Վասակ Ա. Սիւնի
Վասակ Ա Սիւնի կամ Վասակ Ա Սմբատեան (ծննդեան թուականը անյայտ - 1040), Սիւնիքի թագաւորութեան թագաւոր 998-1040-ականներուն։ Սիւնիքի թագաւորութիւնը Վասակ Ա.-ի եւ անոր յաջորդող՝ Սմբատ Բ. Սիւնիի օրօք հասաւ իր հզօրութեան գագաթնակէտին։ Վասակ Ա.-ի իշխանութիւնը անցաւ համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ. հիմնուեցան Սուրբ Յովհաննէսի եւ Սուրբ Կարապետի եկեղեցիները, Կապանի մէջ կատարուեցան խոշոր շինարարական աշխատանքներ եւ այլն։
Բագրատունի Գագիկ Ա. թագաւորը 1003-ին Սիւնիքի թագաւորութեան գրաւում եւ Անի-Շիրակի թագաւորութեան կը միացուի Վայոց Ձորը ու անոր շրջակայքի քանի մը գաւառներ։ Անկէ ետք Սիւնիքի թագաւորութեան մէջ կը մտնեն նախկին Սիւնեաց աշխարհի միայն մօտ մէկ երրորդը՝ անոր հարաւ- արեւելեան քանի մը գաւառները։ Այդ ժամանակէն սկսած Սիւնիքի թագաւորութեան սահմանները արեւմուտքէն կը կազմէին Զանգեզուրի լեռներու հարաւային մասը, հարաւէն Արաքս գետը, արեւելքէն՝ Աղաւնոյ (Հագարի) գետը, իսկ հիւսիսէն այդ սահմանը կ՚անցնէր Հագարի գետի Աղողլան վտակի եւ Որոտան գետի ջրբաժան լեռներով, ապա կ՚ուղղուի դէպի արեւմուտք եւ կը հատուի Սիւնեաց լեռներու հետ։ Սիւնիքի թագաւորութիւնը նշուած սահմաններուն մէջ կ՚ընդգրկէր Բաղք, Կապան, Արեւիք, Կովսական ու Հաբանդ գաւառները՝ ամբողջութեամբ, եւ Ծղուկք գաւառի հարաւային մասը։ Այս սահմանները կը վերաբերին 11-րդ դարուն, կը ներկայացնեն Սիւնիքի թագաւորութեան առաւելագոյնը ՝ յետագայ ժամանակներու համեմատութեամբ։ Սիւնիքի թագաւորութեան մէջ կային 43 բերդ, 48 վանք եւ 1000-էն աւելի գիւղեր։ Սիւնիքի թագաւորութեան մայրաքաղաքը սկզբնական շրջանին Շաղատ գիւղաքաղաքն էր, իսկ 10-րդ դարու վերջերէն Կապան քաղաքը։
Սիւնիքի առաջին գահակալը՝ Սմբատ Սահակեանը վախճանած էր 998-ին եւ ամփոփած Տաթեւի վանքին մէջ։ Գահը ժառանգեց որդի Վասակը (998-1040), որ «ազատակոյտ բազմութեամբ» թագաւոր օծուեցաւ Գրիգոր եպիսկոպոսի ձեռքով։ Անոր կրտսեր եղբայր Սեւադան դարձաւ իշխանաց իշխան։ Ճանչցած է իրեն հայոց արքայ Գագիկ Ա.-ի վասալ, մասնակցած է վերջինիս 1003-ի Փառիսոսեան արշաւանքին։ Վասակ թագաւորի միամորիկ դուստրը՝ Կատրանիտէն, ամուսնացած էր Գագիկ Ա. Բագրատունի թագաւորի (989–1020) հետ եւ իր մօր՝ Սիւնեաց թագուհի Շահանդուխտի նման զբաղուած էր շինարարական լայն գործունէութեամբ։
Վասակ թագաւորի խնդրանքով եւ անոր դստեր՝ թագուհի Կատրանիտէի միջամտութեամբ կը վերականգնուի Սիւնիքի մետրոպոլիտութիւնը, որ շնորհուած էր նահանգի հոգեւոր առաջնորդներուն դեռեւս 4-րդ դարուն Ներսէս Մեծի կողմէն եւ վերացուած էր Անանիա Մոկացի կաթողիկոսի կոնդակով 960-ականներուն։ Պատմական որոշակի արժէք կը ներկայացնէ Սարգիս Սեւանցի կաթողիկոսի 1006-ի շրջաբերական նամակը՝ ուղղուած Վասակ թագաւորին եւ Սիւնեաց Սեւադա ու Աշոտ իշխաններուն՝ Սիւնիքի հոգեւոր թեմին ենթակայ հարկատու գաւառներու մասին։ Ի թիւս այլ գաւառներու՝ այստեղ մտցուած են Նախիջեւանը, Ագուլիսը, Ջուղան, Օրդուատը (Օրդուբադը), Երնջակը, Ճահուկը եւ այլ բնակավայրեր։
Մահէն ետք գահը կը ժառանգէ անոր բարեկամը՝ Սմբատ Բ.-ը։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Թ. Խ. Յակոբեան. Սիւնիքի թագաւորութիւնը, Երեւան 1966
- Թ. Խ. Յակոբեան. Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն, Երեւան 1981
- Ալիշան, Ղեւոնդ. Սիսական, Վենետիկ 1893
- Լալայեան, Երուանդ. Զանգեզուր, Թիֆլիս 1898 Archived 2018-04-17 at the Wayback Machine.
- Գրիգոր Գրիգորեան, Սիւնիքի թագաւորութիւնը (X–XII դարեր)
Նախորդող Սմբատ Ա. Սիւնի 987 - 998 |
Սիւնիքի արքայ Վասակ Ա. Սիւնի 998 - 1040 |
Յաջորդող Սմբատ Բ. Սիւնի 1040-1051 |