Մշոյ Սուրբ Առաքելոց Վանք

Մշոյ Սուրբ Առաքելոց Վանք, Սուրբ Ղազարի Վանք, Տիրինկատարի վանք, Սուրբ Թադէոս, Թարգմանչաց վանք, միջնադարեան հայկական վանքային համալիր պատմական Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի Տարօն գաւառին մէջ (ներկայիս Թուրքիոյ Մշոյ գաւառի տարածքին, Մուշ քաղաքէն 5 քմ դէպի հարաւ-արեւելք)։

Մշոյ Սուրբ Առաքելոց Վանք

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ըստ աւանդութեան հիմնած է Գրիգոր Լուսաւորիչը, առաքեալներու՝ Հռոմէն բերուած մասունքներու վրայ։ Յայտնի դարձած է 11-րդ դարէն, բարգաւաճած՝ 12-րդ դարուն։ Ըստ վանքի խաչքարերէն մէկու արձանագրութեան, այն նորոգուած է 1125 թուականին։

14-րդ դարու վերջին խիստ աւերուած է Լենկթիմուրի արշաւանքներու ժամանակ։ 15– 16-րդ դարերուն դարձած է գրչութեան նշանաւոր եւ գործուն կեդրոն։

1614 թուականին վանքը վերստին նորոգուած է, իսկ 1663 թուականին վերակառուցուած է գլխաւոր եկեղեցիի գմբէթը։ Համալիրի շէնքերն աւերուած են 1895 թուականին եւ Մեծ Եղեռնի ժամանակ։

Վանքը Մեծ Եղեռնի հետեւանքով լքուած է եւ աստիճանաբար ոչնչացուած։ Ներկայիս պահպանուած են միայն աւերակները։ Փայտի նրբաճաշակ փորագրման գլուխգործոց է Մշոյ Առաքելոց եկեղեցւոյ դուռը, որ 1921-ին Թիֆլիսէն Երեւան փոխադրած է հնագէտ Աշխարհբեկ Քալանթարը։

Առաքելոց Վանքի Կռիւ

Խմբագրել

Հայ ֆետայական նշանաւոր կռիւներէն մէկը կապուած է Մշոյ Առաքելոց վանքին հետ։ 1901 թուականի Նոյեմբերի սկզբը զօրավար Անդրանիկը եւ Գէորգ Չաւուշը 25-27 հայդուկային խումբով կը պաշարուին վանքին մէջ, նպատակ ունենալով գրաւել օտարեկրացիներու ուշադրութիւնը։ Մի քանի օր պայքարելէ ետք հայդուկները, սպիտակ սաւաններու օգնութեամբ, աննկատ կը ճեղքեն վանքի պաշարումը եւ կը հեռանան։

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել

Գլխաւոր՝ Ս․ Առաքելոց եկեղեցին (11-րդ դար), ամբողջովին աղիւսաշէն է, ունի ներքուստ խաչաձեւ՝ չորս անկիւններուն երկհարկ, թաղակապ աւանդատուներով, արտաքուստ ուղղանկիւն յօրինուածք։ Գմբէթն ունեցած է դուրսէն ութանիստ, ներսէն բուրգաձեւ թմբուկ։ Միակ՝ արեւմտեան դուռը կը բացուի դէպի կից, քարաշէն, չորս յենակներով, ուղղանկիւն յատակագիծով գաւիթը (1555), որն ըստ արձանագրութեան կառուցուած է վանահայր Կարապետ Բաղիշեցին։

Գաւիթի արեւմտեան մուտքին առջեւ Յովհաննէս վարդապետը 1791 թուականին կառուցած է եռահարկ զանգակատուն՝ ութ բոլորաձեւ սիւն։ Մշոյ Առաքելոց եկեղեցիին հարաւէն կից է 1663 թուականին կառուցուած (14-րդ դարու աւերուած շէնքի հիմքերուն վրայ) Սուրբ Ստեփանոս միանաւ, կամարաձեւ, քարաշէն եկեղեցին, իսկ հիւսիսէն կից Սուրբ Գէորգ եկեղեցիի միայն հետքերը կը նշմարուին։

Համալիրի արեւելյեան կողմըում կայ 11-րդ դարու արձանագրութիւններով, նրբահիւս զարդաքանդակներով 9 խաչքար։ Վանքը շրջապատուած եղած է պարսպով (1791)։ Հիմնական յուշարձանախումբէն մօտ 300 մ արեւելք կանգուն է համեմատաբար լաւ պահպանուած Ս․ Թադէոս (11–12-րդ դարեր) գմբեթաւոր ո՛չ մեծ եկեղեցին։ Գմբէթի տակի քառակուսիէն անցումը դէպի ութանիստ թմբուկով գմբէթն իրականացուած է կամարներով։ Եզակի է կառուցողական կազմածքը՝ եկեղեցւոյ պատերուն արտաքին երեսները շարուած են սրբատաշ տուֆի քարերէն, իսկ ներսը՝ աղիւսէն։

Միջնադարեան Հայաստանի կիրառական արուեստի լաւագոյն նմուշներէն է Մշոյ Առաքելոց վանքի փայտէ դուռը (1134, քանդակազարդող վարպետ՝ Ղուկաս)։ Անոր փեղկերը ծածկուած են երկրաչափական, շրջանակի կողերը՝ կենդանակերպ զարդանախշերով, իսկ բարաւորը (ճակատաքար)՝ հեծեալներու բարձրարուեստ հարթաքանդակներով։

Նշանաւոր Անձանց Գերեզմաններ

Խմբագրել

Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքի տարածքին թաղուած են.[1]

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Thierry I․ М․, le couvent des Saints-Apotres de Mus, «ՀԱ*, 1976, № 1 – 12

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ս. Կ. Պողոսյան, Կ. Ս. Պողոսյան «Ինձ բահ տվեք...», էջ 65
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։