Պուլկարիա
Պուլկարիա (պուլկարերէն՝ България, Bălgariya), պաշտօնապէս Պուլկարիոյ Հանրապետութիւն (պուլկ.՝ Република България, Republika Bălgariya), երկիր Հարաւային Եւրոպայի մէջ՝ Պալքանեան թերակղզիի արեւլքը՝ Սեւ ծովու ափին։ Սահմանակից է Ռումանիային՝ հիւսիսէն , Սերպիային եւ Հիւսիսային Մակեդոնիային՝ արեւմտքէն, Յունաստանին եւ Թուրքիոյ՝ հարաւէն, եւ Սեւ ծովուն՝ արեւելքին մէջ։ Պուլկարիան կը գտնուի նախկին Թրակիոյ հիւսիսային տարածքին մէջ[3]։
Երկիր | |||||
---|---|---|---|---|---|
Պուլկարիա | |||||
պուլկար․՝ България | |||||
| |||||
Երկիր | Պուլկարիա | ||||
Ներքին բաժանում | Բլագոևգրադի մարզ?, Բուրգասի մարզ?, Դոբրիչի մարզ?, Պլովդիվի մարզ?, Գաբրովոյի մարզ?, Հասկովոյի մարզ?, Յամբոլի մարզ?, Կարջալիի մարզ?, Կյուստենդիլի մարզ?, Լովեչի մարզ?, Մոնտանայի մարզ?, Պազարջիկի մարզ?, Պեռնիկի մարզ?, Պլևենի մարզ?, Ռազգրադի մարզ?, Ռուսեի մարզ?, Սիլիստրայի մարզ?, Սլիվենի մարզ?, Սմոլյանի մարզ?, Սոֆիա?, Սոֆիայի մարզ?, Ստարա Զագորայի մարզ?, Շումենի մարզ?, Տարգովիշտեի մարզ?, Վարնայի մարզ?, Վելիկո Տիրնովոյի մարզ?, Վիդինի մարզ? եւ Վրաչայի մարզ? | ||||
Բուլղարիայի վարչապետ? | Nikolay Denkov? | ||||
Օրէնսդրական մարմին | Բուլղարիայի խորհրդարան? | ||||
Հիմնադրուած է՝ | 13 Յուլիս 1878 | ||||
Տարածութիւն | 110 993,6 քմ² | ||||
Պաշտօնական լեզու | Պուլկարերէն[1] | ||||
Բնակչութիւն | 6 795 803 մարդ (2023)[2] | ||||
Կը գտնուի ափին | Սեւ Ծով | ||||
Ժամային գօտի | UTC+2 | ||||
Շրջագայութեան պետ-համարագիր | BG | ||||
Անուանուած է | Bulgars? | ||||
Պաշտօնական կայքէջ | Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-bg" does not exist։ | ||||
Հինգ դարուան Օսմանեան տիրապետութենէն ետք, Պուլկարիոյ մէջ ստեղծուած է սահմանադրական միապետութիւն՝ 1878 թիւին։ Պուլկարիան այժմ ժողովրդավարական եւ սահմանադրական հանրապետութիւն է։ Եւրամիութեան ու ՆԱԹՕ-ի անդամ է։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՊուլկարիոյ տարածքի հնագոյն բնակիչները թրակացիներն էին։ Ք․ա․ 1-ին դարուն զայն նուաճեցին հռոմէացիները։ I3-րդ դարուն սկսաւ հիւսիսային բարբարոսական ցեղերու ներխուժումը Պալքաններ։ Հռոմէական կայսրութեան փլուզումէն ետք, Պուլկարիոյ տարածք մտաւ Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան՝ Բիւզանդիոյ կազմի մէջ։ VI դ․ սկզբէն, սկսաւ սլաւոնական ցեղերու ներթափանցումը, որոնք VIIդ․ կիսուն դարձան գերակշռող էթնիկական տարրը։ Թրակացիներու մէկ մասը ձուլուեցաւ սլաւոններու հետ, իսկ միւս մասը, ինչպէս նաեւ իլլիրիական որոշ ցեղեր, մղուեցան թերակղզիի արեւմտեան մասը։ VII դ․ 70-ական թուականներուն․ Հարաւային Բեսարաբիայէն Պալքանեան թերակղզի ներխուժեցին պրոտոպուլկարները։ Անոնց առաջնորդ Ասպարովս խանի գլխաւորութեամբ ստեղծուեցաւ սլաւոնա-պուլկարական պետութիւն՝ այսպէս կոչուած Առաջին Պուլկարական թագաւորութիւնը Պուլկարիա անունով։ Մօտ 865-ին քրիստոնէութիւնը ընդունուեցաւ որպէս պաշտօնական պետական կրօն։ Արագացաւ պետութեան սլաւոնացումը։ Աստիճանաբար վերացաւ պրոտոպուլկարներու ու սլաւոններու միջեւ եղած էթնիկական տարբերութիւնը եւ կազմաւորուեցաւ միասնական պուլկար ժողովուրդը։ 894-ին մուտք գործեց սլաւոնական գիրը։ Սլաւոնական լեզուն դարձաւ նաեւ եկեղեցւոյ եւ պետութեան լեզուն։ Կախեալ գիւղացիներու շահագործման ուժեղացումը, որ հետեւանք էր Բիւզանդիոյ դէմ, Պուլկարիոյ երկարատեւ եւ ծանր պատերազմներու, Բոգոմիչներու հուժկու հակաֆեոդալական գիւղացիական շարժման պատճառ դարձաւ։ 968—971-ին Պուլկարիան ռուս-բիւզանդական պատերազմներու ռազմաբեմ էր։ Պուլկարիոյ Սամուիլ թագաւորը յաջողութեամբ կը մարտնչէր Բիւզանդիոյ դէմ, սակայն 1014-ին պարտութիւն կրեց եւ ընդունեց անոր տիրապետութիւնը։ Պուլկար ժողովուրդը ազատագրական պայքար ծաւալեց։ Զօրացաւ բոգոմիլներու շարժումը։ XI դ․ 80-ական թթ․ տեղի ունեցան բոգոմիլներու եւ պաւլիկեաններու ապստամբութիւնները։ 1185—1187-ին Պյոտր եւ Ասենիա եղբայրներու գլխաւորած մեծ ապստամբութեան հետեւանքով տապալուեցաւ բիւզանդական լուծը եւ ստեղծուեցաւ պուլկարական նոր պետութիւնը՝ Երկրորդ Պուլկարական թագաւորութիւնը (1187—1396), որ իր քաղաքական եւ տնտեսական բարգաւաճման հասաւ Իւան Ասենիա 11-ի (1218—1241) թագաւորութեան շրջանին մէջ։ Անոր սահմանները կը տարածուէին մինչեւ Սեւ, Էգէական եւ Ատրիաթիկ ծովերը։ 1393—1396-ին Պուլկարիան նուաճեցին թուրքերը։ Պուլկարիոյ մէջ, հաստատուեցան թուրք, ռազմա-աւատական կարգեր։ Պուլկար ժողովուրդի համար ծանր հետեւանքներ ունեցաւ բռնի մահմեդականացումը, որուն բացառիկ դաժան ձեւերէն էր դնշիրմեն։ Օտար լուծը առաջ բերաւ պուլկար ժողովուրդի յամառ դիմադրութիւնը, որ կը դրսեւորուէր հայդուկներու շարժման եւ ապստամբութիւններու ձեւով։ Բայց Թուրքիան դաժանոօրէն կը ճնշէր այդ ապստամբութիւնները, որ եւ բնակչութեան մէհ մասի արտագաղթի պատճառ կը դառնար։ Պուլկար ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը նոր ոյժով ծաւալուեցաւ XIX դ․։ Ազգային-յեղափոխական գաղափարախոսութեան սկիզբ դրաւ Գ․ Ռակովսկին։ 1869-ին Վ․ Լնսկու եւ Լ․Կարավեչովի ջանքերով ստեղծուեցաւ Պուլկարական յեղափոխական կեդկոմ, որ նախապատրաստեց համապուլկարական ապստամբութիւնը։ Սակայն, ինչպէս 1875-ի Սաարա Զագորայի, այնպէս ալ 1876-ի Ապրիլեան ապստամբութիւնը դաժանօրէն ճնշուեցաւ։ Միայն 1877—1878-ի ռուս-թուրքական պատերազմին ընթացքին ռուսական բանակի յաղթանակը ապահովուեցաւ, Պուլկարիոյ ազատագրումը օսմանեան լուծէն։ Պուլկարիոյ հիւսիսային մասին մէջ, կազմուեցաւ Թուրքիայէն վասալական կախման մէջ գտնուող Պուլկարական իշխանութիւնը, իսկ հարաւին մէջ՝, Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ, ստեղծուեցաւ Արեւելեան Ռումելիա ինքնավար մարզը՝ սուլթանի կողմէն նշանակուող քրիստոնեայ ժեներալ-նահանգապետով։ 1885-ի Սեպտեմբեր 6-ին Պլովդիվի ապստամբութեան շնորհիւ Արեւելեան Ռումելիան միացաւ Պուլկարական իշխանութեանը։ 1908-ի Սեպտեմբեր 22-ին, օգտուելով Երիտթուրքական յեղափոխութենէն եւ Թուրքիոյ թուլացումէն, Պուլկարիան հռչակուեցաւ անկախ թագաւորութիւն։ 1912—1913-ին Պուլկարիան մասնակցեցաւ Պալքանեան պատերազմներուն։ 1915-ի Հոկտեմբեր 1-ին մտաւ առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ՝ Գերմանիոյ կողմէն։ 1919-ի Նեոյիի պայմանագրով Պուլկարիան կտրուեցաւ Էգէական Ծովէն եւ կորսնցուց իր տարածքներու զգալի մասը։ Հոկտեմբերեան ընկերային մեծ յեղափոխութեան ազդեցութեամբ Պուլկարիոյ մէջ, զօրացաւ յեղափոխական շարժումը։ 1923-ի Յունիս 9-ի պետական յեղաշրջման հետեւանքով երկրին մէջ, հաստատուեցաւ ֆաշիստական դիկտատուրայ։ 1923-ի Սեպտեմբերեան հակաֆաշիստական ապստամբութիւնը, չնայած պարտութեանը, քաղաքական մեծ հետեւանքներ ունեցաւ երկրի համար։ Արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ Պուլկարիան կը կողմնորոշուէր դէպի ֆաշիստական Գերմանիան։ 1941-ի Մարտ 1-ին գերմանական զօրքերը մտան Պուլկարիա։ Պուլկար ժողովուրդը պայքար մղեց միապետաֆաշիստական կլիկի եւ գերմանական զաւթիչներու դէմ։ 1942-ին Գ․ Դիմիարովի նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ Հայրենական ճակատ, որ կը միաւորէր երկրի բոլոր հակաֆաշիստական ոյժերը։ Ծաւալուեցաւ հակաֆաշիստական պարտիզանական շարժում։ 1944-ի Սեպտեմբեր 5-ին ԽՍՀՄ պատերազմ յայտարարեց ֆաշիստական Պուլկարիոյ դէմ։ Հետապնդելով հիթլերեան զօրքերուն՝ սովետական բանակը 1944-ի Սեպտեմբեր 8-ին մտաւ Պուլկարիա։ Պուլկար ժողովուրդը Սեպտեմբեր 9-ին ապստամբեցաւ եւ տապալեցաւ ֆաշիստական վարչակարգը։ Կազմուեցաւ Հճ-ի կառավարութիւն Կ․ Գէորգինի գլխաւրութեամբ։ Պուլկարիոյ մէջ, հաստատուեցաւ ժողովրդավարական դեմոկրատական իշխանութիւն։ Հճ-ի կառավարութիւնը անցկացուց արմատական դեմոկրատական բարեփոխումներ։ Շուտով պուլկարական նոր բանակի զօրամասերը, սովետական բանակի հետ միասին, ռազմական գործողութիւններ սկսան Գերմանիոյ դէմ։ 1945-ի Նոյեմբեր 18-ին տեղի ունեցան ժողովրդավարական ժողովի ընտրութիւններ։ 1946-ի Սեպտեմբեր 8-ի համաժողովրդական հանրաքուէի հիման վրայ, վերացուեցաւ միապետութիւնը եւ Պուլկարիան հռչակուեցաւ ժողովրդավար հանրապետութիւն։ Կազմուեցաւ Հճ-ի նոր կառավարութիւն՝ Գ․ Դիմիտրովի գլխաւորութեամբ։ 1947-ի Փետրուարի 10-ին Պուլկարիոյ հետ կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր։ 1947-ին ընդունուեցաւ ԲԺՀ-ի սահմանադրութիւնը։ Ազգայնացուեցան արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները եւ մասնաւոր պանքերը։ Պուլկարիան ՏՓԽ-ի (1949) եւ ՄԱԿ-ի (1955) անդամ է, Վարշաւայի պայմանագրի մասնակից (1955)։
