Սէուտական Արաբիա

Միջին Արեւելքի մէջ երկիր

Կաղապար:Չեզոքություն

Բնակավայր
Սէուտական Արաբիա
արաբերէն՝ المملكة العربية السعودية
արաբերէն՝ السعودية
մալայ.՝ Kerajaan Arab Saudi
մալայ.՝ Arab Saudi
անգլերէն՝ Kingdom of Saudi Arabia
անգլերէն՝ Saudi Arabia
Դրօշակ Զինանշան


There is no god but God; Muhammad is the messenger of God, لَا إِلٰهَ إِلَّا ٱلله مُحَمَّدٌ رَسُولُ ٱلله, Lā ilāha illā llāh Muhammadun rasūlu llāh., Es gibt keinen Gott außer Gott und Mohammed ist der Gesandte Gottes., Jeg bekender, at der ingen der må tilbedes, undtagen Allah, og jeg bekender, at Muhammed er Allahs profet, Experience to discover եւ Nid oes Dainoni ond Duw
Երկիր  Սէուտական Արաբիա
Ներքին բաժանում Սէուտական Արաբիոյ Վարչական Բաժանում
Սաուդյան Արաբիայի վարչապետ? Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ
Օրէնսդրական մարմին Սաուդյան Արաբիայի վարչապետ?
Հիմնադրուած է՝ 1727[1][2][3]
Տարածութիւն 2 250 000±1 քմ²
Պաշտօնական լեզու Արաբերէն[4]
Բնակչութիւն 33 000 000 մարդ (2018)
Կը գտնուի ափին Պարսից Ծոց, Կարմիր Ծով եւ Աքապայի Ծոց
Ժամային գօտի UTC+3։00 եւ Asia/Riyadh?[5]
Շրջագայութեան պետ-համարագիր KSA
Անուանուած է Saud I?
Հիմնադիր Founding Leaders of Saudi Arabia?
Պաշտօնական կայքէջ saudi.gov.sa

Սէուտական Արաբիա[6] (պաշտoնական անուանումն է՝ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութիւն, որ նաեւ պարզապէս կ'անվանուի Արաբիա, արաբերէն՝ السعودية المملكة العربية‎, ալ-Մամլաքա ալ-'Արաբիա աս-Սու'ուտիա) Արաբական թերակղզիի մէջ գտնուող արաբական ամենամեծ պետութիւնն է։ Հիւսիս-արեւմուտքին մէջ Արաբիան սահմանակից է Յորդանանին, հիւսիսը եւ հիւսիս-արեւելքը՝ Իրաքին, արեւելքը՝ Քուէյթին, Քաթարին, Պահրէյնին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, հարաւ-արեւելքը՝ Օմանին, եւ հարաւը՝ Եմենին։ Պարսից ծոցը կը գտնուի անոր հիւսիս-արեւելքը, Կարմիր ծովը՝ արեւմուտքը։ Երկրի բնակչութիւնը մօտ 27, 6 միլիոն է, տարածքը՝ մօտ 2.150.000 քմ²։ Սէուտական Արաբիա պետութիւնը Հարաւարեւմտեան Ասիոյ ամենամեծ երկիրն է։ Կը զբաղեցնէ Արաբական թերակղզիի 2/3-ը եւ շարք մը կղզիներ Պարսից ծոցին եւ Կարմիր ծովուն մէջ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հնագոյն Շրջան

Խմբագրել

Սէուտական Արաբիոյ տարածքը հնագոյն ժամանակներուն բնակած են տարբեր ժողովուրդներ եւ ցեղեր, սակայն Ք.Ա. II հազարամյակին հիմնական բնակիչներ դարձած են արաբ, քոչուոր ցեղերը։ Սէուտական Արաբիոյ (Հիճազի մէջ) ծագած է (Է դար) իսլամը, եւ 630-ին ստեղծուած է առաջին իսլամական աստուածապետութիւնը՝ Արաբական խալիֆայութիւնը՝ Մատինա մայրաքաղաքով։ Սէուտական Արաբիոյ տարածքին մէջ գտնուող Մեքքան դարձած է ամբողջ իսլամական աշխարհի կարեւորագոյն սրբավայրը։

Միջին Շրջան

Խմբագրել

7—8-րդ դարերուն, Սէուտական Արաբիոյ տարածքին մեծ մասը մտած է մայաններու խալիֆայութեան, Ը—Թ դարերուն՝ Աբբասեաններու խալիֆայութեան կազմի մէջ։ Ժ—ԺԲ դարերուն Սէուտական Արաբիոյ տարածքին մէջ յառաջացած են առանձին էմիրութիւններ, սուլթանութիւններ, իսկ Հիժազը վասալական կախման մէջ ինկած է Ֆաթիմեաններէն, ապա՝ է յուրեաններէն, ԺԳ դարու կեսէն ԺԴ դարու սկիզբը՝ մամլուքներէն։ Առաւել ինքնուրոյն էր Նեճտը (Կեդրոնական Արաբիան)։ ԺԴ դարու սկիզբէն Օսմանեան կայսրութիւնը իր տիրապետութիւնը հաստատեցաւ Հիժազի մէջ։ Նեճտի մէջ, որ փաստորէն անկախ էմիրութիւն էր, ԺԸ դարուն յառաջացավ իսլամական կրօնաքաղաքական ուղղութիւն՝ վահապիզմը, որ կոչ կ'ընէր վերադառնալ «մաքուր» իսլամին, միաւորել Արաբիան, պայքարիլ ընդդեմ օտարերկրեայ տիրապետողներուն։ Նեճտի էմիրներէն Մուհամմետ Իպն Աաուտը (Սէուտական Արաբիոյ կառաւարող Սաուտեաններու թագաւորութերէն) 1745-ին պայքար սկսաւ Արաբիոյ միաւորման եւ միասնական պետութիւն ստեղծելու համար։ ԺԹ սկիզբը ստեղծուեցաւ Սաուտեան միասնական պետութիւնը։ Անոր կազմի մէջ մտան Արաբական թերակղզիին մեծ մասը, Պարսից ծոցի էմիրութիւնները, Հադրամաուտը, Պահրէյնը, Պասրան։

Եգիպտական Տիրապետութիւնը Եւ Տրոհումը

Խմբագրել

1811—1818-ին Եգիպտոսի կառավարիչ Մուհամմետ Ալիին զորքերը զաւթեցին արաբական, թերակղզիի մեծ մասը, եւ Սէուտական Արաբիան տրոհուեցաւ։ Մինչեւ 1865-ը (ընդհատումներով) Սէուտական Արաբիան եգիպտական տիրապետութեան տակ էր։ Հիճազը 1840-էն ետք կը գտնուէր թուրք, իշխանութեան տակ։ 19րդ դարու 2-րդ կէսին վահապական պետութիւնը բռնագրաւեցին Շամմարի (Հիւսիսային Արաբիա) իշխանութեան կառավարողներ Ռաշիտեանները։ Մուհամմետ իպն Ռաշիտի զօրքերը գրաւեցին Նեճտի մայրաքաղաք էր-Ռիյատը։ Սկսաւ անհաշտ պայքար Սաուտեան եւ Ռաշիտեան ընտանիքներու միջեւ Արաբիոյ մէջ տիրելու համար։ Սաուտեան էմիր Իպն Սաուտը, Քուէյթի էմիր Մուպարաք աս Սապահի օգնութեամբ, 1902-ին պարտութեան մատնեց Ռաշիտեաններուն եւ վերագրաւեց էր-Ռիատը։ Սաուտեանները վերականգնեցին իրենց իշխանութիւնը Նեճտի մէջ եւ սկսան ընդլայնել իրենց տիրոյթները։

