Վարդանանց Պատերազմ

Վարդանանց պատերազմ, 450-451 թուականներուն Մարզպանական Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած ապստամբութիւն։ Ուղղուած էր Սասանեան արքունիքի դէմ, որուն նպատակն էր քրիստոնէադաւան հայերու շրջանին տարածել զրադաշտականութիւնը, կտրել հայերուն Բիւզանդիոնէն եւ աստիճանաբար ձուլել պարսիկներուն։

Վարդանանց Պատերազմ
'
Թուական 450-451
Վայր Մարզպանական Հայաստան
Արդիւնք Կրոնափոխութեան պարտադրանքի քաղաքականութեան ձախողում
Հակառակորդներ
հայեր
վրացիներ
աղվաններ
Սասանյան Պարսկաստան
Հրամանատարներ
Վարդան Մամիկոնեան Մուշկան Նիսալավուրտ
Կողմերու ուժեր
66 000 մարտիկ [1] 80-90 000 մարտիկ[2]

Համահայկական պայքարը կը գլխաւորեն ժամանակի հայկական նախարարական տուները՝ Մամիկոնեաններու, Սիւնիներու, Արծրունիներու եւ այլ նախարարներու գլխաւորութեամբ։ Անոնց կողքին է կը կանգնի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ապստամբելու որոշումը կ՛ընդունուի 449 թուականին՝ Արտաշատի ժողովին։ Գլխաւոր ելակետային ճակատամարտը տեղի կ՛ունենայ 26 մայիս 451 թուականին ՝ Աւարայրի դաշտին մէջ։

Մարզպանական Հայաստան Խմբագրել

Սասանեան Պարսկաստանի հպատակ պետություններու շարքին Մարզպանական Հայաստանը արտոնեալ կարգավիճակով ինքնավար երկիր էր։ Հայ նախարարներու եւ բարձրադաս հոգեւորականներու աւանդական իրաւունքներն ու արտոնութիւններր, պաշտօնակալութիւնները եւ հայկական զօրաբանակը ոչ միայն կը պահպանուէին, այլեւ պատշաճ մակարդակի վրայ էին։ Սասանեաններուն կը տրուէր հարկ, որքան կը գանձուէր ի շահ վերջին Արշակունիներու։

Հայ նախարարներու քաղաքական միասնութիւնը կ՛արտայայտուէր ընդհանուր զօրաբանակով, որուն կը գլխաւորէր սպարապետը, կառավարման միասնական համակարգով, կաթողիկոսի նախադահութեամբ ըստ անհրաժեշտութեան գումարուող համազգային ժողովով։ Պարսիկներուն թագաւոր Հազկերտ Բ-ը 443 թուականին Հայոց մարզպան նշանակեց հայ ազդեցիկ իշխան Վասակ Սիւնիին (443-451)։

440-ական թուականներուն պարսից արքունիքը որդեգրեց այս ինքնավարութիւնը վերացնելու եւ զայն պարսկական սովորական նահանգի վերածելու քաղաքականութիւն։ 442 թուականին հայկական զօրաբանակր սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ ուղարկուեցաւ Միջին Ասիա՝ քուշաններու դէմ պատերազմելու ժամանակ։ 447 թուականին «աշխարհագիր» (մարդահամար եւ եկամուտներու հաշուին մէջ) կատարելու պատրուակով պարսիկ պաշտոնեայ Դենշապուհը աւելացուց Հայաստանէն գանձուող հարկերու չափերը, սահմանափակեց հոգեւորականներու իրաւունքներր, պառակտեց հայ նախարարներու միասնութիւնը, հայրենասէր նախարարներուն զրկեց իրենց ժառանգական պաշտօններէն եւ արտոնութիւններէն՝ զանոնք հանձնելով հայրենադաւներու կամ պարսիկներու։

Հազկերտ Բ-ը 449 թուականին յատուկ հրովարտակով պահանջեց ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւն, որուն հետեւանքով հայերը կը զատուէին դաշնակից բիւզանդացիներէն եւ աստիճանաբար կը ձուլուէին պարսիկներուն հետ։ Նոյն թուականին Արտաշատի ժողովին ընթացքին հայ մեծամեծ նախարարներն ու հոգեւորականներր միահամուռ մերժեցին Պարսից արքունիքի պահանշները[3]։

Արտաշատի ժողովը Խմբագրել

Պարսիկները վստահ էին, որ երբ հայերը զրադաշտական դառնան անոնց կը հետեւին նաեւ վրացիներն ու աղուանները։ Հայ աւագանին պարտաւոր էր կամ շուտով պատասխանել եւ կամ ալ ներկայանալ Տիզբոն ու բացատրութիւն տալ արքունի ատեանին։ Հայերը լաւ կը հասկնային, որ կրօնափոխութեան առաջարկը հեռու գացող նպատակներ կը հետապնդէր։ Պարսկաստանը անոր հետ հայերուն կը փորձէր զրկել հոգեւոր-մշակութային ինքնատիպութենէն, դիւրացնել անոնց ձուլումը պարսիկներու հետ։

 
Յովսէփ Ա Վայոցձորցիի
արձանը Գիւմրիի մէջ

Հայոց մարզպանը, հայ հոգեւոր առաջնորդները եւ նախարարները, որոնցմէ են նաեւ կաթողիկոսի տեղապահ Յովսէփ Վայոցձորեցին Արտաշատի մէջ հրաւիրեցին յատուկ ժողով։ Մասնակիցներէն էին նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի աշակերտները, որոնք քաջատեղեակ էին ժամանակի աստուածաբանական ու փիլիսոփայական գրականութեան։ Պարսից արքունիքին ուղղուած պատասխան նամակին մէջ անոնք հիմնաւորապէս կը պաշտպանէին քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտացիութիւնը։

  Այս հաւատից մեզ ոչ ոք չի կարող խախտել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ էլ որեւէ այլ դառն հարուած
- կը գրէին անոնք
 


Զայրացած Հազկերտը Տիզբոն կանչեց հայ, վրացի եւ աղուան անուանի նախարարներուն։ Այստեղ անոնցմէ պահանջեցին հաւատափոխ ըլլալ եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը։ Հակառակ դէպքին Հազկերտը կը սպառնար մահապատժի ենթարկել նախարարներուն, աւերել անոնց տիրոյթները եւ աքսորել հարազատներուն։ Հայոց մեծամեծերը ստիպուած եղան առերես ընդունիլ կրակապաշտութիւնը՝ ոչ միայն մահապատժէ փրկուելու, այլեւ ժողովրդին ղեկավարել կարողանալու նպատակով։ Ուրախացած Հազկերտը անոնց յատուկ զօրագունդի ու մոգերու ուղեկցութեամբ, շռայլ պարգեւներով ուղարկեց Հայաստան։ Հայ նախարարներուն հանձնարարուած էր շուրջ մէկ տարուայ ընթացքին վերացնել քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կրօնափոխել բնակչութեանը։ Պարսիկ մոգերը պէտք է եկեղեցիները վերածէին կրակատներու (ատրուշաններու), ուր մշտապէս պէտք է վառուէր պարսիկներու համար սրբազան համարուող կրակը։ Չվստահելով նախարարներուն՝ զգուշաւոր Հազկերտը պատանդ պահեց Գուգարաց բդեշխ Աշուշային եւ Վասակ Սիւնիի երկու որդիներուն[4]։

Անգղի եւ Զարեհավանի ելոյթներ Խմբագրել

Հայ նախարարներու հավատուրացութեան լուրը բացասաբար ընդունուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Ժողովրդական բուռն ելոյթ տեղի ունեցաւ Բագրեւանդ գաւառի Անգղ գիւղաքաղաքին մէջ։ Մոգերը այստեղ փորձեցին կրակատան վերածել տեղի եկեղեցին, բայց արժանի հակահարուած ստացան։ Ռամիկները Ղեւոնդ Երեցի գլխաւորութեամբ դագանակներով զինուած հալածեցին մոգերուն, իսկ Զարեհավան գիւղաքաղաքին մէջ կործանեցին նորակառոյց ատրուշանը եւ սպանեցին մոգերուն։ Ապստամբած ժողովուրդը ամէնուրեք կը կոտորէ կամ երկրէն դուրս կը քշէ մոգերուն ու պարսիկ պաշտոնեաներուն։ Հայրենիք վերադարձած նախարարները ժողովուրդին տեղեակ պահեցին իրենց կեղծուրացութեան մասին եւ անցան ժողովրդական շարժման գլուխ։ Համաժողովրդական շարժումը թեւակոխուեցաւ նոր փուլ՝ վերածուելով կազմակերպուած ապստամբութեան։

 

Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը, ընդառաջելով նախարարներու ու ժողովուրդի ցանկութեան, կ՛անցնի երկրի զինուած ուժերու գլուխ։ Շարժման այս փուլին մէջ Վասակ Սիւնին ապստամբութեան գլխաւոր ղեկավարներէն էր։ Երկիրը պարսկական աւերումէն փրկելու նպատակով ան կը փորձէր հանգստացնել պարսիկ մոգպետին, որպէսզի ան հայերու դէմ չգրգռէ պարսից արքունիքը, միաժամանակ ապստամբութեան կը մասնակցէր նախապատրաստութեան։ Ան բոլորին հետ մէկտեղ «անսուտ երդում տուաւ սուրբ Աւետարանի վրայ»։

Ապստամբութեան ոգին համակած էր բոլորին։ Ժողովուրդի տարբեր խաւերուն միաւորած էր պարսկական իշխանութիւններու դէմ համընդհանուր ատելութիւնը։ Ապստամբները ուխտեցին չդաւաճանել ընդհանուր գործին եւ համատեղ պայքարիլ թշնամիի դէմ։ Ապստամբները հարձակեցան այն բերդերու, աւաններու եւ քաղաքներու վրայ, ուր պարսից կայազօրներ հաստատուած էին։ Շուտով անոնց ձեռքը անցան երկրի հինաւուրց մայրաքաղաք Արտաշատը, Վանը, անառիկ ամրոցներէն Գառնին, Անին, Արտագերսը եւ այլն։ Ժողովուրդը ամենուրեք կը զինուէր եւ կը պատրաստուէր կեանքի գնով պաշտպանելու հայրենիքը[5]։

Ապստամբութեան ծաւալումը Խմբագրել

 
Վարդան Մամիկոնեանը
որդիի հետ աղոթելու ժամանակ
Աւարայրի ճակատամարտէն առաջ.
Յովհաննէս Այվազովսկի

Հազարապետի, մաղխազի եւ մեծ դատավարութեան գործակալութիւնները վերստին գլխաւորեցան Վահան Ամատունին, Խորէն Խորխոռունին եւ Յովսէփ Վայոցձորեցին։ Հայ նախարարները կը պատրաստուէին վերականգնել հայոց անկախ թագաւորութիւնը։ Այդ նպատակով նախարարական տարբեր խմբաւորումներ առաջ կը քաշեն իրենց թեկնածուներուն։ Հայոց գահը գրաւելու հաւակնութիւններ ունէին առաջին հերթին ապստամբութեան հիմնական ղեկավարները՝ Վարդան Մամիկոնեանը եւ Վասակ Սիւնին։ Այդ մեծ նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ էր պարսիկներու դէմ պայքարի ընթացքին դաշնակիցներ ձեռք բերել, շարժման մէջ ներգրաւել հարեւան բախտակից ժողովուրդներուն։ Դաշինք կնքելու եւ օգնութիւն ստանալու նպատակով հայերը դիմեցին Բիւզանդիոնի։ Սակայն կայսրը ոչ միայն մերժեց հայերուն, այլեւ վերստին հաստատեց պարսիկներու հետ հին դաշինքը եւ անոնց խոստացաւ չօգնել հայերուն։ Բիւզանդիոնը պարսից արքունիքին նաեւ տեղեակ պահեց հայերու ապստամբական ծրագրերուն։ Միաժամանակ Հայաստանի բիւզանդական մասի հայ իշխաններուն արգիլուեցաւ օժանդակել իրենց պարսկահպատակ ազգակիցներուն։

Պարսկական հալածանքները ապստամբութիւն առաջ բերին նաեւ հարեւան Աղուանքի մէջ, որ կը գտնուէր Կուր գետի, Կովկասեան լեռնաշղթայյի եւ Կասպից ծովու միջեւ։ 4-րդ դարու 30-ական թուականներէն Աղուանքը քրիստոնէութիւն ընդունած էր, իսկ դարավերջին ինկած էր պարսկաստանի տիրապետութեան տակ։ Պարսիկներու դէմ պայքարի յայտնուելով ծանր կացոցթեան մէջ՝ աղուանները օգնութեան խնդրանքով դիմեցին հայերուն։ Հայաստան եկած աղուաններէն եպիսկոպոսն ու հազարապետը հաղորդեցին, որ պարսկական բանակն ու մոգերը ներխուժած են Աղուանք եւ բռնութեամբ կրակապաշտութիւն կը տարածեն։ Հայերը որոշեցին օգնութեան ձեռք մեկնել հարեւան ժողովուրդին։

Հայկական զօրքը բաժանուեցաւ երեք մասի։ Առաջինի հրամանատար կարգեցին Ներշապուհ Արծրունի իշխանին եւ ուղարկեցին Գեր ու Հարեւանդ գաւառներ՝ Ատրպատականի կողմէն պաշտպանելու երկրի սահմանները։ Երկրորդ զօրաբանակը Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորուդեամբ օգնութեան շտապեց աղուաններուն։ Երրորդ զօրաբանակը Վասակ Սիւնիի ղեկավարութեամբ մնաց երկրին մէջ։ Մարզպանի խնդիրն էր երբ անհրաժեշտ ըլլար օգնութիւն ցոյց տալ միւս զօրաբանակներուն եւ պահպանել կարգն ու կանոնը երկրին մէջ։

 
Վարդան Մամիկոնեան

Վարդան Մամիկոնեանը զօրքով թշնամիին հանդիպեցաւ Խաղխաղ քաղաքի մօտ (ներկայիս Ղազախ քաղաքի մերձակայքին): Հայկական փոքրաթիւ զօրաբանակը որոշեց ճակատամարտ տալ եւ կանխել պարսիկներու հնարաւոր յարձակումը Աղուանքէն։ Խաղխաղի ճակատամարտին հակառակորդին ջախջախելէ եւ փախուստի մատնելէ ետք հայոց բանակը անցաւ Կուրը եւ աղուանէն զօրքերու հետ Աղուանքը մաքրեց պարսկական զօրամասերէ։ Վարդան Մամիկոնեանը շարունակեց առաջխաղացումը մինչեւ ճորայ (Հոնաց) պահակի ամրութիւնները եւ դաշինք կնքեց հոնէրի հետ։ Համաձայն Հայ-յոնական դաշինքի` հոները համաձայնեցան օգնել հայերուն պարսիկներու դէմ պայքարին:

Մինչ սպարապետն Աղուանքի մէջ էր, Վասակ Սիւնին իր կողմը գրաւեց խումբ մը հայ նախարարներու եւ պարսկական աւերիչ արշաւանքէն երկիրը զերծ պահելու նպատակով որոշեց լեզու գտնել պարսից արքունիքի հետ: Ան կը ձգտէր կանխել հայերու ռազմական բախումը պարսկական գերակշիռ ուժերու հետ: Ստանալով պարսից արքունիքի համաձայնութիւնը` Վասակը յայտարարեց, որ Հազկերտը հրաժարուած է կրօնափոխութեան ծրագիրէն եւ պատրաստ է ներել ապստամբներուն։ Թերեւս անոր այդ քայլին մղեց նաեւ իր որդիներու Տիզբոն պատանդ ըլլալու հանգամանքը, քանի որ անոնք կարող էին մահապատժի ենթարկուիլ։ Բացի այդ, ան սկսած էր երկիւղել, որ օգնութեան բացակայութեան դէպքին ապստամբութիւնը կը պարտուի, եւ ան կը կորսնցնէ ոչ միայն մարզպանի պաշտօնը, այլեւ Սիւնեաց նահապետի ժառանգական իրաւունքը։ Այս ամէնի հետեւանքով Վասակը փաստօրէն դրժեց համատեղ պայքարելու իր երդումը եւ հեռացաւ ապստամբութենէն։

Ստանալով այս անհանգստացնող լուրերը՝ Վարդան Մամիկոնեանը հապճեպ վերադարձաւ Հայաստան, իսկ Վասակ Սիւնին ապստամբներու ճնշման ներքեւ քաշուեցաւ Սիւնիք։ 450-451 թուականներու ձմեռն էր, սպառած էին պարենի պաշարները։ Ուստի սպարապետը արձակեց իր զօրաբանակը՝ գարնան վերջին հաւաքելու ծրագրով[6]։

Աւարայրի ճակատամարտ Խմբագրել

Պարսկական բանակը դէպի Հայաստան շարժեցաւ 451 թուականի գարնանը: Վարդան Մամիկոնեանի հրամանով հայոց զօրքը հաւաքուեցաւ Այրարատի դաշը եւ արագօրէն շարժեցաւ թշնամիին ընդառաջ։ Սպարապետը կը ցանկար ճակատամարտ տալ հայ-պարսկական սահմանին եւ կանխել երկրի աւերումը։ Սակայն Մուշկան Նիւսալաւուրտի հրամանատարութեամբ պարսկական զօրքը արդէն անցած էր Հեր ու Զարեւանդ գաւառները եւ կը շարժէր դէպի երկրի խորքը։ Պարսիկներու հսկայական բանակը ուժեղացուած էր ընտիր հեծելազօրով՝ «մատեան գնդով», ու մարտական փիղերով։ Պարսիկները շուտով մտան Վասպուրականի արտազ գաւառ եւ բանակ դրին տղմուտ գետի աջ ափին՝ Աւարայրի դաշտ։ Շատ չանցած այստեղ հասաւ նաեւ հայոց բանակը եւ դիրքեր գրաւեց գետի ձախ ափին։

 

Ճակատամարտի նախօրէին սպարապետը իր 66 հազարանոց բանակը բաժանեց երեք մասի եւ անոնց հրամանատարներ նշանակեց փորձուած զօրավարներ Ներշապուհ Արծրունիին, Խօրէն Խորխոռունիին ու Թաթուլ Վանանդեցիին։ Սպարապետը առանձնացուց նաեւ պահեստազօր եւ իր եղբայր Համազասպ Մամիկոնեանի հետ միասին ստանձնեց անոր հրամանատարութիւնը։ Թուապէս հայերուն եռապատիկ գերազանցող թշնամին իր գլխաւոր ուժերը կենտրոնացուցած էր աջ թեւին, իսկ պահեստազօրին մէջ կանգնած էր Մատեան գունդը: Վարդան Մամիկոնեանը, Յովսէփ Վայոցձորեցին եւ Ղեւոնդ Երէցը քաջալերեցին հայոց զօրքին ` արիաբար մարտնչելու թշնամիին դէմ:

  Չերկնչենք եւ չվախնանք հեթանոսներու բազմութենէն, իսկ եթէ հասած է ժամանակը՝ մեր կեանքը սուրբ մահով աւարտելու այս պատերազմին, մահը ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ արիութեան ու քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք  


26 Մայիս 451 թուականին վաղ առաւօտեան սկսաւ Աւարայրի ճակատամարտը: Հայոց այրուձին անցաւ Տղմուտը եւ մխրճուեցաւ թշնամիի մարտական շարքերուն մէջ։ Պարսից բանակի որոշ զօրամասերը չդիմացան հայերու ճնշմանը եւ նահանջեցին: Վարդան Մամիկոնեանը շրջանցեց հակառակորդին եւ հարուածեց պարսից բանակի պահեստազօրին: Պարսիկներու շարքին մէջ խուճապ սկսաւ, եւ կը թուէր, թէ հայերը կը յաղթէին: Բայց այդ ճակատագրական պահուն զգացուեցաւ պարսկական զօրքերու թուական գերազանցութիւնը: Մուշկան Նիւսալաւուրտի հրամանով պարսիկները վերադասաւորեցին ուժերը, օգնութեան եկաւ Մատեան գունդը: Անոնք շրջապատեցին սպարապետի փոքրաթիւ զօրագունդը եւ սկսեցին աստիճանաբար սեղմել օղակը: Կատաղի ու օրհասական մարտ ծաւալուեցաւ: Հայ նախարարները եւ զինուորները կը կռուէին եւ կը զոհուէին` ծանր կորուստներ պատճառելով հակառակորդին։ «չգիտակցուած մահը մահ է, գիտակցուած մահը` անմահութիւն»,- այս էր անոնց նշանաբանը։ Անհաւասար կռիւի ընթացքին հերոսաբար ինկան Վարդան Մամիկոնեանը, բազմաթիւ նշանաւոր նախարարներ[7]:

Երեկոյեան մարտը դադարեցաւ, եւ հայոց բանակը վերադարձաւ իր դիրքերը։ Զոհուած էր սպարապետը, հայերը զգալի կորուստներ տուած էին։ Հայերու զոհերու թիւը կը հասնէր 1036 հոգիի, մարտի դաշտին վրայ ինկած էին ինը նախարարներ։ Շատ աւելի ծանր կորուստներ կրեցին պարսիկները՝ 3544 մարդ։ Բացի այդ՝ թշնամին չէր հասած իր գլխաւոր նպատակին։ Հայերը չէին ջախջախուած, պահպանած էին մարտական ոգին եւ լի էին պայքարը շարունակելու վճռականութեամբ։

