Կապար
Կապար[1], քիմիական տարր մըն է, որուն նշանն է Pb (լատ.՝ Plumbum-էն), կարգահամարը 82 է, հիւլէական զանգուածը՝ 207.2: Դիւրահալ, արծաթափայլ մետաղ է։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԿապարը յայտնի եղած է Ք.Ա. 6-7 հազար տարի առաջ, Միջագետքի, Եգիպտոսի եւ աշխարհի հնագոյն այլ երկիրներու ժողովուրդներուն: Կապարէն կը պատրաստէին արձաններ, կենցաղային իրեր, իսկ հռոմէացիները՝ նաեւ ջրատար խողովակներ։
Քիմիագէտները կապարը անուանած են Սաթուրն եւ գրած են այդ մոլորակի նշանով։ Կապարի միացութիւնները՝ «կապարի մոխիրը»-(PbO), կապարի ճերմակը [2PbCO3.Pb(OH)2] օգտագործած են Հին Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ՝ որպէս դեղօրայքի եւ ներկերու բաղադրամաս։ Հրազէնի յայտնաբերումէն յետոյ կապարէն պատրաստած են գնդակ։
Հռոմէացի բանաստեղծ Վիթրուվիւսը գրած է կապարի՝ առողջութեան վնասին մասին եւ գրողներ կ'ենթադրեն, որ կապարային թունաւորումը մեծ դեր խաղցած է Հռոմի կայսրութեան կործանման ժամանակ: Այն, որ Յուլիոս Կեսարը ունեցած է ընդամէնը մէկ ժառանգ, այնպէս, ինչպէս որ կ'ենթադրուէր անոր անպտղութիւնը կը վերագրուի կապարային թունաւորման: Այլ հետազօտողներ կը քննադատեն այդ ենթադրութիւնները, նշելով զոր օրինակ, ոչ բոլոր որովայնային ցաւերը կը յառաջանան կապարային թունաւորումէն:
Կապարի թունաւոր յատկութիւնը նշած են տակաւին Ք.Ա. Ա. դարուն՝ յոյն բժիշկ Տիոսկորիտեսը եւ Պլինիոս Աւագը: Մեծամորի պեղումներու ժամանակ (1965-1966) Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի շերտին մէջ յայտնաբերուած ինը համաձուլուածքներէն չորսը կը պարունակեն կապար՝ պղինձ-կապար, պղինձ-կապար-անագ, պղինձ-կապար-զինկ, պղինձ-կապար-անագ-զինկ։
Բնութենական Յատկութիւններ
ԽմբագրելԿապարը կապտա-գորշ, ծանր մետաղ է, ճկուն եւ փափուկ (կը կտրուի դանակով, կը քերծուի եղունգով)։ Հալման ջերմաստիճանը 327,4°C[2] է, եռմանը՝ 1725°C[2], խտութիւնը՝ 11340 քկ/մ3։ Հիւլէի արտաքին ելեկտրոնային թաղանթի կառուցուածքը 6s26p2 է, միացութիւններուն մէջ՝ երկարժէք կամ քառարժէք։
Կապարի առանձնայատկութիւններն են մեծ խտութիւնը, փափկութիւնը, կռելիութիւնը եւ առաձգականութիւնը։ Միւս մետաղներու համեմատ ունի թոյլ ելեկտրահաղորդականութիւն. պինդ դիմացկուն է եւ ունի օրկանական նիւթերու հետ փոխազդեցութեան մեջ մտնելու ընդունակութիւն։
Այլ մետաղներու չնչին քանակութիւնները նշանակալիօրէն կը փոխեն կապարի յատկութիւնները՝ պղինձի, ծարիրի փոքր քանակութեան յաւելումը կը մեծցնէ համաձուլուածքի ամրութիւնը եւ կը բարելաւէ կարծրութեան հանդէպ դիմադրողականութիւնը։ Քանի մը այլ մետաղներ նոյնպէս կը բարելաւեն միայն կարծրութիւնը, ինչպէս, զոր օրինակ, քատմիումը, անագը կամ թեղղուրը։
Այդպիսի մետաղներ, ինչպէս քաղիոնը կամ կաղկիոնը, նոյնպէս ունին այդպիսի յատկութիւն, սակայն անոնք կը թուլցնեն քիմիական կայունութիւնը։ Միւս կողմէ, կապարի պարունակութիւնը զգալիօրէն կը տկարացնէ նիւթերու որակը, օրինակ՝ կապարի փոքր քանակը կը նուազեցնէ պողպատի առաձգականութիւնը։
Քիմիական Յատկութիւններ
ԽմբագրելԿը գտնուի պարբերական համակարգի 4-րդ խումբի գլխաւոր ենթախումբին մէջ։ Կը պարունակէ փրոթոններու իւրայատուկ շարք։ Կրնայ հանդէս գալ պարզ նիւթի մը ձեւով (CAS-համարը։ 7439-92-1), զիջող, համեմատաբար ցած հալման ջերմաստիճանով, արծաթագոյն, ճերմակ մետաղ է։ Տակաւին յայտնի է հնագոյն ժամանակներէն[3]։
Ազդեցութիւնը մարդու առողջութեան վրայ
ԽմբագրելԿապարը, ըստ կենդանի օրկանիզմներուն վրայ ունեցած ազդեցութեան, կը պատկանի խիստ վտանգաւոր նիւթերու շարքին, այսինքն՝ կապարի անվտանգ չափաքանակ գոյութիւն չունի։ Ան մարդու օրկանիզմ կը թափանցէ կերակրափողի, շնչուղիներու, մաշկի միջոցով եւ աստիճանաբար կը կուտակուի օրկանիզմին մէջ։ Մարդու առողջութեան համար կապարի վտանգը կ'որոշուի վերջինիս թունայնութեամբ եւ օրկանիզմին մէջ կուտակուելու յատկութեամբ։
Կապարի առաւել բարձր խտութիւններ կը յայտնաբերուին թիթեղեայ պահածոյատուփերուն մէջ, թարմ եւ սառած ձկնեղէնի, ցորենի թեփի, ժելաթինի, խեցեմորթներու մէջ եւ այլն։ Կապարը թունաւոր է եւ վտանգաւոր, որ անցնելով օրկանիզմ, չի քայքայեր, այլ՝ կը կուտակուի։ Ան կրնայ ժամանակ առ ժամանակ թափանցել արեան մէջ եւ յառաջ բերել կապարային հիւանդութիւններ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&dt=HY_HY&query=%D5%AF%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D6%80
- ↑ 2,0 2,1 Lide, 2004, էջ 12-220
- ↑ «Pb — свинец»։ РХТУ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-10-21-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ օգոստոսի 20–ին