Արաբական Գարուն

«Արաբական Գարուն»‎‎ (արաբերէն՝ الربيع العربي‎) ինչպէս նաեւ՝ «արաբական գարուն եւ ձմեռ», «արաբական զարթոնք», «համաարաբական յեղափոխութիւն», «արաբական ապստամբութիւններ», ցոյցերու եւ հանրահաւաքներու յեղափոխական ալիք Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, որ սկսած էր արաբական երկիրներուն մէջ 18 Դեկտեմբեր2010-ին։ Ան սկսաւ Թունիսի[1], Եգիպտոսի[2] եւ Եմենի մէջ[3] տեղի ունեցած յեղափոխութիւններէն եւ շարունակուեցաւ Լիպիոյ մէջ[4] ու Սուրիոյ մէջ[5]՝ քաղաքացիական պատերազմի տեսքով։ Վերջինս կը շարունակուի մինչ այժմ, իսկ Լիպիոյ մէջ աւարտեցաւ 2012 թուականին՝ իշխանափոխութեամբ։

Անոր յաջորդեցին քաղաքացիական ապստամբութիւնը Պահրէյնի մէջ, զանգուածային բողոքի ցոյցերը Ալճերիոյ[6]։ Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Իրաքի[7], Յորդանանի մէջ[8], Մարոքի մէջ[9] եւ Օմանի մէջ[10]։ Ինչ կը վերաբերի Քուէյթի, Լիբանանի, Մորիթանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Սուտանի եւ Արեւմտեան Սահարայի մէջ տեղի ունեցած սակաւաթիւ հանրահաւաքներուն, ապա անոնք էական նշանակութիւն չեն ունեցած եւ ոչինչով չեն աւարտած։

Բողոքի ցոյցերու ընթացքին կ'օգտագործուէին քաղաքացիական դիմադրութեան քարոզչութեան բոլոր մեթոտները՝ գործադուլներ, ցոյցեր, երթեր եւ հանրահաւաքներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու համար հասարակական լրատուամիջոցներու օգտագործումը, տեղեկատուութեան փորձերու նկատմամբ պետական հալածանքները եւ համացանցային գրաքննութիւնը։

Շատ ցոյցեր կը հանդիպէին իշխանութեան բռնի արձագանքին։ «Ժողովուրդը կ'ուզէ իշխանութեան անկումը» արաբերէն՝ الشعب يريد إسقاط النظام‎՝ այս կարգախոսը ցուցարարներու հիմնական կարգախոսն դարձած էր արաբական աշխարհի մէջ։

Ան սկսաւ Թունիսի մէջ 18 Դեկտեմբեր2011-ի իրադարձութեամբ, երբ Մուհամմատ Պուազիզի անունով երիտասարդ մը ինքնահրկիզուեցաւ՝ ի նշան բողոքի ոստիկանական կաշառակուրծի եւ դաժան վերաբերմունքի դէմ։ Թունիսի ցոյցերու յաջողութեամբ անկարգութիւններու ալիքը տարածուեցաւ Ալճերիոյ, Յորդանանի, Եմենի եւ Եգիպտոսի մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ այլ երկիրներու մէջ։ Ամենազանգուածային եւ կազմակերպուած ցոյցերը տեղի կ'ունենային «Զայրոյթի օրը»՝ որպէս կանոն ուրբաթ օրը՝ կեսօրուայ աղօթքէն ետք։ Ցոյցերը առաջացուցին նմանատիպ անկարգութիւններ տարածաշրջանէն դուրս։

2012 թուականի մայիս ամիսի դրութեամբ յեղափոխութիւնները 4 երկիրներու ղեկավարներու տապալման հասցուցին։ Թունիսի նախագահ Զէյն ալ-Ապիտին պըն Ալին 14 Յունուար2011-ին յեղափոխութենէն ետք փախավ Սէուտական Արաբիա։ Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաքը 11 Փետրուար2011-ին՝ 18-օրեայ զանգուածային բողոք-ցոյցերէն ետք հրաժարական տուաւ՝ աւարտելով իր 30-ամեայ նախագահութիւնը։ Եմենի նախագահ Ալի Ապտալլահ Սալեհը 27 Փետրուար2012-ին հեռացաւ իշխանութենէն՝ ցգելով այն նոր նախագահին, որ պէտք է ընտրուէր վաղաժամկէտ ընտրութիւններու արդիւնքով։ Նախկին լիպիական առաջնորդ Մուամմար Քատտաֆին գահընկեց եղաւ 23 Օգոստոս2011-ին, երբ Ազգային Անցումային խորհուրդը իր ձեռքին մէջ կեդրոնացուց Պապ Ալ-Ազիզը։ Ան սպաննուեցաւ 20 Օգոստոս2011-ին իր հայրենի Սիրթ քաղաքին մէջ, երբ Ազգային Անցումային խորհուրդը քաղաքը վերցուց իր հսկողութեան տակ։

Տարածաշրջանին մէջ այդ անկարգութիւններու արդիւնքով որոշ առաջնորդներ յայտարարեցին հրաժարական տալու մտադրութեան մասին՝ իրենց կառավարման ժամկէտն աւարտելէն ետք։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել