Զարեհաւան (Այրարատ)
Զարեհաւան, գրաբար` Զարեհաւան, քաղաք Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Ծաղկոտն գաւառին մէջ, Արածանի գետի աջ ափին, Բագաւանի մօտ, Թաւրիզ-Կարին-Տրապիզոն ճանապարհին մօտ:
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելԶարեհաւանը կը գտնուի Դիադինինի ոչ հեռու, Արածանի գետի ակունքի շրջանին, անոր աջ ափին, Բագաւանի (Ուչքիլիսի) մօտ, Թաւրիզ—Կարին—Տրապիզոն քարաւանային բանուկ ճանապարհին վրայ; Նպատ լեռան հիւսիսային ստորոտը: Անոր մօտակայքը կը գտնուեր նաեւ Անգղ բերդը: Մի այլ Զարեհաւանը կը գտնւուէր նոյն Այրարատեան աշխարհի Բասեն գաւառին մէջ: Այս վերջինը նոյնպէս հելլէնիստական քաղաք էր, եւ անունը կապուած էր Արտաշէս թագաւորի հոր` Զարեհի անուան հետ:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱռաջին անգամ կը յիշատակուի մ.թ.այ. 2-րդ դարուն: Փաւստոս Բուզանդի վկայութեամբ Զարեհաւանը 4-րդ դարուն եղած է նշանաւոր քաղաք: Այստեղ հայերէ բացի կը բնակուի հազարաւոր հրէաներ, որոնց տեղափոխած էր Տիգրան Բ Մեծը: Սակայն նոյն տարի 60-ական թուականներուն պարսկական զօրքերը, Մեծ Հայքի մէկ շարքը այլ քաղաքներու հետ միասին, աւերեցին Զարեհաւանը: Այդկէ ետք քաղաքը վերածուած է մէկ սովորական գիւղ:
Զարեհաւանը սերտօրէն կ'առնչուի 450-451 թուականներու Վարդանանց պատերազմի հետ: Սասանեան լուծին դէմ ելած ապստամբներն այստեղ Յովսէփ կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ կոտորած են պարսիկ մոգերուն, որոնք կը փորձէին կանգնեցնել զրադաշտական ատրուշաններ: Այնուհետեւ կը յիշատակուի 650-ական թուականներուն տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններու հետ կապուած: Այդ մասին եղած բաւական ընդարձակ վկայութեան մէջ Սեբէոսը կը հաղորդէ, որ արաբները, նեղուելով բիւզանդացիներուն կողմէ, խուսափեցան վերջիններուն հետ ճակատամարտի բռնուելէն, «ելին եանկարծակի եւ գնացին անցին զգետովն, եւ չոգան ամրացան ի Զարեհաւանի»: Իսկ այդ յիշատակութիւնէն ակնյայտ կը դառնայ, որ Զարեհաւանն ամրացուած բնակավայր եղած է:
Յետագայ դարերուն Զարեհաւանը չի յիշատակուիր, բայց իբրեւ հայաբնակ ոչ խոշոր գիւղ գոյութիւն ունէր մինչեւ 19-րդ դար, իսկ այդ հարիւրամեակի երկրորդ կէսէն այն արդէն ամայի էր, եւ բնակիչները գաղթած էին զանազան կողմէր: Զարեհաւանն այժմ աւերակ է:
Արտաքին յղումներ
ԽմբագրելԿաղապար:Պատմական Հայաստանի քաղաքները
Կ'ատեգորիայ:Այրարատ նահանգի բնակավայրեր Կ'ատեգորիայ:Մեծ Հայքի քաղաքներ