Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) (արաբերէն՝ الإمارات العربية المتحدة‎ ‎), պաշտօնապէս Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ։ ԱՄԷ-ն կը գտնուի Հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ մէջ՝ Արաբական թերակղզիին հարաւ-արեւելեան մասին մէջ։ ԱՄԷ-ն հարաւէն եւ արեւմուտքէն սահմանակից է Սէուտական Արաբիոյ, հարաւ-արեւելքէն եւ հիւսիս արեւելքէն Օմանի հետ։ ԱՄԷ-ի ափերը կ'ողողեն Օմանի եւ Պարսից ծոցերը։

Պատմութիւն Խմբագրել

Է. դարուն փոքր շէյխութիւնները, որոնք տեղակայուած էին Պարսից ծոցի հարաւային եւ Օմանի ծոցի հիւսիս-արեւմտեան ափերուն, մուտք կը գործեն Արաբական խալիֆայութեան կազմին մէջ, վերջիններս արդէն այս տարածքներուն մէջ տարածած էին իսլամութիւնը։ Այս ժամանակահատուածին մէջ կը ստեղծուին Տուպայ, Շարժա եւ Էլ-Ֆուժէյրա քաղաքները։ Արաբական խալիֆայութեան թուլացումէն ետք շէյխութիւնները աւելի ինքնիշխան կը դառնան։ Ժ.- ԺԱ. դարերուն Արաբական թերակղզիին արեւելեան հատուածը կը մտնէր Կարմատներու պետութեան կազմի մէջ, իսկ վերջինիս բաժանումէն ետք տարածքը կ'անցնի Օմանի իշխանութեան տակ։

ԺԵ. դարու վերջը եւրոպացիները կը սկսին թափանցել այս տարածքներուն վրայ։ Փորթուկալ առաջին եւրոպական երկիրն էր, որ կը յաջողի հաստատուիլ թերակղզիին մէջ։ Փորթուկալ իր հսկողութեան տակ կ'առնէ Պահրէյնը, Ճուլֆարը եւ Հորմուզի նեղուցը։

Բրիտանական Խնամակալութիւնը Խմբագրել

Բրիտանական կայսրութեան մէջ կը մտնէր նաեւ Հնդկաստանը,[1] ուրկէ ալ Անգլիան ռազմական ծովային արշաւախումբեր կ'ուղարկէր դէպի Պարսից ծոց ընդդէմ Ալ- Քաուասիմի[2] (the al-Qawasim), եւ 1820-ին կը ստիպէ 7 արաբական թագաւորութիւններու էմիրներուն եւ շէյխերուն համաձայնագիր մը կնքել, որով անգլիացիները պիտի տիրէին այս տարածքներուն եւ Օմանը վերջնականապէս պիտի բաժնէին 3 մասերու՝ Օման իմամութիւն, Մասքաթ սուլթանութիւն եւ «Ծովահէններու ափ»։ 1853-էն այս թագաւորութիւնները միասին կը կոչուէին «Պայմանական Օման»։

Թագաւորութեան տարածքին մէջ կը ստեղծուի անգլիական ռազմական ռազմակեդրոններ։ Քաղաքական ղեկավարութիւնը կ'իրականացնէ անգլիացի քաղաքական լիազօր ներկայացուցիչը։ Բրիտանական խնամակալութեան ստեղծումը չի խանգարեր տեղի բնակիչներու աւանդոյթներն ու դաւանանքը։ Տեղի բնակիչները կը շարունակեն պահպանել հին աւանդոյթները։

Գլխաւոր ցեղը այս տարածքին մէջ, եղած է եւ կը մնայ Պանի Եասը (Bani Yas (from Arabic: بَنُو ياس‎)), որ սկիզբէն բնակուած է Լիվայի եւ Ալ-Այինի ովասիսներուն վրայ։ 1833Պանի Եաս ցեղէն Մաքթումները, կը գաղթեն ովասիսներէն եւ կը հաստատուին Տուպայի մէջ, անկախացնելով զայն։ Այսպիսով կը ստեղծուի Մաքթումներու թագաւորութիւնը, որ կը ղեկավարէ Տուպայի Էմիրութիւնը մինչեւ օրս։

1920-ականներուն «Պայմանական Օման»ի մէջ կը սկսի անկախութեան համար պայքարը Շարժա եւ Ռաս-ալ-Խայմա քաղաքներէն։ Այդ ժամանակ տեղի կ'ունենայ յայտնութիւն մը, որ անկիւնադարձային կը համարուի ոչ միայն Էմիրութիւններուն, այլ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքին համար. Պարսից ծոցին մէջ կը գտնուին նաւթի չափազանց հարուստ պաշարներ։

1950-ականներէն սկսեալ նաւթի արդիւնաբերութիւնը ոտքի կը կանգնեցնէ երկիրը եւ ան կը սկսի արագ ձեւով զարգանալ, սակայն թագաւորութիւնը դեռ կը մնայ բրիտանական խնամակալութեան ազդեցութեան տակ։ Սակայն 1964-ին Բրիտանական խնամակալութեան դէմ դուրս կու գայ Արաբական երկիրներու լիկան, որ կը պաշտպանէր արաբական ժողովուրդներու լիովին անկախացման հարցը։ 1968-ին կ'որոշուի, որ 1971-ին բրիտանական զօրքերը պէտք է դուրս գան Սուետի ջրանցքի յարակից տարածքներէն եւ Պարսից ծոցի պետութիւններէն։ Թագաւորութիւնները համաձայնագիր մը կը կնքեն Պարսից ծոցի Արաբական Թագաւորութիւններու Դաշնակցութիւն ստեղծելու մասին։ Այս դաշնակցութեան մէջ պէտք էր մտնէր Պահրէյնը եւ Քաթարը, սակայն աւելի ուշ անոնք կը դառնան ինքնուրոյն պետութիւններ։

Անկախ Պետութիւն Խմբագրել

2 Դեկտեմբեր 1971-ին «Պայմանական Օմանի» 7 Էմիրութիւններէն 6-ը կը յայտարարեն նոր դաշնակցութեան ստեղծման մասին, որ կ'անուանուէր Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ, 7-րդ Էմիրութիւնը՝ Ռաս-ալ-Խայման, իրենց կը միանայ 1972-ին։

Պետութեան անկախացումը կը համընկնի նաւթի գիներու կտրուկ աճին հետ, որ կու գար Սէուտեան Արաբիոյ կոշտ քաղաքական տնտեսութենէն։ Այս ամէնը նոր ճանապարհ կը ստեղծէ նորանկախ երկիրին համար ինքնուրոյն քայլեր առնելու տնտեսութեան եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ։ Նաւթի վաճառքի եկամուտներու եւ այս ոլորտին մէջ մեծ ներդրումներուն շնորհիւ պետութիւնը շատ արագ կը զարգանայ։ Երկիրին մէջ կը զարգանան նաեւ զբօսաշրջութեան եւ տնտեսական ոլորտները։

1990-1991 թուականներուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն զինուած ուժերը կը մասնակցին Քուէյթի անկախացման։

Քաղաքական կառուցուածքը Խմբագրել

Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններուն քաղաքական կառուցուածքը կը ներկայացնէ հանրապետութեան եւ թագաւորութեան իւրայատուկ համադրութիւն։ ՄԱԷ-ն կը համարուի դաշնային հանրապետութիւն մը, որ կազմուած է 7 էմիրութիւններէ՝ բացարձակ ինքնիշխան։ Պետութիւնը կը գլխաւորէ Ապու Տապիի էմիրութիւնը, իսկ քաղաքական ղեկավարութիւնը՝ Տուպայի Էմիրութիւնը։

Զահէտ ալ Նահեանը եղած է ՄԱԷ-ի առաջին նախագահը
Ներկայիս նախագահ եւ Ապու Տապիի կառավարիչ Խալիֆա պին Զայէտ Ալ-Նահեան
Երկրի վարչապետ եւ Տուպայի կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ պին Ռաշիտ ալ-Մաքթում

Միութեան Վերին Խորհուրդը Խմբագրել

Միութեան Վերին Խորհուրդը կը գրաւէ բարձր դիրք մը ԱՄԷ-ի պետական կառոյցին մէջ։ Խորհուրդը բաղկացած է էմիրութիւններու ղեկավարներէն։ Խորհուրդը կ'որոշէ պետութեան ընդհանուր քաղաքականութիւնը եւ Խորհուրդին պատգամաւորներուն նախագահը։

Խորհուրդին աշխատանքը կը սկսի ամէն տարուան Հոկտեմբերի սկիզբը: Խորհուրդը ամէն երկու ամիսը մէկ անգամ ստիպուած է ծրագիրներու նստաշրջան ունենալ։ Խորհուրդին ղեկավարը արտակարգ դէպքերու պարագային կամ խորհուրդի անդամներուն պահանջով, իրաւունք ունի ժողովի հրաւիրելու։ Որեւէ որոշում կայացնելու համար առնուազն խորհուրդի հինգ անդամներու ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, որոնցմէ Ապու Տապիի եւ Տուպայի ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը պարտաւորիչ է։ Խորհուրդին ժողովները, իբրեւ կանոն, կ'ըլլան դռնփակ։

