Կապոյտ[1], լոյսի երեք հիմնական գոյներէն (կարմիր, կանաչ, կապոյտ, անգլերէն՝ RGB ) մին: Կը գտնուի տեսանելի լոյսին ալիքներու երկարութեան 440÷520 նանոմեթր տիրոյթին մէջ:

  • Կապոյտը երկինքին եւ ծովուն գոյնն է: Կապոյտ է նաեւ շափիւղայ քարը:
  • Գոյներու սփէքթրին մէջ կը գտնուի կանաչին եւ մանիշակագոյնին միջեւ:
Կապոյտ
Գունային կոորդինատներ
Hex եռյակ #0000FF
sRGBB  (rgb) (0, 0, 255)
B: Նորմալիզացված՝ [0–255] (բայթ)
Մասիս
Սեւանայ Լիճ
Թուարէկներու գլխաշորին գոյնն աւանդաբար կապոյտն է

Մեր Շուրջի Կապոյտը

Խմբագրել

Մշակոյթին Մէջ

Խմբագրել
  • Ապակեգործութեան մէջ կապոյտը կը ստացուի կոբաղդ աւելցնելով
  • «Կապոյտ Մօրուս» (ֆրանսերէն՝ La Barbe bleue)` ֆրանսացի գրող Շարլ Փէրրոյի հեքիաթը, որ հրատարակուած է 1697 թուականին եւ կը պատմէ խանդոտ ամուսինի մը մասին:
  • «Կապոյտ Խաչ» (անգլերէն՝ Blue Cross)` անասնաբոյժներու միաւորում
  • Ուիքիբետիային մէջ կապոյտով կը նշուին արդէն գրուած յօդուածները
  • Կապոյտ կէտը ներկայիս ամենախոշոր կենդանին է, որուն երկարութիւնը կը հասնի 33 մեթրի, իսկ ծանրութիւնը կ'անցնի 150 թոնը
  • Պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ ստորագրութիւնները կը կատարուին կապոյտ գրիչով
  • Կապոյտ են երթեւեկի թելադրող նշանները
  • «Հայկական քարը» (լատ.՝ Lapis armenus, անգլերէն՝ Armenian stone) միջին դարուն Եւրոպայի մէջ jայտնի կապոյտ գոյնի կիսաթանկարժէք հանքանիւթ մըն է: Encyclopedia Perthensis1816-ին կը նշէ, որ հայկական քարը «հինէն բերուած է Հայաստանէն, սակայն այժմ կայ նաեւ Գերմանիոյ մէջ»[2]

Բոյսեր Եւ Կենդանիներ

Խմբագրել

Երկրամասերու Եւ Երկիրներու Դրօշակներ

Խմբագրել
  • Կապոյտը կարգ մը երկիրներու (նմանապէս՝ Սքոթլանտի, որ Միացեալ Թագաւորութեան մաս կը կազմէ), դրօշակներուն հիմնակական գոյնը կը հանդիսանայ:
  • Կապոյտը՝ կարմիրին եւ ճերմակին հետ միասին կը հանդիսանայ անգլո-սաքսերու գոյն մը: Այդ երեք գոյներով կազմուած են Միացեալ Թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահանգներու դրօշները՝

Տէ՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել