուրքերու գրաւման տակ գտնուելով, երկիրը զրկուած էր նաեւ աշնան հունձքէն։ Հայաստան նաեւ աշխարհէն կտրուած էր, որովհետեւ ծովու ելք չունէր։ Չկային օդային ճամբաներ եւ միջազգային հաղորդակցութիւններ։ Այս իրավիճակին մէջ, կառաւարութիւնը առաջնահերթ նպատակ դարձուց երկրին մէջ կեանքի եւ գոյքի ապահովութիւն հաստատել, հաղորդակցութեան ճամբաններ բանալ, ժողովուրդին ուտելիք հայթայթել եւ գաղթականներուն վիճակը բարելաւել։ Առաւել՝ ան պիտի ստեղծէր ազգային դրամի համակարգ, պիտի կարգաւորէր երկրին դատարանը՝ զայն հայ ազգային սկզբունքներուն յարմարեցնելով: Պիտի կազմէր ուժեղ բանակ մը Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու համար։ Միւս կողմէ ամէն կերպ պիտի փորձէր դրացիական կապեր ստեղծել Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ՝ խաղաղ միջոցներով ազգամիջեան հարցերը լուծելու։ Մինչեւ Հազար ինը իննսունութի աշուն, կառավարութիւնը կրցած էր որոշ չափով բարելաւել երկրին վիճակը եւ յոյս ներշնչել ժողովուրդին։

Պատմութիւն Խմբագրել

 
Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրենեանցը (Տփղիսեցի) կ'օրհնէ կամաւորներուն։ (Հազար ինը իննսունութ)

Հազար ինը հարիւր տասնութ թուական Խմբագրել

  • Քսանչորս Յուլիս Հազար ինը հարիւր տասնութին, հրապարակուեցաւ ՀՀ անդրանիկ կառավարութեան կազմը. վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունի (Իգիթխանեան), Արտաքին գործերու նախարար՝ Ալեքսանտր Խատիսեան, Ներքին գործերու նախարար՝ Արամ Մանուկեան, Ելմտական նախարար՝ Խ. Կարճիկեան, Զինուորական նախարար՝ ժեներալ Յովհաննէս Հախւերտեան, Արդարադատութեան նախարար՝ Գ. Պետրոսեան։
  • Յուլիս, Հազար ինը հարիւր տասնութին, Հայաստանի ազգային դրօշ ընդունուեցաւ եռագոյնը (կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն)։
  • Մէկ Օգոստոս Հազար ինը հարիւր տասնութին, Երեւանի քաղաքային ակումբի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհուրդի անդրանիկ նիստի հանդիսաւոր բացումը՝ հիւրերու եւ Քառասունվեց պատգամաւորի մասնակցութեամբ, որ կազմը ձեւաւորուած էր Ազգային խորհուրդի եռապատկումով ու այլազգիներու ներգրաւումով՝ Երեսունութ հայ, Վեց թուրք-թաթար, մէկ ռուս եւ մէկ եզտի։
  • Երեսուն Հոկտեմբեր Հազար ինը հարիւր տասնութին, Մուտրոսի մէջ կնքուեցաւ զինադադար Անտանտի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, որով Օսմանեան կայսրութիւնը ճանչցաւ իր պարտութիւնը եւ դուրս եկաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն։
  • Նոյեմբեր Հազար ինը հարիւր տասնութին, ՀՅԴ-ն եւ ՀԺԿ-ն կազմեցին դաշնակցութեան կառավարութիւն։
  • Դեկտեմբեր Հազար ինը հարիւր տասնութին, Վրաստանը գրաւեց Ախալքալաքը եւ Լոռին։
  • Հինգ Դեկտեմբեր Հազար ինը տասնութին, սկսաւ հայ-վրացական պատերազմը։ Հայկական բանակը Դրոյի գլխաւորութեամբ կարճ ժամանակի ընթացքին Վրաստանին հասցուց ծանր հարուած։
  • Քսաներեք Դեկտեմբեր Հազար ինը հարիւր տասնութին, հայկական զօրքերը ամրացան Սադախլոյի մէջ։
  • Երեսունմէկ Դեկտեմբեր Հազար ինը հարիւր տասնութին, կողմերու միջեւ կնքուեցաւ համաձայնագիր զինադադարի մասին։
  • Հազար ինը հարիւր տասնութի աշունէն մինչեւ Հազար ինը հարիւր տասնինը գարուն, սովի եւ համաճարակներու հետեւանքով մահացաւ մօտ Հարիւր հիսուն հազար մարդ։

1919 թուական Խմբագրել

 
Անկախութեան օրուան միջոցառում՝ Մայիս 28, 1919
  • Փետրուար 1919-ին, երկրի ծանր դրութիւնը Հայաստանի խորհուրդին ստիպեց դիմել Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի օգնութեանը։
  • 16 Մայիս 1919-ին, ՀՀ նախարարներու խորհուրդը Երեւանի մէջ համալսարան հիմնելու վերաբերեալ որոշում ընդունեց։
  • 21-23 Յունիս 1919-ին, Հայաստանի մէջ, կայացան առաջին եւ միակ խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Ընտրուեցան խորհրդարանի 80 անդամներ (այդ թիւէն՝ 3 կին), որոնցմէ 72-ը ՀՅԴ անդամներ էին, 4-ը՝ էսեռներ, 1-ը՝ անկուսակցական, 2-ը՝ թուրք-թաթարներ եւ 1-ը՝ եզտի։
  • Յուլիս 1919-ին, Հայաստանի մէջ բռնկեցաւ թուրք-թաթարական ընդհանուր խռովութիւն, որուն համար Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ջանք չէին խնայեր։
  • 1919-ի աշնան, հայ-ատրպէյճանական ընդհարումներ տեղի ունեցած են Զանգեզուրի համար։ Միայն Անդրանիկի, ապա՝ Դրոյի ձեռնարկած յամառ ջանքերու շնորհիւ յաջողեցան պահպանել Զանգեզուրը։

1920 թուական Խմբագրել

 
Անկախութեան օրուան միջոցառում՝ 28 Մայիս 1920
  • 19 Յունուար 1920-ին Անտանտի Գերագոյն խորհուրդը ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը։
  • 31 Յունուար 1920-ին Ալեքսանդրապոլի (այժմ՝ Կիւմրի) առեւտրային դպրոցի շէնքին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ Հայաստանի համալսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
  • Մարտ 1920-ին ստեղծուեցաւ երդուեալ ատենակալներու դատարանը։
  • Ապրիլ 1920-ին ստեղծուեցաւ ազգային դրամը։
  • Ապրիլ 1920-ին՝ խորհրդային զօրքերը մտան Ատրպէյճան եւ այնտեղ հաստատեցին խորհրդային կարգեր։
  • 1 Մայիս 1920-ին, Երեւանի մէջ եւ շարք մը այլ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան հակակառավարական ցոյցեր։
  • 5 Մայիս 1920-ին, խորհրդարանի արտակարգ նիստին մէջ հրաժարական տուաւ Ալեքսանտր Խատիսեանի կառավարութիւնը։ Ընտրուեցաւ նոր կառավարութիւն Համազասպ (Համօ) Օհանջանեանի գլխաւորութեամբ։
  • Յուլիս 1920-ին, ՀՀ կառավարութիւնը հաստատեց ՀՀ զինանշանը, որ հեղինակած էին Ալեքսանտր Թամանեանը եւ Յակոբ Կոջոյեանը։ Օրհներգ ընդունուեցաւ Միքայէլ Նալպանտեանի «Մեր Հայրենիք» երգը, որուն երաժշտութեան յօրինողն էր՝ Բարսեղ Կանաչեանը։
  • 10 Օգոստոս 1920-ին Փարիզի արուարձան Սեւրի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմը յաղթած երկիրներու եւ սուլթանական Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր։ Անոր միջցով Հայաստանը Թուրքիոյ կողմէն կը ճանչցուէր իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն։
  • 1920-ին աշնան՝ հայկական բանակը ունէր 40.000 զինուոր։
 
Անկախութեան օրուան միջոցառում՝ 28 Մայիս 1920

1921 թուական Խմբագրել

Հայաստանի Հանրապետութեան Դրօշը եւ Զինանշանը Խմբագրել

Հայաստանի պետական դրօշը՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն՝ եռագոյնը վաւերացուեցաւ Երեւանի եւ Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդներու խառն նիստին՝ Երեւանի մէջ, նախքան Հայաստանի Խորհուրդի առաջին հաւաքը։ Գոյներու ընտրութեան հաւանաբար դեր խաղացած է Կիլիկիոյ Ռուբինեան թագաւորութեան կարմիր, կապոյտ, եւ դեղին եռագոյնը։ Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» աշխատութեան մէջ կը վկայէ, թէ դրօշին գոյները որոշելու մէջ կար խորհուրդ, կար նաեւ միայն գեղագիտական նկառատում։ Անոնք, որոնք հայկական գոյներուն մէջ խորհուրդ կը փնտռէին, «կարմիր»ը կը տեսնէին իբրեւ խորհրդանիշը Հայ ժողովուրդի թափած արիւնին, «կապոյտ»ը՝ իբրեւ Հայաստանի կապոյտ երկինք, իսկ «նարնջագոյն»ը (կամ ծիրանագոյն) խտացումը աշխատանքի։ 1 Օգոստոս 1918-ին Հայաստանի Խորհուրդի պաշտօնական բացման օրը, եռագոյնը ծածանեցաւ խորհրդարանի շէնքին վրայ։

Հանրապետութեան զինանշանի կամ գերբի հաստատումը աւելի ուշ կատարուեցաւ։ Երկար ուսումնասիրութիւններէ ետք, ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի կազմած եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանի գծած զինանշանը ներկայացուեցաւ խորհրդարան եւ վաւերացուեցաւ Յուլիս 1920-ին։ Զինանշանի կեդրոնը վահանաձեւ է եւ չորս բաժիններ ունի, որոնք կը ներկայացնեն հին Հայաստանի չորս անկախ շրջաններու՝ Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Բագրատունեաց եւ Ռուբինեաց թագաւորութիւններու զինանշանները։ Ճիշդ կեդրոնը՝ Մասիսներն եւ անոնց վերեւ «ՀՀ» տառերը։ Զինանշանի վահանաձեւ կեդրոնը վեր բռնած են մէկ կողմէ արծիւ մը, միւս կողմէ առիւծ մը, որ Բագրատունեաց եւ Ռուբինեաններու դրօշէն առնուած են. իսկ վարը՝ սուր, գրիչ, հասկեր եւ շղթայ գծուած է։ 70 տարիներու համայնավար իշխանութիւններու տիրապետութենէն ետք, Հայաստանի երկրորդ Անկախ Հանրապետութեան մէջ, որ ստեղծուեցաւ Սեպտեմբեր 1991-ին, ընդունուեցաւ առաջին Հանրապետութեան դրօշը եւ զինանշանը։

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Պարբերական Մամուլը Խմբագրել

28 Մայիս 1918-ին՝ երկարատեւ ընդմիջումէն յետոյ, Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցաւ ո՛չ միայն քաղաքական, այլեւ՝ պատմամշակութային խոշոր նշանակութիւն։ Աշխուժացաւ հասարակական-քաղաքական կեանքը, սկսաւ բուռն ծաղկիլ պարբերական մամուլը, լրագրական ու ստեղծագործական կեանքը։

ՀՀ կարճատեւ՝ ընդամէնը 2.5 տարուան գոյութեան ընթացքին, 60 անուն պարբերականներ տարբեր յաճախականութեամբ լոյս կը տեսնեն, ընդհանուր հաշուով։ Ատոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կը հրատարակուէին մայրաքաղաք՝ Երեւան։

Զգալի թուաքանակով թերթեր լոյս կ'ընծայուէին Ալեքսանդրապոլի, Կարսի, Էջմիածնի, Գորիսի մէջ եւայլն։ ՀՀ պարբերական մամուլը կարելի է բաժանել 3 տիպի՝ պաշտօնական, կուսակցական եւ անկախ (անկուսակցական)։ Պաշտօնական պարբերականներու ընդհանուր թիւը կը կազմէր՝ 14 թերթ, կուսակցականը՝ 38, իսկ անկախ մամուլինը՝ 8 թերթ։

ՀՀ Պաշտօնական Մամուլը Խմբագրել

ՀՀ պաշտօնական մամուլի նպատակը կառավարութեան եւ խորհրդարանի ընդունած օրէնքներու, օրէնսդրական ակտերու, որոշումներու ու հրամաններու հրապարակումն ու տարածումն էր։ ՀՀ գլխաւոր պաշտօնական օրկանը «Կառավարութեան Լրաբեր» եռօրեայ թերթն էր, որ սկսած է լոյս տեսնել 1 Սեպտեմբեր 1918-էն մինչեւ 20 Յուլիս 1920 թուականը։ Յաջորդ պաշտօնաթերթը՝ Յուլիս 1918-էն լոյս տեսնող «Հայոց Ազգային Խորհուրդի լրատու» եռօրեան էր, որուն տպագրութիւնը ընդհատուեցաւ 23 Յուլիսին։ Պաշտօնական մամուլի թիւին կը դասուէր ռազմական նախարարութեան «Ռազմիկ» 16 էջանոց շաբաթաթերթը։ Այն սկսած է լոյս տեսնել Օգոստոս 1920-էն մինչեւ թուրք-հայկական պատերազմը։ ՀՀ կիսպաշտօնական պարբերականներու թիւին կը դասուէր նաեւ՝ «Հայաստանի Կոոպերացիա» (Երեւան 1919-1920 թ.) ամսագիրը, որուն հիմնական ուղղուածութիւնը տնտեսական էր։ Կիսապաշտօնական պարբերականներու թիւին կարելի է դասել Կարսի մէջ՝ լոյս տեսնող «Աշխատաւորի ձայն» բանուորագիւղացիական երկօրեայ թերթը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ լոյս տեսնող «Ղարաբաղի Սուրհանդակ» /«Շուշի» 1918 թ./ եւ «Արցախ»/Շուշի 1919 թ./ թերթերը։