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելՊուլկարիան կը գտնուի բարեխառն գօտիին մէջ, բնական պայմաններով անցումային շրջան է Արեւելեան հիւսիսին մէջ եւ Կեդրոնական Եւրոպայի, հարաւին մէջ՝ Միջերկրածովայինի միջեւ։ Պուլկարիոյ հիւսիսը կը զբաղեցնէ Տանուպի բլրապատ հարթավայրը, որ աստիճանաբար կը բարձրանայ հարաւին մէջ եւ կը ձուլուի Ստարա Պլանինա լեռնային սիստեմի նախալեռներուն։ Ստարա Պլանինա լեռները արեւմուտքէն արեւելք կը հատեն ամբողջ Պուլկարիան։ Ստարա Պլանինայի եւ Սրեդնա Գորա լեռնային համակարգի միջեւ ինկած են ենթապալքանեան դեկդոնական գոգհովիտները։ Հարաւին մէջ եւ հարաւ-արեւմուտքին մէջ, կը տարածուին Ռիլա, Պիրին եւ Ռոդոպեան լեռները։ Ռոդոպեան Սրեդնա Գորա լեռներու միջեւ, Մարիցա գետի երկայնքով տարածուած է Վերին Թրակեան դաշտավայրը, որ ամենաբերրին է երկրին մէջ։ Պուլկարիոյ սեւծովեան ափերը ցածրադիր են, տեղ-տեղ՝ զառիթափ, կան շատ լողափներ։
Օգտակար Հանածոներ
ԽմբագրելԱռաւել կարեւոր օգտակար հանածոներն են․ ածուխը, երկաթաքարը, ցինկը, կապարը, պղինձը, քարաղը, նաֆթը, հանքային ջուրերը, շինանիւթերը։
Կլիմա
ԽմբագրելՊուլկարիոյ մեծ մասին մէջ բարեխառն է, ցամաքային, հարաւին մէջ, Ստրումա եւ Մեստա գետերու հովիտներուն մէջ անցումնային է Միջերկրածովային։ Լեռներուն մէջ, առկայ է ուղղաձիգ կլիմայական գօտիականութիւն։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը հարթավայրերուն մէջ —2 °C-ից 2,5 °C է, լեռներուն՝ մինչեւ — 10,8 °C, Յուլիսինը՝ համապատասխանաբար՝ մինչեւ 25,1 °C եւ մինչեւ 5,1 °C։ Տարեկան տեղումները ցած վայրերուն մէջ 450—600 մմ են, լեռներուն մէջ՝ 850—1300 մմ։
Ներքին Ջուրեր
ԽմբագրելԳետային ցանցը խիտ է, գետերու մեծ մասը կարճ են, ունին լեռնային բնոյթ, ամրան վերջին կը ծանծաղին։ Նաւարկելի միակ գետը Տանուպն է։ Ջրառատ գետերէն են՝ Մարիցան, Ստրուման, Մեստան։
Հողեր, Բուսական եւ Կենդանական Աշխարհ
ԽմբագրելՏանուպի հարթավայրուն մէջ, կը գերակշռեն սեւահողերը եւ գորշ անտառային պողզոլանման հողերը, Ստարա Պլանինայէն հարաւ՝ շագանակագոյն եւ պինդ սեւահողանման, լեռներուն մէջ՝ գորշ անտառային, լեռնանտառային, մուգ, լեռնամարգագետնային եւ կմախքային հողերը։ Տարածութեան 1/3-ը անտառածածկ է։ Կը գերակշռեն սաղարթաւոր, 1700—2000 մ․ բարձրութիւններու վրայ՝ լայնատերեւ անտառները, աւելի բարձր՝ ենթալպեան եւ ալպեան մարգագետինները։ Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչները լաւ պահպանուած են անտառներուն մէջ։ Պուլկարիան հարուստ է թռչուններով։ Մեծ տարածում ունին կրծողները։