Մեծ Բրիտանիոյ Տիրապետութիւնը

Խմբագրել

Մեծ Բրիտանիան, գաղութակալական նպատակներէն ելլելով, 1915-ին պայմանագիր կնքեց Նեճտի էմիրի հետ։ Ըստ պայմանագրի Անգլիան կը ճանչնար Նեճտի անկախութինը, իւրաքանչիւր տարի էմիրին պիտի տար 60 հզ․ ֆունտ սթեռլինկ, պէտք էր մատակարարէր զենք եւ զինամթերք։ էմիրը կը պարտաւորուէր չհարձակվիլ Հարաւային Արաբիոյ անգլիական գաղութներուն վրայ, իր արտաքին քաղաքականութիւնը համաձայնեցնել Լոնտոնի հետ։ Մեծ Բրիտանիոյ չհաջողեցաւ սակայն պարտադրել Նեճտին մտնելու առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914—1918) մէջ՝ ընդդես Թուրքիոյ։ Միեւնոյն ժամանակ Մեծ Բրիտանիյ հաջողեցաւ 1915-ին գաղտնի պայմանագիր կնքել Մեքքայի (Հիժազ) շարիֆ Հուսէյն ալ Հաշիմիի հետ, համաձայն որուն Հուսէյնը արաբներուն պէտք է ապստամբութեան հանէր Թուրքիաոյ դէմ, իսկ Մեծ Բրիտանիան պէտք էր ճանչնար ապագայ արաբ, պետութեան (Հիճազի գլխաւորութեամբ) անկախութիւնը։ 1916-ին արաբները սկսան ռազմական գործողութիւններ ընդդեմ Թուրքիոյ։ 1918-ին Հուսէյնը ընդունեց «արաբներու թագաւոր» տիտղոսը, սակայն Անտանտը անոր ճանչցաւ միայն Հիժազի թագաւոր։

Սէուտական Արաբիա

Խմբագրել
 
Ֆայսալ Պին Ապտուլ Ազիզ Ալ-Սաուտը

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Աաուտեանները, օգտուելով Օսմանեան կայսրութեան տրոհումէն, պայքար ծաւալեցին կեդրոնացուած պետութիւն ստեղծելու համար։ 1920-ին անոնք իրենց տիրապետութիւնը հաստատեցին Ասիրի մէկ մասի (ամբողջ Ասիրի վրայ՝ 1930-ին), 1921-ին՝ Շամմարի վրայ։ 1921-ին Ապտուլ Ազիզ Ալ-Աաուտը հռչակուեցաւ Նեճտի եւ միացուած մարզերու սուլթան։ Նեճտի եւ Հիժազի միջեւ 1924—1925-ի պատերազմի հետեւանքով Իպն Աաուտը իր պետութեան միացուց նաեւ Հիժազը։ Յունուար 1926-ին անոր հայտարարեց Հիժազի թագաւոր եւ Նեճտի ու միացուած մարզերու սուլթան։ Փետրուար 161926-ին սովետական կառավարութիւնը պաշտոօնապէս ճանչցաւ նորաստեղծ պետութիւնը եւ անոր հետ հաստատեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ 1932-ին պետութիւնը կոչուեցաւ Սէուտական Արաբիա։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին (1939—1945) Սէուտական Արաբիան չմասնակցեցաւ, սակայն խուզեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները ֆաշիստական Գերմանիոյ (1941) եւ Իտալիոյ (1942) հետ։ Պատերազմի վերջին եւ յատկապէս յետոյ Սէուտական Արաբիոյ զօրացաւ ամերիկեան ազդեցութիւնը։

 
Ֆահտ Պին Ապտուլ Ազիզ Ալ-Սաուտը

1943-ին ԱՄՆ դիւանագիտական հարաբերութիւններ հաստատեց Սէուտական Արաբիոյ հետ եւ 1943-ին անոր վրայ տարածեց լենտ-լիզի օրենքը, Դահրանի մէջ ստեղծվուեցաւ ամերիկեան Մեքքա էր-Ռիատ պալատի մուտքը ռազմաօդային կեդրոն։ Ամերիկեան նաւթային ընկերութիւնները դարձան երկրի նաւթի հիմնական շահագործողները։ Սէուտական Արաբիոյ գոյութիւն ունեցող աստուածապետական վարչակարգը, Սաուտեան տան անսահմանափակ իշխանութիւնը, տարրական մարդկային օրէնքներու եւ ազատութեան լիակատար բացակայութիւնը դժգոհութիւն առաջացուցին երկրին մէջ։ 1953-ին ելոյթներ ունեցան նաւթագործ բանուորները տնտեսական եւ քաղաքական վիճակի բարելաւման համար։ 1953-ին, Ապտուլ Ազիզ Ալ-Աաուտիի մահէն ետք, գահ բարձրացած Սաուտ թագաւորը ընդունեց շարք մը խիստ օրէնքներ, որոնցով ծանր պատիժներու (ընդհուպ մինչեւ մահապատիժ) սպառնալիքով արգիլուեցան գործադուլներն ու ցոյցերը։ 1950—1960-ական թթ․ Սէուտական Արաբիոյ զարգացումը ընթացաւ լարուած ներքաղաքական մթնոլորտին մէջ, խիստ սրուեցան տնտեսական հակասութիւնները։ Սկսաւ պայքարը Աաուտ Պին Ապտուլ Ազիզ Ալ-Սաուտին եւ եղբայրներուն միջեւ։ 1962-ին Սաուտ պին Ապտուլ Ազիզ Ալ-Աաուտը ստիպուած փաստական իշխանութիւնը զիջեցաւ եղբօրը՝ Ֆայսալ պին Ապտուլ Ազիզ Ալ-Սաուտին, իսկ 1964-ին հրաժարեցաւ գահէն։

 
Ապտուլլահ Պին Ապտուլ Ազիզ Ալ Սաուտը

Ֆայսալը որոշ փոփոխութիւններ մէջտեղ բերաւ, որոնք սակայն չփոխեցին Սէուտական Արաբիոյ հասարակական-քաղաքական կառուցուածքի բնոյթը, տիրապետող մնացին ցեղային-տոհմական աշիրէյի համայնապատկերը արաբ միութիւնները՝ իրենց բնորոշ միապետական, միահեծան կրօն, երեւոյթներով։ Արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ, 1960-ական թուականներէն սկսած հստակորէն դրսեւորուեցան Սէուտական Արաբիոյ նկրտումները՝ գլխաւոր դէր խաղալ իսլամական եւ արաբական աշխարհի մէջ։

Սէուտական Արաբիան սերտօրէն կը համագործակցի պահպանողական եւ հետադիմական վարչակարգեր ունեցող արաբ, երկիրներու հետ, պայքար մղում արաբ, առաջադիմական ուժերու դէմ։ Այդ քաղաքականութեան անկապտելի լքասը կը կազմէ հակահամայնավարութիւնը։ Սէուտական Արաբիան II․ սերտ յարաբերութիւններու մէջ է ԱՄՆ-ի հետ։ 25 Մարտ1975-ին սպանուած Ֆայսալ պին Ապտուլ Ազիզ Ալ-Սաուտ թագաւորին փոխարինած Խալիտ պին Ապտուլ Ազիզ Ալ-Սաուտ թագաւորի մահէն (1982) ետք թագաւոր հռչակուած Ֆահտ Ապտուլ Ազիզ Ալ-Սաուտի ժամանակն ալ Սէուտական Արաբիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մեջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չունեցավ։ 2005 թուականին Ֆահտ Ապտուլ Ազիզ Ալ-Սաուտի մահէն ետք գահ բարձրացաւ կրտսեր եղբայր Ապտուլլահ Պին Ապտուլ Ազիզ Ալ Սաուտը, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ երկրի զարգացման մէջ։ 23 Յունուար2015 թուականին մահացաւ Ապտուլլահ Պին Ապտուլ Ազիզ Ալ Սաուտը, որմէ ետք գահ բարձրացաւ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ-Սաուտը:

 
Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ-Սաուտ

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Սաուտեան Արաբիո մեծ մասը, մեղմաթեթ հարթավայր է, արեւմուտքը՝ 1000—1300 մ, արեւելքը՝ 200—300 մ բարձրութիւններով։ Մեծ տարածութիւն կը գրաւէն լաւային դաշտերն ու քարային անապատները։ Աւազսյին առաւել խոշոր անապատներէն են Նեֆուտը, Տեհնան, Ռուպ էլ Խալին։ Կեդրոնական մասը կուեստային բարձրութիւն է։ Կարմիր ծովի ափին զուգահեռ կը ձգուի Տիժակ եւ Ասիր լեռնաշղթաները (2500— 3000 մ, տեղ-տեղ՝ աւելի բարձր), որոնք աստիճանաձեւ կ'իջնեն դէպի Թիհամայի առափնեայ նեղ դաշտավայրը։

Օգտակար Հանածոներ

Խմբագրել

Կան երկաթի, քրոմի, պղնձի, կապարի, զինքի, ոսկիի հանքավայրեր, նաւթի եւ բնական կազի հարուստ պաշարներ։

Կլիման հիւսիսը մերձարեւադարձային է, հարաւը՝ արեւադարձային, խիստ ցամաքային, չոր։ Էր-Ռիատի մէջ Յուլիսին միջին ջերմաստիճանը 33 °C է (առաւելագոյնը՝ 48 °C), Յունուարինը՝ մօտ 14 °C։ Տարեկան տեղումները համարեայ ամենուրէք 100 մմ-֊էն պակաս են, լեռները՝ մինչեւ 400 մմ, Ռուպ էլ Խալիի մէջ եւ մի քանի այլ շրջաններուն կ'ըլլան տարիներ, որ բոլորովին տեղումներ չեն ըլլար։

Ներքին Ջուրեր

Խմբագրել

Գետերը մշտական հոսք չունին։ Կ'օգտագործուին կրունթային ջուրերը։

Բուսական եւ Կենդանական աշխարհ

Խմբագրել

Բուսականութիւնը հիմնականորէն անապատային եւ կիսաանապատային է։ Կենդանիներէն տարածուած են գայլը, պորենին, օնակր վայրի էշը, այծքաղը եւ այլն։ Շատ են կրծողներն ու սողունները, ինչպէս նաեւ թռչունները։ Սէուտական Արաբիան մորեխի տարածման օճախ է։

Վարչական Բաժանում

Խմբագրել
 
Սէուտական Արաբիոյ Վարչական Բաժանում

Սէուտական Արաբիան բաժնուած է 13 էմիրութիւններու (կամ մինթաքաների), իսկ ամեն էմիրութիւնը կը գտնուի էմիրի հսկողութեան տակ (էմիր կ'ընտրուի թագաւորական ընտանիքէն)։

Պետական Կարգ

Խմբագրել

Սաուտեան Աարաբիան բացարձակ միապետութիւն է։ Պետութեան եւ հոգեւոր գլուխը թագաւորն է։ Ան նաեւ վարչապետն է եւ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը։ Թագաւորը կը կազմէ կառավարութիւն, կը նշանակէ պետական բարձրագոյն պաշտոնեաներուն։ Կառավարութիւնը կը մշակէ օրինագիծեր, կը վաւերացնէ միջազգային պայմանագրեր, կը հսկէ անոնց կատարումը, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, եւ ֆինանսներու հարցերով կ'ընդունէ որոշումներ, կը ստեղծէ պետական վարչութեան մարմիններ։ Նահանգները կը գլխաւորէն թագաւորի նշանակած նահանգապետներ։ 3 խոշոր քաղաքներուն մէջ կը գործեն քաղաքապետութիւն. գիւղական վայրերը՝ օկրուգային գիւղական եւ ցեղային խորհուրդներ։ Դատական համակարգը կը կազմեն շարիաթի տեղական եւ բարձրագոյն, Մեքքայի հսկողական հանձնաժողովը։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Բնակչութեան Մեծ մասը արաբներ են, որոնց 2/3-ը քոչուորներ եւ կիսաքոչուորներ են։ Լեռնային շրջաններուն մէջ բնակչութիւնը նստակեաց է։ Կը բնակին նաեւ Փակիսթանէն եւ Հնդկաստանէն եկածները։ Պաշտոնական լեզուն արաբերէնն է, տոմարը՝ լուսնային հիժրան (կը կիրառուի նաեւ գրիգորեանը), կրօնը՝ մահմետականութիււնն է։

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Տնտեսութեան գլխաւոր ճիւղը նաւթարդիւնաբերութիւնն է։ Նաւթի հանոյթով երկիրը աշխարհին մէջ երրորդ տեղն է՝ Ռուսաստանէն եւ ԱՄՆ-էն ետք, իսկ կազի հանոյթով կը մտնէ առաջին տասնեակի մէջ։ Կան պարարտանիւթերու, մետաղաձուլական, սնունդի, քսաիւղերու արտադրութեան ձեռնարկութիւններ։

Գիւղատնտեսութիւն

Խմբագրել

Գիւղատնտեսութեան զարգացման հնարաւորութիւնները հսկայածաւալ տարածքի վրայ խիստ սահմանափակ են։ Ան հնարաւոր է միայն օազիսներու մէջ։ Կարեւոր մշակաբոյսը փիւնիկեան արմաւենին է։ Կը մշակեն նաեւ ցորեն, սորգոյ, կորեկ, եգիպտացորեն, բանջարեղէն։ Կը բուծեն խոշոր եւ մանր եղջերաւոր կենդանիներ, ուղտեր, կը զբաղին ձկնորսութեամբ։

Բժշկա-աշխարհագրական բնութագիր

Խմբագրել

1975–1980-ին ծնունդը կազմած է 1000 բնակչին՝ 44, 8, մահացութիւնը՝ 18, 3, մսնկական մահացութիւնը (1971) 1000 ողջ ծնուածին՝ 152։ Տարածուած են աղիքային վարակիչ եւ մակաբուծական հիւանդութիւնները։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով 1977-ին կար 90 հիւանդանոցային հիմնարկ՝ 11, 8 հզ․ մահճակալով (1000 բնակչին՝ 1, 2 մահճակալ), այդ թուականին 67 հիւանդանոցը 10, 5 հզ․ մահճակալով՝ պետական։ 1977-ին բժիշկներ կը պատրաստեն երկրի 3 համալսարաններու բժշկական բաժանմունքներուն մէջ։

Կրթութիւն

Խմբագրել

1926-ին օրենք ընդունուած է պարտադիր տարրական կրթութեան եւ աշխարհիկ պետական դպրոցներ հիմնելու (կան նաեւ մասնաւոր դպրոցներ), 1960-ին՝ օրէնք դրուած է աղջիկներու պարտադիր ուսուցման (բացուած է կանանց մանկավարժական ուսումնարան), 1964-ին՝ օրենք աղջիկներու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ բանալու մասին։ Տարրական կրթութիւնը անվճար է։ Կը գործեն անգրագիտութեան վերացման կեդրոններ։ Հակառակ այս ամէնուն, անգրագէտ է բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը, դպրոց չեն յաճախէր քոչուորներու երեխաները եւ աղջիկներու զգալի մասը։ Տարրական դպրոցը 6-ամեայ է (կ'ընդունուին 6 տարեկանէն), միջնակարգը ունի 2 փուլ՝ ոչ լրիվ (3-ամեայ) եւ լրիվ (3-ամեայ)։ Տղաներու եւ աղջիկներու ուսուցումը համատեղ չէ։ Կը գործեն 4 ամեայ արուեստի դպրոցներ (տարրականի հիմքի վրայ) եւ 3-ամեայ արուեստի ուսումնարաններ կամ երկամեայ դպրոցներ։ Կան նաեւ գեղարուեստական դպրոցներ, գիւղատնտեսական դպրոցներ, ուսումնարաններ, բուժմանկաբարձական դպրոց։

Մամուլ, ռատիոհաղորդումներ, հեռուստատեսութիւն

Խմբագրել

Արաբական թերթերէն եւ ամսագրերէն են․ «Ալ–Պիլատ» («Al-Bilad», 1934-ին), «Ան–Նատուա» («Ап-Nadwah», 1958-ին), «Ալ–Մետինա ալ–Մունաուարա» («Al-Madina al- Munawara», 1937-ին), «Էր–Ռիատ» («А1- Riyad», 1964-ին), անգլիական «Նիուզ ֆրոմ Սաուտի Արաբիա» («News from Saudi Arabia», 1961-ին), «Արապ Նիուզ» («Arab News», 1976-ին, օրաթերթ, կը հրատարակուի Ճետտայի մէջ)։ Ռատիոհաղորդումները՝ 1948-ին (3 պետական ռատիոկայան, հաղորդումները կը տրուին են անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով), հեռուստատեսութիււնը՝ 1965-ին (7 հեռուստակայան կը պատկանին պետութեան)։

Զինուած ուժեր

Խմբագրել

Զինուած ուժերը կազմուած են ցամաքային զօրքերէն, ռազմաօդային (ՌՕՈԻ) եւ ռազմածովային (ՌԾՈԻ) ուժերէն։ Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը թագաւորն է, անմիջական ղեկավարութիւնը կ'իրագործեն ռազմական նախարարը եւ գլխաւոր շտապը։ Բանակը կը համալրուի վարձկաններով։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Նշումներ

Խմբագրել

Կաղապար:Ասիական երկիրներ Կաղապար:Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ Կաղապար:Միջին Արեւելք Կաղապար:Արաբական թերակղիի երկիրներ Կաղապար:Պարսից ծոցի երկիրներ Կաղապար:Մ20 Կաղապար:Միապետութիւններ Կաղապար:Արաբական երկիրներու դաշնակցութիւն