Մուշ, Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներէն։

Բնակավայր
Մուշ
Mush 1213.jpg
Երկիր Flag of Turkey.svg Թուրքիա
Տարածութիւն 59 քմ²
ԲԾՄ 1400 մեթր
Բնակչութիւն 193 394 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ mus.bel.tr(թուրք.)
Musch - PA 0699 U 33 002 58.jpg
Musch - PA 0699 U 33 002 59.jpg
Musch - PA 0699 U 33 002 60.jpg
Musch - PA 0699 U 33 002 61.jpg
Russian soldiers Sheykhalan 1915.jpg
Mush Alaeddin Pasha Camii 1059.jpg
Mush Alaeddin Pasha Camii 1153.jpg
Mush Ulu Cami 09.jpg
Mush Ulu Cami 1101.jpg

Մուշ քաղաքը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի , Պիթլիս նահանգի՝ Մշոյ գաւառի մէջ. գաւառի կեդրոնն էր ու հայոց թեմակալի աթոռանիստը։ Կը յիշատակուի նաեւ իբրեւ բերդ, աւան, գիւղաքաղաք եւ քաղաքագիւղ։ Մուշ անունը ստուգաբանուեր ու իմաստաւորուեր է ամենատարբեր ձեւերով։ Այն, կը կապեն հնագոյն Հայաստանի ցեղերու ու տեղանուններու հետ (Մուշունի, Մուշկ եւ այլն), ոմանք հայերէն «մշուշ»ի հետ, որով սովորաբար առաւօտեան կը պատէ ողջ Մշոյ դաշտը։

Պատմութիւն եւ տեղագրութիւնԽմբագրել

Կը գտնուի «Արեւմտեան Եփրատ»ի ձախ ափէն ոչ հեռու, Մեղրագետի ձախակողմեան վտակ՝ Մշոյ գետի ափերուն։ Հարաւային կողմէն կը բարձրանան Հայկական Տաւրոս լեռնաշղթայի Սասնայ լեռները, Ծիրկատար եւ Կորդուխ լեռնագագաթներով, որոնց թեք սարալանջերուն վրայ աստիճանաձեւ կառուցուած էին, 1-2 յարկանի կաւաշէն, անշուք եւ տարրական յարմարութիւններէ զուրկ, տափակ կտուրներով տուները։ Մուշի գետը քաղաքը բաժանած է 2 մասի։ գետին ջուրը ժամանակին կ՛աշխատցնէին 10-12 ջրաղաց ու կ՛ոռոգէին քաղաքի ու անոր շրջակայքի բանջարանոցներն ու այգիները։

Մշոյ եւ անոր շրջակայքին պահպանուած հնագիտական նիւթերը կը հաստատեն, որ այն Հայկական լեռնաշխարհի ամենահնագոյն բնակավայրերէն է։ Այստեղ կան Կիկլոպեան ամրոցի հետքեր, Վանի թագաւոր «Մենուա»-ի (810-786 թթ. մ.թ.ա.) սեպագիր արձանագրութիւնը եւ այլն։ Քաղաքի արեւելեան մասին մէջ գտնուող պարիսպներով ու բուրգերով շրջապատուած Մշոյ բերդը՝ 5-10–րդ դարերուն, յաճախակի ձեւով յիշատակուած է աղբիւրներու մէջ։ Անոր հիմնադրումը աւանդաբար կը վերագրուի՝ Գայլ Վահան Մամիկոնեանին։ Քաղաքի արեւմտեան մասին մէջ կը գտնուին նաեւ Մուշեղաբերդ, Հողաբերդիկ եւ Աստղաբերդ բերդերու աւերակները։ Մշոյ մէջ պահպանուած են՝ 13-15-րդ դարերուն գրուած հայերէն մի քանի ձեռագիրներ։ Մինչեւ 4-րդ դար, Մուշը կը պատկանէր Սլկունին, իսկ յետոյ՝ Մամիկոնեան նախարարներուն։ 8-րդ դարուն, Մուշը անցաւ Բագրատունիներուն, իսկ 851-852 թուականներուն, դարձաւ արաբներու դէմ ուղղուած ժողովրդա-ազատագրական պայքարի կեդրոն։ 852-ին ձմրանէ Մշոյ Ս.Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Խութեցի Յովնանի ու անոր մարտիկներուն ձեռքով, սպանուեցաւ արաբ հրոսակներու ղեկավար Յուսուֆը։ XVI դարուն Մուշը յաղթահարուած է թուրքերու կողմէն։ 1860-ականներուն, Մշոյ մէջ նոյնպէս, տեղի ունեցաւ հակաթուրքական զինուած ելոյթներ, որոնք, անշուշտ, կը կրէին Զէյթունի դէպքերուն ազդեցութիւնը։

Մինչեւ 1915 թուական, Մուշը ունէր 12 մեծ ու փոքր թաղեր ՝ Բերդի թաղ, Բրուտի թաղ, Դաշ մահլա, Դուզ մահլաէ Խուրդենց թաղ, Ձորի թաղ, Ս. Մարինէի թաղ, Մինարա մահլա, Ջիգրաշէնի թաղ, Սուֆրա մահլա, Ջերին թաղ, Քյոթան մահլա։ Քաղաքի կեդրոնին մէջ կը գտնուէր շուկան, որտեղ 19-րդ դարու վերջերուն կը հաշուէին շուրջ 800 մեծ ու փոքր խանութներ, կրպակներ եւ արհեստանոցներ, որոնց 500-ը կը պատկանէր հայերուն։ Շուկան չ'ուներ շատ, թէ քիչ կանոնաւոր յատակագիծ, ան փաստօրէն կը ներկայացնր խանութներու ու կրպակներու՝ անկանոն դասաւորուած, հաւաքատեղին։ Քաղաքի ծուռումուռ, նեղ ու կեղտոտ փողոցներուն շուրջը կառուցուած տուներու մեծ մասը չ'ուներ բակեր ու ցանկապատ։ Այդ պատճառաւ՝ լուացքը փողոցներուն մէջ կը լուային, ճաշ եփելն ու երեխայ լոգցնելը սովորական երեւոյթներ էին։

Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ 1909-ին, Մուշն ունէր շուրջ 25,000 բնակիչ, որուն 9,000-ը հայեր, մնացածը թուրքեր եւ քիւրտեր էին։ Հայերը հողագործութենէն, ծխախոտագործութենէն եւ այգեգործութենէն բացի զբաղուած էին նաեւ առեւտուրով ու արհեստագործութեամբ։ Արհեստներէն տարածուած էին խեցեգործութիւնը, կօշկակարութիւնը, դերձակութիւնը, ոսկերչութիւնը, դարբնութիւնը, ներկարարութիւնը, գորգագործութիւնը։ Մշոյ արհեստաւորներու արտադրանքը, միրգերը, գինին, ծխախոտը, գիւղատնտեսական միւս մթերքները վաճառքի կը տարուէին նաեի դրացի գաւառները։

Քաղաքի, շատ թէ քիչ նկատելի շինութիւններն էին՝ քարաշէն բաղնիքը, 2 իջեւանատուները, գաւառի թուրք կառավարիչի «անճաշակ ու անճոռնի» առանձնատունը, մուսուլմանական 2 մզկիթները (մէկը նախապէս հայկական եկեղեցի էր) եւ հայկական Ս. Աւետարանոց, Ս. Գրիգոր Լուսավորիչ, Ս. Կիրակոս, Ս. Հարութիւն, Ս. Մարինէ, Ս. Սարգիս, Ս. Ստեփանոս, Ս. Փրկիչ եկեղեցիները, որոնց մեծ մասը կանգնուած էին եւ գործել էին մինչեւ 1915։ Այս եկեղեցիներէն ամէնէն շքեղն ու գեղեցիկը Ս. Մարինէն էր, իսկ ամենահինը՝ Ս. Փրկիչը, ուր յիշատակուած է 851-852 թուականներու դէպքերու առնչութեամբ։

Քաղաքի արեւելեան կողմէն, բարձունքի վրայ կը գտնուէր Մշոյ բերդը, իսկ անոնցմէ ոչ հեռու՝ Միացեալ ընկերութեան կեդրոնական վարժարանի կամ սրբոց Թարգմանչաց դպրոցի հոյակապ շենքը, ուր կառուցեր էր մշեցի Մկրտիչ աղա Տէր Յովհաննիսեանը (1850)։ Ս.Մարինէի մէջ կը գտնուէր կաթոլիկ հայերու առաջնորդարանը եւ Մուրատ Մխիթարեան վարժարանը։ Այստեղ կը գործէին նաեւ բողոքական հասարակութեան ժողովարանն ու դպրոցը։ Գետի ափին կառուցուած էր Հայոց առաջնորդարանի շէնքը։ «Դուզ մահլա» թաղին եւ Մուշի բերդին մէջ տեղաւորուած էին քաղաքի 3000-անոց թուրքական կայազօրն ու զինապահեստները։ Մուշի կրթական ու մշակութային կեանքէն շատ կարեւոր դեր կը կատարէին Հայկական 5 թաղային եւ մեկ օրիորդաց դպրոցները, Միացեալ ընկերութեան կեդրոնական վարժարանը եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի միջոցներով պահուող 2 որբանոցները։ 1899-ին դպրոցներուն մէջ սորվող աշակերտներուն թիւը մօտ 750 էր։ 1863-65 թուականներուն, Մշոյ մէջ լոյս կը տեսնէր «Լրատար Արծուիկ Տարօնոյ» լրագիրը Գարեգին Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ։

Մշեցի հայերը բնութագրած էին, որպէս՝ «քաջակորով, անձնուրաց և ազգային ավանդները պահպանող հայրենասեր, գիտության եւ արուեստների մէջ որոշակի ձիրքեր ունեցող մարդիկ», որոնցէն կարելի է յիշել հրապարակախօս, խմբագիր ու մանկավարժ՝ Գ. Ս. Անդրեասեանին (1869-1906), հայ երգի անզուգական կատարող, «Տարօնի Սոխակ» Արմենակ Շահմուրադեանին (1878-1939), հրապարսկախօս Մխիթար Աբրոյեանին (1880-1915), գիւղատնտեսական գիտութիւններու տոկդոր, պրոֆեսոր Ն. Ա. Մալաթեանին (1898-1977) եւ ուրիշներ։