Գիւմրի (մինչեւ 1837-ը՝ Գիւմրի, 1837-1924 թուականներուն՝ Ալեքսանդրապոլ, 1924-1991 թուականներուն՝ Լենինական, բնակչութեան քանակով ու մշակութային նշանակութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ քաղաքն է, կը գտնուի Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան կողմը՝ Շիրակ մարզին մէջ, Ախուրեան գետի ձախ ափին, Երեւանէն 126 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ։ Տարածքը՝ 3626 հա, 2012 թուականներու դրութեամբ ունեցած է 145,9 հազար բնակիչ[2], ծովու մակարդակէն բարձր է աւելի քան 1500 մ.։ Քաղաքի կարգավիճակն ունի 1840-էն։

Բնակավայր
Գիւմրի
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Հայաստան
Սամվել Բալասանյան?
Առաջին յիշատակում 5. century BCE
Տարածութիւն 46,2 քմ²
ԲԾՄ 1509±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 121 976 մարդ (2011)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00
Փոստային ցուցանիշ 3101–3126
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 45 am
Պարգեւներ Ժողովուրդներու Բարեկամութեան շքանշան
Անուանուած է Կիմերներ?
Պաշտօնական կայքէջ gyumricity.am

Արեւմտեան մասը բարձրադիր է՝ կազմուած երկու սեղանաձեւ բարձունքներէ։ Աշխարհագրական դիրքը՝ հարթավայրային է, քիչ մասնատուած, ծածկուած 300-350 մ. հաստութեամբ լճագետային ու հրաբխային նստուածքներով։ Կլիման ցամաքային է, համեմատաբար տաք ամառներով ու ցուրտ ձմեռներով։ Տարեկան միջին ջերմաստիճանը 7 °C է, Յունուարինը՝ -8 °C (նուազագոյնը՝ -35 °C), Յուլիսինը՝ 20 °C (առաւելագոյնը՝ 34 °C)։ Տարեկան տեղումները 500 մ.մ. են։ Կը գտնուի 8-9 աստիճանի երկրաշարժային գօտիի վրայ։ Վերջին ուժեղ երկրաշարժը տեղի ունեցած է 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին։ Նախորդ երկրաշարժը տեղի ունեցած է 1926 թուականի Հոկտեմբեր 22-ին։

Զինանշանը հաստատուած է 2001 թուականին։ Զինանշանի վրայի պատկերները ունին հետեւեալ նշանակութիւնը.

Յովազը Բագրատունիներու զինանշանն է։ Վերջիններուս նստավայրը եղած է Շիրակի մարզէն ներս։

Կամարը, Արագած սարն ու եկեղեցին, կ՛արտայայտեն Գիւմրի քաղաքին բնորոշ բնութեան եւ ճարտարապետական տարրերը։

Լուսաւորիչի կանթեղ, ըստ առասպելի՝ Լուսաւորիչի կանթեղը կ՛այրի Արագածի գագաթներուն միջեւ։

Շաղուլը կը խորհրդանշէ՝ արհեստները եւ ճշտապահութիւնը։

Ցորենի հասկերը կը խորհրդանշեն լիութիւնը։

Գիրքն ու քնարը կը հանդիսանան կրթութեան ու գիտութեան, արուեստի ու մշակոյթի խորհրդանիշներ։

Քաղաքի խորհրդանիշը կը համարուի նաեւ «մուշուրպան»։ 21-րդ դարուն կիւմրեցիներուն քով սովորութիւն դարձած է հիւրերուն «մուշուրպա» նուիրելը (մուշուրպան պղինձէ ջրաման է, որուն մէջ ջուրը կը պահէ իր սառնութիւնը)։ 2013 թուականին Կիււմրիի մէջ կանգնեցուցած են Մուշուրպայի արձանը։[3]

Մուշուրպայի արձանը Գիւմրիի մէջ

Ալեքսանդրապոլի զինանշանը այլ եղած է՝ վարի մասը եղած է Խաչ եւ Լուսին (մահիկ), որոնք իրարնէ կը բաժանուէին սանդուխներով։ Սանդուխները կը խորհրդանշեն այն, որ ցանկացած ալեքսանդրապոլցիի ընկերական աճի, վեր բարձրանալու հնարաւորութիւն ընձեռնուած է։ Խաչը խորհրդանշած է Արեւելեան Հայաստանը, իսկ մահիկը՝ Արեւմտեան Հայաստանը, ուրկէ գաղթած է Գիւմրիի բնակչութեան զգալի մասը։ Զինանշանի պատկերը կարելի է տեսնել Գիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարանին մէջ։

Քաղաքի դրօշը

Խմբագրել

Աւագանիի կողմէն հաստատուած է 2011 թուականներուն։ Ան սպիտակ գոյն ունի՝ ոսկեզօծ երիզով։ Դրօշակի մէջտեղը զետեղուած է կարմիր խաչ՝ յովազի ոսկեգոյն պատկերով։ Դրօշակը լայնութեան եւ երկարութեան չափերու յարաբերութիւնն է 1։2-ի։ Դրօշակի վրայի պատկերները ունին հետեւեալ նշանակութիւնը.

Սպիտակ գոյնը կը խորհրդանշէ խաղաղ ապրելու կամքը, Կարմիր խաչը՝ ժողովուրդին յարատեւման եւ քրիստոնէական հաւատքի խորհրդանիշն է, Բագրատունեաց զինանշանը հանդիսացող ոսկեգոյն յովազը կը խորհրդանշէ Հայաստանի անկախութիւնն ու պետականութիւնը։[4]

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Գիւմրին Հայաստանի Հանրապետութեան՝ մեծութեամբ, երկրորդ քաղաքն է։ Կը գտնուի Երեւանէն 126 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ Շիրակի բարձրաւանդակի կեդրոնական մասը, ծովու մակարդակէն 1550 մեթր բարձրութիւն ունեցող հարթավայրին, Հայաստանի հիւսիս-արեւմուտքին, Ախուրեան գետի ձախ ափին։ Շիրակի բարձրավանդակի տափարակ մասի երկարութիւնը կը կազմէ մօտաւորապէս 35, իսկ լայնութիւնը՝ 25 քիլոմեթր, սահմանակից է Փամբակի արեւմտեան, Արագածի հրաբխային զանգուածի հիւսիսային ու արեւմտեան լեռներուն եւ նախալեռներուն։

Քաղաքն ունի աշխարհագրական յարմար դիրք, որ կ՛ակոսուի Չերքեզի, Ջաջուռի եւ ուրիշ ձորերով։ Ռելիեֆը հարթավայրային է, ծածկուած լճագետային եւ հրաբուխային, շուրջ 350 մ․, հզօրութեան նստուածքներով։ Ուղիղ գծով Գիւմրիէն Սեւ ծով 196 ք․մ․ է, իսկ երկաթուղիով մինչեւ Մոսկուա՝ 2760 քիլոմեթր։ Գիւմրիի օդը կազդուրիչ է ու առողջարար, բուսականութիւնը տափաստանային է, գետահովիտներուն մէջ կ՛աճին ակասիա, թխկենի, հացենի եւ այլ ծառատեսակներ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. http://armstat.am/file/doc/99485583.pdf
  2. Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն, [{{{յղում}}} Հայաստան Հանրագիտարան] (խմբ. Յովհաննէս Այվազեան), Երեւան էջ 859-860։
  3. «Զարմանալի է, որ մուշուրպան դարձաւ Կիււմրիի խորհրդանիշերէն մէկը։»։ արտագրուած է՝ 2013 Հուլիսի 113 
  4. «Գյումրու քաղաքապետարան, Պաշտոնական կայք. Գյումրու խորհրդանշանները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-06-19-ին։ արտագրուած է՝ 2013 Հուլիսի 113