  Ոչ թէ մէկ կողմը յաղթեց, եւ միւս կողմը պարտուեցաւ, այլ քաջերը քաջերու դէմ դուրս գալով, երկու կողմն սլ պարտութիւն կրեցին  


Աւարայրի ճակատամարտէն ետք ապստամբական շարժումը չմարեցաւ։ Հայերը ամրացան անառիկ վայրերուն մէջ եւ սկսան յարձակումներով արիւնաքամ ընել թշնամիին։ Պարտիզանական կռիւներ ծաւալուեցան Արցախի մէջ, Տայքի մէջ եւ Տմորիքի մէջ։ Այդ կռիւներուն սկսան մասնակցիլ նաեւ այն գաւառներու բնակիչները, որոնք մինչ այդ չէին մասնակցած ապստամբութեան։ Պարսիկներուն ծանր հարուած հասցուցին նաեւ հոները։

Ի վերջոյ, ծանր կացութեան մէջ յայտնուած պարսից արքունիքն ստիպուած եղաւ թեթեւացնել հարկերը, հաշտուիլ Հայաստանի լայն ինքնավարութեան հետ, հրաժարիլ բռնի կրօնափոխութեան ծրագրէն։ Սակայն գերուած հոգեւոր առաջնորդները եւ նախարարները Տիզբոնի մէջ դատուեցան։ Առաջինները մահապատժի ենթարկուեցան, իսկ երկրորդները ուղարկուեցան Միջին Ասիոյ կողճերը։ Աւելի ուշ անոնց թոյլ տրուեցաւ վերադառնալ հայրենիք եւ տիրել իրենց կալուածքներուն։ Որպէս ապստամբութեան առաջնորդներէն մէկը՝ պարսից արքունիքը բանտ նետեց Վասակ Սիւնին, որ մահացաւ ծանր հալածանքներէն։ Հայրենիք վերադարձաւ նաեւ հայոց այրուձին։ Պարսից արքունիքը որոշ ժամանակ կը վարէր հայերուն սիրաշահելու քաղաքականութիւն։

Վարդանանց պատերազմը հայոց պատմութեան հերոսական էջերէն է։ հայոց եկեղեցին սրբացուցած է Աւարայրի ճակատամարտին զոհուած մարտիկներուն եւ անոնց դասած «հայրենիքի նահատակներու» շարքը։ Մինչեւ օրս ալ «վարդանանց տօնը» հանդիսաւորապէս կը նշուի համայն հայութեան կողմէ[8]։

Գրականութեան եւ արուեստի մէջ Խմբագրել

Դեռեւս 5-րդ դարուն հայ պատմիչ Եղիշէն գրած էր «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց պատերազմինէ աշխատութիւնը: Անոր հիմքի վրայ Հայրենական Մեծ պատերազմի տարիներուն Դերէնիկ Դէմիրճեանը գրած է «Վարդանանք» պատմավէպը` հայ զինուորներու ոգին բարձրացնելու համար։

2002 թուականին կը սկսի եւ 2014 թուականին աւարտին կը հասնի հոլիւուդեան նախագիծ մը, որ կը պատմէ այս պատերազմի մասին։ Հեղինակը հայազգի Ռոճըր Գուբելեանն է։ Ֆիլմը կը կոչուի «բիւզանդիայի արեւելք. պատերազմ, աստուածներ ու սուրբ նահատակներ» (անգլերէն՝ «East of Byzantium: War Gods and Warrior Saintsէ): Հոն կը նկարագրուին 4-րդ եւ 5-րդ դարերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները՝ սկսած քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք: Կինինկարի հիմնական թեման Վարդանանց պատերազմն է[9]:

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Ռուզաննա Հարությունյան
  2. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Հայոց Պատմություն
  3. Վարդանանց պատերազմ
  4. «Կրոնափոխության առաջարկը։ Արտաշատի ժողովը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-23-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24 
  5. «Ապստամբության սկիզբը։ Անգղի և Զարեհավանի ժողովրդական ելույթները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-29 
  6. «Շարժման ծավալումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-29 
  7. «Ավարայրի ճակատամարտ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-29 
  8. «Ավարայրի ճակատամարտ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-29 
  9. «Բիւզանդիայի արեւելք. 451 թուական»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-08-09-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-21