Նախագահը Խմբագրել

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահը եւ մայրաքաղաքային էմիրութեան՝ Ապու Տապիի էմիրը կը համարուի նոյն անձնաւորութիւնը։ Անոր պատճառը էմիրութեան չափազանց հզօր ըլլալն է, ղեկավարութիւնը կը փոխանցուի ժառանգաբար։ Մինչեւ 1966 ինչպէս Ապու Տապիի, այնպէս ալ հարեւան Սէուտական Արաբիոյ մէջ ընդունուած է, որ ղեկավարութիւնը ժառանգաբար անցնի եղբօրմէ եղբօր։ ԱՄԷ-ի նախագահ կը համարուի նաեւ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարը եւ Պաշտպանութեան Վերին Խորհուրդի նախագահը։ Պետութեան ղեկավարը կը ստորագրէ հրամաններ եւ օրէնքներ, որոնք նախօրօք հաստատուած են Վերին Խորհուրդին կողմէ։ Բացի ատկէ, ան կը նշանակէ ամբողջ դիւանագիտական համակարգը, բարձրագոյն զինուորական եւ քաղաքացիական պաշտօնները, կը ստորագրէ եւ կը հաստատէ մահապատիժի որոշումը։

Գոյութիւն ունի փոխ-նախագահի պաշտօն։ Փոխ-նախագահը կը նշանակուի Միութեան Վերին Խորհուրդին կողմէ, 5 տարի ժամկէտով։

3 Նոյեմբեր 2004-էն ի վեր ԱՄԷ-ի նախագահի պաշտօնը կը գրաւէ շէյխ Խալիֆա պին Զայիտ Ալ-Նահեանը։ Ալ-Նահիաններու թագաւորութիւնը կը ղեկավարէ Ապու Տապին արդէն աւելի քան 250 տարի։

Նախարարներու Խորհուրդ Խմբագրել

Գործադիր իշխանութիւնը ներկայացուած է Նախարարներուն Խորհուրդով, ղեկավարին գլխաւորութեամբ, որ կը նշանակուի նախագահին կողմէ եւ կը հաստատուի Վերին Խորհուրդին կողմէ։ Ղեկավարութեան պարտականութիւններուն մէջ կը մտնէ օրինագիծի եւ ելեւմտացոյցի ընդունումը, դատական որոշումներուն հետեւիլը, աշխատակիցներուն նշանակումը կամ ազատումը։ Ներկայիս Նախարարներու Խորհուրդը կը ղեկավարէ Շէյխ Մուհամէտ պին Ռաշիտ ալ-Մաքթումը։ Կան հետեւեալ նախարարութիւններն ու ծառայութիւնները՝

  • Նախագահի հարցերով նախարարութիւն
  • Վերին Խորհուրդի հարցերով նախարարութիւն
  • Նախարարներու Խորհուրդի հարցերով նախարարութիւն
  • Տնտեսական եւ արդիւնաբերութեան նախարարութիւն
  • Կրթութեան նախարարութիւն
  • Արտաքին գործերու նախարարութիւն
  • Աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման նախարարութիւն
  • Արդարադատութեան նախարարութիւն
  • Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն
  • Տնտեսութեան եւ ծրագրաւորման նախարարութիւն
  • Մշակոյթի եւ Տեղեկատուութեան նախարարութիւն
  • Ներքին գործերու նախարարութիւն
  • Կապի նախարարութիւն
  • Առողջապահութեան նախարարութիւն
  • Պաշտպանութեան նախարարութիւն
  • Վարչական զարգացման կեդրոն
  • Մաքսային ծառայութիւն
  • Ելեկտրականութեան եւ ջուրի աղբիւրներու նախարարութիւն
  • Շրջակայ միջավայրի մասին կազմակերպութիւն

Ազգային Խորհուրդ Խմբագրել

Օրէնսդիր իշխանութիւնը ներկայացուած է Ազգային Խորհուրդով, որուն կազմի մէջ կը մտնեն ներկայացուցիչներ բոլոր էմիրութիւններէն, որոնց քանակը ամրագրուած է սահմանադրութեան մէջ եւ կ'որոշուին բնակչութեան թուաքանակէն եւ քաղաքական ու տնտեսական իրադրութենէն այս կամ այլ էմիրութեան մէջ։ Որեւէ էմիրութիւն կրնայ ընտրել Ազգային Խորհուրդի ընտրութիւններուն ինքնուրոյն ձեւ մը։ Ներկայիս Խորհուրդի կազմին մէջ կը գործեն 40 նախարարներ (8-ական Ապու Տապիէն եւ Տուպայէն, 6-ական Ռաս-ալ-Խայմայէն եւ Շարժայէն եւ 4-ական Ֆուճէյրայէն, Ումմ-ալ-Քուէյնէն եւ Աժմանէն)։

Միութեան Բարձրագոյն Դատարանը Խմբագրել

Դատական իշխանութիւնը ներկայացուած է Միութեան Բարձրագոյն Դատարանով, որ կը համարուի Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու գերագոյն դատարանը։ Անիկա ունի գլխաւոր դատաւոր եւ 4 անկախ դատաւոր։ Բարձրագոյն դատարանը կը կարգաւորուի յարաբերութիւնները էմիրութիւններու միջեւ, ինչպէս նաեւ Վերին Խորհուրդի անդամներուն։

Աշխարհագրութիւն Խմբագրել

Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու տարածքը կը նմանի ռնգեղջիւրի եղջիւրին, որ կարծես մտած է Պարսից ծոց, Արաբական թերակղզիին հիւսիս-արեւելեան վերջաւորութենէն։ ՄԱԷ-ն սահմանակից է հարաւէն եւ արեւմուտքէն Սէուտական Արաբիոյ, իսկ արեւելքէն՝ Օմանի։ Պետութեան հիւսիսային ափերը դէմ դիմաց կը գտնուին Իրանի Պարսից ծոցին, իսկ Քաթար կը գտնուի 50 քմ. դէպի հիւսիս-արեւմուտք։ ԱՄԷ-ն բաղկացած է 7 էմիրութիւններէ՝ Ապու Տապի, Աժման, Տուպայ, Ֆուժէյրա, Ռաս-ալ-Խայմա, Շարժա եւ Ումմ-ալ-Քուէյն։ 7 էմիրութիւնները միասին կը գրաւեն տարածք մը, որ համարժեք է Փորթուկալին։ Ապու Տապիի Էմիրութիւնը կը գրաւէ պետութեան տարածքին 85%-ը, իսկ ամենափոքր էմիրութիւնն է՝ Աժմանը՝ 250 քառ. քմ։

ՄԱԷ-ի աշխարհագրութեան առանձնայատկութիւնը այդ է, որ պետութեան տարածքին մեծ մասը կը կազմեն աւազային անապատները, որոնց աշխարհի ամենամեծ Ռուպ-Էլ-Խալի աւազային անապատին մէկ մասը կը կազմեն, որ կը գտնուի հարեւան Սէուտական Արաբիոյ հարաւ-արեւելքը։ Այս տարածքները ծածկուած են հաստ աղի շերտով, որ երկրի հիւսիսին եւ արեւելքին մէջ կը գերակշռեն ովասիսները եւ լեռնային հիանալի տեսարանները։ Ֆաունայի հիմնական ներկայացուցիչներէն են՝ արաբական յովազը, ուղտը, այծերը եւ այծքաղը։

Կլիման Խմբագրել

Երկիրին կլիման չափազանց տաք է եւ չոր։ Յաճախ կ'ըլլան աւազային փոթորիկներ։ Ամառը ջերմաստիճանը կը կազմէ 30-35, իսկ ձմեռը 20-23 աստիճան Սելսիուսի չափանիշով։ Ամէն տարի Նոյեմբերէն մինչեւ Մայիս տեղումներու քանակը կը կազմէ 100 մմ.։

Տարածքային Բաժնուածք Խմբագրել

Բուն
անուանումը
Էմիրութիւն Վարչական
կեդրոն
Տարածք
Քմ.²
Բնակչութիւն
أبو ظبي Ապու Տապի Ապու Տապի 67 340 1 465 431
عجمان Աժման Աժման 259 260 492
دبي Տուպայ Տուպայ 3 885 1 229 330
الشارقة Շարժա Շարժա 2 590 656 941
رأس الخيمة Ռաս-ալ-Խայմա Ռաս-ալ-Խայմա 1 683 191 753
أم القيوين Ումմ-ալ-Քուէյն Ումմ-ալ-Քուէյն 777 59 098
الفجيرة Ֆուժէյրա Ֆուժէյրա 1 166 118 933

Փոխադրութիւն Խմբագրել

Ազգային երկնափոխադրող ընկերութեան օդանաւերը կը կրեն երկրին դրօշը

Ներկայիս հիմնական փոխադրական միջոցներ կը համարուին ինքնաշարժները, ճանապարհներուն մեծամասնութիւնը կուպրապատուած է։ Երկրին մէջ կան մեծ միջազգային օդակայաններ, նաւահանգիստներ, նաւթահաններ, կը կառուցուի Տուպայի գետնուղին։

Բնակչութիւն Խմբագրել

Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու բնակչութիւնը կը կազմէ 4,5 միլիոն մարդ, որմէ արաբները կը կազմեն միայն 1/3 մասը, իսկ տեղաբնակները 11%։ Մնացեալները ներգաղթողներ են Փաքիստանէն, Հնդկաստանէն, Պանկլատէշէն, Սրի Լանքայէն եւ Հարաւային Ասիոյ միւս երկիրներէն, որոնք տեղափոխուած են ՄԱԷ ժամանակաւոր աշխատողի կարգավիճակով։ Բնակչութեան 85% չեն համարուիր երկիրի քաղաքացիներ։ Արաբ ներգաղթողները Պաղեստինի բնակիչներ են։

Բնակչութեան 88% կեդրոնացած են քաղաքներուն մէջ։ Մեծագոյն եւ աւելի շուտ զարգացող քաղաքն է Տուպայը, 1,5 միլիոն բնակչութեամբ։ Միւս մեծ քաղաքներն են Ապու Տապին, Ալ-Այինը, Ֆուժէյրան եւ Շարժան։

Կրօնք Խմբագրել

ՄԱԷ-ի գրեթէ բոլոր քաղաքացիները իսլամ են, որոնցմէ 85% սիւննի, իսկ 15% շիա։ Էմիրութիւններու փախստականներուն ծառայութեան հաւաստմամբ, գաղթականներուն 55% իսլամ է, 25% հինտուիստ, 10% քրիստոնեայ, 5% պուտտիստ։ Միւս 5% կը կազմեն փոքրամասնութիւնները։ 4,5 միլիոն բնակչութենէն օտարերկրացիները ներառեալ, իսլամները կը կազմեն 3/4 մասը։

Տուպայ միակ էմիրութիւնն է, ուր կայ հինտուիստական տաճար։ Իսկ եկեղեցիներ կան բոլոր էմիրութիւններուն մէջ։

Մշակոյթ Խմբագրել

Հոս ընդունուած չէ փողոցը գտնուիլ ոչ սթափ վիճակի մէջ (հակառակ պարագային կրնան յայտնուիլ բանտին մէջ) կամ անպատշաճ հագուստներ հագուիլը (յատկապէս կիներուն)։ Սակայն վերջին շրջանի զբօսաշրջիկներու զգալի աճին պատճառով աւանդոյթները սկսած են փոփոխութեան ենթարկուիլ։

Տեղի բնակչութեան մէջ վերջին ժամանակները սկսած է աւելի շատ գնահատուիլ կրթութիւնը, եւ անոր շնորհիւ ՄԱԷ-ի մէջ ստեղծուած են միջազգային մակարդակի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, բացուած են աշխարհի արհեստագիտական առաջաւոր կազմակերպութիւններու գիտա-արհեստագիտական կեդրոններ։

Տօներ Խմբագրել

Ամսաթիւ Հայերէն անուանումը Տեղական անուանումը
Յունուար 1 Նոր Տարի  
Փոփոխական է   Eid-ul-Adha
Փոփոխական է Իսլամական Նոր Տարի El am Hejir
Փոփոխական է   Ashura - Muharrum/Dr.Babu Jagjivan Ram
6 Օգոստոս Շէյխ Խալիֆա պին Զայիտ Ալ-Նահեանի
ղեկավարման սկիզբը
 
2 Դեկտեմբեր Ազգային օր Al-Eid Al Watani (العيد الوطني)  
Փոփոխական է Ռամատանի աւարտ Eid Al Fitr

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Britain’s Informal Empire in the Gulf, 1820-–1971»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-03 
  2. «Britain’s Informal Empire in the Gulf, 1820-–1971 devastating naval expedition against the al-Qawasim»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-03 


Աղբիւրներ Խմբագրել

Տես նաեւ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել