Մովսէս Սիլիկեան
Մովսէս Միխայիլ Սիլիկեան (14 Սեպտեմբեր 1862, Վարդաշէն, Նուխիի գաւառ, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 10 Դեկտեմբեր 1937, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), ռուսական եւ հայկական բանակներու ռազմական գործիչ, ազգային հերոս, ռուսական բանակի ընդհանուր հրամանատար (22 Սեպտեմբեր 1917), Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան բանակի գեներալ-լեյտենանտ (28 Մայիս 1919), ՀՀ բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ (24 Ապրիլ 1919)։ Ազգութեամբ ուտի էր[Նշում 1]։
Մովսէս Սիլիկեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 14 Սեպտեմբեր 1862 |
Ծննդավայր | Վարդաշէն, Նուխիի գաւառ, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 10 Դեկտեմբեր 1937 (75 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն Խորհրդային Միութիւն |
Մասնագիտութիւն | զինուորական |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄովսէս Սիլիկեան ծնած է Նուխի, տոհմիկ ազնուական ընտանիքի մէջ, որ եղած է ռազմական գործիչներու տոհմ: Սիլիկեանները ազգութեամբ ուտի են, դաւանանքով` հայ առաքելական:
Ան Կարսի մէջ ծառայութեան ընթացքին ամուսնացած է բանակի մէջ ծառայող սպայի մը դուստր Նաթալիայի հետ եւ ունեցած զաւակ մը՝ Գէորգի։
Գործունէութիւն
Խմբագրել28 Օգոստոս 1882-ին Մովսէս Սիլիկեան ընդունուած է մոսկովեան 2-րդ զինուորական մարզակեդրոնը, զոր աւարտած է 14 Օգոստոս 1884-ին՝ ենթատեղակալի կոչումով։ Ապա աւարտած է Ալեքսանդրովեան 3-րդ զինուորական ուսումնարանը եւ սպայական շինարարական դպրոցը[1][2], որմէ ետք նշանակուած է Կարս տեղակայուած Կուբանեան 155-րդ գունդի վաշտի հրամանատար։ 1914 թուականին Մովսէս Սիլիկեանին շնորհուած է գնդապետի աստիճան[3]։
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ
ԽմբագրելԱռաջին համաշխարհային պատերազմին՝ 1915 թուականին, ծառայեր է Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ որպէս հրաձգային գունդի հրամանատար, իսկ 1916-ին գլխաւորեր է Վանի զօրախումբը աչքի իյնալով Մուշի եւ Պիթլիսի գրաւումին իր սխրագործութիւններով։
Մասնակցած է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ռուս-թրքական (Կովկասեան) ռազմաճակատի մարտական գործողութիւններուն։ Եղած է Կովկասեան 6-րդ հրաձգային գունդի հրամանատար, որ գործած է հրամատար Թովմաս Նազարբեկեանի (Ֆոմա Նազարբեկով, 1855–1931 թուականներ) Կովկասեան 2-րդ Հրաձգային ջոկատի կազմին մէջ։ 1915 թուականի Նոյեմբերին ջոկատը կը վերակազմաւորուի հրաձգային բաժանումի։
Պատերազմի սկիզբը Կովկասեան 6-րդ հրաձգային գունդը 2-րդ հրաձգային ջոկատի կազմին մէջ մարտական գործողութիւններ կը մղէ Հիւսիսային Պարսկաստան ներխուժած թրքական զօրամասերու եւ համիտեան գունդերու դէմ։ Հակառակորդին Պարսկաստանի հիւսիսային շրջաններէն ետ մղելէն եւ Տիլմանի ճակատամարտի (18-19 Ապրիլ 1915) Խալիլ պէյին պարտութեան մատնելէ ետք զօրավար Թովմաս Նազարբեկեանին կը յանձնարարուի հետապնդել Խալիլի ուժերը։ 9 Մայիս 1915-ին Մովսէս Սիլիկեանի գունդը կ'ապահովէր ջոկատի ձախ թեւը քրտական հնարաւոր յարձակումներէն[4]։ Իսկ Յունիս 28-ին գունդը հրաման կը ստանայ անցնել Տէրիք գիւղը, ուր կը գտնուէր IV կորպուսի շտապը[5]։
1915 թուականի Դեկտեմբերին Կովկասեան բանակի հրամանատար, զօրավար Նիկոլայ Եուտենիչը սկսած էր Էրզրումի (Կարին) գրաւման գործողութիւնը։ Թովմաս Նազարբեկեանի խումբը եւ իր կազմին մէջ գործող 6-րդ հրաձգային գունդին առջեւ դրուած էր մարտական առաջադրանք՝ ապահովել գործողութեան գաղտնապահութիւնը, մատակարարման եւ հաղորդակցութեան ուղիները թուրք-քրտական յարձակումներէն։
5 Յունուար 1916-ին գնդապետ Մովսէս Սիլիկեանը Թովմաս Նազարբեկեանին ուղղած զեկուցագիր կը յայտնէ, որ գունդը հասած է Տայար եւ գրաւած է դիրքեր[6]։ 10 Յունուար-ին Կովկասեան 1-ին բանակային կորպուսի հրամանատար, զօրավար Փ. Քալիթինի հրամանով 6-րդ գունդը՝ մէկ մարտկոցով, արագցուած երթով Ալաշկերտի հովիտէն կը շարժէր Էրզրում՝ մասնակցելու քաղաքի գրաւման գործողութեան[7]։ 22 Յունուարին գունդը կը տեղակայուի Էքիպաթ գիւղին մէջ, իսկ 24 Յունուարին՝ Հասան Քալէի մէջ[8]՝ որպէս բանակային պահեստազօր[9]։
Էրզրումի գրաւման օրը՝ 2-3 լուսցող գիշերը 1916-ի Փետրուար, VI գունդը կը մտնէ քաղաք։ Գնդապետ Մովսէս Սիլիկեանը կը նշանակուի Էրզրումի զինուորական պարետ[8]։ Քաղաք մտնելէ անմիջապէս ետք գունդի անձնակազմը ձեռնամուխ կ'ըլլայ դասալիքներու եւ կողոպտիչներու յայտնաբերմանն ու ձերբակալմանը, հրդեհներու մարմանը եւ հրետանային ու համբարակային պահեստները հսկողութեան տակ վերցնելուն, պարեկապահակային ծառայութեան[10]։ Զօրավար Պ. Կալիտինի առաջին հրամաններէն մէկը Մովսէս Սիլիկեանին կ'ըլլայ այն, որ ան արգիլէ հայերու մուտքը Էրզրում[10]։ Զօրավարի նման վերաբերմունքը կը բացատրուի հայերու նկատմամբ ունեցած անբարեցկամութեամբ։ Կորպուսի հրամանատարին հետաքրքրած էր Էրզրումի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երիտթրքական իշխանութիւններու կողմէ հայերէ կողոպտուած գոյքը, որուն զգալի մասը չէին հասցուցած դուրս տանիլ։ Առաջինը այդ մասին կը տեղեկանայ գնդապետ Մովսէս Սիլիկեանը, որ կը շտապէ հեռագրել Թիֆլիսի քաղաքագլուխ Ալեքսանդր Խատիսեանին՝ խնդրելով ուղարկել վստահելի անձ մը, որ կը տնօրինէ հայերուն պատկանող գոյքը[11]։
1916 թուականի Մարտի վերջը Սիլիկեանի գունդը կը տեղակայուի Պիթլիսի մէջ (Բաղեշ), իսկ Ապրիլի սկիզբը հրաման կը ստանայ քաղաքին մէջ ձգել երկու գումարտակ եւ մէկ գումարտակով ու լեռնային չորս թնդանոթով շարժիլ Մուշ, քանի որ վերջինիս ուղղութեամբ կը շարժէին թրքական Տարտանելեան VII եւ VIII բաժանումները։ Մովսէս Սիլիկեանը կը նշանակուի Մուշ քաղաքի կայազօրի պետ։
Շուտով Մուշ կու գան Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան աշխատակիցներ Կարօ եւ Արմէն Սասունիներն ու Հմայեակ Մանուկեանը ողջ մնացած բնակչութեան օգնութիւն ցոյց տալու եւ քրտական գերութենէն հայերը ազատելու համար։ Կարօ Սասունին կ'առաջարկէ ռուսական հրամանատարութեան՝ զօրավար Զաքար Մտիւանիին, թոյլատրել Խնուսի մէջ հայերէ կազմակերպել աշխարհազօրային-ինքնապաշտպանական խումբեր՝ միլիցիա։ Անոնք ոչ միայն կը պաշտպանէին բնակչութեան քրտական յարձակումներէն, այլեւ կ'իրականացնէին ռուսական բանակի հաղորդակցութեան ուղիներու հսկումը եւ կը հետախուզէին հակառակորդի դիրքերը։
Սակայն զօրավար Զաքար Մտիւանին կո թոյլատրէ զբաղուիլ զուտ գաղթականական գործերով։ Գնդապետ Մովսէս Սիլիկեանի խորհուրդով՝ նոյն խնդրանքով Կարօ Սասունին կը դիմէ 66-րդ հրաձգային խումբի հրամանատար, զօրավար Իպպոլիտ Սաւիցկիին[12]։ Վերջինիս անմիջական օգնութեամբ Սասունին կը ստանայ զէնք, զինամթերք, հագուստ եւ պարեն։ Զէնքը կը տրուի սասունցիներէն եւ մշեցիներէն կազմուած մարտական խումբերուն, որոնք կ'իրականացնեն որոնողական, հետախուզական եւ մարտական գործողութիւններ։ Ստացուած տեղեկութիւնները կո հաղորդուին Սիլիկեանին[12]։
Մովսէս Սիլիկեանի հրամանատարութեան տակ գործած է Դրոյի ենթակայութեան տակ գտնուող Հայկական II կամաւորական խումբը, որ գնդապետին խորը հիացմունք եւ յարգանք պատճառած էր իր մարտական պատրաստուածութեամբ, քաջութեամբ ու կարգապահութեամբ։ Խորհրդային տարիներուն զօրավար Թովմաս Նազարբեկեանին գրած նամակի մը մէջ Մովսէս Սիլիկեանը հետեւեալ գնահատականը տուած է Դրոյի խումբին.
Դրոյի ջոկատը՝ ատիկա փառահեղ ջոկատ է, Հայաստանի հպարտութիւնն ու գեղեցկութիւնն է[12]։ |
Իսկ 1928 թուականին Նազարբեկեանին գրած նամակներրն մէկուն մէջ Սիլիկեանը հետեւեալը հաղորդսծ է. II խումբի կատարած քաջագործութիւններու մասին ինքը գրսծ է Կովկասեան IV բանակային կորպուսի հրամանատարութեան եւ Դրոյին ու աչքի ինկած մարտիկներուն ներկայացուցած է Գէորգիեւեան խաչով պարգեւատրելու համար։ Ինչպէս կո վկայէ Մովսէս Սիլիկեանը.
Հետագային ես իմացայ, որ իրենք մերժած են այդ պարգեւները եւ խնդրած են այլեւս ներկայացումներ չընել[13]։ |
1917 թուականի փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք Սիլիկեանը կը նշանակուի Վանի ջոկատի հրամանատար։ Ջոկատը կազմուած էր երեք շարային գունդերէ[14]։ Որոշ ժամանակ ետք ան կը նշանակուի ջոկատի հրամանատար[14]։ 22 Օգոստոս-ին Մովսէս Սիլիկեանին կը շնորհուի զօրավար-քաղաքապետի կոչում[3]։
Մինչեւ 1918 թուականի Յունուարը Սիլիկեանը գտնուած է Վանի մէջ, ապա Թիֆլիսի հայոց ազգային խորհուրդի հրամանով այլ հայ սպաներու հետ կու գայ Թիֆլիս, ուր Հայկական կորպուսի հրամանատար զօրավար Նազարբեկեանի հրամանով Սիլիկեանը կը նշանակուի II հրաձգային բաժանումի հրամանատար[3]։
Հայաստանի Հանրապետութիւն
Խմբագրել4 Յունիս 1918-ի Պաթումի պայմանագիրով հայկական զինուժը պէտք չէ գերազանցեր մէկ բաժանումէն։ Զօրավար-լեյտենանտ Թովմաս Նազարբեկեանի 26 Յուլիս-ի թիւ 99 հրամանի համաձայն՝ Առանձին հայկական բաժանումի հրամանատար կը նշանակուի զօրավար-քաղաքապետ Մովսէս Սիլիկեանը[15]։
25 Մարտ 1919-ին կը ստեղծուի ՀՀ բանակի ռազմական խորհուրդ, որուն նախագահ կը նշանակուի զօրավար-լեյտենանտ Թովմաս Նազարբեկեանը։ 24 Ապրիլ-ին, ի թիւս այլոց, խորուհրդի անդամ կը նշանակուի Սիլիկեանը[16]։ 1 Յունիս-ին Մովսէս Սիլիկեանին կը շնորհուի զօրավար-լեյտենանտի զինուորական կոչում։
1918 թուականի Դեկտեմբերին կը սկսի Հայ-վրացական պատերազմը[17]։ Զօրավար Սիլիկեանին կը յանձնարարուի մարտական գործողութիւններու ընդհանուր հրամանատարութիւնը[18]։ Ան պէտք է հսկողութեան տակ վերցներ մինչեւ Խրամ գետը տանող շրջանը։ Գետը հանդիսանալու էր հայ-վրացական սահմանը[19]։
1920 թուականի Ապրիլին Մովսէս Սիլիկեանը կը նշանակուի Նոր Պայազիտի գաւառ (Գեղարքունիք) եւ Շարուր-Տարալագեազ (Վայոց ձոր) գաւառներու զօրավար-նահանգապետ։ Ան միաժամանակ վարած է Նոր Պայազիտ գաւառի տեղակայուած զօրքերու շտապի պետի պաշտօնը[20]։ Ինչպէս պարզաբանած է Մովսէս Սիլիկեանը 29 Նոյեմբեր 1935-ին ՆԳԺԿ քննիչ Իսրայէլեանին, իր նշանակման բուն նպատակն էր աջակցիլ Դրոյի հրամանատարութեան տակ գտնուող ջոկատին անցնիլ Լեռնային Ղարաբաղ՝ տեղի հայ բնակչութեան ազրպէյճանական բանակի դէմ մղուող պայքարին օգնելու համար[21]։
Նոր Պայազիտի մէջ զգալի էր պոլշեւիկեան ազդեցութիւնը։ Իրենք, օգտուելով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ընկերա-տնտեսական ծանր դրութենէն, հակակառավարական աշխուժ քարոզչութիւն կը տանին բնակչութեան եւ յատկապէս զինուորներու շրջանին մէջ։
Մովսէս Սիլիկեանէն ու իր շտապէն աննկատ չեն մնար պոլշեւիկներու աշխուժութիւնը։ Զօրավարը տեղեկանալով, որ պոլշեւիկ Յովհաննէս Սարուխանեանը հակապետական լայն քարոզչութիւն ծաւալած է՝ իրեն կ'արտաքսէ գաւառէն[20]։ Սակայն 7 Մայիս-ին Սարուխանեանը, չնայած արգելքին, կը վերադառնայ Նոր Պայազիտ։ Պատմաբան Համլեթ Յարութիւնեանը, վկայակոչելով պոլշեւիկեան մամուլը եւ արխիւային փաստաթուղթերը, կը նշէ, որ Սարուխանեանը, արհամարհելով «զօրավարի սպառնալիքները եւ առատաձեռն խոստումները», հետեւեալը յայտարարած է.
Համայնավարները երբէք չեն նահանջեր իրենց գաղափարներէն եւ ոչ մէկ դեպքի չեն կատարեր թշնամիի թելադրանքները[22]։ |
10 Մայիս-ին Մովսէս Սիլիկեանը Ղարանլուղ (այժմ՝ Մարտունի) գիւղին մէջ կը հանդիպի Սարուխանեանին, որ հակապետական քարոչութիւն ծաւալած էր բնակավայրին մէջ տեղակայուած հայ զինուորներու շրջանին մէջ[22]։ Հաւանաբար, Մովսէս Սիլիկեանը փորձած է անձնական հանդիպման ժամանակ համոզել պոլշեւիկ քարոզիչին դադրեցնել հակակառավարական քարոզչութիւնը եւ գործը արիւնահեղութեան չհասցնել։ Որպէս զօրավար-նահանգապետ՝ Մովսէս Սիլիկեանը ունէր բոլոր հնարաւորութիւնները Սարուխանեանին ձերբակալելու համար։ Զօրավարը, սակայն, չի դիմեր կտրուկ միջոցներու, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հ. Սարուխանեանին 300 զինուորներու գլուխը անցած 12 Մայիս-ին մտնել Ղարանլուղ եւ ձերբակալել մի քանի սպաներու, որոնցմէ՝ Մովսէս Սիլիկեանին։ Վերջինիս կալանումը կը կատարուի Սարուխանեանի անմիջական մասնակցութեամբ։
«Աշխատաւոր» թերթը հետեւեալը կը գրէր. Մովսէս Սիլիկեանի այն հարցին, թէ՝ «չէ՞ որ դուք ինծի ազնիւ խօսք տուիք բանակին ձեռք չտալ պ. Սարուխանեան», վերջինս պատասխանած է. «Ես այն ժամանակ ձեզ ստեցի, ընկեր Սիլիկեան»[23]։
19 Մայիսի կէսօրին կառավարական զօրքը կը մտնէ Նոր Պայազիտ եւ բանտէն կ'ազատէ կալանուած բոլոր սպաներուն[24][Նշում 2]։
Հայաստանի Խորհրդայնացումէն Ետք
Խմբագրել1921 թուականի Սեպտեմբերին աքսորէն վերադառնալէն ետք Մովսէս Սիլիկեանը կը հաստատուի Երեւանի մէջ եւ աշխատանքի կ'անցնի շուէտական «Պալթեան» բաժնետիրական ընկերութեան Ալեքսանդրապոլի (այժմ՝ Գիւմրի) մասնաճիւղի՝ որպէս հաշուապահ եւ վաճառող[25]։ Ընկերութեան մէջ Սիլիկեանը կ'աշխատի 1,5 տարի եւ 1923 թուականին ծառայութեան կ'անցնի «Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան ամերիկեան կոմիտէի մէջ» կամ Ամերկոմի մէջ, ուր կ'աշխատի մինչեւ 1929 կամ 1930 թուականը։ Կոմիտէն զգալի դեր կ'ունենայ հայ գաղթականութեան եւ յատկապէս որբ երեխաներու փրկութեան գործին մէջ[26]։
Զօրավար Թովմաս Նազարբեկեանի անձնական արխիւին մէջ պահպանուած են Մովսէս Սիլիկեանի մի քանի նամակ, ինչպէս նաեւ մեզ չհասած նամակներէն արուած քաղուածքներ։ Նազարբեկեանը, որ կը բնակէր Թիֆլիսի մէջ, նախաձեռնած էր յուշագրութիւն, որ կը վերաբերէր Առաջին համաշխարհային պատերազմի ռուս-թրքական ռազմաճակատին մէջ ընթացած մարտական գործողութիւններուն, 1918 թուականի Մայիսեան հերոսամարտերուն[27]։ Շարք մը գործողութիւններու, դէպքերու եւ անձերու վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկութիւններ ու ճշտումներ կատարելու համար զօրավարը դիմած է Սիլիկեանին՝ խնդրելով օժանդակել այդ խնդիրին մէջ։ Վերջինս օգնած կամ յուշած է, թէ որուն պէտք է դիմել։ Տեղեկանալով, որ Թովմաս Նազարբեկեանը քաղուածքներ կը կատարէ իր նամակներէն, Սիլիկեանը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր վրայ վերցնել այդ աշխատանքը՝ խնդրելով իրեն ուղարկել այդ նամակներն ու նիւթերը։ Ան կը գրէ.
Ես կը կազմեմ մանրամասն գրութիւն եւ այդ ամէնը ողջ նիւթի հետ կ'ուղարկեմ Ձեզ՝ Ձեր գրառումներու համար։ Շատ ուրախ կ'ըլլամ այդ գործին մէջ Ձեզ օգնելու համար[28]։ |
Քրէական Գործ
Խմբագրել1927 թուականին Մովսէս Սիլիկեանը կը ձերբակալուի անվտանգութեան մարմիններու կողմէ, որ չկարողանալով ապացուցել առաջադրուած մեղադրանքները՝ Օգոստոսին վարչական կարգով իրեն կ'աքսորէ Տոնի Ռոստով։ Նոյն թուականի Հոկտեմբերին իրեն կը թույլատրուի վերադառնալ Երեւան[29]։ 25 Նոյեմբեր 1935-ին Մովսէս Սիլիկեանը կրկին կը ձերբակալուի։ Ձերբակալման եւ բնակարանի՝ Սուերտլովի 99 (այժմ՝ Պուզանտ), խուզարկութեան հրամանը ստորագրողներու կը թուի Անդրկովկասի Դաշնութեան ՆԳԺԿ վարչութեան պետ Խաչիկ Մուղտուսին (Խաչատուր Աստուածատրեան)[30]։ Զօրավարը ամբաստանուած է միապետական հայեացքներու եւ նախկին դաշնակցական Հռիփսիմէ Մուշեղեանի հետ կապ ունենալու համար։ Սիլիկեանին հարցաքննող քննիչ Իսրայէլեանը յայտնած է, որ Հռիփսիմէի ամուսինը ծառայած է նախկին ՀՀ-ի հակահետախուզութեան մէջ[31]։ Քննիչը կը պահանջէ, որպէսզի Մովսէս Սիլիկեանը հաստատէ, որ «Պալթիկ» ընկերութեան աշխատակից Գէորգ Քրմոյեանը իրեն 1922 թուականին յայտնած է, որ նախկին ՀՀ կառավարութիւնը կը նախատեսէ վերականգնել իշխանութիւնը Հայաստանին մէջ եւ կազմած է կառավարութիւն, ուր Սիլիկեանը վարելու է զինուորական նախարարի պաշտօնը։ Զօրավարը կտրականապէս կը հերքէ ատիկա՝ աւելցնելով, որ նման հնարաւորութիւն եղած է 1919 թուականին, սակայն ինքը հրաժարած է։
23 Յունուար 1936-ի հարցաքննութեան ժամանակ Մովսէս Սիլիկեանը կը յայտնէ, որ մինչեւ 1928 թուականը նամակագրութիւն ունեցած է Թովմաս Նազարբեկեանի հետ, իսկ Հ. Մուշեղեանի հետ ծանօթ եղած է Կարսէն, ուր իր եղբայրը ունեցած է լուսանկարչատուն[32]։ Այդ տիկնոջ հետ յաջորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է Վանի մէջ, ուր ան աշխատած է սանիտարական լազարեթին մէջ[33], իսկ Ամերկոմին մէջ ծառայելէն ծանօթացած է Վարազդատ Տերոյեանի հետ։ Մովսէս Սիլիկեանը հերքած է, որ վերը նշուած անձանց հետ վարած է հակախորհրդային եւ հակապետական բնոյթի զրոյցներ, ինչպէս օրինակ՝ «Իրանի մէջ երբէք խորհրդային իշխանություն չի հաստատուիր»[34]։ Քննիչի հարցին, թէ՝ ո՞վ է Տիոմա Սիլիկովը, զօրավարը կը պատասխանէ, որ ան իր հորեղբօրը տղան է՝ Արտիոմը, նախկին ռուսական բանակի Գլխաւոր շտապի սպայ։ Ան ծառայած է զօրավար Ա. Տենիկինի բանակին մէջ, ապա վտարանդուած է արտասահման[35]։ 26 Յունուար 1936-ի հարցաքննութեան ժամանակ Մովսէս Սիլիկեանը կրկին կը պնդէ, որ իրեն մեղաւոր չի համարիր[36]։
27 Փետրուար 1936-ի որոշման մէջ ՆԳԺԿ-ի քաղաքական գաղտնի բաժինի լիազօր Ճամճեանը, ուսումնասիրելով Մովսէս Սիլիկեանի դէմ յարուցուած թիւ 4061 գործը, եկած է եզրակացութեան, որ բոլոր մեղադրանքները հետաքննութիւնը ապացուցած է։ Լիազօրը, սակայն, հաշուի առնելով Սիլիկեանի տարիքը (74 տարեկան), կ'որոշէ իրեն ազատել կալանքէն՝ Երեւանէն չբացակայելու պայմանով, մինչեւ որ ԽՍՀՄ ՆԳԺԿ Յատուկ խորհրդակցութիւնը չընդունի համապատասխան որոշում[37]։ 29 Փետրուար-ին Սիլիկեանը պարտաւորագիր կը գրէ Երեւանէն չբացակայելու մասին եւ ազատ կ'արձակուի[38]։
16 Մարտ-ին ՀԽՍՀ դատախազի տեղակալ Միքայէլեանը, քննելով Սիլիկեանի դէմ յարուցուած մեղադրանքները, առանձնացուցած է հետեւեալները.
- Նոր Պայազիտի մէջ համայնավարներուն հետապնդելը,
- 1921 թուականին աքսորէն վերադառնալէն ետք «գերմանոֆիլ» Վարազդատ Տերոյեանի հետ ունեցած մտերիմ յարաբերութիւնները,
- Դաշնակցական ընդյատակեայ կազմակերպութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հ. Մուշեղեանի հետ հանդիպիլը։
Քննելով վերը նշուած հարցերը՝ Միքայէլեանը կ'եզրակացնէ, որ Սիլիկեանի դէմ յարուցուած մեղադրանքները ապացուցուած են եւ քրէական գործը պէտք է յանձնել ՆԳԺԿ Յատուկ խորհրդակցութեանը առանց դատական կարգի[39]։
5 Ապրիլ-ին, սակայն, պետական անվտանգութեան լեյտենանտ Սարկիսովը, քննելով Սիլիկեանի դէմ յարուցած մեղադրանքները, եզրակացուցած է, որ իրենք ապացուցուած են մասնակիօրէն, ուստի պէտք է գործը կարճել՝ յանձնել արխիւ եւ Երեւանէն չբացակայելու որոշումը համարել անվաւեր[40]։ Սակայն, Սիլիկեանը երկար չմնաց ազատութեան մէջ. 1937 թուականին ան կը ձերբակալուի չորրորդ անգամ։ 16 Նոյեմբեր-ին ՀԽՍՀ ՆԳԺԿ-ի Եռեակը զօրավարին կը դատապարտէ մահապատիժի, որ ի կատար կ'ածուի 22 Նոյեմբեր-ին[41]։
Յետմահու Արդարացում
ԽմբագրելՀայկական բանակի զօրավար-լեյտենանտ Մովսէս Սիլիկեանի նկատմամբ ներկայացուած մեղադրանքը չեղարկուեցաւ միայն 10 Նոյեմբեր 1987-ին, երբ ՀԽՍՀ Գերագոյն դատարանը չեղեալ յայտարարեց ՆԳԺԿ-ի Եռեակի որոշումը[42][Նշում 3]։ Այս վճիռի պատճառը եղած է Սիլիկեանի որդիի՝ Գէորգիի դիմումը ԽՍՀՄ ՊԱԿ-ի նախագահ Վ. Չեպրիկովին[43]։ Միաժամանակ Գէորգի Սիլիկեանը խնդրած է յայտնել հօր մահուան յանգամանքները, տարեթիւը եւ վայրը։
14 Յունուար 1988-ին ՀԽՍՀ ՊԱԿ-ի նախագահ Մարիուս Եուզբաշեանը կը դիմէ ՀԽՍՀ արդարադատութեան նախարար Ա. Տատայեանին՝ խնդրելով հրահանգել, որպէսզի Երեւանի Սպանտարեան շրջանի Քաղաքացիական կացութեան ակտերու գրանցման բաժնին մէջ (ՔԿԱԳԲ) գրանցել Մովսէս Սիլիկեանի մահը, որ տեղի ունեցած է 22 Նոյեմբեր 1937-ին[44][Նշում 4]։
Կարծիքներ
ԽմբագրելԱյդ ժամանակուան հայ զօրավարներէն ամենատաղանդաւորը Սիլիկեանն էր...։ |
Պարգեւներ
Խմբագրել- Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Գէորգիեւեան խաչ շքանշան (18 Նոյեմբեր 1918),
- Ռուսաստանի Սուրբ Ստանիսլաւի 2-րդ աստիճանի շքանշան (1910),
- Սուրբ Գէորգիի շքանշան (1916)։
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելՆշումներ
Խմբագրել- ↑ 29 Նոյեմբեր 1935-ին ՀԽՍՀ ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատի (ՆԳԺԿ) պետական անվտանգութեան վարչութեան մէջ տուած ցուցմունքին մէջ Մովսէս Սիլիկեանը պարզաբանած է, թէ ինչու որոշ դեպքերու ազգութիւնը նշած է հայ [«քանի որ չէին հասկնար, թէ ինչ ազգ է ուտին». տե՛ս Հայաստանի ազգային արխիւ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 6։ Հարցաքննութեան արձանագրութեան «Ընտանեկան դրութիւնը» բաժինին մէջ նշուած է ոմն Կոնստանթին Ալեքսանդրի Զդանովսկի։ Քրէական գործին մէջ նշուած անձի վերաբերեալ այլ տեղեկութիւն չկայ (տե՛ս նույն տեղը, թ. 5)։ Ուտիներու ծագումնաբանութեան մասին աւելի մանրամասն տե՛ս Գ. Ռ. Առաքելեան. Ակնարկ Ուտի ազգաբնակչութեան պատմութեան.― ՀՀ ԳԱԱ «Լրաբեր հասարակական գիտությունների», 2003, -1, էջ 93–98։
- ↑ 29 Նոյեմբեր 1935-ի ՀԽՍՀ ՆԳԺԿ պետական անվտանգութեան վարչութեան մէջ հարցաքննութեան ժամանակ Մովսէս Սիլիկեանը պարզաբանած է իր ազատման մանրամասները։ Ան յայտնած է, որ իր բանտախցիկի դուռը բաց եղած է, եւ ինքը դուրս գալով՝ թաքնուած է գիւղացիներէն մէկուն տանը (տե՛ս ՀԱԱ, ֆ.1191, ց.1, գ.1124, թ. 9)։
- ↑ Բառացի կը նշանակէ՝ գործնական հաշուառման գործերու գունաւորում՝ որակաւորում։ Պետական անվտանգութեան գործադիր աշխատակիցը, հիմք ընդունելով կասկածեալի արարքի կամ յանցանքի վտանգաւորութիւնը, տուած է համապատասխան գունաւորում՝ որակաւորում կամ գնահատական։ Նման որակաւորման ցանկը կը սահմանուէր ՆԳԺԿ-ի, իսկ հետագային՝ ՊԱԿ-ի յատուկ հրամանով։
- ↑ 25 Յունուար 1988-ին ՀԽՍՀ ՊԱԿ-ի X բաժնի պետ փոխգնդապետ Ե. Աթթարեանը կը դիմէ Ազրպէյճանի ԽՍՀ գործընկերոջը՝ փոխգնդապետ Բ. Ճամբարովին, խնդրելով, որպէսզի Պաքու քաղաքի բնակիչ Գէորգի Սիլիկովին տեղեկացնէ, որ հայրը 16 Նոյեմբեր 1937-ին դատապարտուած է պատիժի առաւելագոյն չափի՝ գնդակահարութեան։ Գ. Սիլիկովը հօր մահուան վկայականը կարող է ստանալ Երեւանի Սպանտարեան շրջանի ՔԿԱԳԲ-էն։ 10 Փետրուար-ին Բ. Ճամբարովը պատասխան գրութեամբ կը յայտնէ, որ Գ. Սիլիկովը հրաւիրուած է ՊԱԿ եւ իրեն բանաւոր տեղեկացուած է հօրը մահուան յանգամանքներու եւ մահուան վերաբերեալ տեղեկանք ստանալու հնարաւորութեան մասին. տե՛ս ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1125, թ. 19, թ. 20 եւ շրջ.։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Г. Аветисян (2008)։ Генералы-армяне в Российской империи։ Ереван։ էջեր 181–182
- ↑ Ըստ Մովսէս Սիլիկեանի 29 Նոյեմբեր 1935-ին ՀԽՍՀ ՆԳԺԿ պետական անվտանգութեան վարչութեան մէջ տուած ցուցմունքի՝ 1904-ին աւարտած է Օրանինենբայումի (Լոմոնոսով) սպայական հրաձգային դպրոցը կապիտանի կոչումով (տե՛ս ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 6 շրջ.):
- ↑ 3,0 3,1 3,2 Г. Аветисян (2008)։ Генералы-армяне в Российской империи։ Ереван։ էջ 181
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 2, թ. 59 շրջ.:
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 3, թ. 4 շրջ.:
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 9, թ. 21 շրջ.։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 10, թ. 9 շրջ.:
- ↑ 8,0 8,1 ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 2, թ. 11 շրջ.:
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 2, թ. 9 շրջ.:
- ↑ 10,0 10,1 ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 2, թ. 12 շրջ.:
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 9, թ. 28 շրջ.–29։
- ↑ 12,0 12,1 12,2 Սասունի Կ․ (1966)։ Թրքահայաստանը Ա. աշխարհամարտի ընթացքին (1914–1918)։ Պեյրութ։ էջեր 120–121
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 22, թ. 9 շրջ։
- ↑ 14,0 14,1 ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 7:
- ↑ Յարութիւնեան Կ․ (2002)։ Հայկական ազգային զօրամիաւորումները 1918–1945 թուականներուն։ Երեւան։ էջ 19
- ↑ Յարութիւնեան Կ․ (2002)։ Հայկական ազգային զօրամիաւորումները 1918–1945 թուականներուն։ Երեւան։ էջ 20
- ↑ Աւելի մանրամասն տե՛ս Սարդարեան, Կ․ (2002)։ Հայ-վրացական յարաբերութիւնները 1918–1921 թթ․։ Երեւան
- ↑ Վիրապեան Վ․ Հ․ (2003)։ 1918 թ. վրաց-հայկական պատերազմը, ՀՀ կառավարութեան ռազմաքաղաքական գործունէութիւնը եւ կուսակցութիւնները։ Երեւան։ էջեր 137–208
- ↑ Սարդարեան, Կ․ (2002)։ Հայ-վրացական յարաբերութիւնները 1918–1921։ Երեւան։ էջեր 55–60
- ↑ 20,0 20,1 Յարութիւնեան Հ․ (2011)։ 1920 Մայիսեան Ապստամբութիւնը Նոր Պայազիտ գաւառին մէջ։ Երեւան: Պատմաբանասիրական հանդես։ էջ 84
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 8 շրջ.:
- ↑ 22,0 22,1 Յարութիւնեան Հ․ (2011)։ 1920 թուականի մայիսեան ապստամբութիւնը Նոր Պայազիտ գաւառի մէջ։ Երեւան: Պատմաբանասիրական հանդես։ էջ 85
- ↑ Յարութիւնեան Հ․ (2011)։ 1920 թ. մայիսյան ապստամբութիւնը Նոր Պայազիտ գաւառի մէջ։ Երեւան: Պատմաբանասիրական հանդես։ էջ 86
- ↑ Յարութիւնեան Հ․ (2011)։ 1920 թ. մայիսեան ապստամբութիւնը Նոր Պայազիտ գաւառին մէջ։ Երեւան: Պատմաբանասիրական հանդես։ էջ 89
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 14 շրջ.։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 37 շրջ.։
- ↑ Յուշագրութեան մէկ մասը տպագրուած է. տե՛ս Армянский корпус против турецких войск (ноябрь 1917 г.– июль 1918 г.). Воспоминания генерала Ф. И. Назарбекова. Сост. Г. М. Шатирян, ред. Г. А. Аветисян.– «Вестник архивов Армении», 1992, ¹ 3, с. 34–153.
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 28, թ. 98:
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 45, ց. 1, գ. 28, թ. 98։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 38
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 3։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 15։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 10։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 19։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 18։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 35։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 39։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 40։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 41-42։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 43։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1125, թ. 16, 19։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1124, թ. 38։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1125, թ. 16։
- ↑ ՀԱԱ, ֆ. 1191, ց. 1, գ. 1125, թ. 19։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Տիգրան Հայազն, Գարեգին Ղազարեան, 1000 հայազգի զօրավարներ, ծովակալներ։ Երեւան, 2009, էջ 118-119։
- Карапетян М. Л., Генерал-лейтенант Мовсес Силикян (К 150-летию со дня рождения), Вестник общественных наук НАН РА, N 4, 2012, с. 291-294 (ռուս.)