Վիգէն Գլակ (Կարօ Սասունի, 1889[1][2], Ահարոնք, Պիթլիսի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1977[1][2], Պէյրութ, Լիբանան), հայ բանասէր, արձակագիր, խմբագիր, իրաւաբան, ուսուցիչ եւ հասարակական գործիչ։ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհդարանի անդամ, եւ նահանգապետ։ «Բագին» գրական հանդէսի հիմնադիր եւ խմբագրապետ։

Կարօ Սասունի
Ծնած է 1889[1][2]
Ծննդավայր Ահարոնք, Պիթլիսի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1977[1][2]
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
 Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Մայրենի լեզու հայերէն եւ թրքերէն
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն իրաւաբան
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

1889-1908 Սասուն, Մուշ, Տիգրանակերտ

Խմբագրել

Ծնած է Սասուն՝ Ահարոնք գիւղը Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի ուխտագնացութեան օրը. այդպէս ալ կ'անուանուի Կարապետ։ Հայրը՝ Իշխան Խազար ու յատկապէս մայրը՝ Աննան, կը կերտեն իր ազգային նկարագիրը։ Իր ազգական Հրայր Դժոխքէն եւ Գէորգ Չաւուշէն կը ներշնչուի եւ կ'որակուի «Ծուռ» իր անսպառ երանդին եւ Սասունցի Դաւիթի ծռութեամբ յատկանշուած ըլլալուն համար։ Նախնական ուսումը՝ գիւղի վարժարանին, ապա Մուշի Մուրատ-Մխիթարեան միջնակարգ վեցամեայ վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, քանի մը տարի 1906-էն մինչեւ 1908 ուսուցիչ եղած է Տիգրանակերտ։

1908-1914 Պոլիս

Խմբագրել

1908-ին կ'անցնի Պոլիս, ուր մէկ տարի կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան։ 1909-ին կը յաճախէ Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանը, որու ընթացքը կ'աւարտէ 1914-ին։

1914-1921 Կովկաս, Տարօն, Անկախ Հայաստան

Խմբագրել

Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբը կը մեկնի Կովկաս, ուր կը լծուի կամաւորական շարժումին. Հայ Կամաւորական եւ Ռուս բանակներուն հետ կը մտնէ Տարօն 1916-ին, ուր կը նշանակուի Տարօնի կառավարիչ։ Հետագային Ռուս բանակին նահանջին ատեն կը յաջողի փրկել բազմաթիւ գաղթականներ եւ կազմակերպել իրենց տեղափոխումը դէպի Արեւելեան Հայաստան։ 1917-ին կ'ամուսնանայ Միսաք Մեծարենցի զարմուհի՝ Լոլա Սասունիի բուն անունով՝ Հռիփսիմէ Մեծատուրեանի հետ եւ կը բախտաւորուի չորս զաւակով։ Կը նպաստէ նորածին Հայկական Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման գործին։ Կը դառնայ Խորհրդարանի անդամ, Ալեքսանտրապոլի (ներկայիս Գիւմրիի) նահանգապետ եւ 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան Փրկութեան կոմիտէի ներքին գործոց նախարար։

1921-1977 Սփիւռք

Խմբագրել

1921-ին կ'անցնի Սփիւռք՝ յաջորդաբար հաստատուելով Պոլիս, Պուլկարիա, Ժընեւ, Սուրիա, Ֆրանսա, եւ վերջնականօրէն Լիբանան, ուր կը գործէ՝ հանրային-մշակութային մարզին մէջ, իբրեւ ուսուցիչ (Համազգայինի Ն. Փ. Ճեմարան), նաեւ գործիչ ու խմբագիր։ Միանգամայն կ'արտադրէ գրական եւ հասարակական բնոյթի գործեր։ Կը յղանայ «Բագին» գրական ամսագիրի գաղափարը եւ տարիներ շարունակ կը խմբագրէ այս գրական հանդէսը, որ ներկայիս տակաւին լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ։ Կը մահանայ Պէյրութ 1977-ին արժանանալով ազգային թաղումի։

Գրական իր առաջին երկը «Լեռներու Խորհուրդը» հրատարակուած է 1934-ին։ Ունի նաեւ բազմաթիւ աշխատութիւններ՝ բանասիրական-գրապատմական եւ պատմաքաղաքական, լոյս տեսած մամուլի մէջ, որոնք հետագային մասամբ միայն հրատարակուած են հատորով։

Կարօ Սասունիի «Լեռներու Խորհուրդը» ֆրանսերէնի թարգմանուած

Խմբագրել

2014-ին «Parentheses» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած էր Սասունիի (գրչանուն՝ Վիգէն Գլակ) «Le Chasseur» («Որսորդը») հատորը, որ 1934-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած «Լեռներու Խորհուրդը» գիրքին թարգմանութիւնն է (թարգմանիչ՝ Բաբգէն Սասունի): Վերջաբանը ստորագրած է Ա. Տէր Մինասեան:[3]

«Լեռներու Խորհուրդը» հաւաքածոն գրուած է Փարիզի եւ Հալէպի մէջ, բայց հրատարակուած Պէյրութի մէջ, 1934-ին, ուր վերջնականապէս հաստատուած էր հեղինակը՝ քսան տարիներու թափառական կեանք մը վարելէ ետք:

Գրական հայեացքներ

Խմբագրել

Սասունիի գործերուն մէջ կը տիրապետէ հայ ժողովուրդին ունեցած սէրը դէպի հայրենի հողը, բնութիւնը, եւ քաջութիւնը, որ կը վկայէ իր «Սասունցի Դաւիթ»ի ամբողջական բնագիրը։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար բաղդատել մեզի ծանօթ Յ. Թումանեանի, կարօ Սասունիի եւ Գ. Եպս. Սրուանձտեանցի Սասունցի Դաւիթները։ Անշուշտ ամենահինը ըլլալով Սրուանձտեանցի գործը, որ գրանցած է Մշեցի Կրպոյէն լսելէ ետք։ «Սարերու Ասլան» հատորին մէջ կը կենդանանայ Գէորգ Չաւուշի պատկերը իբրեւ Ժթ. դարու նոր Սասունցի Դաւիթը։ «Տարօնի պատերազմը», «Պատմութիւն տարօնայ աշխարհին» եւ «Հրայր» գործերը կու տան ժամանակագրական վկայութիւններ Տարօնի հայութեան մասին։ «Լեռներու Խորհուրդը» Պատմուածքներու շարք մըն է, ուր կը նկարագրէ երկրէն վերցուած պատկերներ: Առհասարակ իր պատկերները խորունկ յուզումով գրուած են, ուր միշտ ներկայ է Սասունին։

Իր վերլուծական գործերէն՝ «Արեւելահայ Գրականութեան Պատմութիւն», «Միջնադարեան Գրականութիւն» մինչեւ այսօր վերահրատարակելի կը մնան։ Զանազան հանդէսներու մէջ իր պատմագիտական, Ընկերաբանական յօդուածները նաեւ կը կարօտին հրատարակութեան։ Ան շուրջ 35 տարի ուսուցչական պաշտօն կը վարէ, միաժամանակ բեղուն գործունէութիւն կ'ունենայ գրական ասպարէզին մէջ։

Երկերու մատենագիտութիւն

Խմբագրել
  • ՍասունՄուշի կռիւները 1904–ին (մասնակցողներու պատմածներէն), ա. տ., 1917, 48 էջ:
  • Տաճկահայաստանը ռուսական տիրապետութեան տակ (1914–1918 թթ.), Պոսթըն, 1927, 187 էջ:
  • Ապրիլեան եղեռնը քննական ակնոցով, Փարիզ, 1931, 64 էջ:
  • Հրայրի դերը (ակնարկ մը անոր յեղափոխական նկարագրին վրայ), Հայրենիք ամսագիր, Պոսթըն, 1931, թիւ 4, էջ 72–88:
  • Լեռներու խորհուրդը (պատմուածքներ), Պէյրութ, 1934, 276 էջ:
  • Գէորգ Չաւուշ (Կենսագրական գիծեր), Փարիզ, 1939, 19 էջ:
  • Հրայրի դերը հայ ազատագրական շարժման մէջ (ակնարկ մը անոր յեղափոխական նկարագրին վրայ), Սօֆիա, 1939:
  • Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի, Պէյրութ, 1957, 1252 էջ:
  • Կեանքի յորձանուտին մէջ, Պէյրութ, 1962:
  • Պատմութիւն արեւմտահայ արդի գրականութեան, 2-րդ հրտ., Պէյրութ, 1963, 397 էջ:
  • Հրայրի դերը հայ ազատագրական շարժման մէջ (ակնարկ մը անոր յեղափոխական նկարագրին վրայ), 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 1964, 48 էջ:
  • Ապրիլեան եղեռնը քննական ակնոցով, 2-րդ հրտ., Պէյրութ, 1965, 64 էջ:
  • Թրքահայաստանը Ա. աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918 թթ.), Պէյրութ, 1966, 224 էջ:
  • Սարերու ասլանը (Գէորգ Չաւուշի կենսագրավէպը), Պէյրութ, 1966, 667 էջ:
  • Մայիսեան խռովութիւնները եւ թաթարական ապստամբ շրջանները (Հայաստանը 1920–ին), Պէյրութ, 1968, 208 էջ:
  • Հայ-թրքական պատերազմը (1920-ին), Պէյրութ, 1969, 218 էջ:
  • Քիւրտ ազգային շարժումները եւ հայ-քրտական յարաբերութիւնները (Ժե. դարէն մինչեւ մեր օրերը), Պէյրութ, 1969, 331 էջ:
  • Փետրուարեան ապստամբութիւնը (1921 թ.), Պէյրութ, 1970, 263 էջ:
  • Յուշեր եւ վկայութիւններ, Պէյրութ, 1972:
  • Լեռներու խորհուրդը (պատմուածքներ), 2-րդ հրտ., Թեհրան, 1982, 267 էջ:
  • Սարերու ասլանը (Գէորգ Չաւուշի կենսագրավէպը), 2-րդ հրտ., Թեհրան, 1983, 667 էջ:
  • Լեռներու խորհուրդը (պատմուածքներ), 3-րդ հրտ., Պէյրութ, 1984, 225 էջ:
  • Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի, 2-րդ հրտ., Անթիլիաս, 2013, 1166 էջ:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, «Դար մը Գրականութիւն», Բ. հատոր, Նիւ Եորք, 1977
  2. Richard G. Hovhannisian, Armenian Baghesh/Bitlis and Daron/Mush, Costa Mesa, CA, 2001
  3. Աշոտ Ներսիսեան, «Կարօ Սասունի», Երեւան, 2004

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել