Կանաչ (նաեւ՝ կանանչ)[1][2], լոյսի երեք հիմնական գոյներէն (կարմիր, կանաչ, կապոյտ, անգլերէն՝ RGB) մէկն է: Կը գտնուի տեսանելի լոյսին ալիքներու երկարութեան 500÷600 նանոմեթր տիրոյթին մէջ:

  • Կանաչը բուսականութեան գոյնն է, կանաչ է նաեւ զմրուխտը[3]
Կանաչ
Սպեկտրալ կոորդինատներ
Ալիքի երկարութիւն 495–570 նմ նմ
Հաճախականութիւն 526–606 ԹՀց ՏՀց
Ընդհանուր արժեքներ
Բնութիւն, աճ, թարմութիւն
Գունային կոորդինատներ
Hex եռյակ #00FF00
sRGBB  (rgb) (0, 255, 0)
CMYKH   (c, m, y, k) (100, 0, 100, 0)
HSV       (h, s, v) (120°, 100%, 100%)
HSL   (hslH, hslS, hslL) (120°, 100%, 50%)
Գոյնի տարածություն RGB
B: Նորմալիզացված՝ [0–255] (բայթ)
H: Նորմալիզացուած՝ [0–100] (հարյուր)
Աանվանուած է Կանաչ

Ազդեցութիւնը Մարդուն Վրայ

Խմբագրել
 

Կանաչը կեանքի ներդաշնակութեան եւ բնութեան գոյն մըն է: Ան մարդուն կուտայ ինքնայարգանքի, կայունութեան, կամքի ոյժի եւ հաստատակամութեան զգացում, նաեւ կը հանդարտեցնէ ջիղերու համակարգը: Ատոր համար է, որ հիւանդանոցին բժիշկները կանաչ զգեստներ կը հագնին: Կանաչ եւ կապոյտ գոյները մարդու կը զգացնեն պաղութեան եւ հանդարտութեան՝ կարմիրին հակառակ։

Գիտնականները փաստած են, որ կանաչ գոյնը ուրախութիւն եւ կեանքի սէր կը պատճառէ, ատոր համար նախընտրելի է կանաչ գոյնը գործողութեան սենեակներու մէջ, նաեւ յայտնի է այն փորձը, որ կատարուեցաւ Լոնտոնի կամուրջներէն մէկին վրայ, որը ճանչուած էր որպէս «անձնասպանութեան կամուրջ», երբ կամրջի գոյնը մոխրաւունէն կանաչի փոխելէն ետք զգացուեցաւ ինքնասպանութիւններու քանակի մէծ տարբերութիւն։

Կարծիք կայ նաեւ, որ կանաչ գոյնի ներկած պատերը ախորժակ կը բացեն:

Մեր Շուրջին Կանաչները

Խմբագրել

Բառակազմութիւն

Խմբագրել

Կանաչ գոյականէն առաջացած են՝

  • այլ գոյականներ՝
    • կանաչի՝ ուտելի խոտերու տրցակ
      • փոխաբերական իմաստով «կանաչի» կըսեն նաեւ ամերիկեան տոլլարներու տրցակը
  • բայեր՝
    • կանաչիլ՝ երբ դաշտերն ու ծառերը գարնանը կը ստանան կանաչ գոյն
    • կանաչապատել՝ երբ բուսականութենէ զուրկ տարածքների մէջ կանաչ խոտաբոյսեր կը ցանեն: Ներկայ ատենը կանաչապատումը կընեն նաեւ արհեստական խոտածածկոյթով

Կանաչին Տեղը Այլ Գոյներուն Մէջ

Խմբագրել
  • Կանաչը կը համարուի իսլամի գոյն
  • Կարգ մը իսլամադաւան երկիրներու դրօշակներու գոյներեն մէկն է՝ Ազրպէյճան   Լիպիա  
  • Կարգ մը երկիրներու դրօշակներու հիմնական գոյնն է՝
  •   Սէուտական Արաբիոյ դրօշակը կանաչ պաստառ մըն է, որուն վրայ իսլամի կարգախօսը գրուած է՝ «Չի կայ Աստուած Ալլահէն զատ, Մուհամմէտ Ալլահին մարգարէն է:»
  •    Փաքիստանի դրօշակը եւ զինանշանը կանաչ են:

Բնութեան Մէջ

Խմբագրել

Կանանչ գոյնը հիմնական է բնութեան մէջ՝ կանանչ են խոտը, ծառերու սաղարթները: Բոյսերուն կանաչ գոյն կուտայ անոնց կառուցուածքին մէջը եղած քլորոփիլ նիւթը, որուն անունը յառաջացած է յունարէն χλωρός, քլորոս (կանանչ) եւ φύλλον, փիլոն (տերեւ) բառերէն[5]: Կանանչ գոյնի անասուններ նոյնպէս շատ կը հանդիպին՝ գորտեր, օձեր, մողէզներ, թռչուններ եւ միջատներ: Կենդանիներէն շատեր ատիկա կ'օգտագործեն կանաչ սաղարթներու եւ խոտերու մէջ զիրենք քողարկելու համար: Բնութեան մէջ կանաչ ծաղիկներ չեն հանդիպիր, քանի որ ծաղիկներու համար վառ գոյներ ունենալը կարեւոր է՝ փոշոտելու համար մեղուները գրաւելու:

Մշակոյթին Մէջ

Խմբագրել
  • Լիպիոյ պետական դրօշակը յեղափոխութենէն առաջ մուգ կանանչ պաստառ մը եղած էր, որը կը համարէին ուրախութիւն եւ հաղթութիւն, Լիպիոյ առաջնորդ Մուամըր Քատտաֆի գիրք մը ստեղծած էր եւ կոչած էր «Կանաչ գիրք»:
  • Կանաչը կը համարուի էսփերանթոյ լեզուին գոյնը
  • Կանաչը Իրլանտայի նշանն է։
  • Ճափոնին մէջ կանաչ գոյնը կը նշանակէ խաղաղութեան եւ առողջութեան գոյն, ատոր համար շտապ օգնութեան կառքերը ներկած են կանաչի
  • Կանաչ գոյնը զինուորականները կօգտագործեն քօղարկութեան նպատակաւ
  • կանաչ գոյնը կը գործածուի լուսանշաններուն վրայ, որ կը նշանակէ, թէ ուղին բաց է: Հոսկէ յառաջացած է «Կանաչ ճամբայ երթաք» մաղթանքը
  • Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու Պալատին մէջ նստարանները կանաչի ներկուած են։
  • Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մեջ կանաչը երբեմն կը նշեր մարդուն կարգավիճակը: Միջին դարէն մինչեւ 19րդ դարը կանաչ հագուստ յաճախ կը հագնէին վաճառականները, դրամատուներու տէրերը, քաղաքին մէջ բնակող ազդեցիկ մարդիկ եւ այլք, որ ունեւոր էին, բայց ոչ՝ ազնուական ծագումով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հայոց Լեզուի Նոր Բառարան; Հր.Գանգրունի, Փարամազ Կ.Տօնիկեան; Պ.1968[1]
  2. Հայերէն արմատական բառարան; Հր.Աճառեան; Ե.1926[2]
  3. Հայերէն բացատրական բառարան; Ստ.Մալխասեանց; Ե.1944[3]
  4. Կարմիր, դեղին, կապոյտ (անգլերէն՝ red, yellow, blue)
  5. Online Etimology Dictionary (անգլերէն) [4]