Գէորգ Չաւուշ (Բուն անունով՝ Գէորգ Ղազարեան, ծածկանուն՝ Սարերու Ասլան,1870[1], Պիթլիսի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 27 Մայիս 1907(1907-05-27), Սուլուխ կամուրջ, Պիթլիսի վիլայէթ, Սուլուխ, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]), հայ Ֆետայի, անդամ ՀՅԴ-ի։ Ան եղած է Անդրանիկի, Սերոբ Աղբիւրի եւ Հրայր Դժոխքի զինակից։

Գէորգ Չաւուշ
Ծննդեան անուն Գէորգ Ղազարեան
Ծնած է 1870[1]
Ծննդավայր Պիթլիսի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 27 Մայիս 1907(1907-05-27)
Մահուան վայր Սուլուխ կամուրջ, Պիթլիսի վիլայէթ, Սուլուխ, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[3]
Մասնագիտութիւն ֆետայի, քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն


Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1870 թուականին Սասնոյ Փսանաց գաւառի Մկթենք գիւղը։ Չաւուշի հօր անունը Արօ էր, իսկ անոր հօրեղբայրը՝ իշխան Ղզրոն էր։ Ունէր երկու եղբայր՝ Մինաս եւ Օհան։

Գէորգ Չաւուշը Անդրանիկի հետ Սերոբ Աղբիւրի սպաննութեան վրէժը լուծած է։ Սերոբի մահէն ետք առաջարկուած է իրեն գլխաւորել ֆետայիները, սակայն ինք համեստ ըլլալով մերժած է եւ իր տեղը զիջած է Անդրանիկին։ Չաւուշի ամենայայտնի մարտերէն մէկը եղած է Առաքելոց վանքի կռիւը, զոր կազմակերպած էր Անդրանիկը։ Գեւորգ անձամբ ղեկավարած է Իշխանաձոր գիւղի պաշտպանութիւնը։ Գեւորգը համոզուած էր, որ պէտք է դաշնակից ըլլալ քիւրտերուն հետ, այդ պատճառով ալ մեծապէս յարգուած է քիւրտերուն կողմէ։ Ատկէ անկախ Չաուշը դաժանաբար պատժած է այն քիւրտերը, որոնք կը թալանէին հայ գիւղացիներուն ունեցուածքը։ Եղած է միակ ֆետային, որ բոլոր ֆետայական օրէնքներուն հակառակ ամուսնացած է։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Ուսման Տարիները եւ Արաբոն

Խմբագրել

Գէորգ կը յաճախէ Մշոյ Առաքելոց վանքը, ուր կը ծանօթանայ Արաբոյի եւ մաս կը կազմէ անոր ջոկատին։ Անոր առաջին ռազմական յանձնառութիւնը կ՝ ըլլայ պատժել դաւաճան Կրպոն, որ թուրքերուն մատնած էր Արաբոյի գտնուած վայրը եւ անոնք կրցած էին գերի վերցնել զինք։

Արաբոն կը յաջողի բանտէն փախչիլ, սակայն Գէորգէն կը խնդրէ լուր տարածել թէ Արաբոն գացած է։

Առաջին Մարտերը

Խմբագրել

1893 Յունիս 17-ին ժամը 3-ին Տալւորիկի մէջ ահեղ պատերազմ կը սկսի։ ֆետայիները կ՛որոշեն մինչեւ արեան վերջին կաթիլը կռուիլ եւ չյանձնել Տալւորիկը։ Գէորգ Չաւուշն իր վրայ կը վերցնէ Սատանի կամրջի պաշտպանութիւնը։

Օգոստոս 3-ին թուրքերը կը գրաւեն Գելին եւ կ՝ այրեն զայն։

Օգոստոս 27-ին թուրքերը կը մտնեն Տալւորիկ եւ կը գրաւեն զայն։

Ձերբակալութիւն

Խմբագրել

1894 թուականի Օգոստոսի վերջը Գէորգ Չաւուշը Մեծն Մուրատի հետ փոքրաթիւ խումբով կ՝ իյնայ պաշարման մէջ։ Անոնք կը յաջողին երեք օր դիմադրութիւն ցոյց տալ, իսկ ետքը կը ձերբակալուին։

Գէորգ Չաւուշ սակայն փախուստ կը կազմակերպէ եւ կը համոզէ Մուրատը իր հետը փախչելու։ Սակայն Մուրատ կը մերժէ առաջարկը։ Գէորգ 1896-ի Ապրիլ 20-ին գիշերը կը փախչի բանտէն։

Սերոբ Աղբիւրի ջոկատին մէջ

Խմբագրել

1898-ին Բաբշէնի կռիւէն ետք Սերոբ Աղբիւր կը ստիպուի հեռանալ իր հայրենի բնակավայրէն ու կ՚անցնի Սասուն։ Հոն Գէորգ Չաւուշը իր խումբով կը միանայ իրեն։ Սերոբ սկսաւ ֆետայական օրէնքներ մտցնել հայդուկներուն մօտ։ Օրէնքներէն առաջինն այն էր, որ ֆետային ամուսնացած է զէնքի հետ։ Սակայն օր մը Չաւուշի հօրեղբայրը կը փախցնէ Առաքելոց վանքի տնտեսուհիին՝ Հերմոյին, հետեւաբար պէտք էր Գէորգը արժանի պատիժը տար իր հօրեղբօր, որովհետեւ այս վերջինս չէր համարձակեր այդպիսի բան մը ընել եթէ Գէորգ այդքան մեծ հեղինակութիւն չունենար հայդուկներուն շրջանին մէջ։ Գէորգ ստիպուած կը սպաննէ հօրեղբայրը, ապա կը լքէ Սերոբի ջոկատը։

Սերոբ Աղբիւրի մահը

Խմբագրել
 
Գէորգ Չաւուշի քանդակը Ջերմուկ քաղաքին մէջ (հեղինակ՝ Յովհաննէս Մուրադեան)

Գէորգի բացակայութեան ընթացքին Սերոբ դաւաճանութեան զոհը կը դառնայ։ Գեղաշէնցի Աւէն ոչ միայն կը մատնէ Սերոբի գտնուելու վայրը, այլ նաեւ հայդուկապետին թունաւոր ծխախոտ կու տայ։ Մեծ հայդուկի մահէն ետք, Անդրանիկն ու Գէորգ Չաւուշը հետամուտ կ'ըլլան, որ բոլոր դաւաճանները կրեն իրենց արժանի պատիժը։ Առաջինը պատժուողը դաւաճան ռես Աւէն է, որ թունաւորած էր Սերոբը, ապա շարունակաբար կը սպանեն բոլոր դաւաճանները, իսկ ի վերջոյ կը կտրեն Խալիլի գլուխը[4]։

Առաքելոց Վանքի կռիւը

Խմբագրել
 
Մշոյ առաքելոց վանքը

1901-ի Նոյեմբեր 3-ին Անդրանիկ Գէորգ Չաւուշի եւ 25-27 հայդուկներու հետ կը փակուին Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքին մէջ, որ նաեւ կը կոչուի Թարգմանչաց վանք։

Դէպքի 4-րդ օրը թրքական կառավարութիւնը կ'առաջարկէ կա՛մ անձնատուր ըլլալ, կա՛մ ձգել վանքը։ Անդրանիկ 3 օր մտածելու ժամանակ կը պահանջէ, բայց թուրքերը չեն համաձայնիր եւ յարձակումի կ'անցնին, սակայն ո՛չ մէկ արդիւնքի չեն հասնիր։

Անդրանիկ կ'ուզէ իր կամքը թելադրել սուլթանին, որ ստիպուած զիջումներ կը ատարէր։ Սակայն Նոյեմբեր 7-ին թուրքերը կը պաշարեն վանքը 3000-հոգինոց բանակով։ Պաշարումը կը տեւէ օրեր։ Թրքական բանակը 20 օրուան ընթացքին ահագին զոհեր կու տայ[5]։ Թուրքերը բանակցութիւններւը կը սկսին պաշարման 17-րդ օրը։

 
Սուլուխի կամուրջը Արածանի գետի վրայ

1901-ի Նոյեմբեր 27-ի գիշերը ֆետայիները սպիտակ սաւաններու օգնութեամբ աննկատ կը ճեղքեն վանքի պաշարումը եւ կը հեռանան։

Գրականութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
  2. 2,0 2,1 2,2 https://360stories.com/turkey/place/sulukh-bridge-in-mush
  3. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 307. — ISBN 978-2-905686-93-0
  4. «18 Մայիս 1900. Աղբիւր Սերոբը գլխատած դահճապետին՝ Պշարէ Խալիլի ահաբեկումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-11-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-14 
  5. «Անդրանիկ. Առաքելոց վանքին կռիւը- 5»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-11-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-14