Տմորիք, ռազմական ամրութիւններու համակարգ Կորճայք նահանգի մէջ։ Կոչուած է գլխաւոր ամրոցի անունով։ Ստեղծուած է հնագոյն ժամանակներուն (Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակ)`ընդդէմ Միջագետքէն սպառնացող վտանգի:

Ք.Ա. 13-7-րդ դարերուն ասորեստանեան սեպաձեւ արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշատակուի Նայիրի «երկրներու» կարգին՝ Տումէ, Տումուրու անուանումներով։

Ք.Ա. 4-րդ դարուն եղած է առանձին գաւառ՝ համանուն կեդրոնով։ Յետագային (հաւանաբար Արշակունիներու թագաւորութեան ժամանակ) միացուած է Կորդուքին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  • Հայկական համառօտ հանրագիտարան, Հատոր 4, Երեւան, 2003: