Անանուխ
Անանուխ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Բոյսեր
Տիպ Ծածկասերմաւորներ
Դաս Երկշաքիլաւորներ
Ընտանիք Շրթնածաղիկներ
Լատիներէն անուանում
Mentha×piperita
 L. 


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ





Անանուխը (լատիներէն՝ Mentha×Piperita), շրթնազգիներու ընտանիքին պատկանող կոճղարմատաւոր, տեւական խոտաբոյս է։ Մշակովի անանուխը ունի հակադիր, սուր ատամնաւոր եզրերով, ձուաձեւ կամ նշտարաձեւ տերեւներ, կարմրաւուն մանր ձողիկներ։ Բոյսի ցեղի «Մենթա» անուանումը առաջ եկած է հին յունական դիցաբանութեան յաւերժահարս Մինթայի անունէն։

  • Հայերէն անուան ծագումը տե՛ս՝ Հրաչեայ Աճառեան, Հայերէնի Արմատական Բառարան, Ե.1926 [1]

Նկարագրութիւն

Խմբագրել
 
1887 թուականի պատկերազարդում մը՝ «Քէօհլէրին դեղաբոյսեր» աթլասէն

Անանուխն առաջին անգամ նկարագրած է Քարլ Լինեուսը (Carl Linnaeus) 1753 թուականին եւ ներկայացուցած է զայն որպէս տեսակ մը[1], սակայն ներկայիս ան կը համարուի հիպրիտ:[2]

Ան բազմամեայ բոյս մըն է, ձողունն ուղիղ կը ձգուի 30-90 սմ. բարձրութեան հասնելով, հոծ է, կտրուածքը՝ քառանկիւնի: Տերեւները երկարոտ են, 4-9 սմ. երկարութեան եւ 1.5-4 սմ. լայնութեան, մութ կանաչ, կարմրաւուն ջիղերով, նշտարաձեւ կամ ձուաձեւ, եզրերը՝ մանր ատամնաւոր, դասաւորուած են խաչաձեւ-հակադիր կարգով: Ծաղիկները մանիշակագոյն են՝ 6-8 մմ. երկարութեամբ հաւաքուած են գագաթին մօտ: Կը ծաղկի ամառուան կէսերէն մինչեւ ուշ ամառ: Քրոմոսոմներու քանակը զոյգ է՝ 66, 72, 84, ամէնէն շատը՝ 120 հատ[3]:

Անանուխը արագ աճող բոյս մըն է, տեղ մը բուսնելէն ետք արագ կը տարածուի:

Բաղադրութիւն

Խմբագրել

Բոյսի գետնէն վեր գտնուող մասը կը պարունակէ եթերաիւղ, որուն պարունակութիւնը ծաղիկներուն մէջ կը կազմեն 4-6, տերեւներուն մէջ՝ 2.4 - 2.75, իսկ ձողուններուն մէջ՝ մինչեւ 0.3 տոկոս։ Ան կը ստացուի ջրային գոլորշիներու միջոցով թորման եղանակով։ Անոր հիմնական մասը (41 - 65%) երկրորդային ալքոլ մենթոլն է։ Բոյսին մէջ կան նաեւ մենթոն, պինեն, լիմոնեն, դիպենտեն, ցինէոլ եւ այլ արժէքաւոր նիւթեր։

Յատկութիւններ

Խմբագրել

Հնագոյն ժամանակներէն մարդիկ կ'օգտագործէին անանուխի յատկութիւնները: Հին հռոմէացիները անանուխի տեւներով կը փաթթէին ճաշի սեղանին երեսը՝ ախորժակ բանալու համար:

Անանուխը մեղրատու բոյս է, անկէ ստացուած մեղրը ունի սաթի գոյն եւ անանուխին հաճելի բոյրը:

Անանուխը կ'օգտագործուի որպէս յաւելանիւթ հաճելի բոյր եւ համ տալու համար կարգ մը սննդամթերքներուն՝ պաղպաղակներուն, ծամոններուն, ատամի մածուկներուն, նաեւ կ'օգտագործուի հրուշակի արտադրութեան մէջ:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Օգտագործում

Խմբագրել

Բուժման նպատակով կ'օգտագործեն բոյսի տերեւները։ Բժշկութեան մեջ կը կիրառուի ոչ միայն բուսահումքի, այլեւ անոնցմէ ստացուող եթերաիւղի ձեւով։ Անանուխը անյիշելի ժամանակներէն յայտնի եղած է մարդկութեան։ Միջնադարուն կը գտնէին, որ անանուխի հոտը կ'աշխուժացնէ ուղեղի աշխատանքը։ Ավիսեննան (Իպն Սիննա) դեղաբոյսը լայնօրէն օգտագործած է գլխացաւերու, մելամաղձոտութեան, տեսողութեան թուլութեան, ականջներու խշշոցի, քիթի արիւնահոսութեան, վատ հոտի, խոցերու, բերանի լորձաթաղանթի բորբոքումներու, ատամնացաւի, ատամի փտախտի, նշիկաբորբի, շնչարգելութեան, հազի, ստամոքսի բորբոքումներու պարագաներուն։

Մխիթար Հերացին բոյսը օգտագործած է որպէս ցաւազրկող եւ թարմացնող միջոց, նողկանքի, փսխման եւ լոյծերու պարագաներուն։

2-4 կաթիլ անանուխի իւղը կտոր մը շաքարի վրայ կ'օգնէ անցընելու փորացաւը[4]։

Հասունացած տերեւները կը քաղեն Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն, որոնցմէ յետոյ Սեպտեմբեր ամսուն հնարաւոր է երկրորդ քաղը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Linnaeus, C. (1753). Species Plantarum 2: 576–577.
  2. Harley, R. M. (1975). Mentha L. In: Stace, C. A., ed. Hybridization and the flora of the British Isles page 387.
  3. Հիւսիս-արեւմուտքի Եւրոպայի բուսականութիւնը http://oilsesense.com/pages/mentha-x-piperita-peppermint-flora-of-northwest-europe Archived 2014-12-29 at the Wayback Machine.
  4. Գ. Ա. Պետրոսեան, «Միրգերու եւ բանջարեղէններու օգտակարութիւնը», 1978, «Հայաստան» հրատարակչութիւն