Բնակչութիւն
ԽմբագրելԲնակչութեան 76.9%-ը պուլկարներ են[4], կ'ապրին նաեւ թուրքեր, գնչուներ, հայեր, ռուսեր, հրեաներ, յոյներ եւ այլեր։ Բնակչութեան մեծ մասը ուղղափառ են, փոքր խումբ մը՝ աւետարականներն ու կաթողեկէները, պաշտօնական տոմարը՝ գրիգորեանն է։ Բնակչութեան միջին խտութիւնը 1 քմ2 վրայ 76 մարդ է։ Քաղաքային բնակչութիւնը 74% է[5]։ Մեծ քաղաքներն են՝ Սոֆիան, Փլովտիւը, Վառնան, Ռուսէն, Բուրգասը, Ստարա Զագորան։
Տնտեսութիւն
ԽմբագրելՊուլկարիոյ տնտեսութեան կառուցուածքին մէջ, գիւղատնտեսութեան բաժինը կը կազմէ 4,9%[6] արդիւնաբերութիւնը 31,2%[6], իսկ 63,9%[6]-ը բաժին կ'իյնայ ծառայութիւններուն։ Մինչեւ ընկերային յեղափոխութեան յաղթանակը Պուլկարիան եւրոպական զարգացած կապիտալիստական պետութիւններու ագրարայ հումքային կցորդն էր։ ժողովրդական իշխանութիւնը ընկերա-տնտեսական արմատական վերափոխումներ կատարեց։ Պուլկարիան ագրարային յետամնաց երկրէն վերածուեցաւ ժամանակակէն զարգացած արդիւնաբերութեամբ եւ կոոպերացուած ու մեքենայացուած մեծ գիւղատնտեսութեամբ արդիւնաբերական-ագրարային երկրի։
Փոխադրութիւն
ԽմբագրելՓոխադրութեան ցանցի վերակառուցման եւ փախադրամիջոցի աւելացման շնորհիւ մեծցած է փոխադրութեան բոլոր տեսակներու շրջանառութիւնը։ Ռուսեն դուրս եկող երկաթուղին Պուլկարիան կը կապէ Ռումանիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ։ Գլխաւոր նաւահանգիստներն են Վառնան եւ Բուրգասը Սեւ ծովուն, Ռուսեն, Սուիշտովը եւ Լոմը՝ Տանուպի վրայ, մասնագիտացուած նաւահանգիստները՝ Դրուժբա նաֆթային նաւահանգիստը Բուրգասի ծոցի, ածուխի նաւահանգիստը Վառնայի լիճի ափին։
Առեւտրաշրջանառութիւն
Խմբագրել2014-ին Ներմուծումը կազմած է 33,56 մլրդ ամերիկեան տոլար[7] կը ներմուծեն հիմնականին մէջ, մեքենաներ եւ գործիքներ, մետաղներ, քիմիական նիւթեր, պլաստմասա եւ հանքային նիւթեր։ Արտահանումը 2014-ին կազմած է 29 մլրդ ամերիկեան տոլար[7]: Արտահանութեան մէջ աւելցած է պատրաստի արտադրանքի բաժինը։ Կ'արտահանուին հագուստ, կօշիկ, երկաթ, պողպատ, մեքենաներ, գործիքներ եւ վառելիք Պուլկարիոյ մեծ առեւտրական գործընկերներն են Գերմանիան, Ռուսիան, Իտալիան, Ռումինիան, Յունաստանը, Թուրքիան, Ֆրանսան, Սպանիան[7]։
Մշակոյթ
ԽմբագրելԳրականութիւն
ԽմբագրելՍկզբնաւորուած է 4-րդ դարու երկրորդ կիսուն։ Պուլկարացի հին գրականութիւնը (4— 7 դարերուն) եկեղեցագրական էր։ 14- րդ դարու վերջերէն, օսմանեան լուծի պայմաններուն մէջ, գրականութեան զարգացումը քանի մը դարերու ընթացքին արգելակուած է։ 15րդ— 18րդ դարերուն յայտնի էին բարոյախօսութիւններու ժողովածուները՝ «տամասկինները»։ 16-րդ դարասկիզբին լոյս տեսան պուլկարացի գրողներու առաջին տպագիր գիրքերը։ Պուլկարիոյ ազգային վերածնունդը (18-րդ երկրորդ կիսուն) նպաստեց գրականութեան զարգացման։ Ազգային գրականութիւնը ձեւաւորուեցաւ 19-րդ դարուն 50—70-ական թուականներուն ազգային-ազատագրական պայքարի ժամանակաշրջանին։ Երեւան եկան նշանակալից ստեղծագործութիւններ՝ նուիրուած 70-ական թթ․ ազգային-ազատագրական պայքարին։ 90-ական թուականներուն քննադատական իրաւապաշտական ծաղկման շրջանին, ստեղծուեցան երգիծական գործեր։ Իրաւապաշտ գրողներու ստեղծագործութեան հիմնական նիւթերէն մէկը դարձաւ գիւղը։ Բանաստեղծութեան մէջ, կը գերիշխէր քաղաքացիական քնարերգութիւնը։ 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին կը վերաբերի ընկերավարական գրականութեան ծնունդը։
Ճարտարապետութիւն եւ Կերպարուեստ
ԽմբագրելՃարտարապետութիւն
ԽմբագրելՊուլկարիոյ տարածքին մէջ, պահպանուած են անտիկ եւ միջնադարեան ճարտարապետական յուշարձաններու մնացորդներ։ Օսմանեան լուծէն ազատագրուելէն ետք, (1878) սկսած են քաղաքաշինական ծաւալուն աշխատանքներ (Սոֆիա, Փլովտիւ, Վառնա)։ Երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ ինկած շրջանին մէջ, ճարտարապետութիւնը կրած է գործառնութեան եւ կառուցման որոշակի ազդեցութիւն։ Ժողովրդական իշխանութեան հաստատումէն (1944) ետք, ճարտարապետութիւնը կ'ընթանայ նոր, ընկերային ուղիով։ Մեծ չափեր ընդունած են քաղաքաշինական աշխատանքները։ Կառուցուած են արդիւնաբերական կեդրոններ, ստեղծուած է Սոֆիայի կեդրոնի խորհուրդը՝ հրապարակներու համակարգով եւ Գ․ Տիմիտրովի դամբարանով։
Կերպարուեստ
ԽմբագրելԱրուեստի ազգային իրաւապաշտական դպրոցը սկսած է զարգանալ Պուլկարական վերածնունդի շրջանին մէջ եւ վերելք ապրած է 1878-էն։ 20-րդ դարուն առաջին քառորդին հանդէս եկած են մարտանկարիչներ եւ բնանկարիչներ, քաղաքական ծաղրանկարի եւ քանդակագործութեան վարպետներ։ Շարք մը գեղանկարիչներ եւ քանդակագործներ պատկերած են պրոլետարիատի պայքարը, նախադրեալներ ստեղծած ընկերային իրաւապաշտութեան արուեստի ձեւաւորման համար։ Պուլկարիոյ մէջ, ժողովրդա-դեմոկրատական իշխանութեան օրով արուեստը կ'ընթանէ ընկերային ռէալիզմի ուղիով։ 1960-ական թուականներուն գեղանկարչութեան բնորոշ է հերոսական կերպարներ ստեղծելու, արտայայտիչ ու արդուզարդի գունագեղութեան, ինչպէս եւ հին ազգային աւանդութիւններուն դիմելու ձգտումը։
Երաժշտութիւն
ԽմբագրելՊուլկարիոյ ժողովրդական երաժշտութիւնը, ձեւաւորուած է սլաւ ցեղերու ժողովրդական երաժշտութեան հիման վրայ, ուրոյն Պալքանեան թերակղզիի հնագոյն բնակիչներու, հետագային հարեւան ժողովուրդներու, ինչպէս եւ նուաճողներու երաժշտական մշակոյթի տարրերը։ Պուլկարական ժողովրդական երգերը հիմնականին մէջ միաձայն են։ 19-րդ դարու 90-ական թուականներուն սկսած է զարգանալ արուեստի երաժշտութիւնը։ Պուլկարիոյ երաժշտաթատերական ստեղծագործութեան հիմնադիրն է Գ․ Աթանասովը, առաջին սիմֆոնիայի հեղինակը՝ Ն․ Աթանասովը։ 1920-ական թուականներուն յորինողները ստեղծագործած են բոլոր տեսակներով։ 1904-ին Պուլկարիոյ մէջ, բացուած է առաջին երաժշտական դպրոցը։ Հիմնադրուած են Պուլկարական օփրային ընկերութիւնը, ինքնագործ երգչախումբեր միաւորող՝ Պուլկարիոյ ժողովրդական երգչախմուբերու միութիւնը (1926), աոաջին մշտական պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը (1928)։ Կը գործեն (1975)՝ երաժշտանոց, երաժշտական ուսումնարան (5), Սոֆիայի պետական ֆիլհարմոնիան, Պուլկարական ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան նուագախումբը Սոֆիայի մէջ, սիմֆոնիկ նուագախմբեր՝ Ռուսէի մէջ, Վառնայի, Պուրկասի, Փլովտիւի եւ Պլէենի մէջ, օպերային թատրոններ՝ Սոֆիայի, Ռուսէի, Վառնայի, Ստարա Զագորայի եւ Փլովտիւի մէջ:
Պար
Խմբագրել1927-ին պարարուեստի վարպետ Ա․ Պետրովը Սոֆիայի ժողովրդական օպերայի մէջ, կազմակերպած է առաջին պարարուեստի խումբը։ 1937-ին բեմադրուած է Խ․ Մանոլովի «Օձը եւ Ցանան» պուլկարական անդրանիկ թատերապարը։ Ժողովրդական կարգերու հաստատմամբ սկսած է պուլկարական թատերապարի արուեստի ծաղկումը։ Սոֆիայի ժողովրդական օփերայի բեմապարի խումբը ստեղծագործական կապերու մեջ է սովետական պարարուեստի վարպետներու եւ մանկավարժներու հետ։ 1951-էն կը գործէ պետական պարարուեստի ուսումնարանը՝ դասական պարի եւ պուլկարական պարային ժողովագրական բաժիններով, 1961-էն Վառնայի մէջ կը կատարուի թատերապարի միջազգային մրցոյթ։
Թատրոն
Խմբագրել19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին, Պուլկարիոյ մէջ ձեւաւորուած է պուլկարական դերասանական արուեստի իրաւապաշտական ուղղութիւնը։ ժողովրդական կարգերու հաստատումէն ետք, բացուեցան արուեստի նոր թատրոններ։ Սոֆիայի մէջ, կ'աշխատին Ի․ Վազովի անուան ժողովրդական «Ծիծաղ եւ արցունք», տրամադիկական, ժողովրդական, բանակի, երգիծական, երիտասարդութեան ժողովրդական «Սոֆիա», «Թատրոն 199», տիկնիկային կեդրոնական եւ այլ թատրոններ։ Թատերական արուեստի բարձրագոյն հիմնարկը հիմնադրուած է 1948-ին։
Հայերը Պուլկարիոյ Մէջ
ԽմբագրելՊուլկար եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ փոխյարաբերութիւններ եղած են տակաւին 5-րդ դարուն, երբ 451 թուականի Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, որոշ հայ իշխաններ, խոյս տալով պարսիկներու հետապնդումներէն, իրենց զօրքերով հեռացան Հայաստանէն եւ հաստատուեցան Պալքանեան թերակղզիի մէջ։ 13 մինչեւ 17-րդ դարերուն մոնկոլական ու թուրքական արշաւանքներուն հետեւանքով հայերու նոր գաղթը տեղի ունեցաւ դէպի Պուլկարիա։ 1800 թուականին, Պուլկարիոյ քաղաքային հայ բնակչութիւնը շուրջ 10 հազար էր, արդէն դարավերջին՝ մօտ 15 հազար։ Հայերու թիւը Պուլկարիոյ մէջ, զգալիօրէն աւելցաւ 1890-ական թուականներուն՝ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, հայերու զանգուածային կոտորածներէն ետք։ Հանրայայտ են պուլկար յայտնի բանաստեղծ Պեյս Յավորովի արձագանքն այդ կոտորածներուն եւ անոր «Հայեր» բանաստեղծութինը։ Հայերը մեծ մասամբ արհեստաւորներ էին, կային նաեւ բժիշկներ, իրաւաբաններ, ճարտարագէտներ, պետական պաշտօնեաներ։ Պուլկարահայերը անմասն չէին նաեւ թուրքական լուծի դէմ պուլկար ժողովուրդի մղած դարաւոր պայքարին, իսկ 1912–1913 թուականներու Պալքանեան պատերազմներու ընթացքին, Գարեգին Նժդեհի եւ Անդրանիկի հայ կամաւորներու յատուկ վաշտ մը, կը մասնակցէր Թուրքիոյ դէմ մարտերուն։ Պուլկարահայերէն շատերը աչքի ինկան նաեւ պուլկար ժողովուրդի մղած հակամիապետական ու հակաֆաշիստական պայքարին մէջ։ Պուլկարիոյ մէջ գործած են հայկական դպրոցներ, հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններ, մշակութային միութիւններ, լոյս ընծայուած են բազմաթիւ թերթեր։ 1946 թուականին մօտ, 6 հազար պուլկարահայեր հայրենադարձուեցան։ 1990 թուականին, համայնավար վարչակարգի տապալումէն ետք, ազգային զարթօնքի ժամանակաշրջան սկսած է նաեւ պուլկարահայ համայնքի կեանքին մէջ։ 1990 թուականէն, հիմնուած են նոր միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, վերաբացուած են հայկական վարժարանները, լոյս կը տեսնեն հայերէն-պուլկարերէն շաբաթաթերթեր։ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ թեմը կազմաւորուած է
19-րդ դարուն: Առաջնորդանիստը Սոֆիայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին է։ Ներկայիս, Պուլկարիոյ մէջ, կը բնակի 15–20 հազար հայ, հիմնականին մէջ Փլովտիւ, Սոֆիա, Վառնա, Պուրկաս եւ Ռուսէ քաղաքներուն մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 3 // http://www.parliament.bg/bg/const/
- ↑ https://data.who.int/countries/100
- ↑ Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 47։ ISBN 99941-56-03-9
- ↑ «Պուլղարիոյ Բնակչութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28
- ↑ «Պուլղարիոյ Ուրբանիզացիան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28
- ↑ 6,0 6,1 6,2 «Պուլղարիոյ Տնտեսութեան ճիւղային կառուցուածք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28
- ↑ 7,0 7,1 7,2 «Պուլղարիոյ Առեւտրաշրջանառութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28
Արտաքին Յղումներ
Խմբագրել- Հայերը Պուկարիոյ մէջ Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.
- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան
- ԱՄՆ Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութիւն Archived 2016-10-01 at the Wayback Machine.