Հայրենիք (ամսագիր)

«Հայրենիք», գրական-գեղարուեստական, մշակութային-պատմական ամսագիր, 1968 թուականէն՝ եռամսեայ։ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան օրգան։ Լոյս տեսած է 1922-1970 թուականներուն, Պոսթընի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ռուբէն Դարբինեան, Մ. Թոլոլեան։ Տպագրած է սփիւռքահայ, յատկապէս դաշնակցական գրողներու վիպակներ ու վէպեր, պատմուածքներ, պոէմներ ու բանաստեղծութիւններ։

Հայրենիք
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Ռուբէն Դարբինեան, Մ. Թոլոլեան
Հրատարակիչ ՀՅԴ
Երկիր ԱՄՆ, Պոսթըն
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։