Կուսակցական Մամուլ Խմբագրել

ՀՀ կուսակցական մամուլի էութիւնը լաւ հասկանալու համար եւ ճիշդ բնութագրելու նպատակով ատոնք բաժնուած են երեք ուղղութեան՝ «աջ», «ձախակեդրոն» եւ «ձախ»։ Այսպիսի բաժանման հիմքին մէջ դնելով՝ այդ կուսակցութիւններու դասակարգային էութիւնը եւ հետապնդած նպատակները։ Այս տեսակէտէն աջակողմեան թեւին կը պատկանէին Հայ ժողովրդական եւ Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութիւնները։ Այս կուսակցութիւնները ՀՀ-ի մէջ լոյս կ'ընծայեն 5 անուն թերթ, 2-ը՝ ՀԺԿ եւ 3-ը՝ Հայ ռամկավարները։ 14 Օգոստոս 1918-էն, Երեւանի մէջ սկսաւ լոյս տեսնել ՀԺԿ-ի օրկան «Ժողովուրդ» լրագիրը։ Գաղափարախօսական տեսակէտէն «Ժողովուրդի» էջերուն մէջ, կ'արտայայտուէին ՀԺԿ ազգային եւ ազատական գաղափարները, անոր մօտեցումները հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Հայկական հարցում եւայլն։ Թերթը Հայաստանի անկախութեան գաղափարի ջերմ պաշտպանն էր։ ՀՀ քաղաքական դաշտին մէջ, աջակողմեան թեւը ներկայացնող միւս ազդեցիկ պարբերականները Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Վան-Տոսպան» էր եւ անոր իրարայաջորդ «Հայաստանի ձայն»ը։ Եթէ ՀԺԿ եւ անոր «Ժողովուրդ» պաշտօնաթերթը կը ներկայացնէր արեւելեան եւ ռուսահայ ազգային աջ-ազատական հատուածը, ապա ՀՍՌԿ-ն եւ անոր «Հայաստանի ձայն» պաշտօնաթերթը՝ արեւմտեան հատուածը ու մասնաւորապէս Կովկաս ապաստանած գաղթականութիւնը։ ՀՀ «ձախ» կեդրոնամէտ դիրք կը գրաւէր ՀՅ Դաշնակցութեան մամուլը։ Ընդհանուր առմամբ ՀՀ տարածքին մէջ, լոյս կը տեսնեն կեդրոնական եւ տեղական նշանակութեան ՀՅԴ ընդամէնը՝ 13 անուն պարբերականներ։ Ատոնցմէ առաւել կարեւորներն էին՝ «Զանգը» /Երեւան 1918-1919 թ./, «Հայաստանի աշխաատաւորը» /Երեւան 1919 թ./, «Հառաջ»ը /Երեւան 1919-1920 թ./ եւ «Աշխատանքը»/Երեւան 1919 թ./։ Մնացածը եղած են գաւառային՝ տեղական նշանակութեան եւ ՀՅԴ աշակերտական միութեան օրկաններ։ ՀՀ ձախակողմեան մամուլը կը ներկայացնէին ընկերային-յեղափոխականները /էսէռներ/, ընկերային-դեմոկրատ՝ մենշեւիկները եւ պոլշեւիկները։ Էսէռները ունեցած են՝ մամուլի 3 օրկան, մենշեւիկները եւս՝ 3, իսկ պոլշեւիկներու եւ անոնց համակիրներու պարբերականներու թիւը կը հասնէր 13-ի։ Սակայն այդ թերթերու կէսէն աւելին քաղաքական հետապնդումներու եւ այլ պատճառներով լոյս կը տեսնեն ընդամէնը մէկ կամ քանի մը համարով։ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն յետոյ՝ ձախակողմեան ուղղութեան համառուսաստանեան կուսակցութիւններու էսէռական, ընկերային-տեմոկրատ մենշեւիկեան եւ պոլշեւիկեան հայկական հատուածները իրենց գործունէութեան ծանրութեան կեդրոնը Թիֆլիսէն ու Պաքուէն տեղափոխեցին Հայաստան։ 1919 Փետրուարին՝ Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ էսէռներու օրկանը «Ընկերային Յեղափոխական» եռօրեան։ Թերթը լոյս տեսած է Մայիս 1919-էն մինչեւ Ապրիլ 1920-ը։ Պաշտօնաթերթի բնաբանն էր «Կռիւով կը խլես քու իրաւունքը»։ Ձախակողմեան յաջորդ կուսակցական մամուլը ՌՍԴԲԿ /մենշեւիկներու/ հայաստանեան կազմակերպութեան օրկան «Կայծ»/Երեւան 1918-1919 թ./ եռօրեան էր։ 1918-1919 թ.՝ Ալեքսանդրապոլի մէջ լոյս կը տեսնէ մենշեւիկեան ուղղութեան «Անկախ ընկերվարականներու կուսակցութեան օրկան «Մարդկութիւն» եռօրեան։ 30 Յունուար 1919-ին, Շուշիի մէջ, լոյս տեսաւ տեղի ընկերային-տեմոկրատ մենշեւիկեան կազմակերպութեան օրկան «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթը, որ միայն կրցաւ լոյս ընծայել հինգ թիւ։ Ձախակողմեան մամուլի ամենաընդդիմադիր թեւը կը ներկայացնէին պոլշեւիկեան պարբերականները, որոնց մէջ առաջնային տեղ կը գրաւէր «Խօսքը» /1918 Սեպտեմբեր 1919 թ.-էն Մարտ՝ ընդամէնը 22 թիւ/։ Յունուար 1920-ին՝ Ալեքսանդրապոլի մէջ պոլշեւիկները հիմնեցին «Ալիք» շաբաթաթերթը, սակայն մէկ թիւ լոյս ընծայելէն յետոյ ան փակուեցաւ, այս ճակատագրին արժանացան «Բանուորը» /Ալեքսանդրապոլ/, «Լոռուա Գիւղացիի Ձայն»/ Հաղպատ 1920/ երկշաբաթաթերթերը։ Սակայն պոլշեւիկեան պարբերականներէն էր «Սպարտակ» միութեան օրկան համանուն «Սպարտակ» թերթը։ Լոյս տեսած է «Սպարտակի» ընդամէնը մէկ թիւ՝ 1 Մայիս 1919-ին։ Ձախակողմեան ուղղուածութիւն ունէր «Գիւղացիական Միութիւն»/Ալեքսանդրապոլ 1919/ եւ «Գիւղացիի Ձայն»/ Երեւան 1920/ շաբաթաթերթերը։ Պոլշեւիկեան յայտնի թերթերէն էր՝ «Կոմունիստը», որ կառավարութեան կողմէ համարուեցաւ հակակառավարական եւ փակուեցաւ։ Այսպիսով, չնայած ընկերային ոչ լայն յենարանի՝ ՀՀ քաղաքային դաշտին մէջ իր արժանի տեղը կը գրաւէր ձախակողմեան մամուլը ընդհանրապէս եւ պոլշեւիկեանը՝ մասնաւորապէս։

Անկախ (անկուսակցական) Մամուլ Խմբագրել

Ի տարբերութիւն կուսակցական մամուլի՝ ՀՀ-ի մէջ շատ թոյլ արտայայտուած էր անկուսակցական եւ գիտական մամուլը։ Եթէ, այնուամենայնիւ, որոշ պարբերականները կը հիմնուէին իբրեւ անկախ, ապա՝ կարճ ժամանակամիջոցին, չունենալով բաւարար տնտեսական միջոցներ, կամ կը փակուէին կամ ալ հասկնալի պատճառներով կ'իյնային իշխանութիւններու կամ որեւէ կուսակցութեան ու հովանաւոր խումբի ազդեցութեան տակ եւ կը դառնար արտաքուստ անկախ, սակայն բովանդակութեամբ՝ անոնցմէ յոյժ կախեալ։ Ատոնց թիւին կը դասուէին «Ալեքսանդրապոլի Լրաբեր», 1919 օրաթերթ, «Իտէալ», 1919-ին, Երեւանի ամերիկեան որբանոցներու աշակերտական միութեան երկշաբաթաթերթ, «Նոր Ուղի», Երեւան, 1920-ին, ռուսալեզու՝ «Знамя школы»/Դպրոցի դրօշակ/, Երեւան, 1919-ին, Երեւանի գիմնազիաներու կոլեկտիւներու շաբաթաթերթ եւ այլ պարբերականները։ ՀՀ-ի մէջ, շատ կարճատեւ ընթացքով լոյս տեսան գերատեսչական եւ գիտաուսումնական բնոյթի քանի մը ամսագրեր։ 1920-ին, մէկ թիւով թողարկուեցաւ «Գիւղատնտեսական Հանդէս» ամսագիրը, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Առողջապահիկ» բժշկական հանդէսը, Էջմիածնի մէջ՝ լոյս տեսաւ «Արարատ», «Էջմիածին» հոգեւոր եւ գիտական ամսագրերը եւայլն։ Այսպիսով, Հայաստանի անկախութեան հռչակումը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ նշանակալի իրադարձութիւն եղաւ ո՛չ միայն քաղաքական, այլեւ՝ հոգեւոր-մշակութային տեսակէտէն։ Իր գոյութեան կարճատեւ- 2.5 տարի- ժամանակահատուածին մէջ ՀՀ-ը դարձաւ հայահաւաքման կեդրոն։ Աստիճանաբար հայ մամուլի աւանդական կեդրոնները՝ Թիֆլիսը, Կ.Պոլիսը, Վենետիկը, Մոսկուան, Պաքուն եւայլն իրենց դիրքերը զիջեցին՝ Երեւանին։ Վերջինս դարձաւ հայ հասարական-քաղաքական ու հոգեւոր կեանքի կեդրոն։ Ինչպէս մայրաքաղաքի, այնպէս ալ գաւառային կեդրոններու թերթերն ու ամսագիրերը հանդիսացած են տուեալ ժամանակաշրջանի բարդ իրականութեան եւ բազմաշերտ հասարակական-քաղաքական կեանքի ճշմարիտ հայելին։

Հանրապետութեան Յաջողութիւնները Խմբագրել

Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը կարճ տարիներու ընթացքին եւ բոլոր դժուարութիւններուն կրցաւ յաջողութիւններ արձանագրել։

  • Կարգ ու Կանոն - Գիւղացիներուն վրայ յաւելեալ տուրք դնելով, կառավարութիւնը կրցաւ եկամուտ մը ապահովել գաղթականները կերակրելու համար (այս քայլը հարկաւ մեծ դժգոհութիւն առաջացուց գիւղացիներուն մէջ)։ Կաշակեր պաշտօնեաները աստիճանաբար դուրս դրուեցան կառավարական հաստատութիւններէն։ Ընտրութիւններուն նաեւ մասնակցեցան կիներ (հակառակ ուրիշ երկիրներու, որոնք իրաւունք չտուին կանանց) եւ նոյնիսկ կիներ ընտրուեցան խորհրդարանի անդամներ եւ դեսպաններու պաշտօն տրուեցան (ինչպէս Տիանա Աբգար
  • Պաշտօնական Լեզու - Մինչ այդ գործածուող պաշտօնական լեզուն՝ ռուսերէնը, հայերէնով փոխարինուեցաւ։ Կառավարութիւնը կրցաւ ազգային ուժեղ կառոյցներու հիմը դնել երկրին մէջ։
  • Կրթական եւ Մշակութային Հարցեր - Կրթական նախարարութեան առաջին գործը եղաւ բանալ դպրոցները եւ հանրային կրթութեան համակարգ տնօրինել։ Դպրոցը բաժնուեցաւ եկեղեցիէն եւ դրուեցաւ կառավարութեան առանձին հսկողութեան տակ։ Կրթական նախարար Միքայէլ Աթաբէկեանը (Ժողովրդական) յաջողեցաւ կազմել դասերու պետական ծրագիր, միատեսակ՝ բոլոր դպրոցներուն համար։ Անցուց պարտադիր տարրական (նախակրթարան) կրթութեան օրէնքը։ Աշխատանք տարաւ համալսարան հիմնադրելու։ Ծրագրեց հիմնել թատրոն, հանրային գրադարան, եւ թանգարան։ Աթաբէկեան չկրցաւ դիմանալ Երեւանի սոսկալի աննպաստ պայմաններուն եւ պաշտօնէն հրաժարեցաւ։ Նիկոլ Աղբալեան դարձաւ նոր կրթական նախարարը։ 31 Յունուար 1920-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ բացուեցաւ համալսարան եւ հիմնուեցաւ միութիւններ, ակումբներ, հրատարակչական ընկերութիւններ եւ թերթեր։
  • Ճամբաներ եւ Հաղորդակցութեան Միջոցներ - Անկախութեան առաջին օրէն, կառավարութիւնըեւ աղքատիկ պիւտճէն տրամադրեց նորոգելու պատերազմին հետեւանքով քանդուած ճամբաները եւ նորերը շինելու։ Թուրքերուն նահանջէն ետք, հետագրական գիծերն ալ սկսան կանոնաւոր գործել։ Ան նաեւ Հայաստանի ծովային ուժի ծովային ուժի առաջին նաւը՝ «Աշոտ Երկաթ» անունով, Սեւան իջեցուց։ 1919-ի վերջերուն արդէն, Հայաստան ունէր աւելի կանոնաւորուած երկաթուղագիծ եւ ճամբաներու համեստ ցանց մը։
  • Սահմաններու Ընդլայնում - Զինուորական գործողութիւններու եւ դիւանագիտական համաձայնութիւններու միջոցաւ կարելի դարձաւ Հայաստանի սահմանները ընդլայնել։ Հայաստանին կցուեցաւ Կարսը, Շարուրն, ու Նախիջեւանը եւ Սուրմալուն։ Մինչեւ 1919-ի վերջաւորութիւնը, Հայաստան-Թուրքիա սահմանները գրեթէ հասած էին 1914-ի ռուս-թրքական սահմաններուն։ Հայկական մնացեալ հողերու կցումը Հայաստանին՝ կախեալ կը մնար Փարիզի մէջ ընթացող խաղաղութեան խոհրդաժողովէն։
  • Վարչական Բաժանումներ - Մէկ տարուան ընթացքին Պաթումի համաձայնագրով Հայաստանին տրուած 10,000 քառ. քիլոմեթր (շուրջ 4,400 քառ. մղոն) տարածութիւնը 27,000 քառ. քիլոմեթր (շուրջ 10,500 քառ. մղոն) դարձած էր։ Երկիրը քիչ մը տարածուած էր արդէն եւ կարիք ունէր վարչական կառոյց մը ստեղծելու համար, երկիրը բաժնուեցաւ 10 շրջաններու՝ Երեւան, Էջմիածին, Սուրմալու, Դարալագեազ, Զանգեզուր, Նոր-Բայազէտ, Դիլիջան, Ղարաքիլիսա, Ալեքսանդրապոլ, եւ Կարս։

ՀՀ Կառավարութիւն Խմբագրել

Վարչապետներ Խմբագրել

Անդամներ (նախարարներ) Խմբագրել

24 Յուլիս 1918-ին Հայոց ազգային խորհուրդը հրապարակեց կառավարութեան կազմը՝ Վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունի (1868-1937) Ներքին գործերու նախարար՝ Արամ Մանուկեան (1879-1919), Արտաքին գործերու նախարար՝ Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945), Ֆինանսներու նախարար՝ Խաչատուր Կարճիկեան (1882-1918), Պաշտպանութեան նախարար՝ ժեներալ Յովհաննէս Հախվերդեան (1873-1937), Արդարադատութեան նախարար՝ Գրիգոր Տէր-Պետրոսեան։

ՀՀ Խորհրդարան Խմբագրել

Նախագահներ Խմբագրել

Փոխնախագահներ Խմբագրել

Աւագ եւ կրտսեր քարտուղարներ Խմբագրել

Պատգամաւորներ (անդամներ) Խմբագրել

Առաջին գումարման խորհրդարանին մէջ, ՀՅԴ-ն կը ներկայացնէր 18, ՀԺԿ-ն, ՍՀԿ-ն, ՍԴԿ-ն՝ 6-ական պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ կային 6 իսլամադաւան, 2 անկուսակցական, մէկ ռուս եւ մէկ եզտի պատգամաւորներ, ընդամէնը՝ 46 հոգի։

Երկրորդ գումարման խորհրդարանին մէջ, ՀՅԴ-ն կը ներկայացնէր 73, ՍՀԿ-ն՝ 4 պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ՝ կային 2 իսլամադաւան եւ մէկ ԱԱԳՄ (Արագածոտնի անկուսակցական գիւղական միութիւն) պատգամաւորներ, ընդամէնը՝ 80 հոգի։

Աղբիւրներ Խմբագրել

1- Hille, Charlotte Mathilde Louise (2010). State Building and Conflict Resolution in the Caucasus. Leiden, Netherlands։ Brill. p. 151. ISBN 978-90-04-17901-1.

2.Jump up ^ Hewsen, Robert (2001). Armenia։ A Historical Atlas. Chicago։ University of Chicago Press. p. 235. ISBN 0-226-33228-4.