Դիադին, քաղաք կը գտնուի Արածանիի վերին հոսանքի աջ ափին, Պայազետէն մօտ 38 քմ արեւմուտք, Ծաղկանց լեռներու արեւելեան փէշերուն, Էրզրում-Պայազէտ ճանապարհին վրայ[2]:

Քաղաք
Դիադին
Երկիր  Թուրքիա[1]
ԲԾՄ 1925 մեթր
Բնակչութիւն 42 123 մարդ (2018)

Քաղաքէն 5-6 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Արածանիի բնական հռչակաւոր կամուրջը։ Կամուրջին բարձրութիւնն ու լայնքը աւելի քան 21 մ․ է։ Կամուրջէն քիչ մը հեռու, Արածանիի աջ ափին կը գտնուի Դիադինի հանքային ջուրերու մեծ աղբիւրը՝ գլխաւոր Գերմաւը։ Ջուրի ջերմութիւնը շատ բարձր է։

Դիադինը համանուն գաւառակի կեդրոնն է եւ կը մտնէ Էրզրում նահանգի Պայազէտ գաւառին մէջ։ 19-րդ դարու սկիզբները ունեցած է 500 տուն հայ եւ քիւրտ բնակիչ:

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Մինչեւ 19-րդ դարու 20ական թուականներու վերջերը Դիադինի բնակչութեան մեծագոյն մասը կազմած են հայերը։ Սակայն 1828-29 թուականներուն, ռուս-պարսկական պատերազմէն ետք այստեղի հայերը գրեթէ ամբողջութեամբ գաղթած են Արեւելեան Հայաստան:

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Դիադինի բնակիչները  գլխաւորաբար զբաղած են գիւղատնտեսութեամբ, արհեստներով ու առեւտուրով։ Անոր արհեստաւորներն ու առեւտրականները գերազանցապէս հայեր եղած են։

Դիադին ունեցած է իր բերդը, որ կը գտնուէր Արածանիի ժայռոտ ափին։ Մինչեւ 1843 թուականը այն կանգուն էր, իսկ յետագային վերածուած է աւերակներու կոյտի։

Գիւղաքաղաքին մէջ եղած է հայկական մէկ եկեղեցի Ս. Աստուածածին անունով։ Այն կանգուն  եղած է մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները[3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. GEOnet Names Server — 2018.
  2. «ԷՐԶՐՈՒՄԻ ՆԱՀԱՆԳ»։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն (en-US)։ 2010-12-18։ արտագրուած է՝ 2023-04-03 
  3. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Դիադին»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-12-16։ արտագրուած է՝ 2023-04-03